Ստորեւ ներկայացնում ենք 2024 թուականի Ապրիլի 26-ի ԱՄՆ ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարի տեքստը: Հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի հետ: 

Եթէ ցանկանում էք ստանալ YouTube-ի հղումը էլեկտրոնային փոստով, խնդրում ենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com հասցէին կամ զանգահարել 818-241-5777: 

YouTube-ում դիտելու համար օգտագործեք հետեւեալ յղումը 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Այս Շաբաթ՝ Ապրիլ 24-ի 109-րդ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման տարելիցի այս օրերուն, փոխանակ, որ մեր 1,5 մլն նահատակներու յիշատակը յարգենք ամենուրեք, կարգ մը ներքին դաւաճանական խմբաւորումներ՝ մեղսակցութեամբ արտաքին թշնամիներուն, ամեն ինչ կ՛ընեն, որ Հայաստանէն ներս ապակայունութիւնը ըլլայ առօրեայ փաստացի իրականութիւն։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ —Բոլորս ալ ներքնապէս փոթորկած ենք: Ի վերջոյ ցեղասպանութեան 109-րդ տարեդարձն էր: 

Բոլոր այն ժողովորդները, որոնք յիշողութիւն, պատմական յիշողութիւն չունին, պատմութիւն չեն կրնար կերտել: Այլ խօսքով ապագայ չեն կրնար ունենալ։ Հետեւաբար, բոլոր այդ հոգեկան տագնապները, որ կ՛ապրինք Ապրիլ 24-ի նախօրեակին և յաջորդող օրերուն մեզի միշտ պէտք է յիշեցնեն, որ յիշողութիււնները մեզ կ՛ապրեցնեն ապագայի համար։ 

Հիմա անցնինք Ապրիլ 24-էն դէպի այդ բոլոր փոթորկալից ժամերը, պահերը, որ տեղի կ՛ունենան այսօր հայրենիքէն ներս։ 

Շատ յստակ է, բոլորիս համար, որ գերպետութիւններու խաչմերուկին քաւութեան նոխազ կրնանք դառնալ։ Այսօր գիտակցութիւն եթէ չունենանք, անպայման զոհ կը դառնանք։ Ո՞վ կրնայ այս բոլորի մէջ իսկական միջնորդը դառնալ իշխանութեան եւ ժողովրդին միջեւ, եթէ ոչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ 

Դժբախտաբար անգամ մը եւս այս տխուր իրողութեան առջեւ կը կանգնինք բոլորս։ Այսպիսի սգատօնի նախօրեակին, երբ քաղաքական վերիվայրումներու մէջ է Հայաստան, Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի թելադրութեամբ, հրապարակ կուգան դարձեալ եպիսկոպոսներ, մթնոլորտը անգամ մը եւս աղաւաղելու եւ խանգարելու, մոռնալով, որ թշնամին մեր երկրին քովն է։ Ամէն կողմէն պաշարուած ենք թշնամիներէն: 

Այս օրերուն Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան այնպիսի կոչեր հնչեցուց այլ եկեղեցականներու կողքին, որոնք միայն ամօթ կը բերեն Մայր Աթոռին եւ ոչ հպարտութիւն։ Անգամ մը եւս կրկնեմ, չշփոթէք Մայր Աթոռի Սրբութիւն Սրբոց ըլլալը այն եկեղեցականներու հետ, որոնք կը չարաշահեն եկեղեցին։ Բոլոր անոնք, որոնք ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութեան դէմ սադրանքներ կը պատրաստեն՝ կը նշանակէ, որ կը դաւաճանեն հայրենիքին։ 

Եկեղեցականը իրաւունք չունի իր ժողովուրդը հրահրելու իր իշխանութեան դէմ, ժողովուրդը ինքն է ընտրած այս իշխանութիւնը։ Վաղը, միւս օրը ուրիշներ կուգան, բայց մենք պէտք է սորվինք մեր պատմութենէն, որու մէջ մեծ դեր ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Եւ այսօր ճիշտ անոր հակառակը կը գործէ: Փոխանակ ժողովուրդը հանդարտեցնելու՝ աւելիով կը հրահրէ իշխանութեան դէմ։ 

Գերպետութիւններու նոխազ պիտի դառնանք, եթէ խելացի չգտնուինք։ Առթննանք, չի կարելի այսպէս շարունակել։ Որու՞ դէմ կը պայքարինք մենք։ Մենք յանցաւոր պիտի ըլլանք գալիք սերունդներու առջեւ, եթէ մենք զմեզ չգտնենք իրական այն հանգիստ վիճակի մէջ, որու մասին կը խօսին այսօր (6:00) խաղաղութիւն։ Ի՞նչ խաղաղութիւն։ Երկիրը փոթորիկի մէջ է։ Խաղաղութիւն կ՛ըլլայ այն ատեն, երբ մենք ներքնապէս խաղաղութիւն կ՛ապրինք, մեր անձերէն ներս, որ կը դրսեւորենք մեր ազգային կեանքի մէջ։ Նոյն բանը պէտք է ընէ նաեւ մեր եկեղեցական դասակարգը։ 

Չմոռնաք, որ դուք խորանին առջեւ ուխտած էք ծառայել ժողովուրդին՝ քարոզելու սէր, միութիւն։ Այսօր ճիշտ հակառակը կ՛ընէք։ Ժամանակը եկած է, որ համախմբուինք եւ տէր կանգնինք մեր եկեղեցիին։ Ժամանակը հասած է, չենք կրնար այլեւս անտարբեր մնալ։ Մեր նահատակներու կտակը այն է, որ մենք պահանջատէր մնանք մինչեւ վերջ, ուխտենք ծառայել հայրենիքին, ուխտել ծառայել մեր եկեղեցուն եւ պարտադրել եկեղեցական բարձրաստիճան խմբակին, որոնք այսօր դէմ կ՛ապշխատին հայ ժողուուրդին՝ հեռանան այս աթոռէն եւ տեղ տան բոլոր արժանաւորներուն, որոնք մտահոգ են հայ ժողովրդի ապագայով։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ըստ երեւոյթին հին գողապետական, հին ռեժիմականները քանի որ քաղաքական դիակի վերածուած են, յանձինս Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ նախկին ՀՀՇ-ական արմատ ունեցող նորելուկ դաշնակցական ղեկավարներուն Հայաստանին մէջ, մաս կազմած ըլլալով Ղարաբաղեան կլանին, Ղարաբաղեան մաֆիային։ Քանի որ այս մարդիկ քաղաքական դիակի վերածուած են, ըստ երեւոյթին իրենց Կրեմլինի մէջ հաստատած պապան՝ Պուտինը աւելի նպատակայարմար գտած է, որ ԿԳԲ-ի քաջածանօթ գործակալ, Կտրիչ Ներսէսեանը, աիսինքն Գարեգին Բին գործածել: 

Ըստ երեւոյթին Կրեմլի մէջ հաշուարկած են որ այլեւս Հայաստանի մէջ եւ նաեւ Սփիւռքի մէջ հին գողապետական-ռեժիմականներու կարկառուն դէմքերը վարկազրկուած են, եւ իրենց խօսքը մէկ կոպեկ անգամ չարժեր: 

Եւ ատոր համար հիմա արդեն սովետա-օսմանեան կոռումպացուած Կրեմլը՝ ներքին 5-րդ շարասիւնի մասնակցութեամբ, որ գործուղէ այսպէս կոչուած չակերտեալ հոգեւորականները սկսած Տաւուշի թեմի չառաջնորդ Գալստանեանէն մինչև այստեղ՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ։ 

Մի քանի օր առաջ մեր ժողովուրդի մէջ, մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ ականատես եղան մէկ այլ տխրահռչակ երեւոյթի մը, որ գրեթէ նոյնանման էր այն ինչ-որ կատարուեցաւ Ապրիլ 24-ին եւ 23-ին Հայաստանի մէջ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի մօտ։ 

Դիտենք այս տեսահոլովակը — 

Վարչապետի կինը՝ Աննա Յակոբեան դստեր հետ այցելել է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին։ Այնտեղ մի խումբ անձինք սկսել են վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցնել։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի անձնակազմի ղեկավար Տարօն Չախոյեանն անդրադարձել է միջադէպին՝ նշելով վարչապետի տիկնոջն ու մանկահասակ դստերը թիրախաւորողները զերծ են ամեն տեսակ սրբութիւններից, ոչ օրուայ խորհուրդն են յարգում, ոչ էլ Ծիծեռնակաբերդը։ Իսկ մանկահասակ երեխային թիրախաւորելը ամենավերջին սրիկայութիւնն է։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ինչպէս որ ծանօթացաք, սա արդեն ծայրահեղ խայտառակութիւն է, համազգային խայտառակութիւն է, որ օրուան իշխանութեան, օրուան վարչապետին կնոջ, առաջին տիկնոջ եւ զաւակին թիրախաւորեն Ապրիլի 24-ի օրը, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի արարողութիւնների ժամանակ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ ոմանք խելակորոյս դարձած են իշխանատենչութեան իրենց նպատակներուն հասնելու համար ամէն ինչ ընել, որ իշխանութեան վերադառնան։ Եւ սա արդեն ծայրահեղ խայտառակութիւն է։ 

Նոյն տիպի խայտառակութիւն տեղի ունեցաւ այստեղ Լոս Անճելոսի մէջ, երբ Կարօ Փայլեանը, այդ քաջարի հայորդին, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բարձրաձայնեց, Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնեց քաջաբար եւ կը շարունակէ բարձրաձայնել, եւ արդարապահանջութեան ձայնը լսելի կը դարձնէ ամբողջ՝ այսօր այսպէս կոչուած (12:03) թուրքիոյ տարածքին։ Պատկերացուցէք, որ պարզապէս որովհետեւ պարոն Կարօ Փայլեանը կը մերժէ հին գողապետականներուն զինակցիլ։ Անոր պիտակաւորեցին, որպէս Նիկոլ Փաշինեանի պաշտանմունք կատարող անձ։ 

Արդէօք պայմա՞ն է, որ մենք որպէս անկախ մտածողներ, հին գողապետականներուն կողմը ըլլանք, որպէսզի այդ տեսակ պիտակաւորման չենթարկուինք։ Չի՞ կրնար պատահիլ, որ մէկը անկախ մտածող է։ Չի՞ կրնար պատահիլ, որ անձ մը եւ մերժէ ներկայ իշխանութիւններուն, սակայն տասնապատիկ մերժէ հին գողապետականներուն։ 

Որեւէ գիտակից հայ, որեւէ ազգասէր-հայրենասէր հայ պիտի չուզէր, որ այսօրուայ իշխանութիւնները որեւէ հողային զիջում կատարեն թէկուզ այդ 4 գիւղերը Տաւուշի շրջանի մէջ որոնք սովետական տարիներուն հրապարակուած քարտեզներու մէջ, յայտնուած էին որպէս Ատրպէյճանի մաս եւ անշուշտ լաւագոյն պարագային, շատերս, ես ալ նոյնպէս՝ պիտի ակնկալէին, որ օրուայ իշխանութիւնները ատիկա օգտագործեն որպէս խաղաքարտ եւ Ատրպէյճանի բռնազաւթիչ ուժերը դուրս մղուէին, օրինակի համար, Ջերմուկի տարածաշրջանէն, որովհետեւ բռնազաւթում կատարուած է եւ նաեւ այլ շրջաններէն։ 

Հիմա իմ նմանները, պարոն Գուրգէն Սիմոնեանի նմանները, բարոյական իրաւունք ունին քննադատելու, պահանջելու, որ այդպիսի զիջումներու չերթայ օրուան կառավարութիւնը։ Բայց տեսէք ովքեր են քննադատողները։ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գալստանեանը, որ կցորդն է Գարեգին Բ չկաթողիկոսին, եւ որ իր հերթին մասնակից է ղարաբաղեան կլանին որ նաեւ մասնակից է 2020-ի 44-օրեայի հակահայ յարձակումներու առթիւ, դաւաճանական գործունէութիւն տարած այդ ամբողջ նախիրին, ինչպէս որ պարոն Suren Sargsyan Սուրէն Սարգսեանը կ՛ըսէ իր ելոյթներու մէջը։ 

Այդ նոյն նախիրը, որ Շուշիի անկումը եւ ամբողջ Արցախի յանձնումը գործադրեց՝ յօգուտ Ատրպէյճանի, եւ Ռուսաստանի (15:00), հիմա ամէն կերպ կ՛ապշխատի ներքին կայունութիւնը փլուզել եւ որ Հայաստանը դառնայ նախկին սովետական կարգերու կամ ցարական Ռուսաստանի ժամանակուայ նման՝ ծայրագաւառի։ Ինչպէս որ անցեալին խօսած ենք այդ մասին, այսպիսի նախիրի մարդիկը, կը նախընտրեն նամեստնիկ (наместник) դառնալ, այսինքն կառավարիչիկներ, թագաւորիկներ փոխանակ Հայկական պետականութեան ինքնիշխանութեան հովանին տակ ապրելու, կենսագործելու եւ արժանապատիւ կեցութիւն իրականացնելու: 

Այս մարդիկը ամէն կերպ կը պայքարին, որ Հայաստանը կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը։ Եւ պատկերացուցէք, որ այս մարդիկը հիմա ելեր են, կը քարոզեն հայրենասիրութիւն։ 

Իմ խօսքս կ՛ուղղեմ չկաթողիկոս Գարեգին բըըը-ին, Ռոբերտ Քոչարյանին, Սերժ Սարգսյանին եւ իրենց կլանակիցներուն. Եթէ դուք իսկապէս հայրենասէրներ էիք, ինչու՞ 44-օրեային ձեր կոռումպացուած սովետա- ռուսա-օսմանացած գեներալիտետով միասին ամբողջ հայ ժողովուրդի թիկունքէն դաշունահարեցիք։ 

Եթէ դուք իսկապէս հայրենասէր էիք, ինչու՞ անցնող 3 տասամեակներու ընթացքին Հայաստանի տնտեսութիւնը համակարգուած՝ սաբոտաժի ենթարկեցիք։ Ինչպէ՞ս դուք ձեզի թոյլ տուիք թալանելու ե՛ւ հայրենի ե՛ւ սփիւռքահայ գործարարներուն ու Հայաստանի տնտեսութիւնը քարուքանդ ըրիք՝ առաջին նախագահէն մինչեւ երկրորդ եւ երրորդ նախագահները։ 

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ այսօր դուք ձեզի բարոյական իրաւունք կուտաք ոչ մէկ տեսակի զիջում կատարելու, երբ որ Հայաստանը անցնող 33 տարուայ մէջ ամենախոցելի ժամանակաշրջանը կ՛ապրի։ 

Երբ որ հարկաւոր էր, որ դուք պետութեան պաշտպանութեան ֆոնդը չթալանէիք ինչպէ՞ս դուք ձեզի թոյլ տւիք, որ ձեր սեփական դղեակները կառուցէք այն թալանած փողերով։ Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ նոյն թալանչիները նաեւ թալանեցիք ամբողջ Արցախը: Ամբողջ հայ ժողովուրդը, իրաւազրկեցիք Արցախէն, մեղսակցելով ցեղասպանական ալիեւներուն եւ էրտողաններուն։ Եւ հիմա դուք ձեզի բարոյական իրաւունք կուտաք հայրենասիրութեան մասին խօսելո՞ւ։ 

Հիմա ընդառաջ եկած էք Հայաստանը փրկելո՞ւ։ Դուք ձեզի փրկելու համար առաջ եկած էք, դուք ձեր թալանածը կ՛ուզէք պահպանել։ Հոգ չէ թէ երկիրը կորստեան մատնուի, եւ ինքնիշխանութիւնը վերանայ։ 

ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ —Նիկոլ Փաշինեանը … այն ինչ հիմա անում է, այն ինչ հիմա անում է խաղաղութեան դրօշակը ձեռքին՝ ճիշտ է անում։ Բայց երէկ չպիտի հոխորտար, իրաւունք չունէր հոխորտալու։ … Հայրենիքից խօսում են Դաշնակցականներն ու չգիտեմ քոչարեանականները, ովքեր ծախեցին հայրենիքը: 

Ծախեցին դաշնակցականները … Քոչարեան Ռոբերտի հետ, երբ մտածում էին, որ իր ունեցուածքը պահելու համար արժէ Արցախի մի մասը յանձնել, ոչինչ յետոյ հետ կը վերցնենք։ 

… Ատրպէյճանն ասում է, «մենք չենք կարող էդքան սպասել մինչեւ Ֆրանսիան զինի»։ Տո ի՞նչ պիտի անես այ ողորմելի իշի քուռակ (22:00), այ տառականի բեղերով արարած։ Հայաստանը իր մէջքը պնդացնում է ու պնդացնելու է և հանկարծ բախտդ կը փորձես՝ կը ստանաս էն, ինչ կը ստանաս։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Այդ խմբակին համար, որոնք ամբողջութեամբ բարոյականութենէ զուրկ են։ Եթէ իրենց մէջ բարոյականութեան փշուր մը ըլլար, նոյնիսկ եթէ Գարեգին կաթողիկոսը իրենց պարտադրած ըլլար, որ նման ելոյթներ ունենան հայրենի իշխանութեան դէմ, պիտի չ՛ելլէին։ Ահաւասիկ հոս յստակ է, թէ իրենք եւ իրենց շեֆը Գարեգին կաթողիկոս, որու՛ կը ծառայեն։ Շատ պարզ է կ՛ուզէք ամենամեծ օրինակը տանք։ 

Անցեալ տարի Գարեգին կաթողիկոսը պարգեւատրուեցաւ Պուտինի կողմէ: Շքանշան տրուեցաւ իրեն։ … Սա կը նշանակէ որ, Գարեգին կաթողիկոս իր խմբակով եւ բոլոր այդ վրեժխնդիր խմբակները կը ծառայեն Մոսկվային, Կրեմլինին: 

Կարելի չէ այս բարգաւաճիլ, երբ որ արջին թաթը մեր գլխուն վրայ է։ … ժամանակը եկաւ։ 

Այսօր կը տեսնէք, Ատրպէյճանին նախագահը արդեն Մոսկվա է։ Սիրոյ կապեր կան Կրեմլինի հետ։ … Ի տես այս բոլորին՝ չելլենք փողոց։ Վեհափառ Հայրապետ, մի ղրկէք ձեր արբանեակները փողոց, ժողովուրդը հրահրելու իշխանութեան դէմ, երբ իշխանութիւնը լուրջ հարցեր ունի լուծելիք։ Քարոզեցէք սէր եւ եղբայրութիւն։ Բա՛ւ է ալեւս։ Եթէ այդ սքեմը ձեզի չպարտադրեր, որ հոգեւոր առաքելութեան մէջ մտնէք՝ թողուցէք Մայր Աթոռը, թողուցէ՛ք այդ Սրբութիւն Սրբոցը, հեռացէ՛ք այլեւս Սուրբ Էջմիածնէն։ 

Կը բա՛ւէ, որ այս ժողովուրդը խայտառակէք։ 

Խայտառակուեցանք օտար պետութիւններու առջեւ։ Մենք այլեւս պէտք է առթննանք, սիրելիներ, որովհետեւ մեր նոր սերունդը մեզմէ շատ բան կ՛ակնկալէ: … Առիթ մի ստեղծէք, որ դուք ալ ձեր կարգին թշնամացնէք մեր եղբայրներն ու քոյրերը հայրենիքէն ներս, ըլլայ՝ ընդդէմ իշխանութեան ձեր յայտարարութիւններով, նաեւ՝ ընդդէմ Սփիւռքին։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — 1918-ի Մայիս ամսում, երբ դեռեւս Սարդարապատի յաղթանակը չէր կայացած եւ թրքական բռնազաւթիչ ուժերը արդեն մուտք գործած էին Ալեքսանդրապոլ – Գիւմրիի շրջանը, երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Կաթողիկոս Գեւորգ 5-րդը շատ կարեւոր յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ, կոչ ուղղելով ժողուուրդին, որ բոլորս միասին վեր կենանք եւ վերջին պատերազմը մղած ըլլանք թուրքերու դէմ։ 

Եւ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Գեւորգ 5-րդը ըսաւ որ այն ժամանակները, երբ Ալեքսանդրապոլը արդեն ինկած էր, հայ գեներալները իրեն առաջարկեցին, որ լքէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, եւ Գեւորգ 5-րդը ըսաւ «Եթէ պէտք ըլլայ, ես սուրը պիտի առնեմ եւ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջը պատրաստ պիտի ըլլամ դիմադրելու, թէկուզ զոհուիմ»: 

Տեսէք այս պատկերը եւ բաղդատեցէք այսօրուայ տխրահռչակ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը։ Գեւորգ 5-րդ Ամենայն Հայոցը կը զինակցէր հայ ազգին հետ՝ ընդդէմ ոսոխին, ընդդէմ արտաքին թշնամուն, իսկ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը կը զինակցի թշնամու հետ՝ ընդդէմ սեփական ժողովուրդին։ 

Տեսէք էկրանի վրայ այն լուսանկարը, որ ինչպէս Գարեգին Բ չկաթողիկոսը սիլի-բիլի կ՛ընէ հայատեաց արիւնարբու թրքական գորշ գայլերու տերորիստական կազմակերպութեան ղեկավարին հետ։ Եւ դուք որոշեցէք, թէ ինչ է ձեր դիրքորոշումը այսօրուան չկաթողիկոս՝ չարիքի կաթողիկոս Գարեգին Բ -ի հանդէպ եւ ընդհանրապէս ամբողջ հիմակուայ եկեղեցական, Գարեգինի կցորդ հանդիսացող պարազիտ, կեղծ հոգեւորականներու հանդէպ, որոնք կը շարունակեն Հայաստանի մէջ 5-րդ շարասեան աւերիչ գործունէութիւնը։ 

Ժամանակը հասած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր օրէնք մշակէ եւ սկսի բանեցնել պատասխանատւութեան ենթարկելով բոլոր քաղաքացիներուն — կապ չունի թէ անոնք հոգեւորական են, թէ՝ շարքային քաղաքացի։ Անոնք ովքեր ներքին կայունութիւնը կը խախտեն, պէտք է ծայրագոյնս պատասխանատւութեան (30:03) ենթարկուին, որովհետեւ Democracy, այսինքն ժողովրդավարութիւնը ժողովրդավարութիւն է, բայց ոչ թէ «անարխիա» է եւ ոչ թէ առիթ, որ մարդիկ ազատ կերպով հայատյացութիւն քարոզեն հայրենի հողի վրայ եւ ապակայունացման ներքին, թշնամական, դաւաճանական գործունէութիւն առաջ տանին՝ առանց պատասխանատւութեան ենթարկուելու: Ալ կը բաւէ։

 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *