Սառոյցի վրայ պարող Ատելիա Պետրոսեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ աղջկանց սառոյցի վրայ պարի Ռուսիոյ ախոյեան:
Օմսքի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան ընթացքին, կարճ եւ ազատ պարի մրցումներուն Ատելիա 262,92 կէտ հաւաքելով գրաւեց առաջին դիրքը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Տարիա Սատքովա` 234,69 կէտ հաւաքելով, իսկ Ալինա Կորպաչովա 223,92 կէտ հաւաքելով դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
Նշենք, որ անցեալ տարի 17 տարեկան Ատելիա Պետրոսեան 246,53 հաւաքած էր եւ առաջին անգամ ըլլալով դարձած Ռուսիոյ ախոյեան: