Աշխարհի մէջ երջանիկ ժողովուրդ կայ՞: Կայ՞ այնպիսի ժողովուրդ մը, ազգ մը, որ գոհ է իր բախտէն, նաեւ՝ իր պատմական ոչ-բարդ, թեթեւ անցեալէն: Հազիւ թէ: Ի հարկէ կան ժողովուրդներ, որ աւելի դժբախտ են, քան միւսները: Կան ժողովուրդներ, որ ներկայիս աւելի խաղաղ ու հանգիստ կեանք ունին, այդ անվիճելի եւ անհամեմատելի է: Բայց երբ հայերը կը սկսին բողոքելու իրենց ներկայ իրավիճակին մասին եւ վճռական ձայնով կը յայտարարեն, որ «հայու բախտը» սեւ եղած է, ակամայ կը սկսիս մտածել, թէ ազգային երջանկութիւն ըսուածը որեւէ ազգ երբեւիցէ ունեցա՞ծ է: Պատմութեան քիչ թէ շատ ծանօթ որեւէ մէկը գիտէ, որ աշխարհի մէջ երբէ՛ք «երջանիկ ազգ» գոյութիւն չէ ունեցած: Ոչ թէ այն պատճառով, որ դժբախտութիւնը աւելի հաճելի կամ զօրաւոր է, այլ որովհետեւ այդ երջանկութեան մասին մեր պատկերացումները ցնդած են, պառաւած ու անիրական են: Աշխարհը իր ստեղծման օրէն ի վեր միայն պայքարի մէջ է: Նոյնիսկ փոքր թիթեռն ու բուսակեր կաթնասունները մնայուն պայքարի մէջ են՝ յօշոտուելու, սովամահ ըլլալու, որեւէ պատճառով ոչնչանալու վտանգին դիմաց: Նոյնիսկ կենդանիները կը պայքարին, ուր մնաց մարդը, որուն բանականութիւնը իր դժբախտութիւնն ու երջանկութիւնն է:
Նայելով աշխարհի պատմութեան, կը հասկնաս, որ մարդկութեան պատմութիւնը պատերազմներու ժամանակագրութիւն մըն է: Սարսափի եւ արեան պատմութիւն մը: Նուաճումի ու ձախողութեան, ձեռքբերումներու եւ կորուստներու, բայց ոչ երբէ՛ք երջանկութեան կամ դժբախտութեան: Թերեւս այն պատճառով, որ ոչ մէկ ժողովուրդ երբէք ալ չէ ձգտած երջանկութեան, այլ ուժի, հզօրութեան, մեծութեան եւ այլն: Մաս մը յաջողած է, ուրիշներ՝ ոչ: Նոյնիսկ երջանկութիւն բառը տարբեր ժամանակներու մէջ ու տարբեր ազգերու մօտ այլ ձեւով մեկնաբանուած է: Այնպէս, որ երբ ժամանակակից հայը կ’ըսէ, որ իր ժողովուրդը միշտ դժբախտ եղած է կամ կ’ենթադրէ, որ կան երջանիկ ազգեր, ան ոչ միայն չարաչար կը սխալի, այլ կրկին իր վիճակին ամբողջ մեղքը կը դնէ աւելի բարձր ուժերու վրայ:
Օրինակ ո՞վ ստիպած էր հայ իշխանները անվերջ կռուելու իրարու դէմ պատմութեան գրեթէ ամբողջ տեւողութեան: Ո՞վ կործանեց Արշակաւան քաղաքն ու սուրէ անցուց անոր բնակչութիւնը: Ո՞վ կործանեց հայոց թագաւորութիւնը 428 թուականին: Հայերը ու մի՛այն հայերը: Ու եթէ անասնական շահամոլութեան, մտքի աղքատութեան պատճառով, հայ իշխանները իրենք իրենց կամքով պարսից արքային ըսին, որ այլեւս թագաւորի պէտք չունին, այլ կը բաւարարուին պարսիկ մարզպանով ու այդ կերպով նախ քանդեցին ք. ա. 612 թուականէն ի վեր հաստատուած հայոց պետականութեան գրեթէ հազարամեայ գոյութիւնը, եւ ապա գլխատելով հայ ժողովուրդը՝ զայն զրկեցին իր ապագայէն, պայքարելու հնարաւորութենէն: Ո՞վ էր մեղաւորը: Եւ նման սարսափելի արարքներ լեցուն են մեր պատմութեան մէջ: Եւ նոյնիսկ երբ սեփական այլանդակութիւնները մէկ կողմ կը դնես ու նայիս, թէ քանի քանի թշնամիներ եկած են, աւերած ու գացած, կը հասկնաս, որ միայն դուն չէ որ նման ճակատագիր ունեցած ես: Աշխարհի մէջ չկայ գէթ ազգ մը, որ խաղաղ ու հանգիստ ընթացք ունեցած ըլլայ: Աշխարհի մէջ չկայ գէթ ազգ մը՝ հին թէ նոր, որ իր պատմութիւնը արիւնով սկսած չըլլայ ու աշխարհի մէջ չկայ գէթ ազգ մը, որ իր նուաճումները ինքն ըստ ինքեան ստացած ըլլայ: Ուրեմն ինչո՞ւ հայ ազգը դժբախտ է: Ինչո՞ւ հայուն պայքարը աստուածային է: Ու ինչո՞ւ հայերը այդպէս ալ չեն ուզեր մէկ կողմ դնել ընտրեալի այս գերեզմանափոր կարգավիճակը:
Կարելի է անհամար օրինակներ բերել, թէ աշխարհի մէջ ի՛նչ սարսափելի պատերազմներ ու կոտորածներ եղած են (հայերու հետ կապ չունեցող), կարելի է քաղաքական ու տնտեսական այնպիսի անմխիթար դէպքեր նշել, երբ ամբողջական ժողովուրդներ կործանման եզրին կանգնած են սովի ու աղքատութեան պատճառով: Քիչ չեն նաեւ պետութիւններու ոչնչացման դէպքերը․․․մէկ խօսքով աշխարհը երբէք ալ երջանկութեան ու խաղաղութեան օրրան չէ եղած: Հայ ժողովուրդն ալ (ինչպէս որեւէ հին ժողովուրդ) ապրած ու տառապած է միւս բոլոր հին ժողովուրդներուն նման: Հայերը, ի տարբերութիւն ամերիկացիներուն, աւելի շատ տառապած են ոչ թէ բախտի, այլ, այսպէս ասած տարիքի բերումով: Քանի մը հազար տարի ապրած ժողովուրդը, բնականաբար աւելի շատ բան տեսած է, քան քանի մը հարիւր տարի ապրածները:
Ընդ որում կը զայրացնէ նաեւ այն, որ մեր դժբախտութիւնները հատ-հատ նշելով հանդերձ, շատերը կը «մոռնան» նշելու մեր յաջողութիւնները: Իսկ միթէ մենք յաջողութիւններ չե՞նք ունեցած, նուաճումներ չե՞նք արձանագրած, ձեռքբերումներով չե՞նք յատկանշած մեր դարը: Ի հարկէ ունեցած ենք ու ոչ քիչ: Այդ պարագային, ինչո՞ւ չեն նշեր: Ինչո՞ւ: Քի՞չ յաջողութիւններ ունեցած ենք: Քի՞չ մեծութիւններ: Միայն Տիգրան Մեծին մասին առասպելներ պատմելով պէտք չէ բաւարարուիլ: Տիգրան Մեծը պէտք է հասկնալ:
Բայց մեր մէջ ողբալու սովորոյթը արդէն այնպէս բուն դրած է, որ մենք այլեւս չենք ուզեր հրաժարիլ անկէ: Մենք լացի միջոցով կ’արդարացնենք մեզ ու մեր բախտը: Ու մենք միշտ լացի առիթ ունինք: 2023-ի ու 2020-ի մասին խօսելու ժամանակ, կ’ըսենք․ «Այս ինչ փորձանք եկաւ մեր գլխուն»: Այսինքն, փոխանակ գնահատելու, ըմբռնելու ու հասկնալու, մենք կը ձգտինք լացին, լալ ու սփոփանք փնտռել: 1915-ի մասին այնպիսի ոգեւորութեամբ կը խօսինք, քիչ է մնացած ծափ տանք ու խնդանք բերկրանքէ, որ մեզ կոտորած են: Բան մը, որ պէտք է մեր ազգային խայտառակութիւնը նկատուէր, դարձած է ինքնութեան նման բան մը ու այսուհետեւ հայ կը նշանակէ կոտորուելիք: Այս է մեր փիլիսոփայութեան այժմու ընթացքն ու մղումը: Մենք ունինք միայն դաւաճաններ ու չար բախտ: Այն, որ հայերը չկարողացան բնական ձեւով ինքնակազմակերպուիլ 1900-ականներու սկիզբէն սկսեալ, մենք այդ մէկը նկատի չենք առներ, մենք ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս յղի հայ կինը կտոր-կտոր կ’ընէին, բայց մենք չենք ուզեր այդ կոտորածին մեզի բաժին ինկած մեղքը ընդունիլ: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 1892-էն սկսեալ ոչ միայն ճնշումները սովորական էին, այլեւ գրեթէ ամէն տարի ջարդ ու կոտորած կար՝ ամէն անգամ առնուազն 10 հազարանոց սպանդով: Ու եթէ վերջին 10 տարիներուն քեզ անընդհատ կը ջարդէին, բայց դուն հանգիստ նստած կ’աղօթէիր ու կը սպասէիր «լաւ օրերու», այդ մէկը չար բախտի՞, թէ՞ խելքի բացակայութեան նշան է, կամ թերեւս այնպիսի ընչաքաղցութեան, որ տուեալ պահուն, քանի մը դակեկանը աւելի գերադասելի է: Ի վերջոյ, 1910-ականներուն, նոյնիքն հայ վաճառականներն էին, որ հայ ֆետայիներուն սուղ գինով հագուստի կտորեղէն կը վաճառէին: Այս բախտի հետ կապ չունէր: Ինչպէս նաեւ այն, որ Իզմիրի ծով հարստութեան գէթ մէկ մասը հայ ժողովուրդին ծառայելու փոխարէն թուրք աւարառուներու բաժին դարձաւ: Այն, որ հայ կուսակցութիւնները այդպէս ալ նոյնիսկ մէկ անգամ լեզու չգտան իրարու հետ, ա՞յդ ալ չար բախտ էր:
Մենք պարզապէս չենք ուզեր ընդունիլ, որ մեր դժբախտութիւններուն համար մեղաւոր ենք մենք, առաջին հերթին մենք: Միշտ ալ թշնամի կը հանդիպի, բայց ո՞րն է մեր արժէքը, մեր էութիւնն ու ուժը:
Վայ այն ժողովրդին, որուն գործիքը արտասուքն ու բողոքն է: Վայ այն ժողովրդին, որ իր դժբախտութիւններուն վրայ կը յենի որպէս իր գոյութեան ապացոյցը:
Ի վերջոյ, մեզի նոր դժբախտութիւնները միշտ կը սպասեն, որովհետեւ մենք մագնիս ենք, քաշողութիւն ունինք: Ճանճերը եռացող կաթսային չեն մօտենար, կը մօտենան մարած կրակին, իսկ մենք մեզ կը պահենք մարած՝ հրաբուխի նման:
Կը ժայթքի՞ արդեօք հայ ժողովուրդի կամքին հրաբուխը, թէ՞ մենք արդէն դատապարտուած ենք արձագանգողի կեանքով ապրելու:
Միայն թէ, երբ նոր աղէտը հասուննայ, ամէն հայ թող յիշէ, որ իր փոքրիկ դժգոհութիւնը, իր փոքրիկ շահն ու մեծամտութիւնը, ինքնահիացումը այդ աղէտին հասունացման ծառը ջրած են:
Իսկ Զուիցերիա՞ն: Հեռուէն գեղեցիկ կ’երեւի:
Հայու ճակատագիրը՝ չա՞ր բախտ, թէ՞ անխելքութիւն