Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Յուլիսի 19-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը` «ԱՄՆ, ԱՄՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ զօրակից՝ ՀՀ դատաիրաւական համակարգի հզoրացմանը, քրէաօլիգարխների արդարադատութեան»: Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի, յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի եւ հայրենի իրաւաբան տիկին Նինա Կարապետեանցի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխանցեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրա-սենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – Բարի երեկոյ սիրելի հեռուստադիտողներ, վերջին օրե- րուն բաւականին հետաքրքրական բացայայտումներ կատարուեցան Հայաստանի տեղեկատուական դաշտէն ներս եւ դիպուկ տեսութիւններ ներկայացուեցան։ Միասին դիտենք այս տեսանիւթի առաջին հատուածը, մասնակցութեամբ իրաւագէտ Նինա Կարապետեանցի, որ շատ հետաքրքրական եւ առողջ մօտեցում կը դրեւորէ։ 

ՆԻՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆՑ․ – Հեղինակութիւն պիտի ունենաս, «ռեզիւմէ», որ կորցնես, եւ սա, ես կարծում եմ, գիտէք` ինչ որ իմաստով նաեւ դիտաւորութիւն կայ, ես սա ասում եմ արդէն վեցերորդ տարին եւ արդէն յոգնել եմ ասելուց։ Ինձ թւում է` լսարանն էլ յոգնել է լսելուց, բայց միեւնոյն է` պիտի կրկնեմ։ Երբ արւում են այսպիսի գործողութիւններ, որոնք քայքայում են մարդկանց մէջ վստահութիւնը առ պետական մարմիններ, առ ինստիտուտներ, առ պետութիւն ու պետականութիւն, սա ձեւաւորում է հասարակութեան մօտ «նիhիլիզմ»ի միտքը, գաղափարը, երբ մարդիկ չեն ընդունում, երբ մարդիկ վանում են, արհամարհում են, անտեսում են պետութիւնն ու պետական համակարգերը, կարեւոր չեն դարձնում պետական համակարգերը։ Սա արւում է մեր պետականութիւնը քայքայելու նպատակով ու այդ քայքայման «փրոցէս»ի մէջ, պարոն Անդրէասեան, ես մեղադրում եմ նաեւ ձեզ։ Նաեւ դուք էք մեղաւոր։ 

ԼՐԱԳՐՈՂ ՍԻՐԱՆՈՒՇ ՊԱՊԵԱՆ. – Ասում է` «դադարեցրէք համազգային «մուննաթ»ը դատական իշխանութիւնից»։ Իր հարցազրոյցը այսպիսի եզրա-փակում ունի. «Դադարեցրէք մուննաթ գալ»։ 

ՆԻՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆՑ․ – Որպէսզի դադարեցուի «մուննաթ» գալը, պարոն Անդրէասեան, ձեր ԲԴԽ-ն (ծանօթ.՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը) չպիտի քուէարկեր 6 կողմ, 3 դէմ Մնացական Մարտիրոսեանի նման դատաւորի վերաբերեալ, որպէսզի նա դառնայ հակակոռուպցիոն դատարանի դատաւոր։ Դուք պիտի այնպիսի համակարգ, այնպիսի «վեթինկ» (ծանօթ.՝ընտրաքննութիւն) անէիք, որ այսօր չնստէիք նվնվալով պատմէիք, թէ՝ բա մի հատ Աննա Դանիբեկեանը կարողացել է դարակազմիկ «Մարտի 1» – ը փուռը տալ ու Ռոպերթ Քոչարեանին ազատութեան մէջ պահի։ Բա այդ ի՞նչ «վեթինկ» էք արել, պարոն Անդրէասեան, այդ ի՞նչ «վեթինկ» էք արել։ Գասպարեան Վովան (ծանօթ.՝ նախկին ոստիկանապետ) դուրսն է, Լյովան (ի՞նչ էր ազգանունը), Երանոսեան Լեւոնը (ծանօթ.՝ոստիկանութեան բարձրաստիճան նախկին սպայ, տխրահռչակ՝ ցուցարարներու նկատմամբ իր բիրտ վարքագիծով) դուրսն է, Սերժ Սարգսեանը դուրսն է, Քոչարեանը դուրսն է։ Բա այս ո՞ր մասն էք դուք «վեթինկ» արել։ Ախ, ո՞նց է ստացուել, որ 86 տոկոսը ոչ մի «նախկին», այսպէս ասած` չակերտաւոր, ոչ մի «նախկին» չի յայտնուել այդ ձեր «վեթինկ»ած 80 տոկոս դատաւորների մէջ։ Ո՞նց է ստա- ցուել, որ… 

ԼՐԱԳՐՈՂ. – Նրանց է ուղղում խօսքը, ասում է՝ դուք ոչ միայն չէք կարողացել թալան իրականացնել, այլ այնպէս էք արել, որ թալանի հիմքերը խորը վերացել են։ 

ՆԻՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆՑ․ – Լաւ են արել։ Լաւ են արել, աչքի «թայ»երն էլ հանել են։ Որովհետեւ դուք պէտք է կազմակերպէիք այս «փրոցէս»ը այնպէս, դուք էք իշխանութիւն, դուք պիտի կազմակերպէք «փրոցէս»ը այնպէս, որ անխոցելի լինէր։ Որպէսզի դուք չբացէիք «Մարտ 1»ի գործը այն պարագայում, երբ որ վստահ չէիք որ այդ համակարգը այդպէս չի աշխատելու։ Դուք էք մեղաւոր, պարոն Անդրէասեան, դուք անձնապէս դուք եւ մնացած բոլոր նախարարները, մնացած բոլոր պաշտօնեաները, ովքեր այդ «փրոցէս»ը ներկայացրել են։ Նորից պիտի վերադառնամ` մեղաւոր են ոչ միայն պետական պաշտօնեաները, այլ քաղհասարակութեան այն մարդիկ, ովքեր որ իմացել են թէ ինչ է տեղի ունենում, շատ լաւ հասկացել են, թէ ինչ է տեղի ունենում, բայց շարունակել են ձեւական առումով, այսպէս փոքր քննադատութիւններ, փոքր քննարկումներ, քննադատական ինչ որ մտքեր արտայայտել, բայց մեծ իմաստով պահել են, պաշտպանել են ու պահպանել են այս իշխանութեան թիկունքը։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – Այսօրուան իմ զրուցակիցը՝ յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը կը ներակայացնէ իր տեսութիւնները այս առթիւ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Սիրելի հեռուստադիտողներ, բոլորդ ալ դիտեցիք այս փաստաբանուհիի պոռթկումը։ Շատ իրաւացի պոռթկում մըն է, որովհետեւ անգամ մը եւս ցոյց տրուեցաւ, որ մեր դատական համակարգը սնանկացած է։ Այլ խօսքով, ոչինչ փոխուած է։ Տիկինը կը պոռթկայ, որովհետեւ 6 տարի է այս ժողովուրդը, որ մեծ ակնկալութիւններ ունէր, բոլոր անոնք, որոնք երկիրը կողոպտած էին, առնուազն օրէնքի ներքեւ դատապարտուէին՝ այսպէս թէ այնպէս, նուազ կամ առաւել չափով։

Այսօր, սիրելիներ, մէկը չդատապարտուեցաւ։ Եւ այս բոլորի գլուխ- գործոցը եղաւ Քոչարեանի ազատ արձակումը։ Սա կը նշանակէ, որ համակար-գէն բան մը չէ փոխուած։ Դատական «սիսթէմ»ը նոյնքան խախուտ է, որքան ներկայ իշխանութեան ներքեւ գործող այլ անձինք։ Շատ պարզ է. ժողովուրդը մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէր։ Դժբախտաբար 30 տարիներու այս ահաւոր վիճակը, ժողովուրդին փոթորկալից վիճակը երբեք չբարելաւուեցաւ։ Բոլոր խոստումները օդը ցնդեցան։ Ի վերջոյ, կը խօսինք, չէ՞, ժողովրդավարութեան մասին։ 

Ժողովրդավարութիւն կ՛ըլլայ այն երկրին մէջ, ուր օրէնքը կ՛իշխէ, օրէնքի գերակայութիւն կայ։ Երբ որ օրէնք չկայ այդ երկրէն ներս՝ ի՞նչ ժողովրդավարութեան մասին պիտի խօսինք։ Օտար պետութիւններ որոնք այսօր լայնաբաց, լայն ձեռքերով կ՛ուզեն մեզ ներառնել որպէս ժողովրդավար երկիր՝ ինչ պիտի ըսեն մեր դատական համակարգի մասին, որը երբեք չգործեց։ 

Գիտէք բոլորդ, չէ՞, ինչ սպաննութիւններ կատարուեցան։ Այդ բոլորը լռելեայն անցան գացին։ Նոյնպէս կողոպուտները։ 30 տարի է երկիրը կը կողոպտուի, որուն հետեւանքով դժգոհներ երկիրը կը թողունկը հեռանան։ Ռուսաստան, Ամերիկա՝ լեցուն են հայաստանցի մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Սա կը նշանակէ, որ սխալ բան մը կայ։ Այլ խօսքով, օրինական համակարգ մը չկայ, որ կրնայ «ճիպոտը զարնել սեղանին» եւ ըսել որ` «այս է քու վճիռդ»։ Կը նշանակէ, որ նախկին այդ աւազակախումբը, չեմ վարանիր ըսելու, որ կողոպտեց երկիրը, եւ գիտէք` որ հսկայ բանակ մը կը կազմեն, այդքան կաշառած են ձախ – աջ, ներառեալ` դատական համակարգը, որ բոլորն ալ այսօր, ինչպէս որ տիկին փաստաբանուհին կ›ըսէ, ազատ կը պտտին եւ կը վայելեն բոլոր այդ կողոպուտը որ կատարեցին։ Հիմա, մենք ի՞նչ պիտի ընենք։ Այս պատկերը նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ է, է նաեւ եկեղեցական դաշտին մէջ, որուն մասին քիչ ետք աւելի մանրամասնօրէն կ›անդրադառնամ ես։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – Երբ պետութեան մը ճակատագիրը յանձնուած է օրուան իշխանութիւններուն, համաժողովրդական «մանտաթ»ի միջոցաւ, ապա ուրեմն շատ արդար ակնկալիք է ժողովուրդի կողմէն, որ օրուան իշխանութիւնները ոչ թէ միջամտեն, այլ տիրութիւն ընեն, պետականատիրութիւն ընեն: Երբ որ տեսնեն որ իրենց քիթին տակը դատաիրաւական համակարգը շարքէ դուրս եկած է, ապա իրենք պէտք է իրենց պարտականութիւնը գործադրեն եւ եթէ արդարադատութեան նախարարը կամ նախարարին հետ նաեւ միասին իր ներքին օղակը «կոռումպացուած» տարրեր են, պէտք է անմիջապէս փոխեն։ Արդարադատութեան նախարարը նոյնքան պատասխանատու է տուեալ երկրի դատաիրաւական համակարգի «կոռումպացուածութեան» համար, ինչքան նախկին աւազակախումբերու, աւազակապետութեան, գողապետութեան ներկայացուցիչներու կողմէ կաշառուած փաստաբանները, ինչքան նաեւ` դատախազները։

Կրնա՞ք պատկերացնել, եթէ Ամերիկայի նման կամ Ֆրանսայի նման ժողովրդավարական պետութենէ ներս դատաիրաւական համակարգը թէկուզ 24 ժամ միայն եթէ չգործէ` պատկերացուցէք, որ ընդամէնը 24 ժամուայ մէջ քաղաքացիական պատերազմ կը սկսի, սիրելիներ։ Սպաննութիւնները ոչ թէ կը տասնապատկուին, այլ հազարապատիկ կը դառնան։ Ես շատ համախոհ եմ իրաւաբան Նինա Կարապետեանցի հետ, որ երբ դատաիրաւական համակարգը շարքէ դուրս կու գայ՝ ատիկա կը դառնայ պետական համար առաջին սպառնալիք։ Երբ որ օրէնքն ու կարգապահութիւնը կը վերանան, ապա ուրեմն ի՞նչ պետութիւն, ի՞նչ ժողովրդավարական պետութիւն. կ՛ունենանք միայն «պանանային պետութիւն»։ Իսկ Հայաստանի պարագային, քանի որ մենք հայերս աշխարհով մէկ միջազգային հռչակ իրականացուցած ենք, երբ բանի մը լաւը կը փորձենք ընել` ամէնէն լաւը կ›ընենք, նաեւ ատոր հակապատկերը՝ երբ վատ բան մը կ՛ուզենք ընդօրինակել՝ ամէնէն վատ ձեւով ամէնէն վատը կրնանք իրականացնել։ Այդպիսի ծայրայեղութիւններու մէջ ապրող ժողովուրդ մըն ենք։ Հետեւաբար, որպէսզի «անարխիա»յի ամենածայրաստիճան իրաւիճակի մէջ չյայտնուինք, ապա ուրեմն խիստ կենսական է, որ անմիջապէս դատաիրաւական համակարգը եւ անոր աշխատանքները Հայաստանէն ներս իր պարտականութեան գիտակցութեան մարդիկ գլխաւորեն ։ Այլապէս ապագայ չկայ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Պարոն Չափարեան, ես կը կարծեմ, որ հայրենիքէ ներս բաւական բանիմաց մարդիկ կան, քաղաքագէտներ կան։ Հիմա ժամանակն է՝ նոյնիսկ մամուլը պէտք է բարձրաձայնէ այս խայտառակութիւնը։ Ասիկա բառին ամբողջական իմաստով խայտառակութիւն է։ Չհպարտանանք երբեք, որ մենք ժողովրդավար երկիր ենք։ Ահաւասիկ անգամ մը եւս՝ ոչ թէ հայրենի ժողովուրդին, այլ ամբողջ աշխարհի առաջ փաստեցինք, որ մենք շատ հեռու ենք ժողովրդավար երկիր ըլլալէ։ Սա կը նշանակէ, որ մենք օրէնք տակաւին յարգել չենք սորված։ 

Շատ հետաքրքրական է. յաճախ կը լսէի անցեալին հայաստանցի իմ բարեկամներէս. «օրէնքը ստեղծուած է խախտելու համար»։ Սիրելիներ, 21րդ դարն ենք, այսօր ազգովին կը փաստենք, որ իսկապէս օրէնք չկայ հայրենիքէն ներս, ուր մեր հայեացքները ուղղած ենք այն խոր ակնկալութեամբ, որ օր մը ամբողջ համասփիւռ պիտի միանանք հայրենիքի մէջ։ Դատական համակարգ չունեցող երկրին մէջ ի՞նչ կրնանք ընել, ինչպէ՞ս կրնանք զարգանալ։ Վերջ այլեւս։ Խօսեցէք այս մասին։ Իմ կոչս է նաեւ ժողովուրդին, է նաեւ այն դասա-կարգին, որ բանիմացն է հայրենիքէն ներս, բոլոր գրական մշակներուն. խօսեցէք եւ բարձրաձայնեցէք եւ պարտադրեցէք ձեր կամքը իշխանութեան, որ պէտք է օրէնքը գործադրուի անխտիր, հաւասարապէս բոլորին համար։ Ապա թէ ոչ, ինչպէս պարոն Չափարեանը ըսաւ, մենք կը դառնանք «պանանային երկիր», ծիծաղի առարկայ պիտի դառնանք այն երկիրներու դիմաց, մանաւանդ որոնք այսօր ձեռք կ›երկարեն մեզի օգնութեան։ Ժամանակն է սփիւռքն ալ նոյնքան բարձրաձայնէ, որ պէտք է օրէնք գործէ Հայաստանէն ներս, ապա թէ ոչ մեր երկիրը կը դառնայ ինչ որ էր նախորդ 30 տարիներուն. անտէր եւ ստրուկ՝ «արջ»ին (իմա՝ Ռուսիոյ)։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – Երբեք, երբեք, սիրելիներ, մի խաբուիք այն խօսքերէն, որ սփիւռքը ճիշդ ձեւով ներ- կայացուած է հայրենիքէն ներս։ Իմ բոլոր յարգանքներս որակաւորուած սփիւռքահայերու որոնք գործադրած են հայրենադարձութիւն։ Փառք եւ պատիւ՝ իրենց։ Բայց նաեւ հայրենի ժողովուրդի մեր քոյրերը եւ եղբայրները հարկաւոր է որ քաջ գիտակցին, թէ աւանդական սփիւռքը անցնող 33 տարիներու ընթացքին ներկայացնող աւան- դական կառոյցները իրենց պարտականութեան մէջ չարաչար ձախողած են։ Հիմա ժամանակը եկած է, եւ արդէն մենք ոչ միայն ականատես կըլլանք արտերկրի մէջ եւ հայրենիքէն ներս կայացնելու, վերաբնութագրելու եւ իսկական հունի մէջ դնելու ոչ թէ նոր սփիւռքը, այլ իսկական «փոթենցիալ»ով զինուած սփիւռքը յօգուտ հայկական պետականութեան հզօրացման։ 

Աւանդական սփիւռքը թոյլ տուաւ, որ նախորդ իշխանութիւնները մէկը միւսին ետեւէն չարաշահումները շարունակեն, այնքան ատեն որ իրենք ունենան «սոցիալ սթաթիւս»։ Վայ ես այդ «սոցիալ սթաթիւս»ին ինչ պիտի ըսէի… Այդ «սոցիալ սթաթիւս»ը իրենց հնարաւորութիւն տուաւ կողքին յայտնուելու օրուան նախագահին կամ վարչապետին, որպէսզի իրենք զիրենք ցուցադրեն, ցու- ցամոլութեան իրենց ներքին անկշտութիւնը գոհացնելու համար, եւ իրենց մտայնութիւնը այն եղաւ աւան- դական սփիւռքի այսպէս կոչուած ինքնակոչ ներկայա- ցուցիչներուն՝ «ինձմէ ետքը` ջրհեղեղ»։ 

Բայց ոչ, սիրելիներ, հիմա արդէն ժամանակը եկած է, որ իսկական սփիւռքը բացայայտուի, ներկայ ըլլայ Հայաստանէն ներս, ոչ միայն քանակական առումով, այլ նաեւ որակական առումով, որովհետեւ եթէ հայրենի ժողովուրդը եւ արտերկրի ժողովուրդը իսկական «ինթեկրացում»ը` համարկումը, ներդաշնակութիւնը չկարենան ստեղծել, ապա ամէն ինչ տանուլ պիտի տանք։ Եւ ինչպէս որ քիչ առաջ պարոն Մխիթարեանը մատնանշեց, սովետական մտածելակերպը, սովետական մշակոյթի տէր մարդիկ կ՛ըսեն՝ «օրէնքը մշակուած է խախտելու համար», ատիկա իսկական սովետական մշակոյթի արդիւնքն է, սիրելիներ։ Եւ այդ սովետական մշակոյթի արդիւնքին որպէս հետեւանք, այսօր Հարաւային Քալի- ֆորնիոյ մէջ մասնաւորաբար եւ ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու տարածքին, մենք ունինք Ամերիկայի բանտերէն ներս շուրջ 30,000 Հայաստանէն Ամերիկա տեղափոխուած քրէական գործունէութիւն տարած անձինք, ովքեր բազմաթիւ քրէական աքթեր կատարած են եւ յայտնուած են ճաղերու ետեւ։ Եւ պէտք է ըսել՝ ինչ լաւ եղաւ, որ ընդամէնը մօտ 10 տարի առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանի կառավարութիւնը միջազգային համաձայնագիր ստորագրեցին, ըստ որուն, անոնք որոնք օրինախախտում կամ մադդասպանութիւն կը կատարեն Ամերիկայի մէջ եւ փա- խուստ կու տային Հայաստան կամ նախկին Սովետի տարածքներ, Հայաստանի կառավարութիւնը այդ պայմանագրի տրամադրութեամբ ստիպուած է այդ ամբաստանեալին արտայանձնելու ամերիկեան կառավարու- թեան։ 

Ուրեմն այստեղ շատ կարեւոր խնդիր մը կը յառաջանայ մեր մտքին մէջ, որ հետեւեալն է. Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմա ունի ոսկեայ առիթ մը Արեւմուտքի հետ եւ յատկապէս Եւրոպական Միութեան հետ «էնթեկրացման» գործընթացը արագացնելո, եւ օրուան` Փաշինեանի իշխանութիւնները իրաւունք չունին ժողովուրդի կամքին հակառակ ըսելու, որ «մենք հիմա չենք կրնար, քանի մը ամիս յետոյ կը քննարկենք»։ Ապա ուրեմն բազմաթիւ ազատ անկախ մտածող հայեր կ›առաջարկեն, որ հանրաքուէ իրականացուի րոպէ առաջ, որպէսզի ժողովուրդը իր «մանտաթ»ը իր ձեռքով կառուցէ, եւ յետոյ իշխանութիւնները պատճառաբանութիւն չբռնեն, որ «մենք պատասխանատուութիւնը չենք կրնար մեր վրայ վերցնել», եւ այդ հանրաքուէի ժամանակ ալ նաեւ լաւ կ›ըլլայ, որ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ իրականացնեն, որպէսզի այս կեղծ ընդդիմութիւնը մէջտեղէն վերացուի, սիրելիներ։ 

Այս ձեւով պետութիւն չի կրնար գոյատեւել։ Առողջ հայկական պետութիւնը, որ մենք կ՛երազենք եւ որուն համար կը պայքարինք՝ ինքնիշխան, անկախ եւ պաշտ-պանունակ պետութիւն չի լինելու։ Մենք պէտք է ոգի ի բռին պայքար տանինք այդ ուղղութեամբ եւ չձգենք որ հայ մարդը յուսալքուի։ Հիմա միասին դիտենք յաջորդ հատուածը տիկին Նինա Կարապետեանցի ելոյթէն եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ԼՐԱԳՐՈՂ (Հարց Նինա Կարապետեանցին). – Ի՞նչ էք կարծում, ի՞նչն է պատճառը։ Տեսէք` տեսակէտ կայ, թէ նախկին բարձրաստիճան իշխանութիւններին ոչ թէ բանտում այլ քաղաքական դաշտում պահելը, նրանց ներկայութիւնը քաղաքական դաշտում լինելը օգտակար է հենց գործող իշխանութեան համար, որտեւ գործող իշխանութիւնը նախկինների վերադարձով վախեցնում է հասարակութեանը եւ դրանով պահում որոշակի բարձր վարկանիշ։ 

ՆԻՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆՑ. – Իրենք շատ աւելի ուրախ կը լինէին, անձնապէս Նիկոլ Փաշինեանը, աւելի քան համոզուած եմ, շատ ուրախ կը լինէր, որտեւ ինքը մանր վրիժառուի ինչ որ բան ունի մէջը, որ կարողանար Ռոպերթ Քոչարեանին տեսնել (այնպէս չէ, որ Ռոպերթ Քոչարեանը իմ աչքի լոյսն է) … Իմ ամենամեծ կռիւը հենց դրա մէջ է, որ որեւէ մէկը, ներառեալ Ռոպերթ Քոչարեանը, անա- զատութեան մէջ չի յայտնուել: Աւելին ասեմ. ես կարծում եմ, որ ոչ թէ միայն «Մարտի 1»ով քրէական գործ պիտի յարուցուած լինէր, շատ վաղուց եւ հիմնաւոր, աւելի նորմալ՝ քան արուեց, այլ նաեւ էլեկտրոցանցերի վաճառքի հետ կապուած. չգիտեմ ասեմ… 

ԼՐԱԳՐՈՂ. – Չեն միջամտում դատական գործերին՝ «ժողովրդավար երկիր ենք՝ այնտեղ չպէտք է միջամտուի դատական իշխանութեանը եւ այլն։ Աւելի լաւ է Սերժ Սարգսեանը եւ Ռոպերթ Քոչարեանը լինեն ազատութեան մէջ, քաղաքականութեամբ զբաղուեն, բայց Հայաստանը լինի դեմոկրատական, դատական իշխանութիւն»։ Այդպիսի գնահատականներ են հնչում: 

ՆԻՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆՑ. – Ո՞ւմ համար է աւելի լաւ։ Իրանց համա՞ր։ Ի հարկէ իրենց համար աւելի լաւ է։ Առանձին մի քանի կերպարներ, ի հարկէ։ Բայց ասեմ, որ հասարակութիւնը այլեւս «սեւ ու սպիտակ»ով չի կերակրւում։ Բառացիօրէն չի կերակրւում։ Իրենց կեղծ բարեփոխումների, որոնք որ մեզ բերեցին այս վիճակին հասցրեցին, դրանց էլ այլեւս չի վստահում։ Հիմա սպասէք նորամուծութիւնների։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – US Armenian Life-ի եւ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմը բազմիցս առաջադրած է որ նախորդ երեք իշխանութիւնները ներկայ իշխանութիւններու հետ միասին («էքրան»ի վրայ կը տեսնենք)` չորս վարչակազմերը ենթարկուին հետաքննութեան «Ազգային ճշմարտութեան յանձնաժողով»ի մը կողմէ։ Ուրեմն թող այսպիսի ազգային ճշմարտութեան յանձնաժողով մը կեանքի կոչուի. ես պիտի առաջարկէի, որ իրաւաբան – իրաւագէտ տիկին Նինա Կարապետեանցը իր հերթին այդպիսի մարմինի մէջ ընդգրկուի, պայմանաւ որ այդ մարմինի անդամները ըլլան ոչ նախկիններու գործակալ, ոչ ալ ներկայ իշխանութեան ենթակայ, այլ հայկական պետականութեան նուիրուած մարդիկ։ Մարդիկ, որոնք ոչ կը հետեւին ամերիկամէտութեան, ֆրանսամէտութեան, ռուսամէտութեան, այլ միայն ու միայն բացառապէս կը հետեւին հայամէտութեան։ Թող այդ յանձնաժողովը կեանքի կոչուի եւ հետաքննութեան ենթարկէ 1991-1998 Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարչակազմը, 1998-2008 Ռոպերթ Քոչարեանի վարչակազմը, 2008-2018 Սերժ Սարգսեանի վարչակազմը եւ 2018էն մինչ օրս Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը։ 

Այս անցնող 33 տարիներուն ինչպիսի՞ դաւաճանութիւններ եղան, թալաններ իրականացան։ Մենք անցեալ շաբաթուան հաղորդումի մէջ նշեցինք, որ ինչպէս Ամերիկայի կառավարութիւնը, արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարութեամբ, բռնազաւթեց օրէնքի ճանապարհով նախկին «սուփըր մինիսթըր» Գագիկ Խաչատրեանի աւելի քան 30-40 միլիոն տոլար արժող Պեվըրլի Հիլզի մօտ գտնուող շքեղ դղեակը, որպէսզի անոր արժէքը վերադարձնէ Հայաստանին։ Հիմա պէտք է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը (չեմ գիտեր եթէ այս նախարարութենէն կարելի է այդպիսի բան ակնկալել), պէտք է (եւ մենք բոլորս այդ պահանջը ներկայացնենք), որ այսպիսի բռնագանձումներ գործադրելու վճիռ արձակէ, որպէսզի Հայաստանի պետութիւնը «պանանային պետութիւն» չդառնայ։ Պարոն Մխիթարեա՞ն… 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Պարոն Չափարեան, չի բաւեր ըսել, որ օրէնքի գերակայութիւնը անհրաժեշտ է։ Չի բաւեր յայտարարել ներկայ իշխա-նութեան կողմէ, որ մենք պէտք չէ խառնուինք այդ իրաւադաշտին։ Այս բոլորը կեղծիք է։ Նախկին համակարգի մարդիկն են տակաւին իրենց արբանեակներով։ Բան մը չէ փոխուած։ Հետեւաբար, ժողովուրդը իրա-ւունք ունի իր ընդվզումը յայտնելու, ինչպէս տիկին Կարապետեանցը իր ցասումը կարտայայտէ, ըսելով, որ բան մը չէ փոխուած։ Իրենք ալ այդ աւազակախումբին կարծես թէ մէկ բաժինն են, որովհետեւ չեն ցանկար օրէնքի գերակայութիւն տեսնել։ 

Այս սուտերը ժամանակի ընթացքին միշտ գլորուեցան, ինչպէս նախորդ համայնավար շրջանին, վերջին 30 ամեակին ալ. «եթէ մենք Ռուսաստանին հետ` մեր մեծ եղբօր հետ չըլլանք, թուրքերը մեր վրայ կը հարձակին եւ մեզի կը բնաջնջեն»։ Այս լոզունգով մեզի ստրուկ պահած են, սիրելիներ։ 21րդ դարն ենք։ Մենք կերթանք դէպի ժողովրդավարութիւն։ Մենք բանէ մը պիտի չվախնանք։ Մեր իրարմէ կը վախնանք հիմա։ Հոս է հարցը։ Որովհետեւ սպաննութիւնները դուրսէն չեն ըլլար։ Մենք է, որ զիրար կը սպաննենք։ «Մարտ 1»ն է, նախորդն է… Մենք ենք այդ չարը։ Ուրեմն` չկա՞յ մեր մէջ այդ ազնիւ հայը, որ կը մտածէ որ հայրենիքը պայծառ տեսնէ, որպէսզի արտասահմանի ժողովուրդը, որ գաղթական է, այդ տեսլականը իր առջեւ ունենայ եւ հայրենիք գայ։ Հոս է որ մենք բոլորս կ›ուզենք օրէնքը անպայման գործէ: Եւ դուք պիտի պահանջէք այդ՝ բոլորդ ալ անխտիր։  

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – Հիմա «էքրան»ի վրայ կը տեսնէինք շատ պժգալի լուսանկար մը՝ Ամենայն Հայոց անհայրապետ – չկաթողիկոս կտրիճիկը՝ թրքական «Գորշ գայլեր» թերորիստական՝ ահաբեկչական կազմակերպուճթեան ղեկավարին հետ: Այս լուսանկարի հիմնական նպատակը լաւ ճանչնալով, հիմա արդէն լաւ ճանչնալով կտրիճիկի հոգեբանութիւնը, այս լուսանկարը ինքը ձգած է, որպէսզի տարածուի աշխարհով մէկ, որպէսզի ինքը թրքական «Գորշ գայլեր»ու միջոցաւ վախեցնէ իր սեփական ժողո-վուրդին։ Կտրիճիկը եւ իր աւազակապետ եղբայրը՝ Մոսկուայի մէջ Հայոց եկեղեցւոյ Ռուսաց թեմին՝ հայկական հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի 

ինքնակոչ բռնակալ ղեկավար Եզրաս կոչեցեալը, երկուքն ալ լաւ թող իմանան, որ ոչ թրքական «գայլեր»ու հետ իրենց լուսանկարները տարածելով, ոչ ալ «ՔաԿէՊէշնիկ»ի՝ իրենք իրենց այսպէս գերակայութեան զգացումներ տալով պիտի կարենան վախեցնել հայ ժողովուրդը։ Հայ ժողովուրդը վախնալու ժամանակը վաղուց մոռցած է։ Մի մոռնաք. Հայ ժողովուրդը ճիշդ պէտք եղած ժամանակին արդարութիւնը իր ձեռքովը կը վերականգնէ։ Այնպէս որ մօտալուտ են այն ժամանակները երբ Գարեգին բ. չկաթողիկոսը պիտի դառնայ 15րդ կամ 16րդ աթոռազուրկ, աթոռէն զրկուած չկաթողիկսը եւ այստեղ հայկական պետականութիւնը ոչ թէ միջամտելու, այլ հաւատացեալ քաղաքացիներու իրաւունքը պաշտպանելու ամենակարեւոր, անփոխարինելի. անսակարկելի պարտականութիւնը ունի։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. – Խօսեցանք դատաիրաւական համակարգի չգործելու մասին։ Քիչ առաջ խօսքիս սկիզբը ակնարկեցի, որ նոյնքան աւերուած վիճակ ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, ղեկավարութեամբը Գարեգին կաթողիկոսին։ Համակարգը պիտի գործէ նաեւ եկեղեցիէն ներս։ Նոյնքան զրկուած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին իր հոգեւոր առաքելութենէն, որովհետեւ նոյնքան կը գործէ «արջ»ի թեւերուն տակ։ Չմոռնանք։ Ձեզի անգամ մը եւս յիշեցնեմ` անցեալ տարի Ռուսաստանի նախագահը շքանշան ղրկեց Գարեգին կաթողիկոսին։ Ինչի՞ համար։ Ո՞ր պատիւին համար։ Ի՞նչ ըրաւ հայրենիքին համար։ Այդ պատիւը որովհետեւ կը ծառայէ «արջ»ին։ Ստրուկն է «արջ»ին։ Մեր ժամանակը եկած է, սիրելիներ, մեր բողոքի ձայնը բարձրացնենք եւ դուրս դնենք բոլոր անոնք, որոնք կը պղծեն Եկեղեցին եւ կառեւանգեն Հայաստանի իշխանութիւնը։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *