USA ARMENIAN LIFE TV 22 Մարտի հաղորդումը.

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս Աբօ Չափարեան է: Իմ այսօրուայ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս, հետազօտող լրագրող՝ Պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։
Մի քանի օր առաջ, Հայաստանի մէջ, Երեւանի Ազատութեան Հրապարակի վրայ հերթական եւս մէկ անգամ ղարաբաղեան կլանը, որ նաեւ կը կոչուի «ղարաբաղեան մաֆիա», որ նաեւ սովետա-օսմանա-պութինեան Ռուսաստանի «ականթորանն» է, այսինքն իրենց գործակալութիւնն է։ Որեւէ կերպ ետ չեն կանգնիր իրենց նպատակէն, որ ի գին ամէն ինչի, իշխխնութեան գան։
Ես անձնապէս ոչ Վարչապետ Փաշինեանի պաշտպան-փաստաբանն եմ, ոչ ալ թիկունքէն հարուածողը։
Եւ պէտք է ըսել, որ իմ պէս սրտցաւ հայերու քանակը ոչ միայն հայրենիքէն ներս այլ նաեւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին՝ ճնշող մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ այդ նոյն ճնշող մեծամասնութիւնը իրազեկուած է թէ՝ ինչպէս, Ռուսաստանը, պութինեան Ռուսաստանը, ես ռուս ժողովուրդի նկատմամբ յարգանք եւ սէր ունիմ, բայց պութինեան Ռուսաստանը ի գին ամէն ինչին կ՛ուզէ 200-300 տարի առաջուայ ցարական Ռուսաստանի տրամադրութիւնները վերականգնել։ Արեւելեան Հայաստանը, այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտուած է Արեւելեան Հայաստանի հողատարածքի մէկ հատուածի վրայ։
Ուրեմն պութինեան Ռուսաստանը կ՛ուզէ վերադարձնել նախա-1918 կարգավիճակը։ Այսինքն, իր գործակալների միջոցով կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստանը ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը կորսնցնէ մեր ներքին դաւաճաններու, հինգերորդ շարասիւն՝ ղարաբաղեան մաֆիայի գործակալներու մեղսակցութեամբ։ (եթէ ուշադրութիւն դարձնէք, արցախեան չեմ ըսեր, որովհետեւ արցախցիները տարբեր մարդիկ են՝ զտարիւն հայ են, սրտցաւ հայ են, չեն ուզեր որեւէ կերպ չարաշահուիլ եւ չեն ուզեր ապակայունացնել Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը, յատկապէս այս պատմաշրջանին։ Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շնորհիւ ներկայ ակտիվիստներու եւ առողջ մտածող սերունդին, ոսկէ սերունդին, կը պատրաստուի իր արտաքին զինակցութիւնները բազմազան դարձնել։
Շատերուս համար գաղտնիք չէ, որ ինպէս 2020-ի 44-օրեայ հակահայ ատրպէյճանա-թուրքական-տաիշական ահաբեկչական յարձակումէն ետքը Հայաստանը սկսաւ ինձնինքը վերագտնել եւ իր արտաքին զինակցութիւնները սկսաւ գործնական քայլերով բազմազան դարձնել։ Եւ անցած շաբաթ շրնթալից յաջողութիւն էր Հայաստանի համար երբ Եւրոպական Խորհրդարանը աննախադէպ մեծամասնութեամբ վաւերացուց այն բանաձեւը, որով պիտի առաջադրուի Հայաստանի թեկնածութեան ընդունումը։
Ուրեմն դրական այս զարգացումի լոյսի տակ անշուշտ եւս դրական զարգացումներ կան, որ շատ լաւ նախանշաններ են։ Ըստ երեւոյթին, պութինեան Ռուսաստանը երբէք-երբէք ուրախ չէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան հզօրացման համար։ Թող ներող ըլլան բոլոր տարածաշրջանի ժողովուրդները, բոլորին ալ կը սիրենք կը յարգենք, բայց նաեւ մեր հաւատարմութիւնը կ՛երթայ հայկական պետութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտապութեան հզօրացման Սուրբ Նպատակին։
Իսկ ներքին 5-րդ շարասիւնին հետ կապուած ներքին տզրուկները, պարազիտները հանգիստ չեն մնար իրենց տեղը։ Ինչու՞, որովհետեւ ինպէս անցած հաղորդումին սկսայ պարզաբանել «наместник» (նամեստնիկ), այսինքն իշխանիկներ-թագաւորիկներ կ՚ուզեն ըլլալ ներառեալ ոչ միայն հին գողապետական ռեժիմականները, յանձինս Ռոբերտ Քոչարյանին, Սերժ Սարգսյանին եւ իրենց թուլաներուն, այլ նաեւ իրենց կցորդը կայ կրօնական բնագաւառի մէջը, անունն է չկաթողիկոս Գարեգին բըըը-ն, որ ի գին ամէն ինչի կը փորձէ մանուպուլացիա, այսինքն խարդախութիւններով իր անձնական շահերը առաջ տանիլ, եւ ընդհանրապէս այս ղարաբաղեան մաֆիա կոչեցեալը ամէն կերպ կը փորձէ իր թալանածը պահել։ Անոնք նաեւ կը ցանկան մնալ անպատիժ իրենց բազում ապօրինի ակտերու համար:
Իսկ ինչ կը վերաբերի արցախցի մեր հայրենակիցներուն, ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, անոնք մի քանի հարիւր թուաքանակով, Ազատութեան Հրապարակ ելած էին։ Հաւանաբար իրենք արդար պահանջ ունին օրուան կառավարութեան հանդեպ, որ իրենց կենցաղային խնդիրները լուծեն, բայց նաեւ ուշադիր պէտք է ըլլան, որ անոնք գործիք չդառնան 5-րդ շարասիւնի, ղարաբաղեան կլանի ձեռքը, որպէսզի երկիրը ապակայունացման չտանին եւ Հոկտեմբեր 27-ը 1999 թուի ոճով նոր սպանութիւններ չըլլան հանկարծ։ Իհարկէ բազմաթիւ հայրենի եւ Սփիւռքի սրտցաւ հայորդիներ կը նշեն, որ իրենք որեւէ կերպ պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան, որ կանխուի եւս մէկ Հոկտեմբեր 27-ի ոճով սպանութիւններ։
Ուրեմն այս ներքին խառնափնթոր կացութիւն ստեղծողների շարքում, ինչպէս որ քիչ առաջ նշեցի Գարեգին բըըըն է, որ կը փորձէ ամէն գնով խարդախութիւններով իր մէնատիրութիւնը հաստատել, Պարոն Մխիթարեանը կ՛ըսէ «կրօնապետական», ես պիտի ըսէի «կրօնա- գողապետական»։ Եւ այս կրօնա-գողապետականութեան վերջ դնելու համար մենք պէտք է օրէնքի գերակայութեան վերադառնանք եւ յատկապէս ազատ աշխարհի մէջ մենք ունինք շատ կարեւոր առաջադրանք՝ թէ ինչպե՞ս հայ ժողովուրդը հայ հաւատացեալը կրնայ իր մասնակցութեամբ՝ փրկել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ զօրասիւնն է հայկական հաւատքի: Հայկական հաւատքի կրուանն է, որ պէտք չէ, որ որեւէ կերպ թոյլ տրուի, որ փլուզման ենթարկուի։
Անցած հաղորդումներուն նշուեցաւ, թէ ինչքան կարեւոր է, որ մեր հայրենակիցները մասնակից ըլլան եւ անդամագրուին։ Պարոն Մխիթարեան, ի՞նչ ճանապարհային քարտեզ կ՚առաջարկէք, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերստին սրբազարդեն եւ առողջութեան մակարդակի հասցնեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ազատ աշխարհի մէջ եւ նամանաւանդ նախկին սովետի տարածքին:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Պարոն Չափարեան, նախյստակացնենք, որ մեր եկեղեցին ժողովրդավար եկեղեցի է։ Քիչ առաջ դուք յատուկ եզր գործածեցիք, որ ես ընդհանրապէս կղերապետութիւն կը կոչեմ, որովհետեւ վերջին շրջանին իրողութիւնները այնպէս ցոյց տուին, որ այդ կղերապետութիւնը իշխող մը դարձած է, մանաւանդ բարձրաստիճան հոգեւորութեան մօտ, որուն գլուխ կը կանգնի Ամենայն Հայոց Հայրապետը։
Այս դժուարին պայմաններուն, ինչպէս քիչ առաջ բացատրեցիք թէ ինչ կը պատահի հայրենիքէն ներս՝ հայոց եկեղեցին որեւէ ձեւով իրաւունք չունի մխրճուելու այս խաղերու մէջ, որովհետեւ այս մեր փոքրիք հայրենիքը խաղաբեմ է այսօր գերպետութիւններու, իրենց հաշիվներէն ելած, պատերազմական նոր վիճակին։ Համաշխարհային երրորդ պատերազմն է, սիրելիներ։ Կրնայ աւելի բռնկուիլ, բայց արդէն մէջն ենք։ Հիմա այս բոլորի մէջ, մենք ուրիշ բան չունինք ընելիք, եթէ ոչ մեր ինքնութիւնը պահելու ամէն կերպ աշխատանք տանինք։ Այսօր նաեւ մեծ դեր ունի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։

Ինչու՞ շեշտը կը դնենք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վրայ, այո պետութիւն եւ եկեղեցի՝ երկու տարբեր հաստատութիւններ են, բայց մեզի՝ անցեալի պատմութիւնը ցոյց կուտայ իրողութիւնը որ մեր քաղաքական գլխի բացակայութեան, այլ խօսքով պետականութեան բացակայութեան, եկեղեցին է, որ մեզի յառաջ տարած է եւ մեր ինքնութիւնը պահած։ Վատ օրեր ալ ունեցած ենք, լաւ օրեր ալ ունեցած ենք, բայց իրողութիւնը երբէք չդադրեցաւ։ Իրողութիւնն է, որովհետեւ եկեղեցին պահած է։ Հետեւաբար այսօր բոլորիս ալ խորթ է, երբ կը լսենք Ամենայն Հայոց Հայրապետի բերնէն պաշտօնապէս վարչապետի քննադատութիւնը։ Գիւմրիի առաջնորդ Սրբազան Միքայէլ կոչ կ՛ուղղէ պատերազմ մղել իշխանութեան դէմ։ Բագրատ եպիսկոպոս նոյն կոչերով հրապարակ կուգայ։
Այո բոլորը սիրելիներ կը նսեմացնեն, կը վարկաբեկեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Եւ որպէսզի այս բոլորը չպատահի եւ այս սնանկ եկեղեցականները չտան իրենք իրենց իրաւունք նման սոփեստական յայտարարութիւններ ընելու, մենք ամէն անգամ կոչ կ՛ուղղենք՝ տէր կանգնեցէք ձեր եկեղեցիին։ Եկեղեցին դուք էք, սիրելի աշխարհականներ, հոգեւորականները, եկեղեցականները սպասաւորներն են։ Նայեցէք մեր սահմանադրութեան/ կանոնագրութեան։
Մեծամասնութիւնը աշխարհականներն են, որոնք կ՛ընտրեն առաջնորդն ալ, քահանան ալ, որեւէ ձեւով հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ինչ-որ կը պատահի, ըլլայ ատիկա կաթողիկոսարանէն ներս, ըլլայ առաջնորդարանէն ներս՝ երկուսն ալ նոյն բանն են։
Հետեւաբար, այդ բոլորին հասնելու համար, սիրելիներ, այս առթնութեան կոչերը կ՛ուղղենք ձեզի։ Ամէն անգամ կ՛ըսենք, որ Ամերիկայի, կամ Եւրոպայի, կամ այլուր հանգիստ պայմաններու մէջ, շատ կը խնդրեմ «ինծի ինչ» մի ըսէք, « մեզի ինչ» մի ըսէք։ «Այսպէս եկեր է, այսպէս ալ կ՛երթայ՝» մի ըսէք։ «Բան մը պիտի չի փոխուիր՝» մի ըսէք։ Եթէ ցանկութիւն կայ, կամեցողութիւն կայ մեզ իւրաքանչիւրի կողմէն՝ մենք կրնանք բան մը փոխել։ Ապա թէ ոչ, կրնաք մէկդի կենալ եւ մի յուսաք, որ գալիք սերունդը ջահակիրը դառնայ եւ մեր եկեղեցիները իրենց առաքելութեան մէջ մնան։ Անկասկած որ պիտի ձախողին եւ պատմութեան փոշիին պիտի յանձնուին։
Հետեւաբար, մենք պարտաւոր ենք, մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր տուներու մօտ եկեղեցիներուն անդամագրուինք։ Եթէ անդամ չէք, սիրելիներ, Ձեր խօսքը լսելի պիտի չըլլայ։ Եթէ մկրտուած էք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մկրտարանէն ներս, անպայման անդամագրուեցէք, որպէսզի ձեր հոգեւոր տունը կարգի բերէք, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրս, որ ընտանիք ունի եւ բացառիկ աշխատանք կը տանի կեանքի ընթացքին, տունը միշտ կարգապահ պահելու, նոյն պարտաւորութիւնը ունինք մենք, մեր հոգեւոր տունը պահպանելու։
Ո՞վ պիտի պահպանէ: Քահանան, վարդապետը, թէ՞ եպիսկոպոսը։ Ոչ սիրելիներ, անոնք հոգեւոր տան սպասաւորներն են։ Առանց ձեզի այս եկեղեցիները չեն կրնար իրագործել իրենց առաքելութիւնը։ Հետեւաբար, շատ կը խնդրեմ, բոլորն ալ ձեր տան մօտ եկեղեցիներուն անդամագրուեցէք։ 100.000-նոց Կլենտէյլը մատի վրայ համրուող եկեղեցի է։ Քիչ առաջ դուք յատուկ եզր գործածեցիք,
անդամ ունի: Չի կռնար ըլլալ։ (Խմբագիր. Անկախ մտածող աշխարհական անդամներու թիւը սիստեմատիկօրէն ցած պահուած է, որպէսզի օգնեն դաշնակցական ընտրողներին յաղթական քվորում կազմել իւրաքանչիւր ծխական ընդհա- նուր ընտրություններուն): Ընդունելի չէ:

Եթէ օրինակներ տամ ձեզի անցեալէն, հաւանաբար պիտի զարմանաք՝ ինչպէս կռնայ ըլլալ։ 1972 թ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Կլենտէյլի որ այդ ատէն հոն չէր, անկախ որպէս եկեղեցի 450 տրատու անդամ ունէր։ Սիրելիներ, ցանկը ձեռքովս, կրնամ բոլբրիդ ցոյց տալ։ Այդ օրերուն, այդ եկեղեցւոյ մէջ, 35 հոգի դպիր կը սպասարկէր։ Խորանի վրայ մրցում կար, թէ ով պիտի ընէր սպասարկութիւնը։ Այսօր չկան այդ օրերը, ինչ պատահեցաւ։ Գաղութը այսքան մեծացաւ։ Հետեւաբար, որպէսզի տէր կանգնինք, սիրելիներ, եկէք հեռու մի գնաք, դուք կրնաք բան մը փոխել։ Հաւատացէք ձեր ինքնութեան ուժերուն։
Ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, այսօր Հայրենիքէն ներս, մենք մեր ուժերուն պիտի վստահինք, որպէսզի թշնամին մեր հետ յարգանքով վարուի, նոյն ձեւով վստահեցէք ձեր ուժերուն, անդամագրուեցէք եկեղեցիներուն եւ տէր կանգնեցէք, եւ դուրս դրէք բոլոր այն փերեզանկները, որոնք կը շահագործեն եկեղեցին յանուն իրենց կազմակերպութեան։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ուրեմն Պարոն Մխիթարեանը
Հ.Հ.ի օգտին աննախդէպ քայլ… իր խօսքի մէջը նշեց, որ այդ փերեզակները կը շահագործեն եկեղեցին յանուն իրենց կազմակերպութեան։ Ուրեմն, ինչպէս որ հիմա վկան էք, սենեակի մէջ «փիղ» կայ։ Հիմա հեռուստաստուդիոյի մէջը, սենեակի մէջ փիղ կայ, անունը չտուաւ, սիրելիներ, ես անունը պիտի տամ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օլիգարխներն են, որ կը շարունակեն չարաշահել։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Դաշնակցութեան օլիգարխներն են, որ կը չարաշահեն, կը չարաշահէին: Եւ վերջին շաբաթներուն բաւականին դրական նշաններ սկսաւ հրապարակ ելել, ջրին երես ելել, եւ առողջ մտածող ե՛ւ դաշնակցականներ, ե՛ւ անկախ մտածողներ, ե՛ւ ընդհանրապէս սրտցաւ հաւատացեալներ սկսան համախմբուիլ այն մտքի շուրջ, որ քիչ առաջուայ պարոն Մխիթարեանի ըսած այդ պատկերը, որ 100-ի շուրջ հաշուող Կլենտէյլի հայութենէն ընդամենը մատի վրայ կը հաշուին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աշխարհական անդամներու թիւը։
Ուրեմն ճիշտ այստեղ է, որ մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ ընտրութիւնները։ Իսկ երբ որ թուաքանակը սկսի շատնալ, եւ ոչ կուսակցական օլիգարխներու հետեւող մարդիկ, այսինքն անկախ մտածող հաւատացեալ ազգայիններ, որ կը սկսին միանալ։ Վստահ եմ, որ նորէն կուսակցական օլիգարխները պիտի փորձեն չարափոխել, պիտի փորձեն ընտրութիւններու ժամանակ նամակներու, ըսենք, 30 օրուայ նախատեղեկութիւն փոխանցող նամակները 30-day advance notes 30 օրուայ նախազգուշացնող նամակներու յղման, պիտի փորձեն արգելք կենալ։
Բայց կարեւորը՝ հիմա՛ գործընթացը սկսած է։ Ես ուրախ եմ նշելու, որ արդէն բաւականին լուրջ կերպով թուաքանակ կը կազմեն այն հայորդիները, որոնք սկսած են մտածել միանալու անդամագրուելու, յատկապէս մեր անմիջական շրջանակէն ներս, ըսենք Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Ֆրեզնոյի մէջ նոյնպէս, Սան- Ֆրանցիսկօ, Լաս Վեկաս… Ուրեմն այս ցանկը էկրանի վրայ պիտի տեսնէք, նաեւ նոյն տիպի ցանկը պիտի յաջորդ րոպէներուն ցոյց տանք, նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան – Մայրաթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներու ցանկը եւ նաեւ հասցէները հեռախօսներու թիւերը եւ նաեւ քահանաներու անունները։ Ուրեմն անոնք, ովքեր կը փորձեն կապ հաստատել եւ եկեղեցւոյ քահանան, օրինակ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ քահանան դրածոյ քահանայ է եւ կուսակցական օլիգարխներու մարդն է։ Եթէ ինքը ձեզի քիթով հրէ, անպայման տեղեկացուցէք: Մեր պարտականությոգնն է, սիրելի հեռուստադիտողներ, որպէս Ազատ Մամուլի ներկայացուցիչներ լոյս սփռելու այդ մութ անկիւններու վրայ։ Նոյնպէս եւ Western Diocese Արեւմտեան Թեմը՝ նոյն ձեւի։
Որովհետեւ երկու այս թեմերի համակարգէն ներս երկու տեսակ օլիգարխներ կը փորձեն չարաշահել, կը փորձեն մէնաշնորհի վերածել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Սակայն ժամանակը եկած է, որ մենք բոլորս ալ ձեռք ձեռքի տանք, առանց կուսակցական խտրականութեան, առանց թեմական տարբերութիւններու։ Եթէ մէկը կը նախնտրէ, օրինակի համար էջմիածնական թեմ երթայ, սիրով թող երթայ այտեղ թող աշխատի, թող անդամակցի, ընտրությոգններուն մասնակցի։ Որպէսզի, ինչպէս որ անցեալ հաղորդումին պարոն Մխիթարեանը ըսաւ, «Ձայն Բազմաց՝ Ձայն Աստծոյ»։ Ուրեմն, սիրելիներ, հրապարակը շատ լայն բացուած է մեր տեսադաշտին առջեւ: Մենք պէտք է մենք մեզի ակտիվիզմի մղենք, որովհետեւ երբ որ մենք կ՛ակտիվանանք, իրական գործունէայ ակտիվիստներ կը դառնանք, այն ժամանակը շատ լաւ արդիւնքներու կը հասնինք։ Հրաղքներ կ՛իրականանան։
Իսկ ինչ կը վերաբերի նախկին սովետի տարածքին, մեր հաւատացեալ ազգակիցներու պարագային, ուրեմն պարոն Մխիթարեանը թող իր բացատրութիւնը ներկայացնէ, թէ ինչու այդ վիճակի մէջն է եւ ինչ պէտք է ընենք, որ նախկին սովետի տարածքին ներառեալ Հայաստանին, ներառեալ նոյնիսկ բռնազաւթուած Արցախի ժողովրդի մօտ ինչպէս կարելի է բանեցնել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնադրութիւնը, որ աշխարհարականներուն հզօր ուժ կուտայ, որպէսզի միասնաբար հոգեւորականներու հետ կառավարեն եւ եկեղեցին բարգաւաճի։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Շատ մը ցաւոտ հարցի մասին ուզեցիք, որ խօսիմ։ Այս վերջին 30 տարիներուն, եթէ կարելի է կոչել անկախ տարիներուն, բան մը չփոխուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Եկեղեցիէն ներս, որոէհետեւ այն ինչ որ սովետական շրջանին մեզի պարտադրուած էր, նոյնը մնաց եւ տակաւին կը շարունակուի։
Դժբախտաբար կղերապետութիւնը հոս բացայայտ է իր ամէն ձեւերով եւ կերպերով։ Հայաստանէն ներս մեր բոլոր թեմերը, գիտէք, որ բազմազան թեմերու բաժնուած է, բոլոր թեմերէն ներս կղերապետութիւնը կ՛իշխէ։ Ընդհակարակը, մեր եկեղեցին սահմանադրական եկեղեցի է եւ այդ սահմանադրութիւնը կը գործէ ամենուրեք, բացի Հայաստանէն ներս։ Որովհետեւ երբ կայ կղերապետութիւն, չկայ ժողովրդապետութիւն։ Հետեւաբար, մենք կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր Հայաստան ապրող եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որ պահանջեն իրենց թեմական առաջնորդերէն։ Բոլոր այդ եկեղեցիները, ուր կը գործեն հոգեւորականները, ըլլան քահանայ կամ վարդապետ, անպայման առաջարկեն, որ ունենան յստակ կանոնադրութիւն եւ այդ կանոնադրութեան համաձայն ըլլայ հաշուէտւութիւն։ Մենք հոգնած ենք համայնավարական դիկտատորական ռեժիմէն, բան մը որ փոխանցուեցաւ եկեղեցիին։
Եւ այսօր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գործին կուգայ այդ կղերապետութիւնը։ Ոչ սիրելիներ, պիտի մերժէք կղերապետութիւնը, պիտի դառնանք ժողովրդավար եկեղեցի, որովհետեւ միշտ կը կրկնենք՝ եկեղեցին դուք էք։ Տէր կանգնեցէք ձեր եկեղեցիներուն եւ հետեւաբար պահանջեցէք ձեր թեմական առաջնորդերէն։ Քահանաներուն մօտեցէք, եթէ չարտօնեն՝ աւելի մօտեցէք, անդամագրուեցէք։ Ճիշտ է Հայաստանէն ներս քիչ մը տարբեր է, փորձեցէք արդիականացնել եկեղեցին։ Եկեղեցին ձերը թող ըլլայ, ձեր հոգեւոր տունը կարգի բերէք։ Կարգի բերելու համար ներս մտէք։ Դուրսէն ձեր տունը չէք կրնար կարգի բերել։
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք մեր Հայաստան ապրող եղբայրներուն եւ քոյրերուն, պարտադրեցէք դուք ձեզի, անդամագրուեցէք ձեր եկեղեցիներուն, որպէսզի հոն գործող սպասաւորները, եկեղեցական սպասաւորները, հաշուետու ըլլան, ոչ միայն Աստծոյ առջեւ այլ եւ ժողովրդի։ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ թափանցիկ եւ հաշուետու։ Սիրելիներ, ժամանակը եկած է, ոտքի ելէք, պահանջեցէք ամենուրեք, որ այսուհետեւ ձեր Հոգեւոր Տունը կարգի բերէք։