Գրեց՝ Վարդգէս Գուրուեան 

Կ›ուզեմ հաւատալ որ այսօրուան երիտասարդութիւնը, եւ մանաւանդ հայոց պատմութեան ծանօթ հայեր, տեղեակ են որ 1880-ական թուականներէն մինչեւ 1920-ական թուականներուն տեղ կ›ունենար Հայ Ազատագըական Պայքարը՝ առաջնորդութեամբ մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններուն: Այդ հերոսական ժամանակահատուածէն մեզի ժառանգուած է ազատագրական-հերոսական-ֆէտայական երգեր, բանահիւսուած ժողովուրդի սիրտէն: Բնականաբար, ըստ աւանդութեան, մեր «աւանդական» կուսակցութենէն մին, այդ ֆէտայական երգերուն մէջ քանի մը բառեր «բարեփոխելով», իւրացուցած էր զանոնք: Եւ որովհետեւ այդ կուսակցութիւնը «սեփականացուցած» էր այդ երգերը, միւս երկու կուսակցութիւնները, բարձաթող ըրած էին զանոնք: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ Ռամկավարներն ու Հնչակեաններն ալ որոշ բառեր բարեփոխելով յարմարցնէին այդ երգերը իրենց կուսակցութիւններուն: 

Ոչինչ: 

Այդ երգերէն մին՝ «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»ն էր: 

Խրիմեան Հայրիկը, Պերլինի Վեհաժողովէն ետք Պոլիս վերադարձին, իր «Հերիսէյի Կաթսայ»ին նշանաւոր քարոզը կարդաց: Մինչ միւս ժողովուրդները երկաթէ շերեփով եկած էին իրենց բաժին ինկած հերիսէն առնելու, մենք, հայերս, թուղթէ շերեփով գացեր էինք, եւ ինչպէս միշտ, ձեռնունայն, անօթի վերադարձանք մեր խրճիթները: 

Այսօր Հայաստանը կը գտնուի շատ ահաւոր կացութեան մը առջեւ: Մեր հազարամեայ հայրենիքը շրջապատուած է արիւնարբու թշնամիներով: Թուրքիան տակաւին կ›երազէ (եւ արդէն իսկ բազմիցս սպառնացած է, նոյնիսկ Էրտողանի բերնով, որ Թալէաթներուն եւ Էնվէրներուն երազանքը պիտի ամբողջացնէ, իրագործէ) Հայաստանը եւ հայ ազգը երկրիս երեսէն ջնջելու: Ատրպէյճանը, նոյնիսկ իր Սահմանադրութեան մէջ կ›ըսէ որ Հայաստանի աւելի քան երեք չորորդը իր «պատմական հողեր»ն են: Արտրպէյճանի մէջ հիմնուած կուսակցութիւն ալ կայ, որը կը վայելէ պետական հովանաւորութիւն, ըստ որոնց՝ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» է … : Ռուսիան հետաքրքրուած է «Զանգեզուրի Միջանցք»ը իր «հսկողութեամբ» Ատրպէյճանին յանձնելու եւ Հայաստանի մնացեալ մասնիկն ալ կցելու Ռուսիոյ եւ զայն վերածելու իր մէկ նահանգին (ի ուրախութիւն Քոչարեանական- Դաշնակցական ղեկավարութեան … ): 

Սակայն, ինչպէս 44 օրեայ պատերազմին տեսանք, Հայաստանի թշնամիները սահմանափակուած չեն միայն Ատրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսիա եռանկիւնով: Իսրայէլը, Փաքիստանը եւ Պէլառուսիան ալ մեր ոխերիմ թշնամիներու ոհմակին կը պատկանին: Տակաւին, Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող արաբ ահաբեկչական գազաններն ալ ակռաները սրած կը սպասեն: 

Կը մնայ Վրաստանը: Լաւ սերտեցէք Հայ-Վրացական յարաբերութիւնները եւ պիտի տեսնէք որ Վրաստանն ալ, եթէ նոյնիսկ «չէզոք» է, աւելի համակրանք ունի «միւս» ճակատին հանդէպ: Ան, որեւէ մէկ ատեն կրնայ Պաթում-Հայաստան երկաթուղագիծը գոցել «նորոգութիւններու պատճառով», եւ ահա Հայաստանը կը մնայ կղզիացած՝ անօթի շանաձուկերով շրջապատուած: 

Այս ահաւոր կացութեան դիմաց, փրկութեան միայն մէկ միջոց կայ ՝ ահաւոր զինուիլ: 

ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ 

Բարեբախտաբար Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, իմաստուն առաջնորդութեամբը Ազգընտիր Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, 44 օրեայ պատերազմէն ետք իր զինանոցը սկսած է վերակազմակերպել արեւմտեան աշխարհի ահռելի զինամթերքով: Հնդկաստանն ալ, իր հաշիւներով, զէնք կը ծախէ Հայաստանին: Հայաստանի ներկայ Պաշտպանութեան Նախարարը, Պրն. Սուրէն Պապիկեանը, իր ժամանակին մէկ կարեւոր մասը կ›անցնէ արտասահման, զանազան երկիրներէ գերարդիական զէնքեր գնելու եւ վերազինելու Հայոց Անպարտելի Բանակը: Տակաւին, ինչպէս նախորդ յօդուածիս մէջ յիշած էի, Հայաստանի մէջ ալ մեծ թափով յառաջ կ›երթայ զինարտադրութեան ճարտարարուեստը: Ըստ Մխիթար Հայրապետեանի (ՀՀ Բարձր Տեխնոլոգիական Արդիւնաբերութեան Նախարար), «Այս պահի դրությամբ 27 ընկերութեան հետ 52 պայմանագիր է կնքվել՝ 171 միլիարդի (450 միլիոն տոլար), բայց այն մեծանալու միտում ունի»: Ըստ Արմեն Գրիգորեանի (ՀՀ Աննվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար), «Վերջին չորս տարիներին ռազմարդյունաբերության ոլորտի բյուջեն 100 անգամ ավելացել է»: 

Ալիեւն ու իր խորհրդականները շատ լաւ գիտեն որ եթէ 44-օրեայ պատերազմին, հայերուն այդքան աննպաստ պայմաններուն մէջ չկարողացան քանի մը օրէն ճզմել հայկական բանակը (ինչ որ իրենց հաշուարկած ծրագիրն էր), գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ այս անգամ, յաջորդ ճակատամարտին, յաղթել Հայ Զինուորին: Այդպիսի վախ արտայատած էր Ալիեւի խորհրդա- կաններէն մին, երբ կը գանգատէր որ «Հայաստանը օր մը կրնայ այնքան մը զօրանալ որ նախաձեռնութիւնը առնէ եւ յարձակի մեր վրայ» (Արցախն ու Հայաստանէն գրաւուած միւս հողամասերը ազատագրելու): 

Տակաւին վերջերս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 

Ներկայացուցիչներու տան անդամ Օկըսթ Ֆլեկըրի հետ հանդիպումին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ «Հայաստանի կողմէ իրականացուող ռազմականացման եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի քաղաքականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար»: Իսկ Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սմիր Շարիֆովը յայտարարեց. «Հայաստանի ռազմականացումը Պաքուն ստիպեց՝ աւելցնելու իր ռազմական պիւտճէն մօտ 5 միլլիառ տոլարի»: «Գող՝ սիրտը թող» պիտի ըսէր հայկական առածը … : 

Զինուորական գաղտնիք մը հրատարակած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ որ Հայաստանը յաջորդ 5-10 տարիներուն այնքան մը պիտի զինուի (գնուած ու Հայաստանի մէջ արտադրուած զէնքերով) որ այլեւս վախնալու պէտք պիտի չունենանք (բնականաբար եթէ Քոչարեանա-Սերժական-Դաշնակցական երրորդութիւնը դուրս պահենք Հայաստանի իշխանական տարածքներէն եւ զինուորական դաւաճաններուն տանք իրենց «արդար եւ արժանի պատիժը»): 

Ես զինուորական չեմ եւ չեմ հասկնար զինթեխնիկայէն: Սակայն, բա- ւական մը հետաքրքրուած եւ կարդացած եմ այլ երկիրներու (ՆԱԹՕ, Ռուսիա, Չինաստան, Եւրոպական երկիրներ, Թուրքիա, Ատրպէյճան, Իսրայէլ, Պարս- կաստան եւայլն) զինուորական-ռազմական ուժով: Թէ այս երկիրներու բանակնեը քանի՞ զինուոր ունին, ի՞նչ տեսակի զինամթերքով – թանկեր, հրա- սայլեր, օդանաւեր, նաւատորմիղ, ԱԹՍ-ներ, հրթիռներ, միջուկային զէնքեր եւայլ – զինուած են: Ես վստահ եմ որ մեր Պաշտպանութեան Նախարարը իր լաւագոյնը կ›ընէ մեր բանակը զինելու գերարդիական լաւագոյն զէնքերով: Բնականաբար Ատրպէյճանն ալ կը զինուի: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Ատրպէյճանը մեզմէ հինգ (5) անգամ աւելի զէնք եւ զինամթերք կը գնէ: Սակայն, 44 օրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ որ միայն լաւ եւ շատ զինամթերք ունենալը բաւարար չէ պատերազմը յաղթելու: Փա՞ստ … ինչո՞ւ Արտպէյճանը պէտք ունեցաւ Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Փաքիստանի, Ռուսիոյ, Պէլառուսիոյ եւ արաբ ահաբեկչական խումբերուն մեր դէմ պատերազմելու: Ես անունիս պէս վստահ եմ որ եթէ «հայ» դաւաճանները չ›ըլլային, մենք այդ պատերազմը չէինք կորսնցներ: Լաւ հետեւէցէք Ատրպէյճանի նախագահին եւ իր խոր- հըրդականներու գողարկուած սարսափին՝ Հայաստանի վերազինուելու ճիգերուն պատճառով: 

Գերմանիան, Համաշխարհային Առաջին եւ Երկրորդ Պատերազմներուն պարտուեցաւ, ջախջախուեցաւ եւ քարուքանդ եղաւ: Սակայն, գերմանացի ժողովուրդը վճռեց վերապրիլ եւ վերակազմակերպուիլ: Այսօր Գերմանիան աշխարհի առաջնակարգ երկիրներու կարգին է – գիտութեամբ, արուեստ- ներով, զինուորական կատարելագործուած զինատեսակներով եւ այլապէս: Գերմանիան որոշեց, ծրագրեց, անյուսահատ աշխատեցաւ եւ իրագործեց իր նպատակները: Նոյնը կրնանք մենք ընել եթէ «միանանք, որոշենք, ծրագրենք, խելքերնիս գործածենք եւ անյուսահատ աշխատինք»: Չմոռնանք որ մեր պարագային միասնականութիւնը եւ անդաւաճան հայրեասիրութիւնը պայ- մաններ են: 

Մենք պէտք է զինուինք նայեւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆԴԱՒԱՃԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ: 

Ոմանք պիտի փիլիսոփայեն որ «մենք կրնանք մեր մշակոյթով յաղթել» … «մենք մեր երեքհազարամեայ մշակոյթով կրնանք գոյատեւել եւ որպէս ազգ՝ անմահանալ»: Անմահանալու համար նախ պէտք է ապրիլ, գոյատեւել: Մեր աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ այնքան մը հզօր բանակ պէտք է ունենանք, անպարտելի ըլլանք, որ կարենանք դիմագրաւել որեւէ սպառնալիքի, զինուորական թէ այլապէս: Երբ մեր սահմանները այլեւս ան- խոցելի դառնան, այն ժամանակ կրնանք մեր «մշակոյթով գոյատեւել»: Այն ժամանակ կրնանք մտածել թէ ի՞նչ տեսակի մշակոյթի մենք պէտք ունինք: 21-րդ դարու մշակոյթներու խառնարանէն կրնանք ընտրել լաւագոյնները, յարմարցնել զանոնք մեր պայմաններուն, մեր «պատմական ներկային», մեր ազգային նկարագրին (եթէ ունինք) եւ միացուլել զանոնք մեր մշակութային աւանդութիւններուն հետ եւ խաղաղ ապրիլ: 

Ես վստահ եմ որ Վահագնի Կորիւնները պիտի ապահովեն Հայաստանին եւ Հայ Ժողովուրդին պանծալի ապագան: 

Վստահաբար կրնան, եւ պէտք է ընդարձակեն ալ … : 

Լոս Անճելըս

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *