Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Օգոստոս 16-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը. «Երկու թելի վրայ «չիֆթաթելլի» պար՝ ալիեվյան ոճով, Բագրատիկի «պարը»… գարեգին բ ռոբ-սերժի ջախջախումը»։ Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժան- որդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամէն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը USA ARMENIAN LIFE 08 16 24 (youtube.com) 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. – Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Հայաս- տան աշխարհը եւ յատկապէս հայկական պետութիւնը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական խաչմերուկի ամէնէն խնդրահարոյց հատուածին մէջ, որ միեւնոյն ժամանակ յղի է ե՛ւ վտանգներով, ե՛ւ յաջողութիւններու հեռանկարներով։ Անշուշտ վտանգներու ազգային աղէտալի մակարդակի հասնելու հիմնական պատասխանատուն պէտք ենք իւրաքանչիւրս ըլլանք որպէսզի մենք կարողանանք այդ պատասխանատուութեան գիտակցութենէն ելլելով վտանգները վերածենք նուաճումներու եւ իրագործումներու։ 

Նոյեմբերի 11էն 22 Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէն հովանաւորուած COP29՝ այսինքն օդոլորտի նուիրուած միջազգային համագումարը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ։ Չենք գիտեր ինչ պայմաններու մէջ Պաքուն ստացած է այդ լիազօրութիւնը դառնալու կեդրոնը այս համագումարին որ միջազգային եղելութիւն մըն է եւ աշխարհի բոլոր պետութիւնները իրենց ներկայացուցիչները կը ղրկեն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած այդ համագումարին մասնակցելու։ Եւ ըստ երեւոյթին Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ պիտի մասնակցի։ Այս առիթով իմ զրուցակից յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոսկան Մխիթարեանը պիտի զեկուցէ եւ ձեզի պիտի խօսի այն կարեւոր մեր ընելիքներու մասին թէ մենք ինչ պէտք է ընենք այս իրադարձութեան ընդառաջ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ .- Սիրելի հեռուստադիտողներ, նախ կ҆ողջունեմ բոլորդ, ապա կ҆ուզեմ մանրամասնօրէն անդրադառնալ այս երեւոյթին։ Նախորդ հաղորդակցութեան ընթացքին փոքրիկ մը անդրադարձանք, հիմա կ҆ուզենք աւելի լայնօրէն անդրադառնալ որովհետեւ ժամանակը հասած է որ խօսքէն գործի անցնենք։ Հետեւաբար, բոլորս ալ գիտենք, որ Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս համագումարը։ Պաքուն լաւագոյն առիթը կը նկատէ իր բռնապետին առաջարկով եւ հեղինակութեամբ այս վեհաժողովին ներկայացնել Ատրպէյճանը որպէս ժողովրդավար երկիր, երբ մեր գերիները տակաւին հոն են։ Ըլլան անոնք զինուորներ, ըլլան անոնք նախկին Արցախի իշխանութեան անդամներ։ Հետեւաբար այս առիթը ինք պիտի օգտագործէ։ Իրեն համար PR` 8ինքնագովազդի առիթ մըն է ասիկա։ Բոլոր անոնք որոնք պիտի երթան եւրոպական երկիրներէն, ներառեալ Ամերիկան, բոլորին ցոյց պիտի տայ, որ Ատրպէյճանը այսօր ժողովրդավար երկիր է եւ այդ բոլոր փոքրամասնութիւնները, որոնք հոն կ҆ապրին, բոլորն ալ կը վայելեն այդ «ժողովրդավար» երկրի «բարիքները»։ 

Բոլորդ ալ գիտէք, մենք ալ գիտենք, որ այս բոլորը շինծու բաներ են։ Բայց մենք ի՞նչ պիտի ընենք այս բոլորին դիմաց։ Ուրեմն, մեզի արթնութեան կոչ կ҆ուղղէ International Criminal Court-ի՝ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին ատենապետ նախագահ Լուիս Օքամփոն, ըսելով որ «հայե՛ր, արթնցէ՛ք, նայեցէք թէ ինչ կը պատահի Պաքուի մէջ Նոյեմբեր 11էն 22»։ Դուք պարտաւոր էք բարձրաձայնել ձեր բողոքը այն երկիրներու մէջ, ուր կ҆ապրիք։ Որովհետեւ գրեթէ Ամերիկայէն սկսած բոլոր եւրոպական երկիրներ պիտի մասնակցին։ Մենք չենք կրնար լուռ կենալ։ Արժանթինցի փաստաբան, իրաւաբան մարդը մեզի կոչ կ҆ուղղէ՝ «արթնցէք»։ Ատենն է, սիրելիներ, որ արթննանք։ Համայն սփիւռքը ոտքի հանենք Ամերիկայէն մինչեւ Աւստրալիա, ուր որ կ҆ապրին մեր հայերը։ Չմոռնաք որ բոլորս ալ արտաքսուած ենք մեր հայրենիքէն։ Բոլորս ալ արեւմտահայ սերունդի զաւակներ եւ թոռներ ենք։ Մեր պահանջքները շատ են։ Ահաւասիկ առիթն է, որ մեր բողոքի ձայնը բարձրացնենք Ամերիկայէն մինչեւ Աւստրալիա։ Միայն չխօսինք, սիրելիներ։ Գործենք։ 

Պարզ օրինակ մը տամ, մեր սիրելի Ամերիկայի մէջ հեռուստադիտողներուն։ Առջի օրը տեղը պաղեստինցիները իւրայատուկ ցոյց մը կատարեցին։ Երբ ես կը գնահատեմ իրենց քաջութիւնը (այդ ուրիշ հարց որ արդիւնք տուաւ չտուաւ), նկատի ունիմ այն, որ ամբողջ մամուլը անդրադարձաւ այդ մասին։ Առջի օրը, թիւ 405 մայրուղիէն դէպի հարաւ, դէպի օդակայան գացող ճամբան պաղեստինցիներ խումբ մը փակեցին. ամբողջ մէկ ժամ free-way-ը փակուեցաւ։ Այնքան մեծ աղմուկ ելաւ որովհետեւ պետութիւնը, քաղաքապետարանը անակնկալի առջեւ գտնուեցան։ Հարիւրաւոր ոստիկան- ներ իջեցուցին, որպէսզի կարենան մէկ կողմէն համոզել, մէկ կողմէն բռնեն եւ տանին այդ պաղեստինցիները։ 

Բայց պաղեստինցիները իրենց նպատակին հասան, սիրելիներ։ Ամբողջ մամուլը եւ հեռուստատեսիլը, երեկոյեան եթէ մտիկ ըրիք, խօսեցաւ այդ մասին։ Ափ մը պաղեստինցիներ բողոք ներկայացուցին, որ ջարդ կը պատահի այսօր, նոր ջարդ մը կայ Կազայի մէջ։ Մենք այդ քաղաքականութեան մէջ հիմա պիտի չմտնենք, բայց կը գնահատենք իրենց քաջութիւնը որ կրցան նման արարքի մը դիմել։ Հիմա եթէ պէտք է freeway փակել, փակենք։ Եթէ պէտք է երթալ Ուաշինկթըն, Ուաշինկթըն բողոք ներկայացնենք։ Եթէ պէտք է երթալ քաղաքապետարան, երթանք բողոքնիս հոն ներկայացնենք։ Եթէ պէտք է երթալ Սաքրամենթօ, որպէսզի նահանգապետը մեզ լսէ, երթանք, սիրելիներ, գործի անցնինք։ Խօսքը օդի մէջ կը ցնդի։ Ժամանակը հասած է որ գործի լծուինք ամէն տեղ, ամենուրէք։ 2 միլիոննոց Ամերիկա ենք, 1 միլիոննոց Քալիֆորնիա ենք։ Ամօթ է մեզի եթէ չկրնանք ոտքի ելլել, բարձրաձայնել եւ պահանջել մեր իրաւունքը։ Բոլորս ալ ամերիկացի ենք։ Այս երկրին տուրք տուող ազնիւ քաղաքացիներն ենք։ 

Մենք կը բողոքենք այսպիսի արարքի մը դէմ որովհետեւ տակաւին գերիները բանտի մէջ են եւ նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարները այդտեղ են եւ նոյնիսկ Կարմիր Խաչին իրաւունք չի տրուիր, որպէսզի իրենց հետ հանդիպում ունենան եւ իմանան թէ իրենց կարիքները ինչ են։ Այս բոլորը գիտակցելով, մենք պէտք չէ թոյլ տանք Ամերիկային, Եւրոպային եւ այլ երկիրներու որոնք պիտի մասնակցին այդ ժողովին, որ հանգիստ անցնին այս բոլորին վրայէն։ Պիտի բարձրաձայնենք, պիտի բողոքենք, ըսելով որ Ատրպէյճանը բռնատիրական երկիր է։ Ոչ մէկ ժողովրդավար օրէնք գոյութիւն ունի այդտեղ։ Ամէնէն մեծ օրինակը ահաւասիկ բանտարկեալները։ Երէկ էր տակաւին մեր եղբայրները, քոյրերը վտարուեցան իրենց հազարամեայ հողերէ։ Ո՞վ պիտի բողոքէ։ Որո՞ւն պիտի բողոքենք։ Պիտի բողոքենք հիմա բոլոր այն պետութիւններու ղեկավարներուն, որոնք պիտի երթան առանց ամչնալու այդ համագումարին ներկայ ըլլալու։ Մենք պիտի պարտադրենք։ Մենք տուրք տուող ժողովուրդ որպէս պիտի պահանջենք նահանգապետէն, քոնկրէսմեններէն, ուր որ է, ամէն տեղ բարձրաձայնենք, սիրելիներ, ժամանակը կարճ է։ 

Մեր հանգիստէն ելլենք։ Ժամանակը հասած է։ Չըսենք «ինծի ի՞նչ, հանգիստ կեանք մը ունինք, մեզի անհանգիստ ընող չկայ այստեղը»։ Կայ, սիրելիներ։ Մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը, այսօր 120 – 150 հազարով արտաքսուած են իրենց հողերէն։ Մեր եղբայրները, որոնք պատրաստ էին նահատակուելու յանուն հայրենիքի, բանտերուն մէջ են։ Դեռ չխօսինք անոնց մասին, որոնք տակաւին չեն ալ գտնուած, դիակները նոյնիսկ չկան։ Արցախի ղեկավարութիւնը մեր եղբայրներն են։ Բոլորն ալ բանտարկուած են։ Հիմա ատենն է բարձրաձայնելու եւ պահանջելու, որովհետեւ եթէ այսպիսի յարմար առիթ մը կորսնցնենք, կրնայ յաջորդ առիթը չներկայանալ։ Այո, քաղաքական մեծ թատերաբեմ է Կովկասը։ Այո, գերպետութիւններ իւրաքանչիւրը իրենց հաշիւները ունին եւ այդ հաշիւներէն ելլելով կը տեսնէք թէ ինչ կը պատահի, ըլլայ Ռուսաստան, ըլլայ Ամերիկան եւ Եւրոպան։ Մենք այս բոլորին մէջ պիտի սորվինք գոնէ գէթ մէկ անգամ մեր իրաւունքը պահանջելու։ Եթէ հիմա չպահանջենք, ժամանակը կորսնցուցած կ҆ըլլանք արդարօրէն անգամ մը եւս պահաջնելու։ 

Սիրելիներ, մեր պատմութիւնը տխրութեամբ լեցուն է։ Մենք իրաւունք ունինք այդ պատմութիւնը վերականգնելու եւ արշալոյս տեսնելու։ Ժամանակն է հիմա։ Բողոքենք ամէն ձեւով։ Փողոց պէտք է փակե՞նք, փակենք։ Դեսպանատուներու առջեւ պէտք է երթա՞նք, երթանք։ Բոլոր անոնք, որոնք պիտի մասնակցին COP 29 համաժողովին, Նոյեմբեր 12էն 22, ցանկը կայ, մենք կրնանք նաեւ ցանկը տրամադրել։ Մամուլի մէջ կը տպենք բոլոր այն երկիրներուն անունները, որոնք պիտի մասնակցին եւ այդ երկիրներէ ներս ուր որ հայ կայ, պիտի պահանջենք։ Ֆրանսա է, Անգլիա է, Իտալիա է, ամենուրէք, Ամերիկա է, մանաւանդ Ամերիկան։ Հայաստանէն ետք ամէնէն շատ հայ հոս ունինք։ Քալիֆորնիան 1 միլիոննոց քաղաք է։ Ամէն ձեւով պիտի պարտադրենք։ Պիտի պոռանք, կանչենք։ Եթէ չուզեն մեզ մտիկ ընել, պիտի խլցնենք իրենց ականջները մեր բարձրաձայնութեամբ, մեր իրա- ւունքներու պահանջով։ 

Հետեւաբար սիրելիներ, հաւաքուինք, քով քովի գանք, կոչ է ասիկա մեր բոլոր միութիւններուն՝ Armenian Essembly-ին ըլլայ, «Հայ Դատ»ը ըլլայ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ըլլայ, մեր կուսակցութիւնները, մեր կազմակերպութիւնները։ Այսպիսի սրբազան առիթ մը չփախցնենք։ Գործի անցնինք բոլորս միասին, ձեռք ձեռքի՝ յանուն հայրենիքի։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ .- Ռազմավարական տեսանկիւնէն դիտուած, Իլհամ Ալիեւը երկու թելի վրայ կը պարէ։ Մէկը ամերիկեան արեւելումի՝ օրիանթացիայի, միւսը՝ ռուսական օրիանթացիայի։ Սակայն Ատրպէյճանը իր փեթրօտոլարները այնքան մեծ քանակութեամբ կը ծախսէ Արեւմուտքի մէջ, որպէսզի իր իբրեւ թէ Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի բարեկամ ըլլալը շեփորահարեն, փրոփականտեն, որպէսզի Արեւմուտքին խաբեն ձեւով մը, իբրեւ թէ Ատրպէյճանը «Արեւմուտքի մարդ»ն է։ 

Սակայն իրականութիւնը գետնին վրայ այլ է։ Մենք ականատես ենք։ Գիտենք որ ինչպէս Ատրպէյճանը Ռուսաստանի հետ սերտ համագործակցութեան մէջ մտած է որպէսզի անմիջական իր ծրագիրները հետապնդէ եւ հայրենազաւթումը շարունակէ հայութեան դէմ։ Եւ նաեւ գիտենք ինչպէս Ատրպէյճանը այսօր իր արտաքին քաղաքականութեան փրոփականտի մէջ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային տարածքը կը յայտարարէ այսպէս կոչուած «Արե- ւմտեան Ատրպէյճան»։ 

Մենք, պարոն Մխիթարեանի առաջադրանքը ընդունելով, պէտք է այսպիսի փրոփականտ ալ նաեւ ներկայացնենք եւ նաեւ ճնշումը աւելի ուժեղացնենք մեր պատկան պետութիւններուն դիմաց, որպէսզի անոնք կամ յետս կոչեն իրենց մասնակցութիւնը, կամ իրենց մասնակցութեան ժամանակ արձագանգեն հայութեան միացեալ պահանջներուն։ 

Առաջադրուած պահանջները բազմաթիւ են, բայց ամենակենսականներէն երեք հատին այս պահուն միտքս կարելի է կեդրոնացնել եւ ներկայացնել։ Առաջինը արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի գործադրումը ինքնիշխանութեան վահանի ներքոյ։ Երկրորդ՝ մշակութային ցեղասպանութեան կասեցում։ Երրորդ՝ հայ բանտարկեալներու ազատագրում եւ ազատ արձակում։ Ուրեմն այս երեք առաջադրանքները կարելի է ներկայացնել միջազգային հանրութեան եւ ամէն գնով «աքթիվիզմ»ի ճանապարհով միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել այն փաստը, որ ինչպիսի ոճրագործութիւն կը կատարէ Հայտար Ալիեւի զաւակ Իլհամ Ալիեւի, բռնակալ Իլհամ Ալիեւի ռեժիմը Ատրպէյճանի մէջ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, այս առիթով նաեւ անգամ մը եւս կոչ պիտի ուղղենք. նախորդ մեր ելոյթներուն անդրադարձանք Վատիկանի հարցին, այսօր պիտի չշօշափենք այդ մէկը, որովհետեւ տակաւին գործնական լուրջ քայլեր չտեսանք։ Եղածը մեզ չի ոգեւորեր այդքան։ Բայց քանի ակնարկեցիք մշակութային ցեղասպանութեան, որ ամէն օր կը շարունակուի, մենք կոչ կ҆ուղղենք մեր նուիրապետական երկու աթոռներու աթոռակալներուն, որ անպայման իրենց ձայնը բարձրացնեն այս ժողովի նախօրեակին։ Եթէ հարկ է, դարձեալ այդ կոչը ուղղուի դէպի Վատիկան, ուղղուի World Council of Churches-ին, Զուիցերիոյ մէջ, որուն նախագահը եղած է Արամ կաթողիկոս երկար տարիներ։ Այս բոլոր գործօնները պիտի գործնականացնենք, կեանքի կոչենք։ 

Դուրս ելէք, հայրապետներ, ձեր հանգիստէն։ Հայ ժողովուրդը իր մշակութային գանձերը կը կորսնցնէ ամէն օր։ Նկարուած են այս բոլորը։ Յերիւրանքներ չեն։ Անջրպետէն կարելի է այդ բոլորը նկարել եւ կը նկարուին։ Բողոքի ձայն բարձրացուցէք։ Մեր քրիստոնեայ այլ եղբայրներու մօտ՝ ըլլայ ատիկա օրթոտոքս եկեղեցւոյ, ըլլայ ատիկա կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, կամ բողոքական եկեղեցւոյ մէջ։ Կարեւոր է. անպայման ձեր բողոքի ձայնը բարձրացուցէք, որպէսզի լսելի ըլլանք։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ .- Հարցումս կ҆ուղղեմ պարոն Մխիթարեանին, թէ այս օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմակայէ բազում արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներ, արդեօք յարմա՞ր է այս խաչմերուկին, այսպէս կոչուած Բագրատիկի կամ իրեն մօտիկներու կողմէ ճանչցուած՝ Բագրատ սրբազանի գալիք նոր արշաւանքները, արդեօք սա յարմա՞ր ընթացք է։- Ասիկա հայ կրօնականի, հոգեւոր ղեկավարի վայե՞լ ընթացք է, պարոն Մխիթարեան։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, ես կը կարծեմ, որ այդ շարժումը, անշուշտ իշխանատենչութենէ կը բխի, բայց այսօր նման շարժում մը վերստին փողոց իջեցնել, միայն կարելի է ըսել դաւաճանութիւն է հայրենիքի նկատմամբ։ Փոխանակ մեր ուժերը լարելու, նախ միացնելու, յետոյ լարելու ընդդէմ թշնամիին, անգամ մը եւս Բագրատ սրբազան կոչ կ҆ուղղէ ձախին, աջին, որ Սեպտեմբերի սկիզբը փողոց պիտի իջնեն։ Այ Բագրատ սրբազան, կ҆ամչնամ սրբազան ըսելու, փողոց իջար, հայ եկեղեցին վարկաբեկեցիր։ Ամօթ է։ Ալ վերջ տուէք։ Ճիշդ է, որ ձեր ետին կանգնողներն են որ ձեզ կը փորձեն այրել, հրահրել, անգամ մը եւս փողոց իջեցնել։ Տեղ պիտի չհասնիք։ 

Ընդհակառակը, հայ եկեղեցին առաւել եւս պիտի վարկաբեկէք։ Հիմա ատե՞նն է։ Թշնամին դուրսն է։ Նայեցէք թէ ինչեր կը կազմակերպեն իրենք զիրենք ցոյց տալու համար, որ իրենք են ժողովրդավար երկիրը։ Դուք ի՞նչ կ҆ընէք։ Ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը կը փորձէք տապալել։ Եղբայր, սպասեցէք։ Յաջորդ ընտրութեան, չէք ուզեր այս իշխանութիւնը, նորը ընտրեցէք։ Բայց ցոյց տուէք, որ մենք ժողովրդավար երկիր ենք, յաչս օտարներուն։ Չէ՞ որ պիտի երթանք, պահանջենք այդ ժողովրդավար երկիրներէն, որ մեզի զօրավիգ կանգ- նին որպէսզի բողոքեն որ օդոլորտին մասին այդ միջազ- գային ժողովը Պաքուի մէջ տեղի չունենայ եւ կամ ատոր նախօրեակին բանտարկեալները արձակուին։ 

Այս բոլորը ընելու ճանապարհին դուք ի՞նչ կ҆ընէք։ Ժողովուրդը ոտքի պիտի հանէք նորէն։ Ժողովուրդը ոտքի հանեցէք ռուսական դեսպանատան առջեւ, եթէ Ռուսաստան պիտի մասնակցի։ Ֆրանսական դեսպանատան առջեւ երեք հատ եպիսկոպոս տեսնեմ, Անգլիական դեսպանատան առջեւ տեսնեմ։ Բոլոր անոնք, որոնք պիտի մասնակցին այս համաժողովին այդ բռնապետին քով, բոլորն ալ դեսպանատուներ ունին, բոլորը եթէ ոչ, գոնէ մեծամասնութիւնը։ Կազմակերպեցէք որպէս հոգեւորականներ, ձեր ձայնը լսելի դարձուցէք այդ դեսպանատուներու առջեւ, եւ ոչ թէ ժողովուրդը կաշառելով փողոց հանէք իշխանութեան դէմ։ 

Բագրատ սրբազան, ասիկա դաւաճանութիւն չէ, ի՞նչ պէտք է կոչել։ Փորձեցիր մէկ անգամ։ Ժամը տուիր հրաժարականի, յետոյ երկու ժամ եղաւ, անգամ մը եւս փողոց ելար, ինքզինքդ խայտառակեցիր։ Եթէ ինքզինքդ կ҆ուզես խայտառակել, շարունակէ, բայց ժողովուրդը քեզի իրաւունք չի տար, որ դուն հայ եկեղեցին խայտառակես։ Հայ եկեղեցին նսեմացուցիր, վարկաբեկեցիր ամէն ձեւով։ Մի շարունակեր այլեւս։ Եկեղեցին ինքը արդէն վերանորոգման պէտք ունի։ Քեզի պէս եպիսկոպոսներ, արքեպիսկոպոսներ, ընդհակառակը, դէպի անդունդ կ҆առաջ- նորդեն եկեղեցին, փոխանակ փրկելու։ Ո՞ւր է ձեր ուխտը։ 

Ո՞ւր է ձեր կարեկցանքը ձեր ժողովուրդի նկատմամբ։ Ես կ҆ուզեմ իմանալ, որ դուն եւ քու շրջապատդ քանի՞ն իր հայրենի հողէն արտաքսուած արցախցիին կերակուր տուաւ, 2 հատ հագուստ տուաւ։ Հոս է ձեր հոգեւոր ծառայութեան արժէքը, որ ցոյց պիտի տաք։ Փողոց մի ելլէք։ Ձեզ պիտի կոչեն փողոցայիններ։ Բան մը պիտի չկրնաք փոխել։ Սպասեցէք։ Ամօթով չմնանք յաչս գերպետութիւններու։ Ամէն մարդ մեզ հիմա կը նկատէ ժողովրդավար երկիր։ Հետեւաբար, որպէս ժողովրդավար երկիր, հեռու կեցէք փողոց ելլելէ։ Զօրավիգ կանգնեցէք ներկայ իշխանութեան, եթէ չէք ուզեր զօրավիգ կանգնիլ, առնուազն բողոքեցէք որպէս հոգեւորական, ըլլայ ատիկա Վատիկան, ըլլայ ատիկա World Council of Churches, եւ կամ դեսպանատուներու առջեւ։ Ժամանակը հասած է։ Գործի անցէք։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ .- Բագրատ չառաջնորդ, ան- շուշտ ձեր մօտիկ զինակիցները կ҆ուզեն ձեզի կոչել, անընդհատ կը շեփորահարեն` «Բագրատ սրբազան», բայց իմացէք, որ ժողովուրդի լայն շրջանակներ ձեզի կը կոչեն Բագրատ լրբազան։ Պարոն Գալստանեան, պարոն չառաջնորդ, փոխանակ կեդրոնանալու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ներքին մաֆիայի աւազակութիւններու, թալանչիներու գործունէութիւններու վրայ եւ զանոնք բացայայտելու վրայ, դուք եկեր էք հիմա քաղաքականութիւն կը խաղաք։ 

Պէտք է դուք լաւ իմանաք, որ ձեր մայիսեան արշաւանքները, «բագրատիկեան արշաւանքները», որ «տաւուշեան կրկէս» կոչեցինք, յետոյ յաջորդ հաղորդումին նշեցինք եւ բացայայտեցինք Բագրատիկին արշաւանքներուն այն «սխրագործութիւնները» եւ նաեւ ատոր յաջորդեց «Բագրատիկի վերջնական ջախջախումը», ըստ երեւոյթին, այս ընթացքը ցոյց կու տայ, որ եւս մէկ անգամ պիտի խայտառակուիք անձնապէս դուք եւ ձեր ռեյթինկը որ արդէն զէրոյէն պակաս է, պիտի աւելի նուազի եւ minus՝ կրկնակի չափով ժխտական ռեյթինկի պիտի վերածուի։ 

Ուրեմն եկէք այս վերջին պահուն փորձեցէք գո- նէ ձեր կաշին փրկել, կեդրոնանալով ձեր ամենամօտիկ զինակիցներու աւազակութիւններու բացայայտման վրայ։ Ձեր ամենամօտիկ զինակիցներէն գլխաւորագոյնը Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը, որ աշխարհահռչակ է արդէն, եկեղեցւոյ շինարարութեան պիտակին տակ, կամ ծխածածկոյթին տակ դրամ, փող շողոքորթելու եւ ապօրինի իւրացումներ իրականացնելով կը զբաղի։ Ի՞նչ կ҆ըսէք այդ մասին, Բագրատիկ, ի՞նչ կ҆ըսէք այդ մասին. ոչ մէկ ըսելիք չունի՞ք։ Եւ անընդհատ կ҆ելլէք քաղաքականութիւն կը խաղաք եւ այն ալ ձախող քաղաքականութիւն։ Երանի թէ ազգային օրակարգ մը ունենայիք, որ մենք ալ համախոհ գտնուէինք, մեր նմաններն ալ համախոհ գտնուէինք եւ զօրավիգ կանգնէինք։ Բայց ըստ երեւոյթին, ձեր դատարկամտութիւնը արդէն բոլորիս յայտնի դարձաւ։ 

Եւ շատերուս արդէն յստակ պատկեր կը ներկայացուի այն փաստով, որ ընդդիմութիւնը յանձինս ձեզ կը փորձէ գետին ստեղծել, որպէսզի բռնի կերպով իշխանափոխութիւն իրականացուի եւ այդ բռնի իշխանափոխութեան արդարացման գլխաւոր ենթահողը պատրաստողը ըլլաք դուք։ Ուրեմն մեր առաջադրանքն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները աչալուրջ ըլլան եւ չթողնեն, որ եւս մէկ «Հոկտեմբեր 27» գործադրուի եւ նաեւ ապօրինի իւրացումներու մասին բռնագանձման օրէնքը շարունակուի աւելի արագընթաց կերպով գործադրուիլ, որովհետեւ տեսէք ինչ կը պատահի, սիրելիներ։ Այս թալանչիները մեզմէ, մեր ժողովուրդէն թալանած փողերով մեր ներքին կարգուկանոնը կամ օրէնքի գերակայութիւնը քարուքանդ կը փորձեն ընել եւ հայկական պետականութեան լինելութիւնը կը փորձեն հարցականի տակ դնել։ Այսինքն մեզմէ թալանած փողերով մեր դէմ կը պայքարին։ «Աբսիւրդ» բան է, չէ՞։ 

Այո, «աբսիւրդ» բան է, քանի որ ըստ երեւոյթին ապօրինի իւրացումներու մասին, բռնագանձման օրէնքը դեռեւս իր ամբողջ տարողութեամբ գործադրուելու իր հունի մէջ չէ մտած. ուրեմն այնքան ատեն, որ այս թալանչիները, հին գողապետականները կը շարունակեն այսպէս անպատիժ մնալ եւ ազատ, համարձակ գործել, այնքան ժամանակ մեր հանրապետութիւնը պիտի դիմակայէ անպէտք դժուարութիւններ։ Մենք կարիք չունինք այս տեսակ դժուարութիւններու։ Մենք պէտք է րոպէ առաջ մեր ազգին տունը կարգի բերենք եւ այն ժամանակ իրաւունք կ҆ունենանք ըսելու՝ «ապագայ կայ»։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *