Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ իտալական Ռոմա ակումբի նախկին յետսապահ Վենսան Քանտելա ռուսական «Սփորթ-Թի. Վի.» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է, թէ ո՛վ է լաւագոյն հայ ֆութպոլիստը:
«Մխիթարեան շատ խելացի եւ պայքարող մարզիկ է: Ես շատ կը դիտէի անոր խաղերը Ռոմայի օրերուն: Հիմա ան շատ մեծ դեր ունի Ինթերի յաջողութիւններուն մէջ: Մենք երբ մօտէն ծանօթացանք Հայաստանի մէջ իմ ընկերոջ եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին խմբակից Եուրի Ճորքայեֆի (որ նոյնպէս հայ է) ծննդեան օրը, ես անգամ մը եւս համոզուեցայ, թէ որքա՛ն խելացի մարդ է Հենրիխը: Եուրին Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ դարձած է աշխարհի ախոյեան: Անկասկած, Հենրիխ Մխիթարեանը, շատ կարեւոր ֆութպոլիստ է Հայաստանի համար: Բայց իմ կարծիքովս` ոչ թէ Մխիթարեանը, այլ Ճորքայեֆն է հայկական ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը», ըսած է Քանտելա: