Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած Ճիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիովա Սրապեան 60 քկ կշիռի մրցումներու պրոնզէ մետալի մրցումին պարտութեան մատնեց սերպ մրցակից Վելիոկօ Վարնիչիչը եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը: 

Սոյն մրցաշարքին Սրապեան 6 յաղթանակ տարած էր մինչեւ կիսաւարտականի մրցումը: Սրապեան Ուազա-Արիի միջոցով (10-էն 19 երկվայրկեան անշարժացնել մրցակիցը) կրցաւ անմիջապէս յաղթել սերպ մրցակիցին` դառնալով պրոնզէ մետալակիր: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *