Posted on April. 3. 2024
Երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտան ՖԻՖԱ-ի շաբթուան ազգային խումբերու բարեկամական մրցումները:
Աշխարհի չորս ծագերէն ազգային խումբեր վերջին 5 օրերուն հանդէս եկան 2 ելոյթներով:
Միայն Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի զտումի վերջին փլէյ օֆերուն գծով 3 մրցումներ տեղի ունեցան, որոնց աւարտին Ուքրանիա, Վրաստան եւ Լեհաստան եղան վերջին 3 խումբերը, որոնք միացան մնացեալ 21-ին` մասնակցելու 2024-ի յունիսին տեղի ունենալիք Եուրոյին` Գերմանիոյ մէջ:
Չելսիի ծայրի յառաջապահի կոլին շնորհիւ (84-րդ վայրկեանին) Ուքրանիա կրցաւ յաղթել Իսլանտային` 2-1 արդիւնքով:
Վրաստան Թիֆլիսի մէջ 4-2 փենալթիներու արդիւնքով կրցաւ դուրս ձգել Յունաստանը` մրցումը ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք:
Լեհաստան եղաւ 24-րդ խումբը, որ կը հասնի եուրոյին, երբ իր կարգին փենալթիներով (5-4) կրցաւ դուրս ձգել Կալեսը: Վոյչիչ Չեզնի կրցաւ վերջին փենալթին զսպել: Եուվէի բերդապահը ըսաւ. «Թերեւս ազգային խումբի հետ իմ վերջին ելոյթս ըլլար, եթէ դուրս մնացինք»:
Լեհաստան մաս պիտի կազմէ Դ. խմբակին` Ֆրանսայի, Աւստրիոյ եւ Նետերլանտներու հետ:
Ուքրանիա մաս պիտի կազմէ Զ. խմբակին` Պելճիքայի, Ռումանիոյ եւ Սլովաքիոյ կողքին:
Վրաստան մաս պիտի կազմէ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Փորթուգալին` Չեխիոյ եւ Թուրքիոյ հետ միասին նոյն խմբակին մէջ:
Հայաստանի ազգային խումբը, որ Փրակայի մէջ մրցում ունեցաւ Չեխիոյ դէմ, շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ եւ 14-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց Էտկար Սեւիկեանի միջոցով:
Աւելի ուժեղ մրցակիցը իր փորձառութենէն ալ օգտուելով կրցաւ կիսախաղէն քիչ առաջ հաւասարիլ եւ Բ. կիսախաղին կոլ մը եւս աւելցնել:
«Հայաստանի մարզիչ Փեթրաքով յայտնեց, որ ֆութպոլին մէջ կարեւորագոյնը արդիւնքն է, մնացեալ բաներն ալ պարզ մանրամասնութիւն, հակա- ռակ անոր որ տղաքը շատ քաջալերելի ելոյթ ունեցան:
Ստորեւ` կարեւորագոյն ելոյթներու արդիւնքները.
Իտալիա – Էքուատոր 2-0
Չեխիա – Հայաստան 2-1
Ռումանիա – Քոլոմպիա 2-3
Աւստրիա – Թուրքիա 6-1
Անգլիա – Պելճիքա 2-2
Գերմանիա – Նետերլանտներ 2-1
Այիր – Զուիցերիա 0-1
Սլովենիա – Փորթուգալ 2-0
Եգիպտոս – Խրուաթիա 2-4
Ֆրանսա – Չիլի 3-2
Սպանիա – Պրազիլ 3-3