«Ազդակ» 25 մայիս 2024 Անդրադարձ| 

Կուսակցականացած մամուլ կոչուածի էջերուն մէջ ԱԱ ստորագրողը, կը փորձէ,- իր խելքով,- դաս տալ Հայաստանի Պետութեան եւ պետական շրջանակներուն, թէ երկրին համար խաղաղութիւն ինչպէ՞ս պէտք է ստացուի: 

Իսկ երբ՝ հռետորական եւ զգացական ոճով,- որ հարիւրէ աւելի տարիներէ ի վեր լսած ենք, – Հայաստանի դրացի Ազրպէյճանի հետ հաշտութեան եզր չի պատկերացներ, ապա ի՞նչ է այլընտրանքը. պատերա՞զմ: 

Անցեալին թուրքն էր հայութեան թշնամին՝ պայքարը,- անշուշտ՝ զինեալ,- թուրքին դէմ էր, որ պիտի տարուէր, իսկ այժմ նոր թշնամի մը յայտնաբերուեցաւ՝ ազերիները: այսինքն Հայաստանի երկու դրացի երկիրներն ու ժողովուրդները գումարած, հայութիւնը պիտի յարատեւօրէն կռուի 86 միլիոն թուրքերու եւ 10 միլիոն ազերիներու դէմ: 

Իսկ յետոյ՝ 

Այլեւս բաւ է, ակումբի մը մէկ անկիւնը նստած կամ կուսակցկանացած օրաթերթի մը խուցի մը մէջ, սուրճի սեղանի շուրջ, եւ Վան, Մուշ, Սասուն, Արցախ գրաւել: 

Այն համոզումը ունէինք, որ յարատեւ պայքարի սիրահար մարդոց ուղեղները կը տաքնան ալքոհոլի ազդեցութեան տակ: Այժմ կը նկատենք, որ սուրճով ալ այս արարծները մէյ մէկ Տոն Քիշոթներու կը վերածուին: 

ԱՐՁԱԳԱՆՔ 

*** 

Հայաստանի մէջ ի՞նչ «շարժում», ի՜նչ «հայրենիքի փրկութիւն», ի՞նչ «լրբազան պայքար», ի՜նչ «Արցա՛խ, ախ Արցախ»: 

Երբ տարիներով գող-աւազակ-ստահակ-պատեհապաշտ արարածներ Հայաստանը թալանեցին, հսկայական գումարներ իւրացուցին, կողոպտեցին եւ Արցախը ձգեցին անտեսուած։ 

Արցախէն գրեթէ ոտաբոպիկ՝ Երեւանը գրաւելու նպատակաւ մայրաքաղաքի վրայ գրոհող երկու (չ)նախագահներ ուղղակի քամեցին ժողովուրդին արիւնը՝ բանակը կողոպտեցին, երկրի հարստութիւնը գրպանեցին, լուացարանին մէջ մարդիկ սպաննեցին, խորհրդարանի պատգամաւորներ ջարդեցին… իսկ այժմ ելեր են «երկի՞ր փրկելու»: 

Ո՞ր «ազնիւ, անշահախնդիր , կեանքը տուող ղարաբաղցիին» է խօսքը, երբ տուն ու տեղ լքած, առանց իր իսկ ղեկավար-հայրենակիցներուն դէմ թոյզն դժգոհութիւն մը արտա- յայտելու կը հասնի Երեւան, կը ստանայ ամէն տեսակ օգնութիւն-օժանդակութիւն-նպաստ, եւ ապա փողոց կ՚իջնէ բռնի իշխանափոխութիւն իրականացնելու։ 

Ի՜նչ «հայ, հայրենիք, Աստուած…» հայրենիք փրկողներ են, որոնք օդերեւութաբանական պայմաններու ենթակայ,- եւ անշուշտ պատուիրատուներու հրահանգով,- փողոց կ՚իջնեն երկիր եւ քաղաքացի … քար ու քանդ ընելու։ 

Իսկ սփիւռքը, կը պարէ, կ՚երգէ «Արցախի օգնութեան կը հասնի, Սասուն կ՚արշաւէ» մի միայն… երգերով: 

Խելքի գալու պահն է։ 

ՈԶՆԻ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *