Հայաստանի Ազգային ժողովը 11 Ապրիլին ընդդիմութեան նախաձեռնած՝ հասարակական հետաքրքրութիւն ներկայացնող «Հայաստանի Հանրա- պետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ սահմանա- զատման եւ սահմանագծման հիմնախնդիրները» նիւթով հրատապ քննարկ- ման իբրեւ արդիւնք առաջարկուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանական Հանրապետութեան միջեւ սահմանազատման եւ սահմա- նագծով վերաբերեալ» Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծը չընդունեց:
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ առաջարկուող նախագիծին մէջ կան սկզբունքային արձանագրութիւններ եւ ձեւակերպումներ: «Նկատի ունենալով, որ մեծամասնութիւնը չի քուէար- կելու, տեղեկացնում ենք, որ այսօր այն կը դրուի նաեւ պաշտօնական շրջա- առութեան մէջ, մեծամասնութեանը հնարաւորութիւն կը տրուի առաւել ակտիւ (աշխուժ) աշխատել այդ նախագծի մասով», ըսաւ ան:
Այսպէս, նախագիծին կողմ քուէարկեցին 105 պատգամաւորներէն 31ը, դէմ՝ միայն մէկը: