Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Յունիսի 7-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը` ԲԱԳՐԱՏՈՍԸ ԻՆԿԱՒ ՓՈՍԸ, ԿԱՐԻՃԻԿԸ ԿԵՐԱՒ ԿՏՐԻՃԻԿԸ … «կորսուեցէ՛ք մեր երկրէն բոլշեւիկ հակա…խայեր»: Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@ gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

ԲԱԳՐԱՏՈՍԸ ԻՆԿԱՒ ՓՈՍԸ, ԿԱՐԻՃԻԿԸ ԿԵՐԱՒ ԿՏՐԻՃԻԿԸ … «կորսուեցէ՛ք մեր երկրէն բոլշեւիկ… խայեր» 

Ինչու՞ կը գրենք «հակա…խայեր»: Որովհետեւ «խայեր» բառը ճիշտ կը յարմարի այն շրջանակներուն որոնք «խային» են: Այսինքն՝ «դաւաճան»: «Խային» բառը Մեծն Միջին Արեւելքի մէջ – ներառեալ Իրան՝ լայնօրէն տարածուած բառ մըն որ նաեւ կ՛օգտագործուի արեւմտահայութեան կողմէ: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարեւ, իմ անունս Աբօ Չափարեան է, իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Վերջերս իրազեկուեցայ այն հետաքրքրական լուրին մասին, ըստ որուն, Իտալիոյ մէջ միջազգային «ռոպոթիքս»ի մրցաշարքի մը ընթացքին էսթոնիացի ուսանողներու առաջարկուած է, որ իրենց ռուս ուսանողներ միանան։ Մերժած են։ Հակառակ, որ իմանալով, որ առանց ռուս ուսանղողներու միանալուն իրենք պիտի տանուլ տան եւ ձախողութեան հասնին, անոնք այդ քայլին դիմած են որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, նաեւ պալթեան երկիրներուն մէջ, ինչպէս եւ Ուքրաինայի մէջ, Մոլտովիայի մէջ, Վրաստանի մէջ եւ Հայաստանի մէջ՝ Հարաւային Կովկասի սիրտը հանդիսացող Հայաստանի մէջ կարծէք հզօր «ալերգիա» զարգացած է Փութինի հանդէպ։ 

Պիտի չըսեմ` ռուս ժողովուրդին հանդէպ։ Ռուս ժողովուրդը միշտ ալ լաւ եղած է եւ լաւ ալ պիտի շարունակէ ըլլալ։ Սակայն օրուան ղեկավարը՝ Փութինը սխալ մարդ է։ Կամ Փութինը սխալ մարդ է կամ ալ իր դրածոները այս զանազան երկիրներուն մէջ, որոնք նախկին Սովետի տարածքին գոյութիւն ունեցած են եւ որոնց խոշոր մասը Սովետական Միութեան մաս կազմած են, բայց հիմա ըստ երեւոյթին խոշոր «ալերգիա» զարգացուցած են փութինեան Ռուսաստանի դէմ։ 

Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ինչպէս որ նախագահ կամ «դիկտատոր» Փութինը Հայաստանի մէջ իր դրածոները նշանակած է այնպիսի տարրեր, որոնք հակազգային են, իրենց սեփական ժողովուրդին հանդէպ սէր չունին։ Բանից դուրս եկաւ, որ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ նոյնը եղած է, ինչպէս եւ Մոլտովիա, մերձպալթեան երկիրներ, Լեհաստան եւ այլն։ 

Ուրեմն հիմա արդէն սա օրուան կարգախօսն է՝ «Փութինը եւ իր դրածոները»։ Կը յիշէ՞ք այն բեռնատար կառքը, սովետական ժամանակներու հռչակ վաստակած բեռնատար կառքը, որուն գլխաւոր վարորդն է Փութինը եւ իր կողքին նստած յայտնուած` այսպէս կոչուած ռուսական լրատուական գործակալութեան կամ «քէյճիպիական» գործակալութեան «օֆիսըր» Մարկրիթա Սիմոնեան։ Իսկ միւս «քէյճիպի օֆիսըր»ը՝ Մարիա Զախարովա։ Արդէն կը տեսնէք «էկրան»ի վրայ։ Իսկ ամէնէն աջ կողմինը` իբրեւ թէ հայ (Աստուած մեզի սովետահայերէ եւ օսմանահայերէ փրկէ), իբրեւ թէ ծագումով հայ Լավրովը։ 

Ինչ լաւ է, որ այս մարդիկ իրենց որպէս զինակից ունին Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգիսեան, Գարեգին բ, Իշխանիկ Սաղաթէլեան, որ արեւմտահայերու մօտ նաեւ ճանչցուած է «Սաղթէքէրեան», այսինքն ստաբանութեան մասնագէտ («ֆոկուսնիկ» կ›ըսեն ռուսերէնով)։ 

Այս բեռնատար կառքին վրայ հիմա կը տեսնէք նոր ճամբորդ մը՝ Բագրատիկը։ Ուրեմն այս ճանապարհորդութիւնը պարոն Փութինը ուզէ – չուզէ սկսուած է արդէն։ Ոչ միայն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մակարդակի վրայ, որուն սիրտը Հայաստանն է, այլ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ, Մոլտովիայի մէջ, Լեհաստանի մէջ, Պալթեան երկիրներու մէջ, եւ պիտի չզարմանանք, եթէ մօտ ապագային արդէն խլրտումներ իմանանք Պելառուսիայէն, երբ ռսաստրուկ օրուան նախագահը աթոռազուրկ նախագահ կը դառնայ` պաշտօնազուրկ անձնաւորութիւն մը կը դառնայ։ Եւ իրեն համար, ինչպէս որ անգլերէն կʼըսեն` «one way ticket»` միակողմանի ուղղաթիռի տոմսը կը վերցնեն եւ իրեն կʼուղարկեն Քրէմլ։ 

Այս եղելութիւններու մթնոլորտին մէջ ես պիտի հարց տայի իմ զրուցակիցին` պարոն Մխիթարեանին, թէ ինչպիսի՞ նորագոյն զարգացումներ ինքը կարող է ներկայացնել Մայր հայրենիքէն, ուր ահագին հետաքրքրաշարժ զարգացումներ կան։ Լսենք։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Պարոն Չափարեան, շատ հետաքրքրական ներածական մը ըրիք այս պարագային եւ ի վերջոյ հասաք Հայաստան։ Մեր հեռուստադիտողներուն կրնամ ըսել, որ կրկէսը կը շարունակուի, բեմադրութիւնը կը շարունակուի, խեղկատակութիւնը կը շարունակուի։ Այլ խօսքով, լրջութիւնը ամբողջութեամբ հեռացած է մեզմէ։ Շատ յստակ է։ Ժողովուրդը հասկցաւ, որ Բագրատ սրբազանի այս քայլը ներդաշնակուած – համադրուած է նախկին գողապետականներուն հետ։ Չեմ վարանիր այս բառը գործածելու, որովհետեւ թէեւ անհանգիստ կʼըլլամ ամէն անգամ այդ մէկը ըսելու, բայց ամէն բան մէջտեղն է։ 

Երեսուն տարի երկիրը կողոպտուեցաւ։ Երեք նախագահներու օրով այս գեղեցիկ հայրենիքը փոխանակ նոր արշալոյսներու առջեւ երեւնալու, դէպի յետդարձ ըրաւ, որովհետեւ երկիրը կողոպտուեցաւ։ Շատ պարզ է` տարակարծութիւններ չունենանք այդ մասին։ Փաստը մէջտեղն է։ Հետեւաբար, Բագրատ սրբազանի այս շարժումը, որ ոմանք կարծեցին` նոր աւետարանիչն է եկած երկիրը փրկելու (չեմ ուզեր Յիսուս բառը գործածել այստեղ), պարզապէս խաբեբայութիւն մըն էր, որովհետեւ նոյն այդ Բագրատ սրբազանը տարիներ առաջ, 2019-ին, նախkին նախագահ Քոչարեանին հետ ելոյթ ունեցած է, եւ տակաւին ատկէ յետոյ խօսուած է, որ եկեղեցական մը պիտի գայ երկիրը այս վիճակին` փոթորիկ վիճակի մէջ պիտի դնէ եւ պիտի փորձէ տապալել ժողովուրդին կողմէն ընտրուած իշխանութիւնը։ 

Բագրատ սրբազան, վերջացած ես դուն։ Ամէնէն տխուր երեւոյթը այս բոլորին մէջ այն է, որ իր մեծաւորը` Գարեգին կաթողիկոս, ընդունեց, որ Բագրատ սրբազանի արքութիւնը սառեցնէ։ Սիրելիներ, ոչ թէ միայն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, այլ ամբողջ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ նման բան մը գոյութիւն չունի։ 

Ի՞նչ ըսել է սառեցնել։ Կամ եկեղեցական ես կամ չես։ Պարզ եւ յստակ։ Այս խեղկատակութեան ե՞րբ վերջ պիտի տանք։ Գարեգին կաթողիկոս մինչեւ այսօր ըստ կամս կը գործէ, որովհետեւ իր ետին ունի նախկին գողապետականները, որոնք իր զինակիցն են կամ ինքը` անոնց զինակիցը. Եւ իրենց մտահոգութիւնը երկիրը չէ, սիրելիներ, հայրենիքը չէ, եկեղեցին չէ, միայն մամոնան է, դրամն է։ Հետեւաբար, այս օրերուն, պարոն Չափարեան, Բագրատ սրբազանին վերջը եկած է։ Գիրքին վերջին պարբերութիւնն է ոչ թէ էջը, այլ պարբերութիւնը։ 

Ահա կը տեսնէք բոլորդ` Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ առջեւ քանի մը հարիւր հոգի կայ։ Սա շատ յստակ ցուցանիշ է, որ այս շարժումը մեռաւ։ Այս շարժման նման տակաւին մի քանի տարի առաջ, 20-21 թուականին նորէն փողոց ելան աւելի կայտառութեամբ սակայն նորէն չյաջողեցան։ Այսօր խեղճուկրակ եկեղեցական մը այրեցին, առջեւ հրեցին, որպէսզի իրենց ծրագիրը յաջողցնեն։ Նորէն չյաջողեցան, որովհետեւ ժողովուրդը, սիրելիներ, արթնցաւ։ 

Գերպետութիւններու հաշիւներուն մէջ մենք փոքրիկ հաշիւ մըն ենք։ Հետեւաբար, շատ աւելի առոջղ պէտք է մտածենք, եթէ կʼուզենք փրկել հայրենիքը, որու մէջ կարեւոր դեր պէտք է ունենայ եկեղեցին, բայց ոչ` այս անփառունակ եկեղեցականները, որոնք եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը զէրոյացուցին իրենց անբարտաւանութեամբ, իրենց մենատիրութեամբ, կարծելով, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին իրենց հօրը կրպակն է։ 

Շատ կը ցաւիմ` այս բոլորին մասին յաճախ կը կրկնենք: Ժամանակը եկած է, սիրելիներ, որ մեր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնենք, նստինք սեղանի շուրջ յստակ ծրագրով մը, թէ յաջորդ 25, 30 կամ 50 տարիներուն հայրենիքը ո՞ւր պիտի տանինք եւ ի՞նչ պիտի փոխանցենք գալիք սերունդին։ 

Ներկայ փոթորիկներով չենք կրնար ապագան յստակ տեսնել։ Հետեւաբար, զգաստութեան պահը հասած է։ Վերջ, Բագրատ սրբազան, հեռացիր այդտեղէն։ Գնա վանք մը ու ապաշխարութեամբ զբաղէ, կամ զբաղէ ինչով որ կʼուզես։ Բայց դուն այդ անձը չես, որ գաս եւ վարչապետ ըլլաս։ Կորիւն վարդապետ այսօր վանքի մը մէջ կը ճգնի գրեթէ, վաղը Էջմիածնի դրան առջեւ պիտի երեւնայ եւ ըսէ, որ «այսուհետեւ ես եմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը»։ 

Դուք, սրբազան հայրեր, ի՞նչ պիտի ըսէք։ Դուն, Բագրատ սրբազան, ի՞նչ պիտի ըսես Հայր Կորիւնին, երբ վաղը Էջմիածնի դրան առջեւ երեւնայ եւ ըսէ Գարեգին կաթողիկոսին` «քեզի մէկ ժամ կու տամ` պայուսակներդ առ եւ հեռացիր»։ Ի՞նչ պիտի ընէք դուք։ Քու ըրածդ ալ նոյնն է։ Կարծեցիր, որ այս ամբոխավարութեամբ ժողովուրդը կրնաս համախմբել։ Ձախողեցար։ Գոնէ պատուովդ հեռացիր, որովհետեւ կրնաս անպատուութեամբ դուրս դրուիլ։ 

Հետեւաբար, մեր եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հայրերուն զգաստութեան կոչ կʼուղղեմ, որ իջնեն ժողովուրդի մէջ, միայն սէր քարոզեն, համերաշխութիւն քարոզեն, իրարու հանդէպ յարգանք քարոզեն. այն ինչ որ Աւետարանը մեզի կʼուսուցանէ` այդ ուսուցանենք մեր ժողովուրդին։ Հայրենիքն է խնդրոյ առարկան, մայր եկեղեցին է խնդրոյ առարկան. մեր այս կեանքը աշխարհիկ անցուկ է, ժամանակաւոր է։ Յաւիտենականութեան մասին աւելի մտածենք, քան այդ ինչքերու մասին, որ այսօր բոլորս կը փորձենք հաւաքել` Գարեգին կաթողիկոսէն մինչեւ յետին ու փոքրիկ եկեղեցականը։ Մոռցէք այդ բոլորը։ Նայեցէք մեծ պատկերին։ Հայրենիքը վտանգի տակ է, սիրելիներ։ Հետեւաբար, հայրենիքի սիրոյն մէկդի դրէք ձեր տարակարծութիւնները, սիրեցէք զիրար, յարգեցէք զիրար, յանուն հայրենիքին, յանուն հայ եկեղեցւոյ յարատեւութեան։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Գնահատական խօսք ունիմ այսօրուայ ոսկէ սերունդի անդամներուն հայրենիքէն ներս, որոնք կը կատարեն իրական, իսկական ընդիմութեան առաքելութիւնը։ Եւ ի հակապատկեր քրէաօլիկարխական, հին ռեժիմական գողապետականներու այն երեւոյթին, եւ որոնց կարգին են Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգիսեան, Գարեգին «Կտրիճ» Ներսէսեան` օրուան Ամենայն Հայոց չկաթողիկոսը եւ անոր կցորդ Բագրատ Գալստանեան չարքեպիսկոպոսը։ 

Այս Մայիս 9-ին սկսած իբրեւ թէ խաղաղութեան եւ սիրոյ տողանցքը վերածուեցաւ կրկէսի եւ անունը դրինք «Տաւուշեան կրկէս»։ Անոր յաջորդեց «Բագրատիկի արշաւանքները» եւ «Բագրատիկի արշաւանքներուն» յաջորդեց «Բագրատիկի սնանկութիւնը», եւ վերջին հաղորդումը կոչեցինք «Բագրատիկի սխրանքները եւ վերջնական ջախջախումը»։ Ինչո՞ւ։ Այս խորագիրները, ի միջի այլոց, մեզի կʼառաջարկուին բազմահազար հեռուստադիտողներու կողմէ։ 

Այն հայրենակիցներուն, որոնք YouTube-եան ալիքին, AMGA-ին եւ AMGA-ի YouTube-եան ալիքին, ինչպէս նաեւ USA Armenian Life – «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթին կը հետեւին եւ իրենք այսպիսի խորագիրներ կʼառաջարկեն, ես ատոր համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բազմահազար ընթերցողներու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոնք բաժանորդագրուած են, անդամագրուած են շաբաթաթերթի տպագիր տարբերակին։ Տպագիր տարբերակը ստացողները նաեւ կը ստանան առցանց տարբերակը` e-blast-ը, այսինքն մասսայական ե-նամակային սփռումը, նաեւ կը ստանան YouTube-եան ալիքի կապը, յղումը, որպէսի մօտէն հետեւին։ 

Իսկ անոնք որոնք կը փափաքին տպագիր տարբերակը ստանալ` թող բարեհաճին 818-241-5777 հեռախօսահամարին իրենց անունը եւ փոսթային հասցէն թողնել կամ իրենց անունը – ազգանունը եւ հեռախօսի համարը, եւ մեր աշխատակիցներէն անդամ մը իրենց կը հեռաձայնէ եւ մնացած տեղեկութիւնները կը վերցնէ։ Ի միջի այլոց, 2024-ը 39-րդ տարեդարձը կը խորհրդանշէ ազատ մամուլի անդամ, ոչ կուսակցական, երկու լեզուներով հրատարակուող USA Armenian lifeը – «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթին, իրենց առցանց տարբերակներով, ինչպէս նաեւ հեռուստահաղորդային տարբերակներով։ 

Ուրեմն շատ յաճախ խօսակցութիւն կʼըլլայ, թէ այսօրուայ այս կապիկութիւնները որ կատարուին եւ անցնող 33 տարիներու ընթացքին կապիկութիւններու առթիւ սրտցաւ հայրենակիցներ հարց կու տան իրարու` «արդեօք ինչո՞ւ համար պէտք է հայ ժողովուրդին ազատ մամուլը»։ Ազատ մամուլը ճիշդ այսօրուայ խայտառակութիւնը բացայայտելու, արտացոլելու համար է, որպէսզի մեր ժողովուրդը իրազեկուի։ 

Ազատ մամուլի առաքելութիւնը յարգել` կը նշանակէ յարգել մեր ժողովուրդի տարրական իրաւունքը իրազեկուած ըլլալու ճիշդ ժամանակին, ոչ թէ տաս օր ետք կամ տաս տարի ետքը, այլ ճիշդ ժամանակին, որպէսզի մեր ժողովուրդը ճիշդ քայլի դիմէ։ Եւ ինչպէս որ հայկական ասացուածքը կʼըսէ` «օձը պզտիկ ժամանակ պէտք է սատկեցուի»։ Եւ բարեբախտաբար այս պարագային Մայիսի 9-ին ծնած օձը մինչեւ Յունիսի 9-ը չկրցաւ գոյատեւել, եւ ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց քիչ առաջ զրոյցի ընթացքին, ընդամէնը մի քանի հարիւր հոգի հաւաքուած են ամենանորագոյն հաւաքին։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի Գարեգին բ.ի հանդէպ օրուան իշխանութիւններուն վարուելակերպին, ես այստեղը քննադատական խօսք մը ունիմ, բայց շինիչ քննադատական։ Երբ որ «Նոր Հայաստան – Նոր Հայրապետ» շարժումը ծնաւ մայր հայրենիքէն ներս, առաջադրանք կը հետապնդէր, որ հայ ժողովուրդը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջնականապէս ձերբազատուին Գարեգին բ կոչուած թիւրիմացութենէն։ Եւ անշուշտ երբ որ մենք Գարեգին բ կʼըսենք` իր հետ նաեւ նկատի կʼունենանք կցորդները, այստեղ` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քանատայի մէջ, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, Եւրոպայի մէջ, Հարաւային Ամերիկաի մէջ, Աւստրալիայի մէջ, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ եւ նաեւ նախկին Սովետի տարածքին։ 

Ուրեմն, երբ որ օրուան իշխանութիւնները աչքաթող ըրին հաւատացեալներուն իրաւունքը` տեսէք ինչ պատահեցաւ վերջին տարիներուն։ Այդ «պզտիկ օձը» վերածուեցաւ մեծ հրէշի եւ ի գին բազում զոհողութիւններու, մեր ժողովուրդի քաջարի պայքարի շնորհիւ այդ հրէշը վերստին վերածուեցաւ «փոքրիկ օձի», որմէ մեր ժողովուրդը իր օձիքը պէտք է վերջնականապէս ազատէ։ Հետեւաբար, բազմաթիւ հաւատացեալներու, եւ հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին, առաջադրանքն է, որ երբ որ յաջոր փուլը կը սկսի Գարեգին բ.ը աթոռազուրկ դարձնելու, զայն պիտի վերածէ 15-րդ կամ 16-րդ աթոռազուրկ կաթողիկոսներէն մէկը։ 

Առաջադրանքը այն է, որ հայկական պետականութեան ղեկավար օրուան իշխանութիւնները իրենց տարրական պարտականութիւնները պէտք է կատարեն։ Ի՞նչ է իրենց տարրական պարտականութիւնները։ Ես դասախօսելու իրաւունք չունիմ, միայն կրնամ օրինակներ ներկայացնել։ 

Երբ որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կամ Եւրոպայի մէջ կամ ազատ աշխարհի մէջ, կազմակերպութեան մը անդամներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դժգոհութիւն կը յայտնէ եւ այդ կազմակերպութեան «կոռումբացուած», ուղեկորոյս, բարոյազուրկ ղեկավարութիւնը կʼուզէ փոխարինել առողջ ղեկավարութեամբ, եթէ օրուան բարոյազուրկ ղեկավարութիւնը «մաֆիոզի» «թաքթիքի» գործելաձեւի մարտավարութեան դիմէ, այն ժամանակ կը տեսնէք, որ FBI-ը կու գայ իրենց դռnերը կը թակէ։ Այո, FBIը` Ամերիկաի անվտանգութեան վարչութիւնը, իրենց դռները կը թակէ, որ «դուք ի՞նչ իրաւունքով ձեր անդամները կʼուզէք «պուլիինկ» ընել, վախեցման ենթարկել»։ 

Հիմա, նոյնն ալ Հայաստանի կառավարութիւնը թող բարի գտնուի կատարել, քանի որ մենք ամէն տեղ, օտարներու մօտ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը նշենք, որ Հայաստանը ժողովրդավարութեան ճանապարհը բռնած է, եւ «եւրօ-ինտեգրացման» ընթացքը ճիշդ ուղիի մէջ է։ Թող բարի գտնուի օրուան կառավարութիւնը ժողովրդավարական տարրական պարտականութիւնը գործադրելու։ 

Երբ որ յաջորդ «Նոր Հայաստան – Նոր Հայրապետ» շարժումը վերանորոգուած կերպով հանդէս գայ, պէտք է ամէն գնով ցուցարարները պաշտպանել եւ թոյլ չտալ, որ Գարեգինի «մաֆիան» կատարէ այն, ինչ որ ըրին այս երիտասարդին, զոր «էկրանին» վրայ պիտի ցոյց տանք, որուն քիթ ու մռութը ջարդեցին այն օրերուն: Նման բան այլեւս պէտք չէ պատահի ոչ մէկ հաւատացեալի, ոչ մէկ անձի կամ ոչ մէկ հայորդիի հետ, անկախ անորմէ, թէ ենթական հայ է կամ կրնայ ըլլալ` օտար, կրնայ ըլլալ կաթողիկէ ֆրանսացի է եւ կնքուած է Հայաստանեայց եկեղեցիէն ներս եւ դարձած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալ։ 

Ոչ մէկ հաւատացեալի քիթը պէտք չէ արիւնի։ Պէտք է ամէնքն ալ պաշտպանուին։ Եւս մէկ բան պիտի փափաքէի աւելցնել (հիմա պատգամներուն ալ կը նայիմ մէկ կողմէն). hեռուստադիտողներէն սրտացաւ հայրենակից մը հիմա պատգամ գրեց, որ օրուան կառավարութեան եւս մէկ անգամ զգուշացնեն, որ զգուշութիւնը լաւ բան է։ Պէտք չէ թողնել, որ եւս մէկ անգամ Հոկտեմբեր 27 1999 կրկնուի։ Որովհետեւ հայ ժողովուրդը այս անգամ պիտի չընդունի։ Մենք 1999 Հոկտեմբեր 27-ին ծանր հարուածի տակ յայտնուեցանք։ Մենք մօտաւորապէս գիտենք այդ գործունէութեան մատնահետքերը, թէ որ մայրաքաղաքէն կու գան, բայց այս անգամ հաւատացէք` աշխարհով մէկ ամբողջ հայութիւնը ոչ թէ սուգի պիտի մատնուի, այլ (ես ձեզի կը վստահեցնեմ ամենայն պատասխանատուութեամբ) ամէն տեղ պիտի բարձրաձայնուի եւ այս անգամ պիտի մերկացուի ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն ինքնութիւնը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Սիրելի հեռուստադիտողներ, ահաւասիկ ձեզի ներկայացուցինք ներկայ հայրենիքի վիճակը. թէ քաղաքական ներկայ վիճակը, թէ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը։ Մեզի կը մնայ ներկայիս որոշել, թէ որքան սէր ունինք մեր հայրենիքի նկատմամբ եւ այդ սէրը կենդանացնելու համար, այդ սէրը ապրելու համար ի՞նչ պիտի ընենք ես եւ դուն, որպէսզի հայրենիքը վերելք ապրի։ 

Այդ վերելքը պիտի սկսի տնտեսական վերելքէն։ Եթէ հայրենիքը ուռճանայ տնտեսապէս` շատ մը հարցեր կը լուծուին։ Բայց այս բոլորին մէջ դեր պիտի ունենանք թէ դուն, թէ ես։ Այլ խօսքով, թէ հայրենի երկրէն ներս ապրող ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող ժողովուրդը։ Չմնանք անտարբեր, սիրելիներ։ Ընդհակառակ` մեր մասնակցութիւնը բերենք, որքան որ կարելի է, ըլլայ ատիկա բարոյական, ըլլայ ատիկա նիւթական, ըլլայ ատիկա ուղեղային, գիտական։ 

Այս բոլորին մէջ մենք ձեռք ձեռքի տանք, որովհետեւ հայրենիքը վտանգի տակ է, սիրելիներ։ Կովկասը, ուր է մեր հայրենիքը, դուռն է, բանալին է Արեւմուտքի եւ Արեւելքի։ Հետեւաբար, այդ դռնապանի պաշտօնը լաւագոյնս կատարենք, նախ գիտակցելով ներկայ քաղաքական վիճակին, ապա փորձենք բոլորին հետ լաւ ըլլալ, խորունկ գիտակցութեամբ, թէ այդ թշնամին կամ դրացին ինչ է այսօր եւ ինչ վերաբերմունք, զգացմունքներ ունի իմ եւ իմ ժողովուրդիս նկատմամբ։ Հետեւաբար, թշնամանք չունենանք, այլ ունենանք խոր գիտակցութիւն, որ դուրսը ապրող դրացիները, որոնք` կʼուզէք թշնամի ըսել (ոմանք մեր դարաւոր եւ հարիւրաւոր տարիներու թշնամին են, մեր ցեղասպան թշնամին են), բայց դրացի են։ Հետեւաբար, պիտի կարենանք լեզու գտնել բոլորին հետ։ Այդ բոլորը յաջողցնելու համար պիտի սկսինք մեր տունէն, մեզմէ։ 

Զիրար պիտի սիրենք։ Զիրար պիտի հանդուրժենք։ Որովհետեւ թշնամին դուրսն է։ Ներսը թշնամի պիտի չունենանք։ Ներսը մենք պիտի ունենանք սէր իրարու հանդէպ, որովհետեւ հայրենիքը մեր սիրոյ պէտք ունի։ Միայն սիրոյ վրայ կրնանք կերտել մեր փայլուն ապագան եւ հպարտօրէն գալիք սերունդին փոխանցել գեղեցիկ, նոր արշալոյսով Հայաստան մը։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *