Posted on May. 10. 2024
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Մայիսի 3-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարի «տեքստը» կամ նիւթը: Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ «Արահետ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Միքայէլ Միրիջանյանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818- 241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանա- լու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրանսենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ում դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը
Բաժանորդագրուեցէ՛ք USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-եան ալիքին:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս՝ Աբօ Չափարեան:
Այս դժնդակ օրերուն ամբողջ աշխարհի հայութիւնը եւ նաեւ Հայաստանի զինակից ժողովուրդները, պետութիւնները, ընկերները լուրջ մտահոգութեամբ, խորունկ մտահոգութեամբ եւ նաեւ վճռակամութեամբ կը հետեւին հայրենի ներքաղաքական զարգացումներուն։
Ըստ երեւոյթին, հինգերորդ շարասիւնը դեռեւս կը շարունակէ յոյս ունենալ իշխանութեան վերադառնալու, եւ այդ յոյսերը կապած է ամէն գնով հայատեաց փութինեան Ռուսաստանի ռեւանշիզմին։
Եւ այս ընդհանուր խաղին մէջ, կեղտոտ խաղին մէջ մտած են նաեւ սփիւռքի մէջ երբեմնի մեծ յարգանք եւ ժողովրդականութիւն վայելող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան թեւի ղեկավարնեըը եւ նաեւ Բիւրոյի ղեկավարութեան որոշ հատուած մը եւ ամէն կերպ կը փորձեն վարկազրկել այն անձինք, ովքեր անկախ կը մտածեն, որոնք ոչ Փաշինեանի կողմնակից են, ոչ ալ հին ռեժիմականներու կողնակից են։
Այն անկախ մտածողները, եւ որոնց հերթին՝ ձեր խոնարհ ծառան, երբ որ մենք կը պնդենք, որ, այո, ժողովուրդը մեծ յուսախաբութին կ՝ապրի, քանի որ հին գողապետականները տակաւին, դեռեւս կը շարունակեն անպատիժ մնալ։
Նոյն այս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի «ասէթները», այսինքն՝ դրածոները, կցորդները, յարձակում կը շարունակեն գործել նաեւ այստեղ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ այնպիսի անհատներու վրայ, անշուշտ բանաւոր կերպով, եւ այդ անձին կը փորձեն պախարակել եւ կը պիտակաւորեն որպէս «փաշինօղլը»։
Ես այդպիսի վկայութիւն ունիմ եւ իրենց համար, եւ քանի որ ինծի դիմեցին որոշ թիրախաւորուած անձինք, ես ալ գրեցի հետեւեալ պատգամը.
Այս պահին անուն ազգանուն պիտի չտամ, որ այս նամակը պիտի ստանայ, արդէն ստացած պէտք է ըլլայ մինչեւ այսօր, մինչեւ այս պահին։
Անուն ազգանունը զանց պիտի առնեմ, որովհետեւ օրը պիտի գայ, որ այս սրտացաւ, ազնուահոգի հայերը, որոնք վախեցման ենթարկուած են եւ որոնք ուղեղալուացման ենթարկուած են եւ կը շարունակեն ենթարկուիլ պիտի ուշքի գան։
Ինչպիսի՞ ուղեղալուացում.
1. «եթէ Հայաստանը չզինակցի Ռուսաստանին հետ, Թուրքիան կը յարձակի»։
2. «Եթէ Հայաստանը չզինակցի Ռուսաստանի հետ, Ազրպէյճանը կուլ կու տայ ամբողջ ներկայ Հայաստանը»։
Եւ այսպիսի վախեցման «փրոցեսով», գործընթացով, որոշ ազնուահոգի, ազնուամիտ հայորդիներ ծուղակը կ՝իյնան եւ վախի ազդեցութեան տակ այս անգամ կ՝երթան միւս ծայրայեղութեան՝ երրորդ խմբաւորումին մաս կազմող հայորդիներուն դէմ, անտեղի, առանց որեւէ փաստարկումի, ամբաստանութիւններ դուրս կու տան: Եւ իրենց զոհերուն կ՝անուանեն «փաշինօղլը»։
Չի՞ կրնար պատահիլ, որ մէկը անկախ մտածող ըլլայ, եւ ըլլայ ոչ Փաշինեանի կողմնակից, ոչ ալ հին՝ գողապետական ռեժիմի, եւ անոնց կրօնական կցորդներուն կողմնակից։
Պատասխանս; (Նախապէս գրուած պատճենի ընթերցման սկիզբ).
Պարոն այսինչ, այսինչ,
Փաշինյանը բոլորին սիրելին չէ:
Բազմաթիւ հայեր ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ փաշինեանի գործունէութեան եը գործելաձեւին հետ լիապէս համախոհ չեն:
Սակայն տասնապատիկ ուժգնութեամբ կը մերժեն հին ռեժիմականներու իշխանութեան վերադարձի առաջադրանքը:
Կը ցաւիմ որ քո նման հայրենասէր եւ պետականասէր ազնուահոգի անձ մը այսպէս՝ հին ռեժիմականներու ծուղակը ինկած, եւ կը հետեւելով անոնց պրոպականդայի գծին, կը կատարեն հակապետական եւ ապազգային պրոպականդա:
Քեզի լաւ ճանչնալով եւ բարի նպատակիդ քաջածանօթ ըլլալով՝ պիտի ըսէի այս պրոպականդան կ՚ընես՝ անգիտակցաբար։
Ես միայն մէկ բան կը խախաքէի յստակեցնել.
Հին ռեժիմականները եւ իրեց ենթակայ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշ ղեկավարներ անպատշած եւ ապազգային զինակցութիւն մը կազմած են ընդդէմ հայ ազգին եւ հայրենիքին ու վտանգուած հայկական պետականութեան: Մէկ րոպէ անգամ հոգ չեն ըներ հայկական ինքնիշխանութեան 6:00 եւ անկախութեան հզօրացման բարձր նպատակը։
Այս մարդիկը պէտք է լաւ իմանան որ իրենք են որ եւ յատկապէս երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու տարիներուն Հայաստանի պաշտպանութիւնը սիստեմատիկ տկարացուցին անխնայ թալանելով պետութեան ռազմական պաշտպանութեան բիւտժէն անձնական դղեակներ կարուցելով եւ ապօրինի իւրացումներ կատարելով անձնական հարստութիւն թիզելով։
Նոյն նախագահները՝ Ռոբերտ Քոչարյանն ու Սերժ Սարգսյանը Հայաստանի Դաշնակցութեան հետ միասին նաեւ արգելք եղան Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ իտեգրացմանը։
Առանց խպնելու, անոնք ձեռք-ձէռքի տուած Գարեգին բըըը-ի եւ այլ կոռումպացուած կեղծ եկեղեցականներու հետ թալանեցին եւ կը շարունակեն թալանել Հարաստանը, անցեալին թալանեցին Արցախը եւ մինչեւ հիմա կը ծարունակեն թալանել Սփիւռքը։
Անոնք նաեւ ծախեցին Արցախը 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետքն ալ առանց ամչնալու, բոլոր պատասխանատւութիւնը բեռցուցին Փաշինեանի կառավարուլեան վրայ։
Այսօր Փաշինեանի կառավարութիւնը մերժողները շատ աւելի հուժկու կերպով կը մերժեն հին ռեժիմականներուն։ (աւարտ՝ նախապէս գրուած պատճենի ընթերցումին)
Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ կեղծ հոգեւորականներուն, մէկ հատն ալ Գանատայի նախկին առաջնորդ, բայց ներկայիս Տաւուշի չառաջնորդ, այսինքն՝ չարիքի առաջնորդ: Ես բազմաթիւ հեռախօսազանգեր ստացայ Գանատայէն նախկին առաջնորդ սրբազան, կարգ մը հայեր կ՝ըսեն՝ «լրբասան», Բագրատ Գալստանեանի մասին։
Եւ սրտցաւ գանատահայ ազգայիններ տեղեկացուցին «Հայ Կեանք»ի խմբագրութեան, որ անցեալին, իրենք թեւ թիկունք կեցած են Բագրատ չարքեպիսկոպոս Գալստանեանին, իսկ հիմա՝ յուսախափ են այս վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին Գալստանեանի կատարած չակերտեալ «սխրագործութիւններուն», ապազգային գործունէութեան, անտեղի եւ ոչ- արադարացուած ճանապարհներ փակելու առթիւ:
Հիմա՝ նիւթը կը վերաբերի Ալմա Աթայի համաձայնագրի հիման վրայ ճանչցուած միջազգային քարտէս հասկացողութեան:
Եւ յատկապէս, որ Հայաստանը, 44-օրեայէն ետքը ամենախոցելի ժամանակաշրջանը կ՝անցընէ եւ նաեւ շարունակ թիրախաւորուած եղած է վերջին երեք տարիներուն սիսթեմաթիկ կերպով փութինեան Մոսկուայի- Քրեմլի մեղսակցութեամբ եւ նաեւ դաւաճանութեամբ՝ ներքին 5-րդ շարասիւնը անընդհատ յարձակման թիրախ կը դարձնէ ժողովրդին կեղմէ ընտրուած կառավարութիւնը: Հայաստան կը շարունակէ ապակայունացման թիրախ ըլլալ, մէկը՝ արտաքին թշնամի Ատրպէյճանի կողմէ, միւսը՝ ներքին թշնամի՝ դաւաճանական 5-րդ շարասիւնի կողմէ։
Միասին դիտենք այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
«Արահետ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Միքայէլ Միրիջանեանը գրել է.
ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԻՐԻՋԱՆԵԱՆ — «Ողբամ սձեզ ստրուկներ։ Սիրելի ընկերներ, ես ուղղակի ամաչում եմ, որ մասնագիտական առումով համարւում եմ այսօրուայ Հայաստանի լրատուական համքարութեան մաս։
Բայց հաւատացէք, որ այս ցածրակարգ ու եղկելի լրատուական «պրոյեկտները» (խամաճիկները) յայտնուելու են այն նոյն աղբանոցում, որտեղ գահավիժելու են իրենց տէրերը, ցաւօք, ծանրաքաշ տեղից պոկուող մուրճակացնային դեպոյի շարժման արդիւնքում։
Չեմ պատկերացնում, թէ ինչպէս կարող է իրեն լրագրող համարող մէկը, նախապէս խորութեամբ չուսումնասիրի՛ զրոյցի առարկայի բոլոր «ասպեկտները» (երեսները-մասնիկները) եւ յայտնուելով պաշտօնատար անձի ճեպազրոյցի թոհուբոհի մէջ՝ իրեն պահի լկտի ու բթամիտ կռուարարի պէս, իր տէրերի պարտադրած հարցը թութակի պէս կրկնող եւ պատասխանը անտեսող ողորմելիի կարգավիճակում։
Ո՞նց կարելի է այդքան նուաստանալ յանուն փողի։
Ահա արդէն հաստատուած իրողութիւն է այն ողբերգական իրավիճակը, որի դէմ պայքարել եմ բազում տարիներ՝ ահազանգելով, որ ռոբասերժական ազգադաւ թափթփուկների Հայաստանին հասցրած բոլոր վնասները չնչին են այն հրէշաւոր վնասի համեմատ, ինչը նրանք հասցրեցին հայ մարդու արժէհամակարգին։
Մամուլի այս կործանարար տապալումն սկսուեց այն պահից, երբ 1999 թուականի Հոկտեմբերի 27ին Ազգային Ժողովում՝ դահլիճում նահատակուեց նաեւ Հայաստանի ազնուական, ռոմանտիկ, բարեկիրթ, խոհեմ լրատուութեան նուիրեալ առաջամարտիկ Հենրիկ Աբրահամեանը եւ այդ ոճրագործութեան արդիւնքում իշխանութիւնն անցաւ բորենիների ձեռքը, իսկ մամուլը՝ «աւանտիւրիստ» (արկածախնդիր)ու ահաբեկչատենչ ոհմակի տիրապետութեան տակ՝ Տիգրան Նաղդալեանի գլխաւորութեամբ։
Այլեւս չեմ հաւատում, որ նման ընթացքի դէպքում հնարաւոր է ընդդիմադիր «մաս-մեդիան» (զանգուածային լրատուամիջոցները) դարձնել քննարկումների, բանավէճերի ու վերլուծութիւնների յարդակ։ Այն վաղուց է վերածուել ճանկռող լաչառ վհուկների ինքնադրսեւորման թատերաբեմի, որոնք իրենց տէրերի հրամանով «գլադիատորի» ջերմեռանդութեամբ յարձակւում են իշխանաւորների վրայ։ Իսկ «գլադիատորները», ինչպէս գիտէք, եղել են ստրուկներ։
Բազմիցս պնդել եմ, որ ի զուր են թալանչի հրէշների դաւադրութիւնները մերկացնող ելոյթները, սեփական քայլերի օգտակարութեան հիմնաւորումները, սինլքոր ստահակների մեղադրանքների վերաբերեալ բացատրութիւններն ու արդարացումները։
Լա՛ւ, չէ՞ք հասկանում, որ ներպետական պատերազմ է գնում «ով` ում» սցենարով։ [Խմբ. Պիտի ըսէինք՝ նաեւ միջպետական Ռուսաստան ընդդէմ Հայաստանի, Ատպէյճան ընդդէմ Հայաստանի, Թուրքիա ընդդէմ Հայաստանի,]
Այսքան ժամանակ տեսե՞լ էք, որ որեւէ բանավէճի ժամանակ մէկնումէկը փոխի իր կարծիքը, ընդունի իր տեսակէտին հակադիր փաստարկների հաւաստիութիւնը։
2018 թուականի յեղափոխութիւնից յետոյ եւ մինչ օրս, հայկական պետութեան ու պետականութեան հանդէպ գործում է յստակ սպառազինուած թշնամական բանակ, ի դէմս ստորաքարշ, օտարաստրուկ նախկին հարստահարիչների։
Յեղափոխութեան ժամանակ նրանք դարան մտան։ Անգամ որոշները մնացին ջրի երեսին։ Աւելին՝ իշխանութիւնների անվճռական քայլերի շնորհիւ աստիճանաբար ուղղուեցին ծնկած վիճակից եւ նոյնիսկ թռփոշացան դեմոկրատական ընտրութիւնների արդիւնքում։
Նրանք պատրաստ են Հայաստանը տանել կործանման, եթէ իրենք չեն կարողանալու թալանը շարունակել, նման՝ Սողոմոն Իմաստունի վարած դատական նիստի այն վհուկի, որը համաձայն էր երեխային մէջտեղից սրատել, որպէսզի իրեն չյանձնելու դէպքում նաեւ չյայտնուի իրական մօր գրկում։
Բացատրութեան ու հիմնաւորման ոչ մի անհրաժեշտութիւն չկայ։ Կայ միայն վճռականօրէն երկիրը ներքին աղբից մաքրելու համաժողովրդական պահանջ, որի չիրագործումն առաջացնում է հիասթափութիւն եւ յուսալքութիւն։
Չէ՞ որ, Աստուած ոչ արասցէ, արտաքին ագրեսիայի դէպքում նրանք հաստատ առաջինն են հարուածելու պետութեանը, ազգանուիրեալ ուժերին։ Պետութեան դէմ ներսից գործող ուժերը պէտք է անյապաղ չէզոքացուեն որպէսզի կարողանանք դիմակայել արտաքին մարտահրաւէրներին»։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այս՝ 5-րդ դաւաճանական շարասիւնի, հին ռեժիմականներու գործունէութիւնը այսպէս՝ անկաշկանդ կը շարունակուի, որովհետեւ անպատիժ մնացած են, որովհետեւ 2021-ի խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններուն վերարտադրուեցան:
Ըստ երեւոյթին, այստեղը ներքին ծալք մը կայ, որուն ես քաջածանօթ չեմ, բայց լաւ կ՝ըլլայ, որ վարչապետ Փաշինեան բացայայտում կատարէ եւ ամբողջ աշխարհի հայութեան բարձրաձայնէ թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հին գողապետականները մինչեւ այսօր անպատիժ կը մնան, ինչպէ՞ս պատահեցաւ՝ 2021ին վերարտադրուեցան, երբ իրենք խլեցին ընդդիմութեան բաժին ինկած խորհրդարանէն ներս՝ աթոռները։
Ուրեմն, այս հարցերը շատերուն կը մտահոգեն եւ յաջորդ հարցումը այն է, որ արդեօ՞ք ներկայ՝ Փաշինեանի կառավարութիւնը, ճնշման ենթակա՞յ ըլլալով Ռուսաստանի կողմէ, չէ կրցած գործադրել ապօրինի իւրացումի մասին բռնագանձման օրէնքի բոլոր տրամադրութիւնները։
Թող բարձրացնէ պարոն Փաշինեան եւ ամբողջ աշխարհը թող իրազեկուի, թէ ինչպիսի ներքին խարդաւանքներ կը կատարուին Փութինի եւ 5-րդ շարասիւնի կողմէ։
Եւ այս հակապատկերը, որ մենք կը տեսնենք պատմութեան տեսանկիւնէն՝ Գարեգին Բ. չԿաթողիկոսը եւ իր կցորդները՝ Բագրատ չարքեսպիսկոպոս Գալստանեանի նման, եւ ուրիշներու նման 15:00, տեսէք՝ ինչպիսի հակապատկեր մը կը ներկայացնեն։
Միասին դիտենք այն պատմական ելոյթը, որ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը — Սարգիսեան ելոյթ ունեցած է հայկական բանակի օրուայ առթիւ, Վազգէն Սարգսեանի՝ այն ժամանակուան Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի, կողմէ ղեկավարուող հայկական բանակի երթը տեսնելով եւ իր Հայրապետական խօսքը ուղղելով։ Դիտենք եւ միասին կը շարունակենք։
ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ –
«Սիրելի պարոն նախարար պաշտպանութեան,
Յարգարժան պարոն Վազգէն Սարգսեան,
Սիրելի զօրավարներ, գնդապետներ եւ թանկագին զինուորներ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Այս առաւօտ, ես իմ աչքերը դէպի երկինք եմ բարձրացնում եւ փառք եւ գոհութիւն եմ տալիս Աստուծոն, որ ինձ շնորհեց էս պահը։ Էս իւրայատուկ բացառիկ պահը, որ ես դիտեմ իմ հայրենիքի պաշտպանութեանը նուիրուած երիտասարդների հետ, որոնք մեր բանակի պատրաստութեան մէջից որպէս ուսումնական գունդ, իրենք նայում են դէպի մեր երկիրը, նայում են դէպի մեր ժողովուրդը, նրանց ասելու համար՝ ապահով եղէ՛ք, մենք ձեր անունից մեր կուրծքերը վահան ենք կանգնեցնում ձեր պաշտպանութեանը համար։
Ահաւասիկ այս երկրորդ տարին է իմ կեանքում, որ ես Նոր Տարին ողջունելու եմ իմ հայրենի հողի վրայ, իմ հարազատ ժողովրդի հետ միասին։ Այսօր, այժմ, նայում եմ ձեզ, եղբայրներ։
Դուք էք այժմ պատկերը մեր բանակի, մեր նոր Հանրապետութեան 18:00, 1991 թուականին հռչակուած այս հանրապետութեան, որին 5րդ տարեդարձը նշեցինք այնքան փառաշուք մէկ շքերթով բանակային, մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակի վրայ։ Ձեզ ենք դիտելու պատմութեան այդ շարունակուող պաստառի վրայ։
Ես ցանկանում եմ ի խորոց սրտի, որ մեր բանակը պայծառ մի պատկեր գծի էդ պաստառի վրայ. առաջին հերթին, հաւատք՝ հայրենիքի հանդէպ։
Անհաւատ զինուորը անպէտք զինուոր է։ Զէնքը չէ զինուորին միակ գործիքը։ Հաւա՛տքն է, ազգի, հայրենիքի հանդէպ, Աստուծոյ տուած կեանքի պաշտպանութեան հանդէպ հաւատքն է, որ պիտի արժեւորէ ձեզ առաջին հերթին։ «Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց»։ Շնորհալի հայրապետը էս բառերով էր բնորոշել Վարդանը եւ իր զինուորները։ «Զօրագլուխ առաքինեաց»` առաքինի մարդոց, «վառեցաք զինու հոգւոյն»։ Դուք վառուեցաք հոգիին զէնքով, որ առաջին նախապայմանն է զէնքի ճիշդ գործածութեան, կեանքի պաշտպանութեան, արժէքների, հայրենիքի եւ ժողովրդի պաշտպանութեան համար։
Երկրորդ՝ ես սպասում եմ, հաւատքի կողքին, բացառիկ աստիճանի, գերագոյն աստիճանի կարգապահութեան գիտակցութիւն։ Զինուորը անհատ չէ։ Ինչպէս ասել է հայոց գրագէտը՝ «զինուորը ասկեար չէ»։ Զինուորը ամբողջութեան մը մէկ մասնիկն է։ Բանակը ինձ համար մի տեսակ «մոզայիկ» է, երբ ձեզանից իւրաքանչիւրը 21:00 մէկ մոզայիկի մէկ գոյն է, մէկ գիծ է, մէկ քար է։
Երբ դուրս պոկես ընդհանուրից, ոչ գիծը արժէք ունէ, ոչ գոյնը արժէք ունէ եւ ոչ էլ փոքրիկ մասնիկ կտորը քարի։ Ամբողջութիւնը պահելու համար՝ կարգ կանոն պէտք է։ Կարգապահութիւնը աստուածադիր օրէնք է եւ ոչ թէ մարդաշէն մի տնօրինութիւն։ Նայեցէ՛ք տիեզերքին. շարժւում է երկիրը, շարժւում են մոլորակները, բայց բոլորը օրէնքով, կարգով։
Երբ մարդոց կեանքին մէջ կարգը խանգարուի, այդ կեանքը կը փճանայ, կը տկարանայ։ Իսկ զինուորութիւնը կարգապահութեան դպրոցն է։ Առանց այդ կարգապահութեան, ես չեմ կարող երեւակայել որեւէ մի բանակ, որ կարենայ յաջողութիւն արձանագրել պատմութեան մէջ։ Երրորդ՝ կարգապահութիւնից յետոյ, պատասխանատուութեան ուժեղ, անշեղ եւ աննահանջ գիտակցութիւն, պատասխանատուութի՛ւն։
Ուզում եմ այսօր իմ կաղանդչէքը՝ ձեզ, լինի այս նուիրական երեք սկզբունքները՝ հաւատք, կարգապահութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Եւ այլեւս ինձ համար որպէս այս Եկեղեցու Հոգեւոր Պետը, երբ այժմ գալիս եմ մեր բոլորի հոգեւոր ծննդավայրից՝ մեր ազգային Բեթղեհեմից՝ Սուրբ Էջմիածնից, բերում եմ ձեզ մեր հայրերի դարաշունչ աղօթքը, ասում եմ ձեզ՝ սիրելիներ, եկեղեցին ձեզ հետ է իր աղօթքով, իր բարոյական աջակցութեամբ եւ իր բոլոր այլ կարգի միջոցներով»։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ինչպէս տեսանք, սա ոգեւորիչ, հոգեզմայլանք պատճառող հայրապետական պատգամ էր։ Իսկապէս ուժ, կորով եւ հաւատք ներշնչող պատգամ էր։
Ատոր հակապատկերը՝ Գարեգին բըըը չկաթողիկոսը, որ խոշոր թիւրիմացութիւն մըն է. ի հակապատկեր Գարեգին Ա-ին, Գարեգին բըըը-ն կը զինակցի «քակէպէչնիկ» 5-րդ շարասիւնի, հին ռեժիմականներուն, թալանչիներուն խմբաւորումին, որոնք ամբողջ Հայաստանի ապագան առեւանգեցին, այդ տխրահռչակ Հոկտեմբեր 27ը 1999 օրը, երբ փառլըմընթէն ներս Վազգէն Սարգսեան, Կարէն Դեմիրճեան եւ այլ պետական ղեկավարներ սպաննուեցան, նոյն օրը Գարեգին Բ.ն խարդախութեամբ ընտրուեցաւ ամենայն հայոց կաթողիկոս։
Եւ այդ օրուընէ ասդին արդէն 25 տարի կը մօտենանք, Հայաստանը ոչ թէ 25 տարի ետ գնաց, 30 տարի ետ գնաց, եւ այսօրուայ իրողութիւնը եւ վերջին չորս տարուայ ընթացքին կատարուած խայտառակութիւնները՝ 44-օրեայէն սկսեալ 2020 թուի, մինչեւ Սեպտեմբեր 2023, Սեպտեմբերի 19ի Արցախի բեմականացուած յանձնումը 5-րդ շարասիւնի եւ փութինեան Ռուսաստանի կողմէ Ազրպէյճանին եւ նորագոյն ցեղասպանութեան գործադրման առթիւ, երբ 120,000 հայորդիներ արմատախիլ եղան Արցախէն, տեսէք ինչպիսի ելոյթ կ՝ունենայ այսօր Գարեգին Բ.ի կողմէ գլխաւորուած կեղծ հոգեւորականներու մաֆիան, տեսէք ինչպիսի կեղծիք կայ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է այս օրերուն։
Եւ պատճառը, որ այս բոլոր խայտառակութիւնները կը շարունակուին, այն է, որ 2020-ի 44-օրեայէն ասդին, այդ առաջադրանքը, որ շատերուն կողմէ դրական, ըսենք, անդրադարձ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ, որ կը վերաբերի համազգային մարմին մը, դատական մարմին մը կազմելու առաջադրանքին, եւ որուն կը մասնակցին անկախ մտածողներ եւ ազգասէր եւ պետականասէր անձնաւորութիւններ, եւ այդ յանձնաժողովը, դատական եւ հետաքննութեան յանձնաժողովը թող բոլորին ալ հետաքննութեան ենթարկէ, սկսեալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն մինչեւ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգիսեան եւ, ինչու չէ, այսօրուան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որպէսզի բոլոր ներքին ծալքերը ջուրին երես ելլեն, որպէսզի մենք իմանանք, թէ ով, ինչ եւ ինչ պայմաններու տակ ինչպիսի սխալ գործեց կամ դաւաճանական գործունէութիւն իրականացուց ընդդէմ Արցախին եւ ընդդէմ Հայաստանին։
Այս առաջադրանքը խիստ կարեւոր է յատկապէս այս օրերուն, որպէսզի րոպէ առաջ կատարուի, եւ նաեւ շատ կարճ ժամանակ առաջ ես լսեցի ու իրազեկուեցայ Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակ՝ Ալէն Սիմոնեանի այն առաջադրանքին, որ եթէ ընդդիմութիւնը իր մանտաթը վայր դնէ, այդ ձեւով ճանապարհը կը յարդուի խորհրդարանական արտակարգ նոր ընտրութիւններու։
Ես պիտի առաջարկէի, որ Հայաստանի խորհրդարանը չսպասէ, որ այս կեղծ, ազգադաւ, հակապետական ընդդիմութիւնը մանտաթը վայր դնէ։ Այդպիսի բան պիտի չընեն իրենք։ Ես պիտի առաջարկէի եւ պիտի միանայի իմ ձայնով բազմաթիւ հայորդիներու եւ հայրենիքէն ներս, եւ սփիւռքի տարածքին, առաջարկերլու, որ րոպէ առաջ ներկայ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան մեծամասնութիւն կազմող խմբակը թող քուէարկութիւն առաջարկէ եւ կեղծ ընդդիմութեան, կեղծ պատգամաւորներուն հրաւիրէ արտակարգ նիստի, եւ այդ արտակարգ նիստի ընթացքին թող քուէարկութեան դրուի խորհրդարանի նոր ընտրութիւններ կայացնելու այդ առաջադրանքը։
Պարոն Ալէն Սիմոնեանի առաջադրանքը առողջ առաջադրանք է, բայց պայմանաւ, որ գործադրուի, օդին մէջ չմնայ եւ կեղծ ընդդիմութեան քմահաճոյքին չենթարկուի։
Իսկ ինչ կը վերաբերի այս խիստ կարեւոր պատմական խաչմերուկին, բոլորս ալ ականատես եղանք, թէ ինչպիսի վայրագութեամբ փութինեան սովետա-օսմանեան Քրէմլը, Հայաստանէն ներս գործող 5-րդ շարասիւնի մասնակցութեամբ եւ ձայնակցութեամբ, ինչպիսի ոռնոց բարձրացուցին, երբ որ Հայաստանը սկսաւ գործնական քայլեր առնել, բազմազան դարձնելու իր արտաքին զինակցութիւնները՝ քաղաքական տնտեսական եւ ռազմական։
Հայ ազգը ծնեալ իրաւունք ունի զօրակցելու իր պետականութեան արտաքին զինակցութիւններու-դաշինքներու բազմազանման գործընթացին։ Ոչ մէկ ուժ այս երկրագունդի երեսին եւ արեւի ներքոյ իրաւունք չունի արգելք կենալու որեւէ ազգի Ինքնիշխանութեան, Անկախութեան Պաշտպանութեան գործընթացին եւ նաեւ, Հայաստանի պարագային, ժողովրդավարութեան հզօրացման գործընթացին։
Ժամանակը եկած է, որ մեր ժողովրդի ազնուահոգի զաւակները եւ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն ներս տան վերջին կռիւը, ինչպէս որ յաջորդ կարճ տեսանիւթին մէջը ականատես պիտի ըլլանք Հայոց Սպարապետ եւ Հայաստանի արժանաւոր Պաշտպանութեան Նախարար եւ Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի ելոյթը, որ 1997-ին յայտարարած է, որ Հայաստանը յայտնուած է տնտեսական պատերազմի կիզակէտում, բայց այս տեսանիւթը կը վերաբերի ընդհանրապէս մեր գոյութենական պայքարին մասին։
ՀԱՅՈՑ ՍՊԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – «Համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր պատերազմը գոնէ մի անգամ պէտք է մինչեւ վերջ տայ։ Չի կարելի անընդհատ, որ մենք պատերազմների կէսից յոգնենք։ Մեզանից իւրաքանչիւրը իր տեղում, իր չափով պատասխանատու է այս պատերազմի առաջ»։
Դիտենք, եւ մինչ նոր հանդիպում, ինչպէս որ պարոն Սուրէն Սարգսեանը կ՝ըսէ, «ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»:
Հայ ժողովուրդը կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ։