Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու Ազգային Ժողովի որոշման նախագիծը խորհրդարան ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է 36 ստորագրութիւն:
Սահմանադրութեան 115-րդ յօդուածին համաձայն, վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային Ժողովի որոշման նախագիծ կրնայ ներկայացնել պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ երրորդը։ Այսինքն անհրաժեշտ է խորհրդարանի 107 պատգամաւորներէն առնուազն 36-ին ստորագրութիւնը։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» (29) եւ «Պատիւ Ունեմ» (6) խմբակցութիւնները միասին ունին 35 պատգամաւոր: Այսինքն նախագիծը խորհրդարան ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է եւս մէկ պատգամաւորի ստորագրութիւն։ Այս պարագային ընդդիմադիրները երկու ճանապարհ ունին՝ կա՛մ համոզել «Պատիւ Ունիմ» խմբակցութենէն 2021-ին դուրս եկած Իշխան Զաքարեանին միանալ իրենց, կա՛մ իշխող ՔՊ-էն ոեւէ պատգամաւորի ստորագրութիւնը ստանալ։
Ընդդիմութենէն փոխանցեցին, որ այս հարցին շուրջ քննարկումներ կ’ընթանան։
ՔՊ-ականները «Ազատութեան» հետ զրոյցին կը բացառէին, թէ իրենցմէ ոեւէ մէկը միանայ իմփիչմենթի գործընթացին։
Ի դէպ, 36 պատգամաւորի ստորագրութեամբ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային Ժողովի որոշման նախագիծին մէջ նաեւ պէտք է առաջարկուի նոր վարչապետի թեկնածու: Առայժմ շարժման առաջնորդները թեկնածուի անուն չեն հրապարակած։