Գրեց՝ Վարդգէս Գուրուեան 

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգընտիր Վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը՝ ՀՀ Խորհրդարանի ամպիոնէն: 

«Ես այսօր ամպիոնում կանգնած ասում եմ որ ո՛չ, Հայաստանը ինքնիշխան պետութիւն ա եւ մենք պէտք ա բան որոշելու իրաւուունքը վերադարձնենք մեզի որովհետեւ մենք երկիր ենք, մենք ախոռ չենք, մենք երկիր ենք: Մենք քաղաքացի ենք: Մենք մատաղացու գառ չենք որ տարբեր տեղերում որոշեն թէ ո՞նց եւ ինչքա՞ն մեզ մորթեն, եւ ինչքա՞ն մեզ նետեն: Մենք պետութի՛ւն ենք: Մենք ա՛զգ ենք: Մենք ինքնիշխա՛ն ենք: Այո մենք հպա՛րտ ենք: Այո մենք առնածո՛ռ ենք: Բայց մենք ունենք ինքնասիրութի՛ւն, եւ մենք թոյլ չե՛նք տայ որոշելու մեր իրաւունքը խլելու մեզանից: Մանիբուլացնելով մեզ հայրենասիրութեան մօտելներ հրամցնելով, որ այ դուք պիտի հայրենասէր լինէք այնպէս՝ ինչպէս մեզ է ձեռ տալիս: Մենք հայրենասէ՛ր պէտք է լինենք այնպէս ինչպէս այս երեխեքին է ձեռք տալիս: Ես թոյլ չեմ տալու որ մեր սերունդներին պահեն մատաղացու գառան կարգավիճակում: Մեզ կոտորեցին, ցեղասպանութեան ենթարկեցին, էդ չեք հասկանալու ի վերջոյ լաւ դրա խոր- քային պատճառները: Ինչքա՞ն կարելի ա զոհուածների էմոցիաների վրայ խաղալ: Ես զոհուածների գերեզմանների առաջ ծնկի եմ գալու, ծնկի եմ եկել, եւ ես գիտեմ, ես գիտեմ, մեր նահատակները ինչի՞ համար են ինկել: Այ ինկել են այս խօսակցութեան համար են ինկել, շատ ճիշդ է ու պարզ: Ինկել են որ մեզ պարտադրեն որ մենք թոյլ չտանք որ մեզ պահեն դարերով մատաղացու գառան կարգավիճակում: Մենք պետութիւն ենք, երկիր ենք, մենք քաղաքացի ենք, մենք հպարտ ժողովորդ ենք, մենք հազարամեայ պատմութոիւն ունենք: Բա թէ մեր պատմութիւնը մենք , ինքներս գրենք եւ ինքներս սովորենք ոչ թէ ուրիշներին թոյլ տանք որ իրենք գրեն մեր պատմու- թիւնը եւ մատուցեն պատմութիւնը մեզ:» 

Սփիւռքի «Նիկոլականներ»ը վարչապետին այս վերեւի միտքերուն ու գործերուն համար «Նիկոլական» են: Եւ այս՝ պատճառներէն մէկն է միայն: 

Աւելի գան երկու ամիս առաջ, «Զարթօնք» թերթին Յունիս 6, 2024 թիւին մէջ (տպուած Հայաստան) յօդուած մը կարդացի, ուր յարգելի խմբագիրյօդուածագիրը սփիւռքի իրաւ հայրենասէր զանգուածին մեծ մասը կ›անուանէր «Նիկոլականներ»: Խօսքը բնականաբար կ›ուղղէր Ռամկավար Ազատակաան Կուսակցութեան ղեկավարութեան, անդամակցութեան եւ համակիրներու լայն զանգուածին: 

Յարգելի յօդուածագիրը, «տրամաբանական խաբէութեամբ» կամ «տրամաբանական անճշդութիւններով» (logical fallacies) կը փորձէր հայրենիքով մտահոգ, հայրենի պետականութեան ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրներով մտահոգ սփիւռքահայ զանգուածները «վարկաբեկել» զանոնք «Նիկոլականներ» կոչելով: 

«Ո՞վ է սփիւռքահայ Նիկոլականը» բնուդագրումը բաժնած էր 12 մասերու: Ես այդ 12 մասերէն միայն 3 մասերու մասին պիտի խօսիմ: Միւսներուն մասին խօսիլը ժամանակի կորուստ կը նկատեմ: 

Ա.- Նիկոլականները «հակադաշնակցականներն են»: Շնորհակալ ենք: Յարգելի յօդուածագիրն ու իր անցեալի ու ներկայի շրջանակի մարդիկը շատ լաւ գիտեն որ սփիւռքի հայութեան նուազագոյն 90 տոկոսը «հակադաշնակցական» են: Իսկ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը վերջին ընտրութիւններուն քուէներուն քանի՞ տոկոսը ստացաւ … Պատասխանը յօդուածագիրէն կ›ակնկալեմ – 1.5 թէ՞ 2 տոկոս, ծախսուած հսկայական գումարներուն եւ կաշառքներուն դիմաց … : Ըստ Պատգամաւոր Արթիւր Հովհանէսեանի՝ «Դաշնակցութիւնից աւելի մեծ վնաս տուող հայկական պետականութեան չի եղել, երեւի չի ալ լինի»: Տակաւին, Դաշնակցական Պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը, որ Հ.Հ. պատուիրակութեամբ Եւրոպական Խորհրդարանական Վեհաժողովին կը մասնակցէր Պուխարէստի մէջ, փոխանակ խօսելու որ Ատրպէյճանը մեր հողերը գրաւած է, բազմաթիւ հայ գերիներ կան, իր խօսքին մէջ ըսած է որ «Հայաստանը բռնապետական երկիր է, հարիւրաւոր քաղբանտարկեալներ կան որոնք հալածւում են կալանավայրերում, լրագրողներն են բերման ենթարկւում, ծեծւում, ցուցարարներ են ծեծւում» (այդ լրագրողին ո՞վ ծեծած էր, կը յիշե՞ք յարգելիներս…): Եթէ Լիլիթ Գալստեանը տակաւին ազատութեան մէջ է իր այս դաւաճանական ելոյթէն ետք, յանցաւորը Վարչապետն է: Ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել նման դաւաճանական, հակահայաստանեան, հակահայկական, հակատեմոկրատական ելոյթներու՝ Եւրոպական 

Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ, չեմ հասկնար: Եթէ Դաշնակցութիւնը իշխանութեան գլուխը եղած ըլլար, Լիլիթ Գաստեանի հետքն անգամ կորսուած կ›ըլլար հիմա: Փա՞ստ՝ Պուրճ Համուտի ակումբային «իշխանապետութեան» արարքները: 

Այսքանը «հակադաշնակցական Նիկոլականներ»ու մասին: 

Բ.- «Ոչ-դաշնակցական կուսակցականներ, որոնք հայրենիքը գերադասած են օրուայ իշխանութեան գաղափարախօսութիւնէն»: 

Շատ ճիշդ: Յօդուածագիրը շատ լաւ պէտք է յիշէ որ ինչպէ՞ս այդ «ոչկուսակցականներ»ը կը հալածուէին դաշնակցութեան կողմէ, որովհետեւ հայրենասէր էին, որվհետեւ հայաստանասէր էին, առանց նկատի ունենալու որ Հայաստանը այդ ժամանակ «Սովետական Հայաստան» էր, եւ ո՛վ որ հայաստանասէր էր «սովետասէր» էր, հետեւաբար՝ համայնավար: Քանի՜ քանիներ զոհ գացին իրենց մաքուր հայրենասիրութեան համար, նոյն ինքն դաշնակցական մաուզէրիստներու գնդակներուն: Հիմա, մեր յարգելի յօդուածագիրը ծաղրելով այդ «ոչ-կուսակցականներուն» արդիօք կ›արադարացնէ՞ դաշնակցականներուն գործած ոճիրներն ու հալածանքները … : 

Գ.- «Նախկիններուն օրով գործ հիմած սակայն իրենց կողմէ անոր ապիկար տնօրինման պատճառով մեծ վնասներ ստացած սփիւռքահայերը»: 

«Ապիկար տնօրինման պատճառո՞վ» … Յօդածագիրը կը հաւատա՞յ արդիօք իր ըսածին: Ո՞վ չի յիշեր «Արմէնթօյ»ը: Հայաստանի անկախացման առաջին օրերուն, մեր Ընկերներէն (յօդուածագիրն ալ իր Ընկերն էր) Ռուբէն Թէրզեան, իր երկու հրեայ գործընկերներուն հետ Հայաստանի մէջ հիմնեց «Արմէնթօյ» (Armentoy) ընկերութիւնր որը տարեկան 800.000 կտոր խաղալիք կ›արտադրէր: Քանի մը տարի ետք, երբ Ընկ. Թէրզեանը կրկին Հայաստան կ›երթայ գործերը ստուգելու, իրեն կ›սպառնան որ «եթէ կեանքդ կարեւոր է քեզի, ալ Հայաստան մի՛ գար» եւ գործարանը կը սեփականացնեն ապօրինի կերպով: «Ես ոչինչ, ի՞նչ պիտի ըսեմ իմ հրեայ գործընկերներուս» ըսաւ մարդը: Իր ծրագիրն էր, երբ գործարանին արտադրութենէն եկող եկամուտները սկզբնական ներդրումները փակէին, շահաբաժնի իր մասը պիտի յատկացնէր Հայաստանի մէջ բարեսիրական նպատակներու: 

Մեր բարեկամներէն շատ հարուստ դեղագործ մը, Քոչարեանի օրերուն, Հայաստան գնաց այն ծրագրով որ Հայաստանի մէջ դեղաշինութեան մեծ գործարան մը հիմնէ գլխաւորաբար Գերմանական գործարաններու նմանողութեամբ եւ Գերմանական քիմիական հում նիւթերով պատրաստէ զանազան տեսակի դեղեր: Այդ դեղերը պիտի արտածուէին նախկին Սովետական Միութեան երկիրները, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներ: Ինքն ալ, երբ որ իր ներդումը վերստանար, գործարանին ամբողջ շահը պիտի նուիրէր Հայաստանի մէջ բարեսիրական բազմաթիւ նպատակներու (դպրոց- ներու բարելաւում, որբանոցներու, հիւանդանոցներու (Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ գործածուող դեղերը անվճառ պիտի տրամադրուէին), ծերանոցներու, կրթաթոշակներու, մշակութային միութիւններու, եկեղեցիին, մարզական ակումբներո, եւայլն): Բարեկամս մեծ յուսախաբութեամբ վերադարձաւ: «Ի՞նչ եղաւ» հարցումիս պատասխանեց՝« ինծի հասկցուցին որ ես դրամը իրենց տամ, իրենք գիտեն այդ դրամը ինչպէս ծախսել» … 

ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի ծնողներէն ոմանք ալ, խանդավառութեան առաջին օրերուն, զանազան նպատակներով ներդրումներ կատարեցին Հայաստատնի մէջ (մինչեւ անգամ ինծի ալ առաջարկեցին 25.000 տոլարով մասնակից ըլլալ իրենց ներդրումներուն): 

Տարի մը չ›անցած, բոլորն ալ յուսախաբ, հայհոյանքներով վերադարձան Լոս Անճելըս, անգամն ալ Հայաստան չ›երթալու սեւ որոշումով: 

Տակաւին կարելի է շարքը շա՜տ երկարել: 

«Նիկոլականները», պէտք էր ըսէի «Փաշինեանականները», սփիւռքի այն մաքուր հայրենասէրներն են որոնք մտածել գիտեն: Սփիւռքի Փաշինեանականները շատ յստակ կը տեսնեն թէ ի՞նչ եւ ինչե՜ր կը պատահին Հայաստանի ներքաղաքական թէ արտաքին քաղաքական զարգացումներուն մէջ: Համացանցը լեցուն է հակա«նիկոլական»ներու եւ բրօ «Փաշինեանական»երու գրութիւններով: Հեռատեսիլի հայկական կայանները լեցուն են Հայաստանեան լուրերով եւ վերլուծումներով: Քիչ թէ շատ խելք ունեցող մարդը (շատ խելք ունենալու պէտք ալ չկայ), շատ յստակ կը տեսնէ որ «հականիկոլականները» միայն թոյն ունին թափելիք Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ: Դրական ո՛չ մէկ բան: Շինիչ՝ ո՛չ մէկ բառ: Կեղծուած, կերպարանափոխուած, ստապատիր լուրերով ողողած են մամուլի էջերը, համացանցի սիւնակներն ու հեռատեսիլի ալիքները: Ամէն անգամ որ այդ մարդոց զարանցանքները կարդամ կամ լսեմ, քայլ մը աւելի կը մօտենամ «Փաշինեանականներուն»: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, կատարուած հակապետական գործողութիւնները, պետական հարուած կատարելու փորձերն ու Իշխանիկներու գոռում-գոչումները ցոյց տուին որ «նախկիններուն» իշխանութեան գալը, կամ ազգընտիր Վարչապետին իշխանութիւնը տապալելը միակ ծրագիրն ու նպատակն էր այդ մարդոց: 

Խորհրդարանին մէջ, յաճախ կը լսենք Քոչարեանականներուն, Սէրժականներուն եւ Դաշնակցականներուն ելոյթները: Մարդ կը զարմանայ որ ինչպէ՞ս կարելի է հայ ըլլալ, քիչ թէ շատ արժանապատւութիւն ունենալ եւ այդպիսի անտրամաբանական ելոյթներ ունենալ: Իսկ կին պատգամաւորներուն զիլ ձայնով պորչտուքները՞ … , չե՞ն ամչնար անոնք: Կը լսենք նաեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան, կամ Վարչապետին կողմնակից պատգամաւորներուն ելոյթները: Փաստերով, անուններով, դէպքերու ճշդումներով, տրամաբանական մօտեցում-վերլուծումներով, քաղաքակիրթ մարդու արժանավայել ելոյթները: Բնականաբար երկու կողմերը լսելէն ետք, կարելի չէ ճիշդ չդիրքավորուիլ: Եթէ քանի մը հազար դրամով ծախած չես հոգիդ, միտքդ ու սիրտդ, զաւակներուդ ապագան, ինչպէս նաեւ Հայրենիքդ, անպայման կողմ պիտի բռնես Վարչապետին հետ: 

Յարգելի բարեկամ, սփիւռքահայերուն, գլխաւորաբար ազգային, հայրենական, հայրենասիրական եւ Հայաստանի հարցերով մտահոգ մարդոց աւելի քան 75 տոկոսը «Նիկոլական» են: 

«Նիկոլական» ըլլալը չնշանակէր կուրօրէն հետեւիլ կամ ընդունիլ Վարչապետին կամ իշխանութիւններուն որոշումները: Ես համաձայն եմ յօդուածագրին այն կեցուացքին հետ որ Վարչապետը պէտք չէր «Սփիւռքի Նախարարութիւն»ը ջնջէր եւ «գործակատար»ով մը փոխարինէր այդ: Նոյնպէս, համաձայն չէի Վարչապետին այն որոշումին հետ որ «Կրթական Նախարարութիւն»ը փոխարինեց «Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի Նախարարութիւն»ով: Համոզուած եմ որ «Կրթութիւն»ն ու «Գիտութիւն»ը առանձին – առանձին նախարարութիւններով պէտք էր օժտուէին («Մշակոյթ»ն ու «Սպորտ»ը կարելի էր յանձնակատարներով ամբողջացնել): Նոյնպէս, համաձայն չեմ Վարչապետին կամ իշխանութեան տկար կեցուածքին՝ հանդէպ թալանչիներուն, Քոչարեանա-Սերժական մարդասպաններուն, 44-օրեայ պատերազմի դաւաճաններուն, եւայլն: Մեզի խոստացած էր օրէնքի սահմաններուն մէջ ամենախիստ պատիժները տնօրինել անոնց հանդէպ, «ասֆալտին փռել», «գլուխները ջարդել»: Կը սպասենք մուրճի ծանր հարուածի խօստումներուն: 

Հոս կ›ուզեմ մեր յարգելի խմբագիր-յօդուածագրին բառերն ու նախադասութիւնները քիչ մը բարեփոխելով իրեն վերադարցնել (Թէքէեանական համեմունքներով «անուշցած ու զօրացած …»): 

«Ամենազարմանալին այն է , որ «նախկինները» տակաւին մեր մէջ ունին համակիրներու շարք մը որ զիրենք կ›արդարացնեն …»: 

«Դժբախտաբար ատելութեամբ եւ ընքչաքաղցութեամբ այնքան կուրցած են իրենց ինքնակեդրոն պահուածքին մէջ, որ չեն ուզեր անդրադառնալ թէ զուտ անձնական ու շատ յաճախ ճղճիմ հաշուարկներով, անհայրենիք նախկիններուն վերադարձը կ›ուզեն … »: 

«Ցաւօք անշրջելի պիտի մնայ սակայն հինգ հազար լոյս տղաներուն կեանքը, որոնց անմեղ արեան պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կը կրեն Քոչարեանները, Սերժերն ու իրենց մանկլաւիկները, որոնք Հայոց Բանակին հաշւոյն պալատներու, կղզիներու եւ սպաննուած առիւծներու տէր դարձան, բանակը զինելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու տեղ»: 

Կը ցաւիմ որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կան մարիկ՝ «որոնց բնութիւնը ցաւօք զրկած է բանականութիւն ունենալու շնորհքէն» եւ այդ իսկ պատճառով անոնք կուրօրէն կը հետեւին նախկիններու ազգադաւ ճանապարհին՝ ի վնաս Հայաստանի ներկայի բարաօրութեան եւ ապագայի վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն: 

Երեսուն արծաթով խիղճն ու հայրենիքը, Հայաստանի եւ սեփական զաւակներու ապագան եւ Եռաբլուրի մէջ ննջող մեր անմահ նահատակներուն յիշատակը չեն ծախուիր: 

Վերջացնելու համար հաստատեմ որ Նիկոլականները կամ Փաշինեանականները «ճիւաղներ» չեն, այլ մաքուր հայրենասէր-հայաստանասէր-հայասէր ազնիւ սփիւռքահայեր: 

Մենք գիտենք, «Սփիւռքահայերս» շատ լաւ գիտենք թէ այդ եօթգլխանի ճիւաղները որոնք են: Խմբագիր-յօդուածագիրն ալ շատ լաւ գիտէ … : 

Վարդգէս Գուրուեան 

Լոս Անճելըս

 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *