Պետական եկամուտներու կոմիտէն հաղորդեց, որ հայ-թրքական սահմանի Մարգարայի անցակէտի հիմնական նորոգութիւնը ամբողջութեամբ աւարտած է 2023ի Նոյեմբերին: 

Աշխատանքները տեւած են շուրջ 6 ամիս: Կը նշուի, որ այստեղ պետական սահմանային հսկողութիւնը նախատեսուած է իրականացնել ինչպէս Հայաստանի միւս անցակէտերերուն մէջ՝ «մէկ պատուհան» համակարգով: 

Կառուցուած են սպասարկման սրահ, խոր զննման ընդարձակ սրահ, բեռներու ձեւակերպման համար նախատեսուած տաղաւարներ եւ պահեստ, կառատուներ, ընդարձակ հրապարակ եւ միջազգային չափանիշներուն համահունչ այլ ենթակառուցուածքներ: 

ՊԵԿի նախագահ Ռուստամ Բադասեան 23 Մայիսին անցակէտին մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը, անոնք միասին շրջագայեցան տարածքին մէջ: 

Դեսպանը գոհունակութիւն յայտնեց անցակէտին մէջ իրականացուած աշխատանքներուն համար: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *