Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նայելով անցեալ տա- րեշրջանի իր խաղարկութեան, շատ լաւ գնահատական մը տուած էր: 

«Ինչպիսի՛ անմոռանալի տարեշրջան մըն էր: Մենք պատմութիւն կերտեցինք` շահելով «Սերի Ա.»-ի «Սքուտեթոն», եւ մեր երկրորդ աստղը ստանալու աւելի առանձնայատուկ տարբերակ չէր կրնար ըլլալ: Անձնական առու- մով ալ շատ ուրախ եմ, որ տարին աւարտեցի աւելի շատ վայրկեաններ խաղալով: Շատ շնորհակալ եմ համակիրներուն աջակցութեան համար, եւ կը հանդիպինք շուտով», ըսած է Մխիթարեան: 

Ան նախապէս յայտնած էր, թէ որքան ուրախ է եւ մտերիմ կը զգայ ինքզինք, ուր առաջին օրէն կը կարծէ, թէ Միլանի սան է, եւ կը կարծէ, թէ այլ կեանքի մէջ այդ քաղաքը ապրած է: 

Մխիթարեան կ՛ըսէ. «Ես սկսած եմ իբրեւ յարձակողական դիրքի մարզիկ, ապա դարձայ փլէյմէյքըր, իսկ հիմա` կեդրոնական միջնապահ: Այդ պատճառով ալ բոլորը կը կարծեն, թէ դանդաղ եմ: 

Ժամանակակից ֆութպոլին մէջ, իւրաքանչիւր խումբի ծայրերը կը վազեն Իուսէյն Պոլթի նման մարզիկներ, իսկ իրենց դէմ ես` 35 տարեկան ֆութպոլիստ, բայց կը կարողանամ անոնց զսպել: Կը տիրապետեմ 5 լեզուներու` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն: Ես մոռցած էի գերմաներէնը, քանի որ շատ դժուար էր, եւ միայն Տորթմունտի իմ 3-րդ տարեշրջանիս շատ լաւ խօսեցայ: Դաշտէն հեռու ալ հաճոյք կը ստանամ ճատրակ խաղալով, բան մը, որ ինծի կարելիութիւն կու տայ մտածելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր երթալ` փորձելով կանխատեսել մրցակիցին հետագայ քայլերը: Ասպարէզս աւարտելէ ետք կը մնամ Միլանօ այնքան ժամանակ, մինչեւ տղաս մեծնայ եւ որոշէ, թէ կ՛ուզէ՞ ֆութպոլ խաղալ, թէ՞ ոչ: Եթէ ան փափաքի ֆութպոլիստ դառնալ, մենք կը մնանք Միլան: Ապա թէ ոչ, մենք կը վերադառնանք Հայաստան: 

Ֆութպոլը լքելէս ետք վստահաբար մարզիչ չեմ ըլլար, ընդհանրապէս ֆութպոլի մէջ չեմ ըլլար: Ես կ՛ուզեմ աւելի շատ ընտանիքիս ժամանակ յատկացնել, սորվիլ նոր բաներ, օրինակ` ճաշ պատրաստել: Ֆութպոլիստները մարզիչ կը դառնան, երբ կ՛ուզեն տունէն փախչիլ, ազատ ըլլալ… Իսկ ես` ոչ», ըսաւ Մխիթարեան: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *