
Ստորեւ կը ն ե ր կ ա յ ա ց ն ե ն ք 2024 թուականի Յուլիսի 5-ի ACR TV հեռուստատեսային հ ա ղ ո ր դ ա շ ա ր ի ն ա ր տ ա գ ր ո ւ ա ծ «թեքսթ»ը` «Ինչու՞ են փակւում հայ վ ա ր ժ ա ր ա ն ն ե ր ը ս փ ի ւ ռ ք ո ւ մ : Սփիւռքն ալ ունի տականքներու իր մասը»:

Բացայայտումներ՝ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի եւ հայագէտ եւ վաստակաւոր մանկավարժ Մինաս Գոճայեանի կողմէ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Բարի երեկոյ կը մաղթենք մեր հեռուստադիտողներուն։ Այսօր մեր տաղավար հրաւիրած ենք բացառիկ անձնաւորութիւն մը։ Շատ պիտի չխօսիմ այդ մասին, որպէսզի իմ հիւրս անհանգիստ չզգայ։ Մեր այսօրուան նիւթը պիտի ըլլայ սփիւռքը իր կարողականութեամբ, սփիւռքը իր թէրութիւններով եւ ի՞նչն է, որ մեզի պիտի պահպանէ։ Այլ խօսքով՝ մեր ինքնութիւնը վառ պիտի մնայ սփիւռքի տարածքին, որովհետեւ հայրենազուրկ հողերու վրայ ենք եւ որպէսզի կարենանք մեր ինքնութիւնը պահպանել այս օտար միջավայրի մէջ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
Հետեւաբար, ձեզի կը ներկայացնեմ իմ այսօրուայ հիւրս, տոքթոր Մինաս Գոճայեան։ Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատեր մօտէն կը ճանչնան զինք, որովհետեւ տոքթոր Մինաս կրթական մշակ մըն է եւ երկար տարիներու վաստակ ունի Լիբանանէն Կիպրոս, Կիպրոսէն Հայաստան, Հայաստանէն Ամերիկա, Ամերիկայէն դէպի Երուսաղէմ։ Մինաս կրթական մշակ ըլլալէ անդին, նկարագրով նաեւ յեղափոխական մըն է եւ երբեք չի ծածկեր իր բառերը։ Նկատի ունենալով իր նկարագրին այս յատկութիւնները, այսօր կʼուզեմ առաջին հարցս իրեն ուղղել։
Տոքթոր Գոճայեան, դուք գիտէք որ սփիւռքի մէջ մեր ինքնութիւնը պահպանելու գրաւականներէն մէկն է հայ դպրոցը։ Ցաւալիօրէն պիտի ըսենք (այստեղ կը խօսինք մեր անմիջական շրջապատի մասին), որ Լոս Անճելըսի մէջ բացուեցաւ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանը, որ բաւական ծաղկուն վիճակի մէջ էր։ Դպրոցին փակումը կարելի է մէկ նախադասութեամբ հետեւեալ ձեւով արտայայտել. տապար մըն էր, զարնուած հայ ժողովուրդի ինքնութեան՝ մեր գալիք սերունդի ինքնութեան։ Պիտի ուզէի աւելի ընդարձակօրէն խօսիք, տոքթոր Մինաս, այս մասին, որպէսզի մեր ժողովուրդը աւելի լուսաբանուի։
Մինաս Գոճայեան. – «Հայ դպրոցը տունն է հայուն». այս խօսքը կը յիշէք, թէ որունն է։ Հայ դպրոցը մեր ինքնութեան կեդրոնն է, աշխարհի որ ծայրը կʼուզէ ըլլայ։ Մեր մեծ հայրերը Ցեղասպանութենէն ետքը առաջին կարեւոր գործը որ ըրին, եկեղեցի եւ դպրոց հիմնեցին։ Ինչո՞ւ։ Որտեւ անոնք կը հաւատային 1700-1800 տարի իրենց փոխանցուած այն գաղափարին, որ առանց հայ եկեղեցւոյ եւ առանց հայ դպրոցի հայութիւն կարելի չէ պահպանել։ Մենք այդ դպրոցներու մէջ ուսանած ենք։ Ես` 50-ական թուականներուն, պարոն Ոսկանը՝ կարելի է քիչ մը աւելի առաջ։ Եւ մենք տեսած ենք, թէ մեր համեստ վարժարաններու մէջ ի՞նչ դասաւանդուած է մեզի։ Ես հիմա պիտի չյիշեմ մեր ուսուցիչներուն անունները, երանելի ուսուցիչներուն անունները, որոնք Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները եղած են։ Ո~վ պիտի ըսէր այն ժամանակ, որ ես ալ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտը պիտի ըլլայի։
Այո, «Արշակ Տիգրանեան»ը անտեղի կերպով եւ յիմարագոյն որոշումով գոցուեցաւ։ Ես լաւ ծանօթ էի «Արշակ Տիգրանեան»ի գործունէութեան։ Նախ, տնօրէնը ընկերս էր՝ Վարդգէս Գուրույեանը։ Տնօրէնին տիկինը՝ Ալիսը, տիկնոջս ընկերուհին էր։ Այնտեղ կʼաշխատէր նաեւ Էմմա Ումրույեանը, հայաստանցի հոյակապ պատրաստուած տիկին մը եւ ուրիշներ, եւ տիկինս կʼաշխատէր այնտեղ։ Եւ ես կը տեսնէի այն մթնոլորտը, որ կը տիրէր այդ դպրոցի մէջ. հայեցի մթնոլորտը՝ իր ասմունքի երեկոներով, իր թատերական մթնոլորտով։ Փոքրիկ համեստ դպրոց մըն էր։ Յետոյ է, որ մեծցաւ։ Բայց այդ դպրոցին մէջ ոգի մը կար, որ շատ տիպիկ էր, շատ բնորոշ էր այդ դպրոցին։ Գոցուեցաւ, որովհետեւ այդ միութիւնը` թիկունք կեցողները (կամ իբր թէ կʼենթադրէինք, թէ թիկունք պիտի կենան), սխալ հաշիւներ ըրին կամ իրենց անձնական շահերէն ելլելով այնպիսի հաշիւներ ըրին, որ մեր գաղութը զրկուեցաւ այդ հոյակապ դպրոցէն։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ (վիտէօ – հաղորդում). – Այս կանաչապատ ցանկապատէն ետքը կը սկսի «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի նախկին հողատարածքը եւ ինչպէս կը տեսնէք, ծածկուած է եւ ինչքան որ իմացայ, ներսը շինարարութիւն կʼընթանայ եւ նոր տէրերը, որոնք գնած էին այս կալուածը՝ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանը՝ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան» վստահուած, հիմա այս վիճակին մէջ է, ինչպէս կը տեսնէք` փլած են նախկին վարժարանի շէնքը եւ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, բնակարաններ կը կառուցուին։ Սա Քահուենկա պուլվարն է Հոլիվուտի սիրտին մէջ, հայկական Հոլիվուտի սիրտին մէջ եւ այսպէս անhետացած է, որովհետեւ անտիրութիւն տիրած է ամէնուրէք։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Տոքթոր Գոճայեան, ի՞նչն է որ կը կարծէք դուք գլխաւոր պատճառը, որ այսպէս ծաղկող դպրոց մը փակեցին եւ յայտարարեցին, որ այդ գումարը անմիջապէս պիտի ներդրուի ուրիշ հայահոծ շրջանի մը մէջ եւ նոր դպրոց մը պիտի բացուի։ Հոլիվուտէն աւելի հայահոծ տեղ կա՞յ արդեօք։ Որքան ծիծաղելի յայտարարութիւն մըն էր այդ մէկը։ Բայց ի՞նչ էր գլխաւոր պատճառը։ Կʼուզենք, որ այդ մասին ալ արտայայտուիք։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Գլխաւոր պատճառը (առանց երկմտելու պիտի ըսեմ) «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի հոգաբարձութեան, կը ներէք՝ յիմարութիւնն էր։ Չէր կարելի այդպիսի յաջողած դպրոց մը գոցել։ Կամ եթէ պիտի գոցեն քանի որ (իբրեւ թէ) Հոլիվուտի մէջ հայութիւն չէ մնացած, շարժած են կամ փոխադրուած են 5-10 մայլ դէպի հիւսիս՝ Նորթ Հոլիվուտ, Կլէնտէյլ, կարելի էր նոյն դպրոցը, կալուածը ծախել եւ Հոլիվուտի մէջ հիմնել հոյակապ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարան մը։ Եւ այսօր որքա՞ն կարեւոր էր այդպիսի դպրոց մը, երբ հանրային վարժարաններ` փապլիք դպրոցներէն ծնողներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ կը հանեն ինչ-ինչ պատճառներով։ Ահաւասիկ մեծագոյն սխալը։
Սխալ հաշիւ ըրին, գլխու ցաւէ ինքզինքնին ազատեցին, այո։ Ծերացած էին։ Չնորոգեցին հոգաբարձական կազմը։ Երիտասարդ հոգաբարձական կազմի անդամներուն ալ չլսեցին, mիշտ միջին արեւելեան այդ տրամադրութեամբ, որ «ասոնք երեխայ են, ի՞նչ կը հասկնան»։ Էհ, ա՞յս էր ձեր հասկցածը, որ դպրոցը այս վիճակի մէջ ձգեցիք։
Ես ներկայ եղած եմ այդ վարժարանի գեղարուեստական հանդէսներուն։ Հիացած եմ: Հակառակ որ կը դասաւանդէի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Մանուկեան-Տէմիրճեան» վարժարանի մէջ, որ շատ աւելի մեծ աղբիւրներ, ռիսորսներ ունէր, բայց կʼերթայի այդտեղ, կը տեսնէի հայկական ոգի։ Ուրեմն` առաջինը հոգաբարձական կազմի եւ անոր վերը գտնուող Թէքէեան Մշակութային Միութեան այդ օրերու ատենապետ, փոխ ատենապետ, չեմ գիտեր ինչերու` մենատէրերու սխալ հաշիւն էր։ Ափսոս։ Անուններ չեմ ուզեր տալ, որտեւ շատերը չկան այսօր։ Եւ ես ալ չեմ ուզեր գացածներու ետեւէն հաջել։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Ձեր մատը վէրքին վրայ դրիք։ Անմիջապէս անցաք իմ երկրորդ հարցումիս։ Նոյն սխալը կատարուեցաւ նաեւ Փասատինայի մէջ։ Բարեգործական այդ դպրոցը՝ «Մանուկեան» դպրոցը փակեցին։ Այն ալ ծաղկուն վիճակ մը ունէր։ Իսկապէս որ ժողովուրդի մէջ այդ օրերուն փոթորիկ մը ստեղծուացաւ, բայց չկրցանք հասկնալ, որ ծաղկուն դպրոց մը ինչո՞ւ կը փակէք։ Հոն ի՞նչ էր պատճառը։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Ըսեմ ձեզի։ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը երանելի Ալէք Մանուկեանէն ետքը անցաւ իր ոչ երանելի դուստրին։ Եւ այս կինը, զարմանալիօրէն այդպիսի հայրենասէր ծնողներու զաւակ, բոլորովին հեռու էր հայկական միջավայրէ։ Հայկական դպրոցը… «who cares about it» եւ նման արտայայտութիւններ։ Թէեւ տիկինը՝ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը ինծի հետ լաւ էր, բայց ատիկա երբեք չէր խանգարած, որ ես իրեն յիշեցնեմ, որ` «you are doing wrong», սխալ կʼընէք կոր։ Եւ ասիկա ըսած եմ Բարեգործականի կեդրոնին մէջ՝ Նիւ Եորք։ Մարդը չի հաւատար, կինը չի հաւատար հայկական դաստիարակութեան։ Եւ միշտ իր օրինակը կը բերէր. «եթէ մենք հայկական դպրոց չենք գացած, պակա՞ս հայ ենք»։ «Այո», ըսած եմ։ Մենք Միջին Արեւելքէն եկած մարդիկ ենք։ Մեր հայութիւնը պահպանելու համար մենք հայկական դպրոցի պէտք ունինք կամ առնուազն՝ հայկական դաստիարակութեան պէտք ունինք։ Եւ մեր հայկական դպրոցները արդարացուցած են. Միջին Արեւելքի, Կիպրոսի եւ այստեղի մի քանի հայկական դպրոցներ, ներառեալ այդ ձեր յիշատակած Փասատինայի դպրոցը, մեր աշակերտութիւնը պատրաստած է լաւագոյն համալսարաններու համար։ Էհ, ի՞նչ կʼուզէք։ Այդ նոյն աշակերտները հոյակապ հայկական յայտագիրներ ներկայացուցած են։ Նիւթական հաշիւ. «Մեզի շահ չկայ անկէ. It’s not making money»: Եղբայր, դպրոց առաջնորդելը, դպրոց կառավարելը «սուփըրմարքէթ» ընելու պէս չէ։ «Սուփըրմարքէթը՝ սուփըրմարքէթ» է։ Դպրոցը՝ դպրոց է։ Եթէ կʼուզես քու ապագայիդ համար ներդրում կատարել, պիտի պահես եկեղեցին, դպրոցը, մանաւանդ յաջողած դպրոցներ, որոնց աշակերտները կʼընդունուէին UCLA, USC, Berkeley։ Էհ, ի՞նչ կʼուզէք ասկէ աւելի։
Հոս նոյնպէս Բարեգործականի այդ օրուան ղեկավարութիւնը հաշիւներ ըրաւ։ Եւ քիչ մըն ալ այդ օրերուն, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները կային, անոնց կարծես թէ խելքին հետ ալ խաղցաւ։ Էհ, այդ մարդը միայն դրամի մասին կը մտածէ, թէեւ իր հայրը մելգոնեանցի եղած է։ Ուրեմն` նիւթ (money, money, money) ։ Հերիք է, կը բաւէ։ Մեր հայ մեծահարուստներէն շատեր իրենց գումարները նուիրած են հայկական դպրոց շինելու համար։ Մատրասէն սկսելով Թեհրան, Կիպրոս՝ «Մելգոնեան», Պոլիս, «Արմէն – Քէպէք», եւ այլն, եւ այլն։ Իրենց սխալ, տհաս եւ նիւթապաշտ բնաւորութիւնը կամ կեցուածքն էր պատճառը, որ մենք այդ գեղեցիկ դպրոցը կորսնցուցինք։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Տոքթոր Գոճայեան, այստեղ անգամ մը եւս յիշեցում կʼընէք, որովհետեւ այդ երրորդ հարցումս պէտք է ըլլար։ Մատը վէրքին վրայ դրիք այս պարագային. Կ’ուզեմ, որ խօսինք դպրոցի մը մասին, որ սերունդներ դաստիարակած է, աւելին` միայն սերունդներ պատրաստած չէ համալսարաններուն համար, այլ պատրաստած է հսկայ ուսուցիչներու շարան մը` միւս հայկական վարժարաններուն համար։ Կը խօսիմ «Մելգոնեան» վարժարանի համար։ Այսպիսի ծաղկուն դպրոց մը, որ սերունդներ հասցուց, ինչպէ՞ս կրնան փակել, ելնելով առեւտրական հաշիւներէն։ Բոլորս ալ լսեցինք, որ կալուածային հարց կար, կʼուզէին կալուածը ծախել, Բարեգործականը չենք գիտեր այդ գումարը ո՞ւր պիտի գործածէր։ Ըսի – ըսաւներ շատ էին։ Ցաւալին հոն է, որ փակեցին դպրոցը։ Մանաւանդ այնպիսի շրջանի մէջ, երբ կրնար լիբանանահայ տակնուվրայ երկիրը հսկայ զանգուած մը՝ աշակերտութեան զանգուած մը ղրկել Կիպրոս եւ հոն դաստիարակել։ Այս բոլորը զլացուեցաւ։ Երեւի այս մարդիկ իսկապէս չեն հաւատար հայ դպրոցի առաքելութեան, չեն հաւատար, որ երկու կարեւոր կեդրոններ կան մեր կեանքին մէջ, որոնք հայը հայ պահած են։ Անշուշտ տունէն կը սկսի այդ մէկը։ Մէկը հայ դպրոցն է, միւսը՝ հայ եկեղեցին է, որոնք ունին շաղախը ժողովուրդը մագնիսացնելու իրենց եւ սերունդներ պատրաստելու։ Ինչպէ՞ս կարելի է «Մելգոնեան»ի պէս դպրոց մը, որուն կտակը Պոլսոյ Պատրիարքութեան կողմէ յանձնուեցաւ Բարեգործականին, յանուն իրենց հաշիւներուն փորձեցին ծախել։ Բարեբախտաբար Կիպրոսի պետութիւնը միջամտեց եւ չարտօնեց։ Բայց դպրոցը փակուեցաւ։ Գիտենք նաեւ, որ նախկին ուսանողներ, ուսուցիչներ, դուք ալ ներառեալ, բողոքներ ներկայացուցիք, բայց դպրոցը չբացուեցաւ տակաւին։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին եւ արդեօք կա՞յ կարելիութիւն, որ այդ գեղեցիկ դպրոցը, որ տակաւին կալուածը հոն է, վերաբացուի։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Եթէ Բարեգործականի ղեկավարութիւնը իր կեցուածքը, իր վերաբերունքը հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ չփոխէ, ոչ թէ «Մելգոնեան»ը չի բացուիր, այլ ուրիշ գոցուած դպրոցներ ալ չեն բացուիր։ Առանց քաշուելու կրնամ ըսել, որ Բարեգործականի 90-ական, 2000-ական թուականներու ղեկավարութիւնը յայտնի նախագահի գլխաւորութեամբ, հայկական կրթութեան չի հաւատար. ինքը հայկական դպրոց ալ գացած չէ Լիբանանի մէջ, հայերէն միայն կը խօսէր, երբ որ կու գար իմ դպրոցս՝ «Յովակիմեան – Մանուկեան» վարժարան, պասքէթպոլ խաղալու։ Պերճ Սեդրակեանին մասին կը խօսիմ, որուն հօրեղբայրը յայտնի ռամկավար էր։ Ուրեմն այս մարդը չի հաւատար հայկական կրթութեան, եւ օր մը առանց ամչնալու ըսաւ, (եւ ասիկա յատկապէս Պերճին երեսին կʼըսեմ) ` «եթէ իմ աղջիկս հայկական դպրոց չէ գացած` պակա՞ս հայ է»։ Ըսի` «այո»։ Պտասխանը եղաւ` «Լա եա սթէզ – ոչ, ով պարոն (արաբախօս էր) »։
Ուրեմն անցեալ տարի Մայիսին ես «Մելգոնեան» հաստատութիւն գացի այցելելու, բայց ոչ ոք կրնայ հասկնալ թէ սիրտս ինչպէս կը բաբախէր։ Որովհետեւ ես «Մելգոնեան» հաստատութիւն պաշտօնավարած եմ 1978-1991, 13 տարի եւ հպարտ եմ իմ աշակերտներովս։ Ուրիշ անգամ ալ ըսած եմ. երբ որ ինծի բարձրագոյն շքանշաններ տուին, ես հետեւեալը ըսած եմ՝ «իմ շքանշաններս իմ մելգոնեանցի աշակերտներս են»։ Այս տղաքը, աղջիկները այսօր 50-60 տարեկան են, որոնք ուսուցիչ են, տնօրէն են, ճարտարագէտ են, ճարտարապետ են, բժիշկ են, «պիզնըսմէն»ներ են, որոնք իրենց ձեռքը կը տանին իրենց գրպանը եւ ազգային հաստատութեան օգտակար կʼըլլան։ Ասիկա ստացած են «Մելգոնեան» կրթական հաստատութենէն ներս։ Որովհետեւ կը հաւատան հայեցի դաստիարակութեան։ Այո, մենք այդպէս դաստիարակեցինք։ «Մելգոնեան» կրթական հաստատութիւն երբ որ անցեալ տարի Մայիսին կը պտըտէի, ինծի հետ էր նաեւ շատ երախտաւոր, նոյնպէս մելգոնեանցի անձնաւորութիւն մը, երկարամեայ ուսուցիչ եւ տնօրէն պարոն Վարդան Թաշճեանը։ Երկուքս ալ լացինք։ Այսինքն չէք կրնար չլալ։ Մէկը այդ դպրոցը աւարտեր է, ուսուցիչ եղած է։ Ես այդ դպրոցը չեմ աւարտած, բայց ուսուցիչ եղած եմ։ Մանաւանդ, երբ որ գացինք եւ Թէքէեանի սեղանը գտանք։ Այսպիսի սեղան մըն է վեց անկիւնով, ուր Թէքէեանը կը նստէր իր բանաստեղծութիւնները կը գրէր։ Եւ այդ բանաստեղծութիւններէն մէկը այսօր յայտնի է՝ «Դուք, մելգոնեանցի տղաք եւ աղջիկներ»։ Շատ աղուոր բանաստեղծութիւն մըն է։ Յուզուեցանք։ 84 տարեկան Վարդանը, 77 տարեկան՝ Մինասը։ Այդ դպրոցը որովհետեւ սերունդ դաստիարակեց։ Այդ դպրոցին մէջ դաստիարակած են մեծ անհատներ` Յակոբ Օշական, Բիւզանդ Եղիայեան, Վահէ Վահեան… Ո՞ր մէկը ըսեմ…որոնց աշակերտները մինչեւ այսօր գրեթէ անսխալ հայերէն կը խօսին։ Եւ ասոնք բոլորը յաջողած են ամերիկեան, անգլիական, եւրոպական համալսարաններուն մէջ։
Ուրեմն, կը նշանակէ, որ բոլորովին սխալ էր եւ ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւններ ըրած են. «չʼարդարացներ կոր…»։ Այս «չʼարդարացներ կոր» ըսածին դէմ ես հետեւեալը ըսելիք ունիմ. Մելգոնեան վարժարանի մէկ երրորդը, որ ծախեցին, ես այնտեղ էի։ Այդ ծախուած հողերուն հաշուին կառուցեցին «պիզնէս» կեդրոն մը։ Առնուազն այն ժամանակ 200,000 տոլար եկամուտ կը բերէր ատիկա։ Կիպրոսի կառավարութիւնը կիպրահպատակ աշակերտներուն կրթաթոշակին կէսը կը վճարէր։ Ինչպէս իմ զաւկիս։ Անկէ զատ, Եւրոպայի վտանգուած լեզուներու յանձնախումբը տարին 200 հազար պիտի տար եւ կու տար, որպէսզի արեւմտահայերէնը շարունակուի դպրոցին մէջը։ Խնդրեմ ձեզի` արդէն վեց հարիւր հազար տոլար ըրաւ։ Կարգ մը ունեւոր ծնողներ կրնային վճարել, որովհետեւ այդ ունեւոր ծնողները Ծոցի երկիրներէն էին եւ սիրով կը ղրկէին իրենց զաւակները։ Ոմանք մելգոնեանցիներ էին, որ իրենց զաւակները հոստեղէն, Քանատայէն, Ամերիկայէն ղրկեցին իրենց զաւակները, որ ուսանին։ Նոյնիսկ Հայաստանէն եկողներ եղած են։ Պոլիսէն եկածներուն գիտենք. միայն թող ուսանին։ Եւ ես հպարտ եմ իմ պոլսահայ աշակերտներով։ Անունները չեմ ուզեր տալ իրենց, որոնք այսօր դիրքերու վրայ են Պոլսոյ մէջ։ Եւ այսպէս սխալ առեւտրական հաշիւներ ըրին եւ մեկնեցան անոնցմէ: Մինչեւ այսօր խօսք կայ, որ «Մելգոնեան»ի տարածքները արդէն հատուածներու վերածեր են, որոնք պիտի ծախուին։ Բարեբախտաբար, ինչպէս ըսիք, Կիպրոսի կառավարութիւնը մեզմէ աւելի հայ գտնուեցաւ եւ շնորհիւ կիպրահայ համայնքի ներկայացուցչին՝ Վարդգէս Մահտէսեանին, գոնէ հին շէնքերը՝ 1924-26 կառուցուած շէնքերը մնացին եւ որբերու տնկած անտառները մնացին որպէս մշակութային – նիւթական հարստութիւն։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Բայց կատարուածը չափազանցած կʼըլլա՞նք, եթէ ըսենք, որ Բարեգործականի կատարածը ոճրագործութիւն է հայ ինքնութեան նկատմամբ։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Ոճրագործութիւն չեմ ըսեր, բայց ատոր նման ուրիշ ի՞նչ բառ կայ։ Որովհետեւ ոճրագործութիւն եթէ ըսեմ, «քրիմինըլ» պիտի հասկնան իրենք։ Այո, հապա ի՞նչ է։ Երբ որ դուն դպրոց կը գոցես, ուրկէ կարելի էր ստանալ այնպիսի արժէքներ…
Տեսէք, երկու շաբաթ առաջ մելգոնեանցի տղայ մը, 1972ի շրջանաւարտ, որուն եղբայրը Եղիշէ Չարենցի թոռնուհու ամուսինն է (այսինքն Չարենցը եթէ ողջ ըլլար, պիտի ըլլար իր խնամին), hոյակապ գիրք մը հրատարակած է` «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ի 36 թարգմանութիւնները քով քովի դնելով (երանի բերէի այսօր) ։ Ասիկա մելգոնեանցի մը կրնայ ընել։ Եւ իր եղբայրը ամուսնացած է Չարենցի թոռնուհու հետ. Գոհար Չարենցի մասին է խօսքս։ Եւ ուրիշ շատ բաներ ըրած են մելգոնեանցիները։ Այսօր որեւէ հանդէսի որ կʼերթաս` ձեռքերը գրպաննին կը տանին տղաքը։ Ասիկա կու գայ «Մելգոնեան» եւ «Մելգոնեան»ի նման Բարեգործականի դպրոցներու աշակերտներու դաստիարակութենէն։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Նկատի ունենալով անցեալի առաքելութիւնը եւ բոլոր յաջողութիւնները եւ իրենց մեծ ներդրումը սփիւռքի զանազան շրջաններուն մէջ, ի՞նչ կրնանք ընել, որ «Մելգոնեան» վարժարանը վերաբանանք գործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբը մանաւանդ կիպրահայ գաղութին, որ մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէ այդ արեւագալին։
ՄԻԱՆՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Ձեզի հետեւեալը ըսեմ. անցեալ տարի ես Միջին Արեւելք գացի։ Հիմնական նպատակս այս հարցը արծարծելն էր։ Եւ այստեղի «Մելգոնեան սանուց միութիւն»ը ինծի կանաչ լոյս տուաւ։ Անգլիայէն սկսայ։ Հիասթափուեցայ Անգլիոյ մելգոնեանցիներէն։ Չեմ զարմանար։ Անգլիացիներուն պէս պաղապուր դարձեր են իրենք ալ։ Կիպրոս եկայ։ Պակաս հիասթափութիւն չունեցայ։ Պատճառը. Չուզեցին իրենց սիրելի պարոն Գոճայեանին հետ հանդիպիլ, որովհետեւ Բարեգործականի ակումբը պիտի հանդիպէինք։ Այնքան նեղացած են Բարեգործականէն, որ այդ ակումբը չեկան իրենց սիրելի պարոն Գոճայեանը տեսնելու։ Ես ալ բերանս բացի հեռաձայնով այլեւս, ամօթանք տալով։ Բայց Լիբանանի մէջ հանդիպեցայ մելգոնեանցիներու, յուզմունքով, չեմ գիտեր ինչով` «պարոն, երանի մենք առաջուան լաւ վիճակը ունենայինք, մենք ամէն ինչ կʼընէինք, որ Մելգոնեանը բացուէր»։ «Մելգոնեան»ը պէտք է վերաբացուի եւ մենք առաքելութիւն ունինք։ Որովհետեւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ կարեւոր հայ գաղութ կայ, բարեկեցիկ, եւ կʼուզեն իրենց զաւակները՝ աղջիկները, տղաները ղրկել դպրոց մը, ապահով, գիշերօթիկ։ Եւ գիտէք` շատերը ղրկած են Կիպրոսի ոչ հայ դպրոցները։ Պատկերացուցէք, որ եթէ մեր ծրագիրը յաջողէր կամ թոյլ տային, որ մենք յաջողցնէինք մեր ծրագիրը։ «Մելգոնեան»ը կʼըլլար այդ տիպար կեդրոնը։ 15- 20 աշակերտ Ծոցի երկիրներէն կʼունենայինք, հայեցի կրթութիւն կը ստանային, հայ աղջիկները հայ տղոց կը հանդիպէին, ինչպէս որ հիմա ունինք։ Ես շատ աշակերտ – աշակերտուհիներ ունիմ, որ ամուսիններ են իրարու հետ։ Հոյակապ բան է։ Ես նաեւ առիթ ունեցայ հանդիպելու Արեւելեան Եւպրոպայի հայ գաղութներու հետ։ Այս պարագային առցանց։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Պուլկարիայէն ալ անցեալին ունեցած էք աշակերտներ։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Այո։ Եւ այսպէս կարելի էր շարունակել։ Խնդրեմ։ Կիպրոս կը ղրկեն` փոխանակ այսինչ – այնինչ դպրոցները ղրկելու, «Մելգոնեան» վարժարան կը ղրկէին, քոլէճի համար կը պատրաստէին, «ֆրէշմէն», «սոֆոմօր» կու տային. եւ նիւթականը կայ։ Պարզապէս Բարեգործականի հոգեբանութիւնը փոխուած է այսօր։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Հետեւաբար, տոքթոր Գոճայեան, ինչպէ՞ս կրնանք աշխուժացնել ամբողջ սփիւռքը։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Ես յոյս ունիմ, որ Սէմ Սիմոնեանի ընտրուելով, որ ճիշդ որոշում էր, փոփոխութիւն մը կ’ըլլայ։ Սէմ Սիմոնը, ինչպէս կʼըսեն մերինները, մեր տղան է։ Լիբանանի Թէքէեան վարժարանի շրջանաւարտ է։ Յովակիմեան Մանուկեանի շրջանաւարտ է՝ 1973ին։ Այսինքն իր ուսուցիչները եղած են նաեւ մեր նմաններու ուսուցիչները։ Յոյս ունինք, որ վերատեսութեան կʼենթարկէ ընդհանրապէս ՀԲԸ Միութեան կրթական քաղաքականութիւնը։ Այս մասին ես խմբագրական գրած եմ keghart.org թերթին մէջ եւ յայտնած եմ մեր յոյսը, որ` «Սէմ, ձեռքերուդ մէջ է»։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Նկատի ունենալով որ գաղափարաբանութիւնը Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ փոխուած է հանդէպ հայ դպրոցին, գիտենք, չէ՞, 1990 թուականին Լուիզ Սիմոնի օրով, աւելի ճիշդը՝ Պերճ Սեդրակեանի օրով, ձեւով մը, անգլերէն բառով ըսենք, hijack եղաւ,
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – …առեւանգեցին…
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Բարեգործականը ժողովրդավարութիւնը ամբողջութեամբ լքեց։ Եւ ձեւով մը մենատէրը դարձան…
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – … անդամակցութիւնը կեցուցին։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Ճիշդ հոն է հարցը։ Հիմա Սէմը ինչպէ՞ս պիտի կրնայ այս հրաշքը գործել, նկատի ունենալով, որ շատ մը բաներ փոխուած է եւ նաեւ ես պիտի ուզեմ ձեր կարծիքը, որ սփիւռքը ինչպէ՞ս կրնայ պարտադրել։ Հոն է հարցը։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ. – Սէմի վրայ յոյս ունինք։ Ինչպէս ըսի, մեր դպրոցներու շրջանաւարտ է։ Եղբայր, Պուրճ Համուտի մէջ մեծցած է այս տղան, լաւ գիտէ մերը։ Մանաւանդ երկու տարի առաջ Պէյրութի Թէքէեան վարժարանի մանկապարտէզը ծայրէ ծայր նորոգեց։ Արդիական գեղեցիկ մանկապարտէզ մը եղաւ եւ «Սէմ, կը շնորհաւորեմ քեզի»։ Գացի եւ տեսայ ես։ Եւ հպարտ եմ, որ դուն իմ դպրոցի շրջանաւարտ ես։ Ուրեմն սփիւռքը պէտք է աւելի գործօն ըլլայ։ Ընդհանրապէս շատ հարցերու մէջ սփիւռքը պէտք է գործօն ըլլայ։ Հայաստանի այսօրուան խեղճ ու կրակ, այլանդակ վիճակին մէջ, եկեղեցւոյ այս անփառունակ վիճակի մէջ այս անտարբերութիւնը սիրելի սփիւռքահայեր, լիբանանահայ էք, սուրիահայ էք, քանատահայ էք, իրաքահայ էք, կիպրահայ էք, դուք պէտք է մասնակցիք, ձեր ձայնը լսելի պէտք է դարձնէք, թէ չէ «ամաաաան, այս ժողովուրդը ասանկ եկեր է, ասանկ պիտի երթայ»: Ոչ։ Ձեզմէ ամէն մէկուն գործուն մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է։ Աքթիւ եղէք, գործուն եղէք։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Սիրելիներ, ահաւասիկ ձեզի մարտահրաւէր։ Այս մարտահրաւէրը լսելով չանցնիք։ Բոլորս պիտի ուզենք ձեր գործուն մասնակցութիւնը, ըլլայ ատիկա բարոյական, ըլլայ նիւթական։ Ամէն ձեւով ձեր աջակցութիւնը ցուցաբերեցէք, որպէսզի յաջողցնենք այս ծրագիրները։ Դպրոց փակելը կը նշանակէ հայութեան դագաղին գամ մը եւս աւելցնել։
(վերջ)