Հայ Լեզուի եւ Ազգապահպանման ամենակարեւոր յենարաններն են հայերէն խօսող ընտանիքը եւ հայ դպրոցը:
1915-ի աքսորի ճանապարհներուն անգամ, հայ մայրը, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ, իր ճաքճքած մատներով, աւազին վրայ կը գրէր ԱԲԳը որպէսզի իր պապենական լեզուն պահուի, գէթ օր մը եւս, կամ շաբաթ մը եւս, կամ տարի մը եւս: Այդ անօթի ու ծարաւ, հիւծած մայրը ի՞նչ գիտնար որ 100 տարի ետք, մարդիկ պիտի ըլլային, հայ մարդիկ, որոնք իր այդ ցուցամատը պիտի կտրէին … հայ դպրոցները գոցելով:
Երբ Հայոց Մնացորդացի բեկորները Միջին Արեւելքի հիւրընկալ երկիրներուն մէջ տեղաւորուեցան, շուտով սկսան դպրոցաշինութեան: Հոգ չէ թէ առաջին դպրոցները հիւղակներու, փայտաշէն տնակներու թէ թիթեղածածկ կամարներու տակ էին, բայց հայ դպրոցներ էին: Տասնամեակներու ընթացքին այդ փայտաշէն դպրոցները սկսան որպէս ուսման պալատներ վեր բարձրանալ հայկական գաղութներու մէջ եւ մինչեւ անգամ բարի նախանձը շարժել տեղացիներուն:
1981-ին, Հոլիվուտի մէջ բացումը կատարուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին: Շուրջ 50 աշակերտներով սկսած դպրոցը շուտով հասաւ 350 աշակերտի: Տեղի անբաւարարութեան պատճառով, ԹՄՄ ն ու Վարժարան Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի
Դաժան Ճակատագիրը
Քանդուած է Վարժարանին Մայր Շէնքը
Հայ Լեզուի եւ Ազգապահպանման ամենակարեւոր յենարաններն են հայերէն խօսող ընտանիքը եւ հայ դպրոցը:
1915-ի աքսորի ճանապարհներուն անգամ, հայ մայրը, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ, իր ճաքճքած մատներով, աւազին վրայ կը գրէր ԱԲԳը որպէսզի իր պապենական լեզուն պահուի, գէթ օր մը եւս, կամ շաբաթ մը եւս, կամ տարի մը եւս: Այդ անօթի ու ծարաւ, հիւծած մայրը ի՞նչ գիտնար որ 100 տարի ետք, մարդիկ պիտի ըլլային, հայ մարդիկ, որոնք իր այդ ցուցամատը պիտի կտրէին … հայ դպրոցները գոցելով:
Երբ Հայոց Մնացորդացի բեկորները Միջին Արեւելքի հիւրընկալ երկիրներուն մէջ տեղաւորուեցան, շուտով սկսան դպրոցաշինութեան: Հոգ չէ թէ առաջին դպրոցները հիւղակներու, փայտաշէն տնակներու թէ թիթեղածածկ կամարներու տակ էին, բայց հայ դպրոցներ էին: Տասնամեակներու ընթացքին այդ փայտաշէն դպրոցները սկսան որպէս ուսման պալատներ վեր բարձրանալ հայկական գաղութներու մէջ եւ մինչեւ անգամ բարի նախանձը շարժել տեղացիներուն:
1981-ին, Հոլիվուտի մէջ բացումը կատարուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին: Շուրջ 50 աշակերտներով սկսած դպրոցը շուտով հասաւ 350 աշակերտի: Տեղի անբաւարարութեան պատճառով, ԹՄՄ ն ու Վարժարանի Հոգաբարձական կազմը նոր շէնքով մը օժտեցին վարժարանը, Երկրորդական Վարժարանի մը համար բոլոր յարմարութիւններով:
ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը իր գոյութեան 34 տարիներու ընթացքին (1981-2015) արձանագրեց բաձառիկ յաջողութիւններ կրթական, ազգային, մշակութային, մարզական թէ այլ բնագաւառներու մէջ: Իր շրջանաւարտներուն մէջ մենք կը տեսնենք բազմաթիւ բժիշկներ, փաստաբաններ, դեղագործներ, երկրաչափներ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, ուսուցիչներ, ազատ ասպարէզներու մէջ մեծ յաջողութիւններ գտած մարդիկ: Բաց աստի, քիչ չեն թիւը այն շրջանաւարտներուն, որոնք ազգային զանազան հաստատութիւններու մէջ, եկեղեցի թէ ակումբ, իրենց ծառայութիւնները կը մատուցանեն: ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Տնօրէնութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն կու տար հայ մշակոյթին: Վարժարանի երգչախումբը, պարախումբերը, թատերական ելոյթները, գեղարուեստական մեծածաւալ հանդէսները վարժարանի թէ մօտակայ մեծ սրահներու բեմերուն վրայ, նկարչական ցուցահանդէսներ (երբեմն 250 նկարներով) հիացմունքի առարկայ էին: Մամուլի մարդիկ, հոգեւորականներ, տնօրէններ, մտաւորականներ թէ ծնողներ, շատ բարձր կը գնահա- տէին Արշակ Տիգրանեան վարժարանի կատարողական արուեստը եւ աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութիւնը: Այդ ելոյթները շատ բարձր էին աշակերտական մակարդակներէն: «Կիսաարհեստավարժ» մակարդակի հասցուցած էին իրենց ելոյթները:
Ցաւալի է որ, ցարդ անհասկնալի պատճառներով, Վարժարանի Հոգա- բարձական Կազմը, հաւանութեամբը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, որոշեց Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը փակել: Եղան բարերարներ եւ ունեւոր ծնողներ որոնք առաջարկեցին Վարժարանի նոր շէնքին շինութեան պարտքերը փակել եւ վարժարանը բաց պահել որոշ պայմաններով (աւելի կարող հոգաբարձական կազմեր եւ կրթական յանձնախումբեր հրաւիրել, արդիականացնել անոր կրթական ծրագիրը, աւելի կարող ուսուցչական կազմով օժտել զայն եւ աւելի արդիւնաւէտ ծառայել նոր սերունդին), սակայն իրենց բոլոր տրամաբանական առաջարկները մերժուեցան եւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ծախուեցաւ Ամերիկեան Աւետարանական կազմակերպութեան մը, որը Հայ վարժարանը վերածեց Ամերիկեան կրթական հաստատութեան: Վարժարանի շուրջ հաւաքուած բարի եւ կրթասէր մարդիկ, նախկին շրջանաւարտներ եւ ծնողներ, որոշ գոհունակութիւն մը ունեցան որ իրենց Մայր Վարժարանը գէթ պիտի ծառայէր որպէս կրթական հաստատութիւն, եթէ ոչ հայ պատանիներու՝ գոնէ շրջանի աշակերտութեան համար: Վարժարանի նոր տէրերը, շէնքերուն արտաքին տեսքը բարելաւեցին եւ աւելի ապահով միջա- վայրի մը վերածեցին զայն:
Դպրոցաշէնքի նոր տէրերն ալ, ինչ-ինչ պատճառներով դպրոցը ծախեցին (վստահաբար շատ մեծ շահոյթով): Պէտք է ըսել որ, այս վերջին 15- 20 տարիներու ընթացքին, Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի եւ շրջակայ հողերուն գիները բազմապատկուեցան: Հոլիվուտի մէջ սկսան բազմաթիւ բարձրայարկ շէնքեր շինուիլ, գերարդիական կազմածներով եւ դիւրութիւններով, եւ մեծ ընկերութիւններու եւ ունեւոր դասակարգի մարդիկ այդ բազ- մայարկերը «իրարու ձեռքէն կը խլէին»:
Կիմանանք որ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին հողաշերտը պիտի գործածուի արդիական շէնք մը բարձրացնելու, առեւտրական գրասենեակներու եւ վերեւի յարկերն ալ բնակարաններու համար գործածութեան:
Երբ Վարժարանի Մայր Շէնքին քանդումին մասին տեղեկացուցինք Հիմնադիր Տնօրէն եւ 31 տարի տնօրէնութիւնը ստանցնած Պրն. Վարդգէս Գուրուեանին, Տնօրէնը չկրցաւ իր յուզումը զսպել: Մխիթարական խօսքեր չունէինք:
Մինչ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը կը փակուէր, հայկական միւս սեփական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը սկսաւ բազմանալ: Հոլիվուտի մէջ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանին մէջ (Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի հարեւանութեամբ), մէկ իսկ աթոռ պարապ չէ: Ալեք Փիլիպոսի Հոգաբարձութիւնը արդէն իսկ Վարժարանի յարակից հողաշերտերն ու տուները գնած է նոր դպրոցաշէնքով մը օժտելու Վարժարանը: Լա Քրէնսէթայի մէջ գործող Վահան եւ Անուշ Շամլեան Վարժարանը նոյնպէս նոր դպրոցաշէնք մը գնած է, դպրոցի հարեւանութեամբ, որպէսզի վարժարանը «Հայ Սքուլ»ի վերածեն: ՀԲԸՄիութեան «Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարան»ը իր 1000 աշակերտներէն զատ՝ նոր դիմողներուն տեղ պատրաստելու համար նոր դպրոցաշէնքով մը օժտեց դպրոցը եւ Մանկապարտէզներուն համար ալ նոր վայր մը կը փնտռեն: Դասարաններու մէջ «ասեղ ձգելիք տեղ չկայ»: Կ›իմանաք որ հայկական կարգ մը վարժարաններուն մօտ, երեք տարուայ «սպասման ցանկ» կայ:
Աշակերտի պակաս չկայ: ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի ատե- նի Հոգաբարձական Կազմը, դրամահաւաքի համար իր ծուլութիւնն ու անկարողութիւնը ծածկելու համար (որովհետեւ ծնողներէն եւ համայնքի անդամներէն շատերու համար անոնք անվստահելի մարդիկ էին), ճարահատ, դպրոցը ծախեցին: Կը կարծենք որ այդ կազմի անդամներէն որեւէ մէկը, որպէս «դպրոց փակող», իրաւունք պէտք չէ ունենայ ազգային որեւէ այլ կազմակերպութեան կամ միութեան մէջ պաշտօն վերցնելու, որովհետեւ, հենուելով իրենց անցեալի փարձառութեան վրայ, չեն կրնար դրական եւ շի- նիչ գործ տեսնել: Անոնք կրնան մինչեւ անգամ վնասել այդ միութիւններու գործունէութիւններուն (օրինակները ունինք): Այս տխուր իրավիճակը կը վերաբերուի նաեւ ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (Կիպրոս) եւ ՀԲԸՄիութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարանին (Բասատէնա):
Շատ կը ցաւինք որ Տիգրանեան Մեծ Ընտանիքին երազները փշրուեցան:
Շատ կը ցաւինք նաեւ, որ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի շրջանաւարտներն ու նախկին աշակերտները պիտի չկարենան գէթ իրենց սիրելի վարժարանին առջեւէն անցնելով յիշել իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան անուշ օրերը: Անոնք այլեւս միայն իրենց երեւակայութեան մէջ պիտի յիշեն իրենց չարաճճիութիւններն ու ուրախ եւ անհոգ օրերը:
Այսօր, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Մայր Շէնքը չկայ:
Վարժարանի Շէնքին հետ փշրուեցան նաեւ երազները մեր հայ պատա- նիներուն:
Վարժարանի Շէնքին հետ շոգիացան նաեւ յուշերը մեր անուշ մանչերուն ու աղջիկներուն:
Մե՜ղք Արշակ Տիգրանեանին:
Մե՜ղք Հայ Վարժարանին:
Կարօ Վարժապետեան Կիլիկեցի
Կլենտէյլ
ի Հոգաբարձական կազմը նոր շէնքով մը օժտեցին վարժարանը, Երկրորդական Վարժարանի մը համար բոլոր յարմարութիւններով:
ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը իր գոյութեան 34 տարիներու ընթացքին (1981-2015) արձանագրեց բաձառիկ յաջողութիւններ կրթական, ազգային, մշակութային, մարզական թէ այլ բնագաւառներու մէջ: Իր շրջանաւարտներուն մէջ մենք կը տեսնենք բազմաթիւ բժիշկներ, փաստաբաններ, դեղագործներ, երկրաչափներ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, ուսուցիչներ, ազատ ասպարէզներու մէջ մեծ յաջողութիւններ գտած մարդիկ: Բաց աստի, քիչ չեն թիւը այն շրջանաւարտներուն, որոնք ազգային զանազան հաստատութիւններու մէջ, եկեղեցի թէ ակումբ, իրենց ծառայութիւնները կը մատուցանեն: ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Տնօրէնութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն կու տար հայ մշակոյթին: Վարժարանի երգչախումբը, պարախումբերը, թատերական ելոյթները, գեղարուեստական մեծածաւալ հանդէսները վարժարանի թէ մօտակայ մեծ սրահներու բեմերուն վրայ, նկարչական ցուցահանդէսներ (երբեմն 250 նկարներով) հիացմունքի առարկայ էին: Մամուլի մարդիկ, հոգեւորականներ, տնօրէններ, մտաւորականներ թէ ծնողներ, շատ բարձր կը գնահատէին Արշակ Տիգրանեան վարժարանի կատարողական արուեստը եւ աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութիւնը: Այդ ելոյթները շատ բարձր էին աշակերտական մակարդակներէն: «Կիսաարհեստավարժ» մակարդակի հասցուցած էին իրենց ելոյթները:
Ցաւալի է որ, ցարդ անհասկնալի պատճառներով, Վարժարանի Հոգաբարձական Կազմը, հաւանութեամբը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, որոշեց Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը փակել: Եղան բարերարներ եւ ունեւոր ծնողներ որոնք առաջարկեցին Վարժարանի նոր շէնքին շինութեան պարտքերը փակել եւ վարժարանը բաց պահել որոշ պայմաններով (աւելի կարող հոգաբարձական կազմեր եւ կրթական յանձնախումբեր հրաւիրել, արդիականացնել անոր կրթական ծրագիրը, աւելի կարող ուսուցչական կազմով օժտել զայն եւ աւելի արդիւնաւէտ ծառայել նոր սերունդին), սակայն իրենց բոլոր տրամաբանական առաջարկները մերժուեցան եւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ծախուեցաւ Ամերիկեան Աւետարանական կազմակերպութեան մը, որը Հայ վարժարանը վերածեց Ամերիկեան կրթական հաստատութեան: Վարժարանի շուրջ հաւաքուած բարի եւ կրթասէր մարդիկ, նախկին շրջանաւարտներ եւ ծնողներ, որոշ գոհունակութիւն մը ունեցան որ իրենց Մայր Վարժարանը գէթ պիտի ծառայէր որպէս կրթական հաստատութիւն, եթէ ոչ հայ պատանիներու՝ գոնէ շրջանի աշակերտութեան համար: Վարժարանի նոր տէրերը, շէնքերուն արտաքին տեսքը բարելաւեցին եւ աւելի ապահով միջավայրի մը վերածեցին զայն:
Դպրոցաշէնքի նոր տէրերն ալ, ինչ-ինչ պատճառներով դպրոցը ծախեցին (վստահաբար շատ մեծ շահոյթով): Պէտք է ըսել որ, այս վերջին 15-20 տարիներու ընթացքին, Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի եւ շրջակայ հողերուն գիները բազմապատկուեցան: Հոլիվուտի մէջ սկսան բազմաթիւ բարձրայարկ շէնքեր շինուիլ, գերարդիական կազմածներով եւ դիւրութիւններով, եւ մեծ ընկերութիւններու եւ ունեւոր դասակարգի մարդիկ այդ բազմայարկերը «իրարու ձեռքէն կը խլէին»:
Կիմանանք որ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին հողաշերտը պիտի գործածուի արդիական շէնք մը բարձրացնելու, առեւտրական գրասենեակներու եւ վերեւի յարկերն ալ բնակարաններու համար գործածութեան:
Երբ Վարժարանի Մայր Շէնքին քանդումին մասին տեղեկացուցինք Հիմնադիր Տնօրէն եւ 31 տարի տնօրէնութիւնը ստանցնած Պրն. Վարդգէս Գուրուեանին, Տնօրէնը չկրցաւ իր յուզումը զսպել: Մխիթարական խօսքեր չունէինք:
Մինչ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը կը փակուէր, հայկական միւս սեփական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը սկսաւ բազմանալ: Հոլիվուտի մէջ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանին մէջ (Արշակ Տիգրանեան Վար- ժարանի հարեւանութեամբ), մէկ իսկ աթոռ պարապ չէ: Ալեք Փիլիպոսի Հոգա- բարձութիւնը արդէն իսկ Վարժարանի յարակից հողաշերտերն ու տուները գնած է նոր դպրոցաշէնքով մը օժտելու Վարժարանը: Լա Քրէնսէթայի մէջ գործող Վահան եւ Անուշ Շամլեան Վարժարանը նոյնպէս նոր դպրոցաշէնք մը գնած է, դպրոցի հարեւանութեամբ, որպէսզի վարժարանը «Հայ Սքուլ»ի վերածեն: ՀԲԸՄիութեան «Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարան»ը իր 1000 աշակերտներէն զատ՝ նոր դիմողներուն տեղ պատրաստելու համար նոր դպրոցաշէնքով մը օժտեց դպրոցը եւ Մանկապարտէզներուն համար ալ նոր վայր մը կը փնտռեն: Դասարաններու մէջ «ասեղ ձգելիք տեղ չկայ»: Կ›իմանաք որ հայկական կարգ մը վարժարաններուն մօտ, երեք տարուայ «սպասման ցանկ» կայ:
Աշակերտի պակաս չկայ: ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի ատենի Հոգաբարձական Կազմը, դրամահաւաքի համար իր ծուլութիւնն ու անկարողութիւնը ծածկելու համար (որովհետեւ ծնողներէն եւ համայնքի անդամներէն շատերու համար անոնք անվստահելի մարդիկ էին), ճարահատ, դպրոցը ծախեցին: Կը կարծենք որ այդ կազմի անդամներէն որեւէ մէկը, որպէս «դպրոց փակող», իրաւունք պէտք չէ ունենայ ազգային որեւէ այլ կազմակերպութեան կամ միութեան մէջ պաշտօն վերցնելու, որովհետեւ, հենուելով իրենց անցեալի փարձառութեան վրայ, չեն կրնար դրական եւ շինիչ գործ տեսնել: Անոնք կրնան մինչեւ անգամ վնասել այդ միութիւններու գործունէութիւններուն (օրինակները ունինք): Այս տխուր իրավիճակը կը վերաբերուի նաեւ ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (Կիպրոս) եւ ՀԲԸՄիութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարանին (Բասատէնա):
Շատ կը ցաւինք որ Տիգրանեան Մեծ Ընտանիքին երազները փշրուեցան:
Շատ կը ցաւինք նաեւ, որ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի շրջանաւարտներն ու նախկին աշակերտները պիտի չկարենան գէթ իրենց սիրելի վարժարանին առջեւէն անցնելով յիշել իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան անուշ օրերը: Անոնք այլեւս միայն իրենց երեւակայութեան մէջ պիտի յիշեն իրենց չարաճճիութիւններն ու ուրախ եւ անհոգ օրերը:
Այսօր, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Մայր Շէնքը չկայ:
Վարժարանի Շէնքին հետ փշրուեցան նաեւ երազները մեր հայ պատանիներուն:
Վարժարանի Շէնքին հետ շոգիացան նաեւ յուշերը մեր անուշ մանչերուն ու աղջիկներուն:
Մե՜ղք Արշակ Տիգրանեանին: