Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Մայիսի 10-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած բնագիրը: Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող լրագրող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկանաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ անգլիատառ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամէն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

https: //www.youtube.com/ watch?v=EjuFTnzqUcg&t=27s 

Բաժանորդագրուեցէ՛ք USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-եան ալիքին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Ողջոյն սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս` Աբօ Չափարեան է, 

Իմ զրուցակիցս է յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող լրագրող պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Ներկայ օրերուն, ներքաղաքական կրկէսը, որ սկսած էր Տաւուշի շրջանէն, գլխաւորութեամբ հին ռեժիմականներուն եւ փութինեան Ռուսաստանի՝ Քրեմլինի գործակալներուն, ի շարս Ռոպերթ Քոչարեաններու, Սերժ Սարգսեաններու, ամենայն հայոց չկաթողիկոս Գարեգին բ.ի, երեւան բերաւ նաեւ իր կրօնական կցորդները, որոնցմէ ամէնէն ցայտունը Բագրատ չարքեպիսկոպոս Գալստանեանն է, որ կը փորձէ ինքն իրեն Սուրբ Ղեւոնդեանց երանգներ տալ, եւ որ կարծես թէ ինքնահերոսացման ճանապարհին է։ 

Ես պիտի չըսէի, որ այսօրուան Փաշինեանի կառավարութիւնը սրբութիւն սրբոց է, բայց պէտք է մենք ճշմարտախօս ըլլանք։ Ես ոչ կառավարութեան կողմնակից եմ, ոչ ալ հին գողապետականներուն։ Ես, որպէս ազատ մամուլի ներկայացուցիչ, իմ պարտականութիւնն է որ կը կատարեմ, թարգման հանդիսանալով ժողովրդական լայն մասսաներուն Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, որուն նաեւ մաս կը կազմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Աւստրալիայի հայութիւնը։ 

Այս լայն շրջանակներուն մէջ, պէտք է ըսել, որ ի պատիւ մեր ժողովուրդին, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անկախ մտածող՝ ոչ հին գողապետականներուն, ոչ աջին, ոչ ձախին, ոչ հիւսիսին, ոչ հարաւին յարող հայութիւնն է, ե՛ւ հայրենիքին մէջ, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին։ Հին ռեժիմականները ի զուր տեղ կը փորձեն անկախ մտածողները պիտակաւորել որպէս «փաշինօղլու»կամ չեմ գիտեր ինչ։ Այս մարդիկ խելակորոյս դարձած են եւ, ըստ երեւոյթին, իշխանատենչութիւնը իրենց այնքան կլանած է, որ իրենք մոռցած են, որ 2021-ի Յունիսի խորհրդարանի արտակարգ ընտրութիւններու ժամանակահատուածը արդէն աւարտած է։ Այն ժամանակ, հին գողապետական ռեժիմի կցորդները եւ թեկնածուները միլիոնաւոր տոլարներ ծախսեցին, որ կարողանան համոզել եւ կաշառել տնտեսական ծանր կացութիւն ապրող մեր հայրենի ժողովուրդի մէկ հատուածը, որ այդ գումարի սիրոյն իր քուէն դժբախտաբար վաճառեց։ 

Մենք հիմա ունինք ա՛յն, ինչ որ ունինք. ունինք կեղծ ընդդիմութիւն եւ նաեւ ունինք նոյնպէս խելակորոյս, ուղեկորոյս եկեղեցական, «հոգեւոր» ղեկավարութիւն։ 

Այդ «հոգեւոր» ղեկավարութեան մաս կը կազմէ դժբախտաբար Գալստանեան, որ իբրեւ թէ Հայաստանը փրկելու ելած է։ Կարծէք թէ ինչ լաւ կերպով Հայաստանը փրկեցին երկրորդ եւ երրորդ նախագահները մինչեւ 2018-ը, 1998-էն սկսեալ, հիմա ալ ըստ երեւոյթին իրենք իրենց նոր հովեր կու տան, իբրեւ թէ նոր գիւտարարութիւն կ՛ընեն, որ Հայաստանը փրկուելու կարիք ունի։ 

Այս կրկէսը սկսած է. սակայն, ըստ երեւոյթին, ինչ որ մենք վերջին օրերուն ականատես եղանք, հայրենի ժողովուրդը, ի պատիւ իրեն, պէտք է ըսել, որ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կը մերժէ այս քայլերթին մասնակցիլ։ Թող այս քայլերթին մասնակցին այն հաստավիզները, թող մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք վանքերու հաւերը կ՛ուտեն անընդհատ, եւ խոզերն ալ կ՛ուտեն. այս մարդիկ քալելու եւ մարսելու կարիք ունին ըստ երեւոյթին։ Թող քալեն՝ առողջապահական լաւ միջոցառում է։ 

Իմ հարցս՝ զրուցակիցիս. արդեօք ինչպիսի՞ արտառոց ելոյթներու հանդիպեցաք վերջին ժամերուն, վերջին օրերուն, պարոն Մխիթարեան։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Ողբալի է կացութիւնը, այն իմաստով, որ այս բոլորին մէջ իրենց պատգամը յղեցին երկու հայրապետները՝ Գարեգին կաթողիկոս եւ Արամ կաթողիկոս, այնպիսի կեղծ լուրեր տարածելով, որպէս թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հողեր կը յանձնէ, պարզապէս ժողովուրդին մտքին մէջ շփոթ մը ստեղծելով։ 

Այս յայտարարութիւններուն վրայ, արտասահմանէն՝ Լիբանանի «Զարթօնք» մամուլը հետեւեալ յայտարարութիւնը դրած էր, որ իմ ուշադրութիւնը գրաւեց. «ժողովրդային մաղձը արդէն հասցուած էր իր գագաթնակէտին, եւ երբ ընդդիմութիւնը ի վիճակի չեղաւ իր շարքերէն քաղաքական առաջնորդ մը յառաջացնել, եկեղեցին ինքն է որ այս օրհասական պահուն իր ուսերուն վերցուց հայրենատիրութեան ազգային առաքելութիւնը, գուցէ եւ ակամայ ստանձնելով մինչեւ իսկ ռազմաքաղաքական դեր՝ փրկելու այն, ինչ որ կարելի է փրկել մեր հայրենիքէն»։ 

«Զարթօնք»-ի այս խմբագրականը մեզի կու տայ այն տպաւորութիւնը, որ խմբագիրը խեղճ արարած մըն է, որ ամբողջութեամբ քաղաքական որեւէ ըմբռնում եւ հասունութիւն չունի։ Կրնա՞ք երեւակայել՝եկեղեցականութիւնը, քանի նախկինները՝ հակառակորդ խմբակը չկրցաւ որեւէ առաջնորդ մը հրապարակ բերել, այսօր ինք առաջնորդ պիտի բերէ։ Այսքան հաւկուրութիւն քիչ մը հանդուրժելի չէ, պարոն Սեւակ։ 

Եկեղեցականները որքանո՞վ յաջողած են նախ իրենց հոգեւոր առաքելութիւնը կատարել, որ այսօր պիտի գան եւ արժեւորեն իրենց քաղաքական առաքելութիւնը։ Նախկին հակառակորդ խմբակը (չենք ուզեր ըսել` նախկին աւազակախումբերը), որ հրապարակ ելան եւ ձախողեցան, չկրցան որեւէ ծրագիրով հրապարակ գալ, ոչ ալ առաջնորդ մը առաջարկել սկսած Վազգէն Մանուկեանէն, չկրցան յաջողիլ: Այս բոլորը մէջտեղն է: Հիմա կ’ակնկալէ՞ք, որ Մայր Աթոռէն եկեղեցականներ գան եւ քաղաքական առաջնորդութեան դերը կատարեն։ Այս որքա՞ն փոքր մտածողութիւն պիտիըլլայ։ Նախ եկեղեցին իր առաքելութեան մէջ թող յաջողի, ժողովուրդը գրաւէ իր հոգեւոր առաքելութեամբ, ատկէ յետոյ թող մտածէ՝ եթէ կրնայ Այն ինչ որ այսօր կը պատահի, «առաջնորդութեամբը» Բագրատ սրբազանին, ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ՝թելադրուած այլ ուժերու կողմէ։ Ի՞նչ կը կարծէք, որ պիտի ըլլայ։ Ոչի՛նչ, սիրելիներ, ոչի՛նչ։ Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութեան առիթ պիտի տաք, որ երկիրը ապահովէ: Չմոռնա՛ք, որ արտաքին ուժեր կան, բայց դուք ներսէն գոնէ մի խանգարէք: Երկիրը մշուշոտ վիճակի մէջ է քաղաքականապէս՝ դուք աւելի մի՛ընէք։ Առիթ տուէ՛ք պետութեան, որպէսզի տեսնէ յաջորդ քայլը ինչ պիտի ըլլայ։ Յօշոտողները դուրսն են՝դուք ալ մի գաք-մի միանաք այդ յօշոտողներուն, որպէսի ժողովուրդը իր ամենավատ խօսքը չըսէ ձեր հասցէին։ 

Բագրատ սրբազան, ի՞նչ գործ ունիս դուն։ Ի՞նչ ըրաւ իշխանութիւնը, որ քեզ իրաւունք տուաւ առաջնորդելու խմբակ մը ժողովուրդ դէպի Երեւան։ Ի՞նչ պիտի ընես, Բագրատ սրբազան։ Յեղափոխութի՞ւն պիտի ստեղծես։ Ո՞ր արժանիքիդ համար։ Գանատան արժեցուցիր, ամէն ինչ ըրիր՝ չխօսինք այդ մասին։ Մամուլը գրած է շատ բան քու մասիդ։ Հիմա ի՞նչ կընես։ Ձախը, աջը համբուրելով, երեխան, շունը, կատուն համբուրելով Երեւան պիտի գաս՝ ի՞նչ պիտի ընես, Բագրատ սրբազան։ 

Յեղափոխութի՞ւն պիտի ստեղծես։ Քու նախկիններդ չկրցան, մարդիկ, որոնք ամբողջ երկիրը կողոպտած էին 30 տարի, չկրցան բան մը ընել ոչ երկրէն ներս եւ ոչ ալ թշնամիին հետ։ Առիթ տուէք, սիրելիներ, այս իշխանութիւնները կու գան ու կ՛երթան։ Հայրենի՛քն է մնայուն։ Դուք ներսէն կը փորձէք կործանել հայրենիքը։ Մենք, ժողովուրդս, հիմա իրաւունք չունի՞նք մտածելու, թէ՝ Բագրատ սրբազան, ո՞վ կը կանգնի քու ետիդ։ Ո՞վ կը ֆինանսաւորէ այս քու «յեղափոխական» շարժումդ։ Ժողովուրդը իրաւունք ունի՞ հարցնելու։ Փոխանակ խորանէն միութիւն ու սէր քարոզելու, որ տէր կանգնեցէք հայրենիքին, կը հրահրէք մեր խեղճ ժողովուրդը ընդդէմ իր իշխանութեան։ Յանուն ինչի՞: Ի՞նչ է ձեր շահը։ 

Հետեւաբար, մենք իրաւունք ունինք մտածելու՝ ո՞վ կը կանգնի, Բագրատ սրբազան, ձեր ետին. ո՞ր ուժերն են, որոնք կը ֆինանսաւորեն, այդ ինչ գումարներ են, որոնք այսօր կը բաժնուին Երեւանի փողոցներու մէջ։ Ի՞նչ կ՛ուզէք ընել։ Ղարաբաղը փրկեցիք՝հիմա պիտի փրկէք Երեւա՞նը։ Կ՛ուզէք ղարաբաղցիները կաշառել, որպէսզի դէ՞մ ելլեն պետութեան։ Հարց կու տամ ձեզի. ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը։ Ինչո՞վ կը սատարէք դուք հայրենիքի վերելքին։ Ընդհակառակը, կը փորձէք տապալել գոնէ այդ ժամանակաւոր հանդարտութիւնը, որ կայ այսօր հայրենիքէն ներս։ Կը բաւէ փոթորկեցնէք հայ ժողովուրդին կեանքը։ Հո՛ն կը փոթորկեցնէք՝ նոյն փոթորիկը կը հասնի նաեւ Սփիւռք։ Որովհետեւ մենք հայրենիքով կը շնչենք եւ հայրենիքով կ՛ապրինք։ Վերջ տուէք այս ձեր քայլերուն։ Ի՞նչ պիտի ընէք, արի՞ւն պիտի թափէք…։ 

Որպէս հոգեւորական Բագրատ սրբազան հարցս քեզի է. նախորդ յեղափոխութիւններու օրով, այդ բոլոր դժուարութիւնները երբ եղան նախորդ նախագահներու օրով, օր մը ձայնդ բարձրացուցի՞ր, որ ոստիկանը ասոր ծեծեց, միւսին ծեծեց։ Հիմա կը պոռաք-կը կանչէք, թէ իշխանութիւնը ոստիականական ուժ կը բանեցնէ։ Այդ ատեն ալ բանեցուցին՝ այդ ատեն բողոք ըրի՞ր։ Դուն, քու մեծաւորդ, քեզի նման ուրիշներ, ինչպէս Միքայէլ սրբազանը, բողոքեցի՞ք։ Հիմա փողոց ելած էք, փողոցային դարձած էք դուք։ Պահ մը մոռցեր էք, որ սքեմաւոր հոգեւորականներ էք։ Դուք պարտաւոր էք սէ՛ր քարոզել, հաւատարմութի՛ւն քարոզել, միութի՛ւն քարոզել։ Ընդհակառակը՝ յեղափոխութիւն կը քարոզէք։ 

Որո՞ւ համար հայրենիք պիտի քանդէք։ Ա՞յս է ձեր առաքելութիւնը։ Այսքանո՞վ կը հաւատաք, կ՛երկրպագէք, այդ հայրենիքին հողը համբուրեմ կ՛ըսէք: Գործեցէք այնպէս, որպէսզի մենք հաւատանք, որ դուք իսկապէս կ՛ուզէք հայրենի հողը համբուրել, որովհտեւ կը հաւատաք հայրենիքի գոյութեան։ Բագրատներ կու գան-կ՛երթան։ Փաշինեաններ ալ պիտի գան-երթան։ Հայրենիքն է մնայուն։ Հետեւաբար, բոլորս ձեռք-ձեռքի պէտք է տանք, Կաթողիկոսներն ալ հետը միասին։ Պէտք չէ ժողովուրդը լարենք իշխանութեան դէմ։ 

Ղարաբաղը տուինք՝ յայտարարութիւն եղա՞ւ կաթողիկոսներուն կողմէն։ Չեղաւ։ Ափսէի վրայ օրուայ ղեկավարութիւնը Արցախը տուաւ Ատրպէյճանին։ Արամ կաթողիկոս, որեւէ ատեն բողոք ըրի՞ր։ Նոյն այդ մարդոց շնորհաւորեցիր շաբաթ մը առաջ՝ տաս օր յետոյ Արցախը ափսէի վրայ Ատրպէյճանին տրուեցաւ։ Հիմա ի՞նչ բողոքի ելած էք։ 

Միութեան մասին կը խօսիք. կը խնդրեմ, կ՛աղաչեմ՝ նախ երկուքդ զիրար սիրեցէք, յետոյ ժողովուրդի միութեան մասին խօսեցէք։ Երկու կաթողիկոսութիւն այսքան տարի է ներդաշնակ գործ մը չէ ունեցած։ Վկայ՝մեր թեմերը։ Հիմա որո՞ւ դէմ ելած էք երկու կաթողիկոս։ Ներկայ իշխանութեա՞ն դէմ, ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութեա՞ն դէմ։ Լա՛ւ, սպասեցէ՛ք, ընտրութիւն կու գայ, ձեր մարդիկը բերէք, եթէ իսկապէս յստակ ծրագիր մը ունիք, որ այս երկիրը աւելի ոտքի կանգնի, աւելի բարգաւաճ դառնայ, ոչ թէ այսպիսի ճգնաժամային օրերուն փոթորիկ ստեղծէք: 

Որպէսզի ի՞նչ ընէք։ Իշխանութիւնը տապալէք, որ դո՞ւք գաք։ Ձեր մարդի՞կ գան։ Նորէ՞ն յափշտակուի երկիրը։ Ալ վերջ տուէք ասոր։ Մեղք է մեր ժողովուրդին։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Ըստ երեւոյթին, Բագրատ «սրբազան» կոչեցեալը ինքնիրեն Ղեւոնդ Երէցի հովեր տուած է։ Եւ այսօր ժողովրդական լայն մասսաները, ե՛ւ հայրենիքէն ներս, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին, հարց կու տան, որ այսօրուայ նորելուկ «ղեւոնդ երէցները», այսինքն` կեղծ հոգեւորականները, գարեգինապաշտ, փութինապաշտ, հին «քակեպեշնիկ»- ները («ագենտուրա» կ›ըսեն սովետահայերէնով), ո՞ւր էին, երբ Արցախը 44-օրեայի ժամանակ գոյութենական պայքար կը մղէր։ Ո՞ւր էին, երբ Շուշին արհեստական ճանապարհներով անկումի առաջնորդեցին եւ թշնամիին ճանապարհը բացին, որ թշնամին մօտենայ Շուշիի մատոյցներուն։ Ո՞ւր էին այս մարդիկ, երբ որ ամբողջ Արցախը Սեպեմբեր 19 2023-ին կը պարպուէր, նոյն հայրենիքը՝ հայոց պետականութիւնը փրկելու ինքնիրեն հովեր տուած «ազգային փրկութեան շարժումը» ոտքի ելած էր հայրենիքը «փրկելու», հայկական պետականութիւնը «փրկելու»: 

Տեսանք ինչպէս Արցախը «փրկեցիք», տիկնայք եւ պարոնայք։ Տեսանք ինչպէ՛ս փրկեցիք, ինչե՛ր եւ ինչե՛ր։ «Փրկեցիք»նաեւ հայոց պետականութեան ամենակարեւոր գործօնը, որ պաշտպանութեան պիւտճէն էր, որ թալանեցիք։ Տեսա՛նք ինչպէս փրկեցիք։ Տեսա՛նք ինչպէս «փրկեցիք» սփիւռքէն հայրենադարձութիւն իրականացնող գործարարները։ Տեսանք թէ զանոնք ինչպիսի ճանապարհներով, միլիոն ձեւերով փորձեցիք յօշոտել։ Եւ տեսանք ինչպէս «փրկեցիք» սփիւռքը, երբ սփիւռքի զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարները այնպիսի սխալ ճանապարհներով առաջնորդեցիք, որ այսօրուայ օրով սփիւռքի մէջ զանազան հասարակական եւ կրօնական կառոյցներ կը ղեկավարուին սխալ մարդոց կողմէ։ Ա՛յդ ալ ձեր «փրկութեան» աշխատանքներու արդիւնք է։ 

Մեր նորօրեայ նորելուկ «ղեւոնդ երէցներ»ուն ես նաեւ մէկ այլ հարց կու տամ. արդեօք ուրա՞խ էք, որ հիմա դուք ձեզ կը փրկէք։ Ուրախ էք, որ ձեր թալանա՞ծը կը փրկէք, թէ ձեր միլիարդաւոր տոլարներու հարստութիւնը, որ հայ ժողովուրդէն եւ հայոց պետականութենէն թալանեցիք: Տեսա՞ք հիմա ինչպէս կրնաք «փրկել», տիկնայք եւ պարոնայք։ 

Զանազան աղբիւներու համաձայն, մեծ գումարներ շրջանառութեան մէջ դրուած են այս օրերուն այս «ազգային փրկութեան քայլարշաւին» առթիւ, սկսեալ Տաւուշէն, հասնելու համար մինչեւ Երեւան։ Եւ այս կրկէսը այնքան մեծ գումարներով կը ֆինանսաւորուի, որ գլխապտոյտ կը պատճառէ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու։ Այդ գումարները, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են, ըստ երեւոյթին հին ռեժիմականներու կողմէն դրուած են, եւ իրենց թալանածի մի քանի տոկոսը այսպէս ծախսելով՝ իրենք յոյս ունին, որ «ռեւանշիզմ» պիտի իրականացնեն, եւ իրենց թալանի խոշոր մասը դեռեւս պիտի կարողանան պահել, եւ նաեւ կազմակերպեն «ռեւանշիզմ»ի միջոցաւ իշխանափոխութիւն եւ իշխանադարձութիւն. այսինքն՝վերադառնան իշխանութեան։ 

Եւ այդ մարդիկ այսպէս պիտի շարունակեն, որովհետեւ օրուան կառավարութիւնը կը զլանայ իր պարտականութեան մէջ։ Օրուան կառավարութիւնը կը զլանայ պաշտօնազրկելու այն բոլոր հին ռեժիմի կողմէ նշանակուած կամ տեղաւորուած դատաւորները, դատախազները: ճիշդ է՝ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, օրուան իշխանութիւնները բաւականին լաւ աշխատանք կը փորձեն իրականացնել, բայց նաեւ ներկայ ռեժիմի ժամանակներուն ալ կան «օլիգարխ»ներ։ Այս «օլիգարխութիւնը»պէտք է դադրի եւ դատուի, սիրելիներ։ 

Պէտք է մենք նոր պետութիւն կառուցենք։ Նոր պետութիւն կառուցելու համար մեզի հարկաւոր է օրէնքի գերակայութիւնը, ինչպէս որ ներկայ կառավարութիւնը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու ժամանակ խոստացաւ պողպատեայ «մանդատ»ով կառավարել, ծառայաբա՛ր կառավարել հայ ժողովուրդը։ Եթէ իսկապէս հաւատարիմ ենք մեր տուած խոստումներուն, ապա ուրեմն բարի եղէք ապօրինի իւրացումներու մասին բռնագանձման օրէնքը գործադրելու եւ այս հին ռեժիմի գողապետականները բոլորն ալ, առանց որեւէ զանազանութեան կամ կողմնակալութեան, ենթարկել օրէնքի տրամադրութեան ստորակէտին։ 

Նաեւ, ամէնէն կարեւորը, ներկայ հայկական պետականութիւնը կը շարունակէ ներքին կարգով տառապիլ կեղծ ընդդիմութեան առկայութենէն։ Ժամանակը հասած է, որ պարոն Ալէն Սիմոնեանը իր առաջադրանքը գործնական քայլերով սկսի հետապնդել, եւ քանի որ ինքը այսօրուան Հայաստանի խորհրդարանի նախագահն է, ինք իրաւունք ունի արտակարգ նիստ հրաւիրելու եւ արտակարգ նիստի միակ օրակարգը այն պիտի ըլլայ, որ այս համատարած կրկէսին վերջ դրուի։ 

Հայ ժողովուրդը արժանի է իսկակա՛ն, հաւա- տարի՛մ ընդդիմութիւն ունենալու, եւ ոչ թէ հին ռեժիմականներու աթոռներ տրամադրելու խորհրդարանէն ներս: Անոնք կը զբաղեցնեն բազմաթիւ աթոռներ, որոնք իրականութեան մէջ կը պատկանին ժողովուրդի այն առողջ հատուածներուն, որոնք չկրցան հատել նուազագոյն 5 տոկոսի սահմանագիծը եւ խորհրդարանէն դուրս մնացին։ Հին գողապետականները միլիարդաւոր տոլարներ ծախսեցին 2021-ի Յունիսի արտակարգ ընտրութիւններուն եւ ատոր շնորհիւ մինչեւ հիմա կը շարունակեն, կը փորձեն ներքին կարգով Հայաստանի ողնաշարը քարուքանդ ընել։ Այս կրկէսը պէտք է հասնի իր աւարտին այն պահէն սկսեալ, երբ կը յայտարարուին նոր արտակարգ ընտրութիւններ։ Այս կրկէսը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ։ Մենք չենք կրնար ազգ փրկել նորօրեայ նորելուկ «ղեւոնդ երէցներ»ով։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Սիրելիներ, Հուսկ բան իմ խօսքս պիտի ըլլայ հետեւեալը. հոգեւորականներ, հեռու կեցէք քաղաքականութենէն։ Հայաստանեայց Առաքելական եկե- ղեցին իբրեւ թէ փրկեցիք՝ հիմա նաեւ կը փորձէք փրկել հայրենի պետութի՞ւնը։ Հեռու մնացէք քաղաքա- կանութենէն, որովհետեւ ձեր գործը չէ։ Դուք միայն կրնաք սէր, միութիւն, համերաշխութիւն քարոզել։ Հետեւաբար, լաւ կ՛ըլլայ, որ հեռանաք այս բոլորէն, ժողովուրդը չփոթորկեցնէք անգամ մը եւս։ Ի վերջոյ, դուք պարտաւորութիւն ունիք խորանի ճամբով ժողովուրդին օգտակար ըլլալու եւ ոչ՝ փոթորկեցնելու։ 

Երբ որ կը խօսինք եկեղեցականներու մասին, երբեք մ›ի մտածէք, որ մենք խիստ կեցուածք ունինք Հայաստանեայց Առաքելական 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *