Կազմ – Փափուկ (Բ. եւ համալրո- ւած տպ.) 

ISBN – 978 9933 445 393 

Չափ – 21 x 13,5 սմ. 

Էջ – 216 

Լուսանկարներ – 86 

Կշիռ – 260 կրամ 

Հրտ. տարի – Յուլիս 2024 

Հրատարակիչ – Կիլիկիա հրատա- րակչատուն 

Գինը –20 ԱՄՆ տոլար 

Ստանալու համար դիմել – 

www.ciliciabooks.com 

Հնչակեան կուսակցութիւնը առաջին յեղափոխական սոցիալիստական կուսակցութիւնն էր Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի մէջ։ Անոր բոլոր հիմնադիրներն ու տեսաբանները մարքսիստներ էին։ Ան հիմնուած է կովկասահայ վեց ուսանողներու կողմէ, որոնք Արեւմտեան Եւրոպա եկած էին գլխաւորաբար Փարիզի, Մոնփելիէի, Լոզանի, Ցիւրիխի եւ Ժընեւի համալսարաններուն մէջ ուսանելու նպատակով։ 

Հնչակեան կուսակցութեան վերոնշեալ հիմնադիրներէն ոչ ոք Օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքացի էր, սակայն անոնք գաղափարական սեւեռակէտ դարձուցած էին ազատագրել հայ ժողովուրդը օսմանեան բռնատիրութենէն։ Այս նպատակին ծառայելու համար անոնք 1886 թուականի վերջին քառորդին Ժընեւի մէջ կը հիմնեն «յեղափոխական ընկերութիւն» մը, որու ծրագիրը 1887 թուականի առաջին քառորդին վաւերացնելէ ետք՝ կը հաստատեն կրանիթեայ անկիւնաքարը հետագայ Հնչակեան կուսակցութեան։ 

Առկայ հատորը հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ նաեւ հնչակեան Քսան կախաղաններու իրադարձութեան, մանաւանդ անոր լայն արձագանգին, որ մասնաւոր տեղ գտած է եւրոպական մամուլին եւ Կայսերական Գերմանիոյ դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ։ Գիրքը միաժամանակ ցայտուն կը դարձնէ պատմական այն փաստը, որ Քսան կախաղանները դառնալով առաջին զոհերէն Երիտթուրքերու նիւթած հայաջինջ ծրագրին՝ ստոյգ ահազանգ մըն էր հուսկ իրականացուող Հայոց ցեղասպանութեան։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *