Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Յուլիսի 26-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը` «Պողպատէ մանդատի կողքին պողպատէ մանգաղ է հարկաւոր թալանչների ապօրինի իւրացումների բռնագանձման համար»։ 

Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

https://youtu.be/K0qRkVKEpMw?si=j_mMu861vpeWUObl

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐեԱՆ.- Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Անունս Աբօ Չափարեան, այսօրուան իմ զրուցակիցն է մեր աշխատակից, յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Հայկական ներքաղաքական դաշտէ եկած վերջին զարգացումները կը մատնանշեն այն կարեւոր երեւոյթները, որ պէտք չէ աչքաթող ընենք։ Պէտք է լրջօրէն մեր վերահսկողութեան ներքեւ պահենք եւ, անշուշտ, հարցը կը վերաբերի այսպէս կոչուած սեպտեմբերեան գալիք նոր արշաւի մը, որուն գլխաւոր ‹արքիթէքթ›ը, ‹էնճընիր›ը՝ Բագրատիկ կոչեցեալն է, Տաւուշի նախկին թեմական առաջնորդը, որ հիմա արդէն քաղաքական գործիչ դարձած է եւ կ҆ուզէ ամէն ինչ ընել, որ վարչապետ դառնայ։ 

Մեզի արդէն շատերուս համար յայտնի են իր այն բացառիկ, չակերտեալ բացառիկ արշաւանքները եւ նաեւ յայտնի են իր նախաձեռնած արշաւանքի շուտափոյթ խարխլումը եւ մահը։ Ըստ երեւոյթին, ախորժակները վերստին յարուցելու աշխատանքներ կը տարուին։ Պիտի առաջարկէի, որ պարոն Մխիթարեանը այդ մասին զեկուցէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐեԱՆ.- Նախ կ҆ողջունեմ բոլոր մեզ դիտողները եւ բոլորին անխտիր առողջութիւն կը պարգեւեմ։ 

Բագրատ սառեցեալ արքեպիսկոպոսը, դժբախտաբար, հրապարակ ելած է կրկին։ Անշուշտ նախապէս յայտարարած էր, որ դադարէն ետք պիտի գայ հրապարակ։ Ահաւասիկ նոր յայտարարութիւն։ Սեպտեմբերին խայտառակութիւնը պիտի շարունակուի։ Այս բառերը պի- տի գործածենք, որ մեր ժողովուրդը հասկնայ, որ մենք այս բոլորը բարեացակամ հոգեբանութեամբ չէ որ կը մօտենանք, այլ ընդհակառակը՝ կ҆ափսոսանք, որ սառեցեալ արքեպիսկոպոս մը, անգամ մը եւս կը փոթորկէ հայ ժողովուրդի հոգեկան աշխարհը, կրօնական եւ հոգեկան աշխարհը այս պարագային՝ ըլլայ ատիկա հայրենիքէն ներս, ըլլայ ատիկա ամբողջ սփիւռքի տարածքին։ 

Սիրելիներ, չի բաւեր, որ ինքը հրապարակ պիտի գայ նորէն։ Իր ձախողութիւնը պիտի կրկնէ անգամ մը եւս։ Այս անգամ դրամահաւաք կայ։ Սա կը նշանակէ, որ շարժումը սնանկացած է նիւթապէս։ Այդ ուրիշ, որ բարոյապէս արդէն սնանկացած էր, հիմա նիւթապէս ալ սնանկացած է։ Դրամ կը հաւաքեն։ Մամուլի մէջ դրուած է պանքային հաշիւները։ Ըլլայ ատիկա տոլարով, ռուպլիով կամ եւրոյով։ Այս բոլորը արձանագրուած է։ Յերիւրանքներ չեն։ Հիմա այս սնանկացած սառեցուած արքեպիսկոպոսը ի՞նչ պիտի ընէ։ Մեզի անհանգստաց- նողը անգամ մը եւս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վար- կաբեկումն է։ Չեն հասկնար այս մարդիկ։ Ո՞ւր է մեր եկեղեցւոյ ապագան։ Ո՞ւր է Գարեգին կաթողիկոսը։ Ինչպէ՞ս կ҆արտօնէ անգամ մը եւս սնանկացած այս առաքելութիւնը փողոց հանել։ Որո՞ւ դէմ կը հանէ, սիրելիներ։ Ըսելիք ունի՞ք։ Ըսէք՝ Ատրպէյճանի բռնակալին դէմ։ Մտիկ չէք ըներ անոր յայտարարութիւնները։ Տակաւին նոր Շուշիի մէջ բացայայտօրէն ինչեր ըսաւ Հայաստանի հասցէին։ Եթէ մեր իշխանութիւնները ըսելիք չունին կամ տակաւին յարմար առիթի կը սպասեն իրենց ըսելիքները դրսեւորելու, առնուազն մեր հոգեւորականութիւնը ըսելիք ունենայ։ Որովհետեւ Արցախը կորսնցնելէն ետք մեր դարաւոր մշակութային կոթողներն ալ կը կորսնցնենք։ 

Այդ բոլորը այսօր վերէն՝ անջրպետէն կը նկարուին, որովհետեւ Ատրպէյճանը իրաւունք չի տար, որ յատուկ կազմակերպութիւններ, որոնք մտահոգ են այդ կրօնական կոթողներով, անոնց առիթ չի տրուիր, որ անձնապէս երթան։ Հետեւաբար անջրպետէն նկարուած են, 500-էն աւելի մշակութային կոթողներ արդէն աւերուած են։ Ինչպէս որ աւերուեցան Նախիջեւանի մեր հազարաւոր խաչքարերը։ Հոգեւոր հայրեր, ըսելիք չունի՞ք։ Փողոց պիտի ելլէք՝ ի՞նչ ընէք։ Որո՞ւ դէմ։ Ալիեւին դէ՞մ է ձեր բողոքը, թէ այն իշխանութեան, որ աղեկ, վատ՝ ժողովուրդին կողմէն ընտրուած է։ Ինչո՞ւ այսքան շփոթած էք։ 

Շատ զարմանալի է, եւ տակաւին դրամահաւաքն ինչո՞ւ է։ Բոլոր անոնք, որոնք ձեր ետին կանգնած էին՝ միլիոնատէրերն են։ Անոնք, որոնք 30 տարի կողոպտեցին երկիրը։ Անոնք այնքան առատ դրամ ունին, որ քեզի, ինծի, մեր ժողովուրդը կը լոգցնեն այդ դրամով։ Այս դրամահաւաքը ինչո՞ւ է։ Արդեօք անոնք՝ ձեր ետին կանգնող բարերարները չակերտներու մէջ, յուսախաբ մնացին ձեր առաքելութեամբ եւ հիմա դրամահաւաք կ҆ընէք յանուն ինչի՞։ Որպէսզի անգամ մը եւս կաշառէք այդ խեղճերը, որոնք արտաքսուեցան իրենց հազարամեայ հողերէն եւ այսօր իշխանութեան կողմէ տրամադրուած պարգեւներու միջոցաւ իրենց գոյութիւնը կը պահպանեն։ Անո՞նց պիտի կաշառէք այս նոր դրամներով։ Բագրատ սառեցեալ արքեպիսկոպոս, ոչ ամօթ ունիք, ոչ հաւատք ունիք, ոչ հայրենիքի նկատմամբ, ոչ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Ձեր ըրածը դաւաճանութիւն է հայրենիքի նկատմամբ, նոյնքան դաւաճանութիւն է հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Բոլորդ հաշիւ պիտի տաք Աստուծոյ։ Չի կրնար ըլլալ, որ բոլորդ ալ անաստուած էք։ Կը հասկնամ, որ սերունդ մըն էք, որ համայնավարութեան օրերէն ծնունդ առիք։ Այդ մթնոլորտի մէջ մեծցաք։ Գրեթէ անհաւատ։ Բայց այսքա՞ն անհաւատ։ Եթէ գոնէ եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատք չունիք, ունեցէք հաւատք մեր հազարամեայ երկրին`հայրենիքին նկատմամբ։ Այսպէս շարունակէք՝ մեր ունեցածն ալ կը կորսնցնենք։ 

Ժամանակը հասած է, սիրելիներ։ Մոռցէք ձեր անհատական հաշիւները։ Թշնամին դուրսն է։ Սրած իր ճանկերը, ճիրանները՝ կը սպասէ մեզ նորէն յոշոտելու։ Մենք իրաւունք չունինք որպէս հոգեւորականներ քաղաքականութեան մէջ մտնելու։ Այս առիթով շատ հետաքրքրական յօդուած մը կար, որ 1960 թուականին Երուսաղէմի պատրիարքութեան «Սիոն» ամսագրի մէջ տպուած է։ Այդ յօդուածը գալ շաբաթ պիտի կարդաք «Հայ Կեանք»ին մէջ, ուր շատ յստակ կերպով ըսուած է, որ հայ հոգեւորականութիւնը պէտք է զբաղի միայն իր հոգեւոր սպասաւորութեամբ եւ երբեք պէտք չէ իր ձեռքերը արատաւորէ քաղաքականութեան մէջ մտնելով։ Հետեւաբար մեր կոչը Բագրատ սառեցեալ արքեպիսկոպոսին. հեռու կեցիր հայ ժողովուրդը փոթորկելէ։ Որովհետեւ պատասխանատու պիտի ըլլաս ոչ միայն այս ժողովուրդին առջեւ, այլ Աստուծոյ առաջ, որու խորանին առջեւ դուն ծունկի եկար, որպէսզի այդ խորանին միջոցաւ ծառայես այս ժողովուրդին, որուն կեանքը կը փոթորկեցնես։ Սա կը նշանակէ անգամ մը եւս, որ դուն անհաւատ մէկն ես։ Դուն միայն կը ծառայես փառքի եւ մամոնայի (իմա՝ նիւթական շահի)։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐեԱՆ.- Ուրեմն իրաւունք ունի ժողովուրդը Բագրատը «չարքեպիսկոպոս», «լրբազան» կոչելու, եւ շատերն ալ զինք կոչելու «Բագրատիկ»։ Ըստ երեւոյթին, Բագրատիկին սառեցնողները եւ անոնց ամենակարեւոր դէմքերէն մէկը Գարեգին Բ. չկաթողիկոսն է, որ զինքը սառցարանին մէջ դրած է եւ սառցարանէն, ըստ երեւոյթին, Սեպտեմբերին դուրս պիտի հանէ, որպէսզի ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղեցնէ այն շատ կարեւոր հանգամանքէն, որ կը վերաբերի ապօրինի իւրացումներուն, որու մասին երկու շաբաթ առաջ բաւականին յստակ կերպով բարձրաձայնած էինք այս հեռուստայայտագրէն, որ կը վերաբերի այն թալանչիներու մասին, ովքեր յատկապէս 2րդ եւ 3րդ նախագահներուն օրոք «բարգաւաճեցան». անշուշտ երեք նախագահներուն ժամանակ ալ եւ հաւանաբար հիմա ալ թալանի որոշ գործունէութիւն առաջ կ҆երթայ, բայց ամէնէն ծանրագոյն թալանը իրականացած է 2րդ եւ 3րդ նախագահներու ժամանակ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի ժամանակ, որոնց նաեւ զինակից ընկերը եղած է Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը։ 

Ըստ երեւոյթին Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը յարմար գտած է, որ Բագրատիկին սառցարանէն դուրս բերէ եւ ետ փողոց գցէ իրեն, որպէսզի ապօրինի իւրացումներու մասին զրոյցը դադրի, որովհետեւ կը յիշէք, սիրելի հեռուստադիտողներ, ինչպիսի հարուստ արխիւ կայ տեսանիւթերու, որոնք կը վերաբերին Գարեգին Բ.ի ունեցուածքներու մասին կամ յափշտակած- ներու մասին։ Հիմա միասին դիտենք այս խիստ խայտառակութիւն պատճառող տեսանիւթը, որ կը վերաբերի Գարեգին Բ.ի եւ վրաց պատրիարքի զրոյցին։ Թէկուզ խօսակցական լեզուն ռուսերէն է, սակայն բովանդակութիւնը պարոն Մխիթարեանը տեսանիւթէն անմիջապէս ետքը ձեզի կը ներկայացնէ եւ միասին կը մեկնաբանենք եւ կը շարունակենք մեր զրոյցը։ 

Ռուսալեզու տեսանիւթ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐեԱՆ.- Դուք դիտեցիք այդ այցելութիւնը, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը տուած է վրաց պատրիարքին։ Ընդհանրապէս խօսակցութիւնը եւ տեսանիւթը այդտեղ եղած է ռուսերէն, սակայն քիչ ետք կը յիշեցնեմ ձեզի, թէ ինչ ձեւի խայտառակութիւն եղաւ, որովհետեւ այդ ռեժիմին տակ մեծցած, Ռուսաստանի ռեժիմի տակ մեծցած Գարեգին կաթողիկոս, երբ կը փորձէ իր չգիտցած ռուսերէնով վրաց պատրիարքին բացատրել, թէ մենք եղբայրներ ենք, իրարու հետ պիտի գործակցինք, նաեւ կը զրուցէ պատրիարքին, որ ինք Էջմիածնէն ներս ինչ շինարարական աշխատանքներ կը տանի, նոյն ատեն կը գովերգէ պատրիարքը, ըսելով, որ ձեր պատրիարքութեան ներքոյ որքան կը բարգաւաճին ձեր վանքերը, ունիք կալուածներ, ունիք արօտավայրեր, եւ այլն։ Այսպիսի խօսակցութիւններ, որմէ ետք կը սկսի խօսիլ աւելի փողոցային հաեցերու մասին, որոնք երբեք յարիր չեն երկու վեհապետերու, այս պարագային։ Բայց այս խօսակցութեան ընթացքին հետաքրքրական տեղ մը Գարեգին կաթողիկոս ինքզինք կ҆ընդհատէ եւ քովը կեցող հայ հոգեւորականին կ҆ըսէ՝ «այս բառին ռուսերէնը ի՞նչ է»։ Անգամ մը եւս Գարեգին կաթողիկոս ցոյց կու տայ իր տգիտութիւնը։ Մենք չենք զարմանար, որտեւ մենք լաւ կը ճանչնանք Գարեգին կաթողիկոսը կաթողիկոս ըլլալէ առաջ ալ։ Մէկը, որ իր հայերէն լեզուին չէ տիրա-պետած, մի զարմանաք սիրելիներ, որ չի տիրապետեր նաեւ ռուսաց լեզուին։ Հասարակաց լեզու մը, որ ամէն տեղ խօսակցական էր այդ օրերուն, երբ համայնավարական ռեժիմը կը տիրէր։ Հետեւաբար Գարեգին կաթողիկոս այսօր շատ ընելիք ունի, եթէ կ҆ուզէ արժեւորել իր աթոռը։ Առաջին առիթով փողոցէն ներս կը հրաւիրէ իր սառե-ցուցած արքեպիսկոպոսը։ Կը կանչէ եպիսկոպոսական ժողով, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն մեր անկեալ վիճակը, մեր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վիճակը։ 

Այսօր եկեղեցին թաւալ – գլոր դէպի անդունդ կ҆երթայ։ Ժողովուրդը հեռացած է, սիրելիներ, եկեղեցիէն։ Նայեցէք ամէն տեղ՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք։ Այս բոլորին պատասխանատուն կաթողիկոսն է, վերջ ի վերջւոյ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ սրբութիւն սրբոց աթոռին վրայ ապօրէն կերպով նստած է, բայց նստած է։ Հետեւաբար շատ բան ունի ընելիք։ Հետեւաբար մենք կոչ կ҆ընենք, որ անպայման մեր եպիսկոպոսական դասակարգը`դասը ունենայ քաջութիւնը, վեհանձնութիւնը, տեսնելու հայ եկեղեցւոյ ձախողութիւնը եւ վտանգը հայ եկեղեցւոյ դէմ. կոչ ուղղէ ամէնուրէք, որպէսզի եպիսկոպոսական ժողով տեղի ունենայ, որպէսզի վերականգնենք այն փառքը, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ունեցած է. այդ փառքը, որ ծառայեց հայ ժողովուրդին դարերու ընթացքին։ Այդ փառքը իր փայլքը կորսնցուցած է, որովհետեւ մեր այսօրուայ հոգեւորականութեան մեծ մասը, դժբախտաբար եկեղեցականութեան մեծ մասը, կորսնցուցած է իր տեսլականը։ Իրեն համար կարեւոր է ապրանքը, գործը, եկամուտը, փառքը, գեղեցիկ կեանքը, բարօր կեանքը։ Այս բոլորը ինչո՞ւ են, գիտէ՞ք։ Որովհետեւ ձուկը վերէն հոտած է։ Գարեգին կաթողիկոսին կը նային (առածը կ҆ըսէ, չէ՞ – «փոքրը կ҆ելլէ մեծին կը նայի, ինչ որ մեծը կ҆ընէ՝ ինքն ալ կ՛ընէ»), կը տեսնեն, որ կաթողիկոսը ինքը միայն իր փառքով մտահոգուած է, իր կալուածներով մտահոգուած է, իր բարօր կեանքով մտահոգուած է, ապա իր քով ապրող, իր պնակէն կշտացող մանկլավիկները՝ եպիսկոպոս, վարդապետ նոյնը պիտի ընեն։ 

Ո՞ւր մնաց ձեր ծառայութեան դաշտը։ Ո՞ւր է այդ հոգեւոր սպասաւորութիւնը, որ մեր ժողովուրդը մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէ ձեզմէ։ Պապակ ունի մեր ժողովուրդը հոգեւոր դաստիարակութեան։ Ո՞վ պիտի ջամբէ այդ դաստիարակութիւնը, եթէ ոչ դուք, սքեմաւորներ։ Եթէ չէք հաւատար ձեր առաքելութեան, թողուցէք – գացէք՝ վաճառականութեամբ զբաղեցէք եւ թոյլ տուէք, որ արժանաւորներ գան եւ սպասարկեն այս ժողովուրդին եւ լիացնեն անոնց պապակը։ Որովհետեւ մենք հեռացած ենք Աւետարանի ուսուցմունքէն։ Անհրաժեշտ է եւ ժամանակն է, որ այդ ուսուցմունքը անգամ մը եւս ջամբենք մեր ժողովուրդին։ Եթէ հաւատանք Աւետարանի ուսուցումներուն, չենք ըներ այն, ինչ որ կ҆ընենք այսօր հայրենի իշխանութեան դէմ, որ նոյն այդ ժողովուրդին կողմէն ընտրուած է՝ վատ – աղեկ. լաւ, ժամանակը կու գայ։ Բայց դուք, որպէս հոգեւորականներ, իրաւունք չունիք հայ ժողովուրդին կեանքը փոթորկեցնելու յանուն ձեր փառքի։ Մի՛ ըլլաք վաշխառուներ։ Եղէք բարի, անկեղծ հոգեւորականներ, հաւատացող ձեր հոգեւոր առաքելութեան։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐեԱՆ.- Կարեւոր է նշել, որ օրուան իշխանութիւնները, յանձինս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, պէտք է իրենց ստացած պողպատէ «մանդատ»ը, մուրճը վերածեն պողպատէ մանգաղի։ Որովհետեւ մուրճը ըստ երեւոյթին չբաւարարեց, որովհետեւ մուրճէ, պողպատէ «մանդատ»ը իր նպատակին դեռեւս չէ հասած։ Պէտք է մանգաղն ալ աւելցնենք, որպէսզի ամէն տեսակի անպէտք գլուխներ հնձէ եւ ճանապարհը հարթէ։ Եւ այդ գլուխները կը վերաբերին անշուշտ արգելքներու, ոչ թէ մարդկային գլուխներու, այլ՝ արգելքներու։ 

Օրէնքի գերակայութիւնը շատ կենսական է, որ օրուան իշխանութիւնները բանեցնեն։ Ճիշդ է, հայրենակիցներ, ովքեր մասնակից են USA Armenian Life հեռուստահաղորդման այս դիտարանին որպէս դիտողներ եւ որպէս մեկնաբանութիւններ գրողներ, թերեւս նկատեցին՝ մեկնաբանութիւն գրող մը ըսաւ. «օրուան իշխանութիւնները արդէն ժամանակին ըսին յանձինս վարչապետ Փաշինեանին, որ մենք ձեռնամուխ չենք լինելու դատաիրաւական համակարգի մէջ»։ Այո, ձեռնամուխ լինելու իրաւունք չունին, որովհետեւ ժողովրդավարական համակարգը շատ յստակ կերպով բաժանման պատ ստեղծած է օրուան իշխանութիւններուն եւ դատաիրաւական համակարգի միջեւ։ Դատաիրաւական համակարգը պէտք է իր գործը ընէ, սակայն արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարութեան ներքոյ դրուած դատաիրաւական համակարգը, եթէ լաւ չաշխատի, կը նշանակէ արդարադատութեան նախարարը իր պարտականութիւնը ճիշդ չ՛ըներ եւ արդարարադատութեան նախարարը հրաւիրուած է գործելու, ծառայելու օրուան վարչապետին կողմէն եւ այս կէտին մէջ է, որ վարչապետը պարտաւոր է միջամտելու եւ չգործող արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարը կամ ամբողջ պետական «պիւրոքրասի»ն փոխելու եւ փոխարինելու գործունեայ անդամներով, անհատներով, որոնք իսկապէս նուիրուած են արդարադատութեան նախարարութեան գերագոյն առաքելութեան, որը բանեցնելն է դատաիրաւական համակարգը, իր լիակատար իմաստով, իր ամբողջական իմաստով։ 

Դատաիրաւական համակարգը պէտք է ոչ միայն «սուփըր մինիսթըր» Գագիկ Խաչատրեանի ապօրինի իւրացումները բռնագանձէ, այլ նաեւ 2րդ եւ 3րդ նախագահները եւ իրենց «թուլա»ներու (իմա՝ շնիկներու) կողմէ ապօրինի իւրացումները բռնագանձէ եւ եթէ նաեւ նոյնիսկ Փաշինեանի վարչակազմի օրօք կան ապօրինի իւրացումներ, թող անոնք ալ բացայայտուին եւ անոնք ալ բռնագանձման ենթարկուին, ինչպէս եւ առաջին նա- խագահի ժամանակէն եկած այդ տխուր իրողութիւնները։ 

Ի՞նչ անկախութիւն, ի՞նչ ինքնիշխանութիւն, ի՞նչ պաշտպանունակութիւն, եթէ երկրի մը տնտեսութիւնը թալանչիներու կողմէ ապօրինի իւրացումներու թիրախ դարձած է։ Պէտք է րոպէ առաջ ոչ թէ օրուան իշխանութիւնները «Toyota»ներու խոշոր խմբաւորում մը վարձակալութեան կամ վաճառքի ճանապարհով կառավարութեան պիւտճէէն յատկացնեն, այն պարագային երբ «Toyota» -ի ներկայացուցչութիւնը կը ղեկավարուի թալանչի նախագահի`Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ, այլ դատական կարգով բռնագանձեն վերջինիս թալանած գումարները։ 

Ասիկա ընդունելի բան չէ, սիրելիներ։ Ասիկա միայն «պանանային» հանրապետութիւններու վայել երեւոյթ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ այս։ Արդեօք ճի՞շդ են այդ մանրա- մասնութիւնները։ Ես պիտի խնդրեմ, որ վարչապետի գրասենեակը այս մասին բացատրութիւն տայ եւ յստա- կեցում մտցնէ։ Ի՞նչ կը նշանակէ թալանչի նախագա-հէն վարձակալութեամբ «Toyota» մակնիշի ինքնաշարժերու խոշոր քանակութիւն վերցնէ կառավարութիւնը եւ թալանչի նախագահի գրպանը փող դնէ։ 

Այս առթիւ նաեւ կարեւոր է յիշատակել այն փաստը, որ թալանչի նախագահներու կողմէ բանեցուած եւ իրենց ենթակայ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ բանեցուած լրատուամի- ջոցները պէտք է մենք անընդհատ ժողովուրդի ուշա- դըրութեան կիզակէտին յանձնենք։ Ի՞նչ ըսել կ҆ուզեմ։ Ըստ երեւոյթին, հին ռեժիմականներուն, «փլիւս» Գարե- գին բ.ի, «փլիւս» ՀՅԴ Բիւրոյի հակակշիռին տակ գտնո- ւող լրատուամիջոցները այս օրերուն միայն ժողովուր- դը ահաբեկելու՝ «թեռորայզ» ընելու, վախցնելու, իբր «լրատուական» ծառայութեան անցած են։ Սա կտրա- կանապէս մերժելի է։ Եթէ մենք նայինք վերլուծական մօտեցումով, եթէ սկսինք ընթեռնել կամ ունկնդրել հին ռեժիմականներու եւ իրենց մանկլաւիկներու կողմէ ներ- կայացուած լրատուամիջոցներու տեղեկութիւնները, ապա ուրեմն մենք իրազեկուած կ҆ըլլանք այն փաստի մասին, որ հին ռեժիմականներ եւ իրենց ապատեղե- կատուական ցանցերը ամէն ինչ կ҆ընեն, որ ժողովուրդը «թեռոր»ի մէջ պահեն. վախի մէջ պահեն անընդհատ եւ ալիեւեան «փրոփականտա»ները առաջ քշեն։ 

Վերջերս USA Armenian Lifeի եւ «Հայ Կեանք»ի մէջ լուր մը ներկայացուած էր. խորագիրը կը նշէր՝ Ալիեւի պահանջները Փաշինեանի կառավարութենէն։ Ես այդ խորագիրը փոխեցի եւ անգլերէնով ըսի՝ Ignore Aliyev›s Unrealistic Demands, Support Armenia». այսինքն՝ «Անտե- սեցէք Ալիեւի անիրատեսական պահանջները այլ զօրակ- ցեցէք Հայաստանին»։ Եւ այս առթիւ պէտք է շնորհաւորել Փաշինեանի կառավարութիւնը, եւ խրոխտ կերպով ար- տաքին գործոց նախարարութիւնը ելոյթ ունեցաւ վեր- ջին 48 ժամերուն եւ ուժեղ կերպով հակադարձեց Ալի- եւին եւ Ալիեւի թիկունքին կանգնած սելճուքա – օսմանա – սովետական փութինեան կառավարութեան, ըսելով, որ Հայաստանը իրաւունք ունի իր ռազմական զինա- նոցը արդիականացնելու, քանի որ ինքնիշխան պետու- թիւն է։ Այս առթիւ ես ալ իմ ձայնը կը միացնեմ բազմա- թիւ հայրենասէր, ազգասէր, պետականասէր հայորդի- ներուն, ովքեր կ҆ըսեն՝ «Հայաստանը իրաւունք ունի նաեւ բազմազան դարձնելու իր արտաքին զինակցութիւնները, Հայաստանը իրաւունք ունի զօրավարժութիւններ իրա- կանացնելու ցանկացած պետութեան հետ եւ այս առթիւ՝ Արեւմուտքի հետ եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմական ուժերու հետ»։ Ինչու չէ. Հա- յաստանը ինքնիշխան պետութիւն է, Հայաստանը ան- կախ պետութիւն է։ Ճիշդ է որ 1991ին այսպէս կոչո- ւած անկախութիւն վերահռչակուեցաւ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ այս անկախութիւնը սուտ անկախութիւն դուրս եկաւ, փուճ անկախութիւն դուրս եկաւ եւ հիմա արդէն վերջին մի քանի տարիներուն եւ յատկապէս 2020ի 44-օրեայէն ասդին սկսած է հայ ժողովուրդը միանշանակ քայլերու դիմել, որպէսզի Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը հզօրացնէ, որովհետեւ այլապէս ապագայ չկայ։ 

Այսօր Ռուսաստանը, ի հետեւանք Ամերիկայի ռազմական ուժերու հետ Հայաստանի ռազմական ուժերու համատեղ զինավարժութիւններու առթիւ ահազանգ կը բարձրացնէ եւ քողարկուած սպառնալիք կը կարդայ Հայաստանին, որ «մենք եղբայրական մեր հայ ժողովուրդին կ҆ուզենք մեր մտահոգութիւնը յայտնել, որ յանկարծ Հայաստանը Ուքրաինայի ճակատագրին չենթարկուի»։ Ներող եղէք, պարոն Փութին։ Բազմաթիւ հայեր արտերկրի եւ հայրենիքէն ներս հետեւեալ մտահոգութիւնը սկսած են բարձրաձայնել. «Մենք մեր եղբայրական Ռուսաստանին եւ ռուս ժողովուրդին մեր յարգանքը եւ սէրը կը յայտնենք։ Յանկարծ չպա- տահի, որ Ռուսաստանը Եուկոսլաւիայի ճակատագրին ենթարկուի, քա- նի որ Ռուսական Դաշնութիւնը, ըստ բազմաթիւ քաղաքագէտներու, շարունակութիւնն է սովետական կարգերուն, իսկ Ռուսական Կայսրու- թիւնը մինչեւ հիմա կը շարունակուի գոյութիւն ունենալ Ռուսական Դաշնութիւն`Russian Federation – ի անուան տակ եւ Russian Federation – ը՝ Ռուսական Դաշնութիւնը, ենթակայ է ճիշդ այդ գործընթացի թիրախ դառնալուն։ Իսկական Ռուսաստանի սահմանները չեն ընդգրկեր ոչ Հայաս- տանը, ոչ Հարաւային Կովկասը, ոչ Վրաստանը, ոչ այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը, Դաղստանը, Չեչենիան, Պելառուսը, Պալթեան երկիրները, Ուքրաինան, Մոլտովան եւ բազմաթիւ այլ տարածաշրջաններ»։ 

Այո՛, մեր մտահոգութիւնն է, որ Ռուսաստանը Եուկոսլաւիայի ճակա- տագրին չենթարկուի։ 

 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *