ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Հանրային կապերու տնօրէն
2024 թուականի դեկտեմբեր 11-ին Հայկազեան համալսարանի Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը ընթացք տուաւ իր տարեվերջի նախաձեռնութեան` «Լիբանանեան-ամերիկեան ընկերային ծառայողներու աշխատանքի համագործակցութիւն: Լիբանանեան ընկերային ծառայողներու զինում` անբարենպաստ եւ խոցելի մարդոց հետ գործնականութեան նպատակով» խորագիրով: «Մուկար» շէնքի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը, մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին, ապահովեց առցանց լայն մասնակցութիւն:
Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա, ԱՄՆ) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն, նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները` յատկապէս արտակարգ իրա- վիճակներու մէջ Գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն ձեւաւորման գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ հետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս Գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ` կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը` ներգրաւելով տեղական ինքնակառա- վարման մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:
Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որուն մէջ ան ներկայացուց ծրագիրին ընդհանուր տեսութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ` դոկտոր Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը` Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ` դոկտորներ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչլ Հէյկզը` Սամֆորտ համալսարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հանրային դիւանագիտութեան բաժամունքի Հասարակական կապերու մասնագէտ Էլի Ֆերնէյնի ներկայացուց իր դիտարկումները` որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ: