Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած ոսկեայ յուշադրամ։
Յուշադրամի երեսին պատկերուած է Գիւմրիի մէջ Ազնաւուրի յուշար- ձանը (քանդակագործ՝ Ս. Պետրոսեան, ճարտարապետ՝ Ա. Թարխանեան, 2002), իսկ դարձերեսին՝ երգիչին դիմանկարը, երաժշտական նօթերով ոճա- ւորուած «100» թիւով, դաշնակի ստեղներով եւ խօսափողով միասին։ Նա- խագիծերու հեղինակներն են՝ Վարդան Վարդանեան (երեսը), Կարէն Մելի- քեան (դարձերեսը):
Յուշադրամէն արտադրուած են միայն 500 օրինակներ, 10,000 դրամ արժէքով, Լեհաստանի դրամահատարանին կողմէ։