
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 20 Դեկտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «…»։
Բ ա ց ա յ ա յ տ ո ւ մ ն ե ր ՝ հ ե տ ա զ օ տ ո ղ լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝
https://youtu.be/YltccRdFsQQ?si=0kwap6wnIYT_uZAs ալիքին:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Վերջերս բաւականին հետաքրքրաշարժ քաղաքական յայտարարութիւններ կատարուեցան Պաքուի կողմէ, լռելեայն մեղսակցութեամբ եւ զօրակցութեամբ Փութինի Ռուսիոյ եւ նաեւ յստակ զօրակցութեամբ Անգարային. թէ ինչպէս Ատրպէյճանը՝ այսպէս կոչուած այսօրուան Ատրպէյճանը եւ այսպէս կոչուած այսօրուան ազերիները իրաւունք ունին վերադառնալու այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Իմ զրուցակիցը՝ յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը այդ մասին պիտի զեկուցէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Սիրելի հեռուստադիտողներ, այսօրուան մեր ելոյթը կարելի է նկատել քիչ մը զաւեշտական, բայց չակերտներու մէջ, որովհետեւ այն ինչ որ կը յայտարարուի զաւեշտէն

անդին շատ դատա- պարտելի է մեր կողմէ եւ մեր լուռ կենալը այս պարագային դատապարտելի է։
Ուրեմն, վերջերս Իզմիր քաղաքի մէջ (Իզմիրը այյդ տեղն է, որ Աթաթիւրքի օրով, 1921-22 տարիներուն հոն բնակուող քրիստոնեաները, ըլլան յոյն կամ հայ, ջարդուեցան եւ այդ տեղէն աքսորուեցան) այսօր արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք անուամբ գրասենեակ մը բացուած է, որպէս թէ Հայաստանէն արտաքսուած ատրպէյճանցիներ իրաւունք պէտք է ստանան անպայման վերադառնան արեւմտեան Ատրպէյճան։
Նախ ծիծաղելի է։ Ծիծաղելի է այն իմաստով, որ մինչեւ 19րդ դար ըսեմ, Ատրպէյճան անունը գոյութիւն նոյնիսկ չէ ունեցած, ըլլայ օսմանական, ըլլայ եւրոպական, ըլլայ արաբական քարտէսներուն մէջ Ատրպէյճանի այդ տարածքը Շիրւան կոչուած է։ Համայնավարութեան տարիներուն սկսաւ Ատրպէյճան անունը գործածուիլ այդտեղ։ Հետեւաբար Ատրպէյճան՝ արեւմտեան առումով բացարձակապէս չի կրնար գոյութիւն ունեցած ըլլալ, եւ այս բոլորը յերիւրանք է, սիրելիներ։
Բայց զիս վրդովուեցնողը, զիս ընդվզեցնողը մեր լռութիւնն է, մեր մամուլին լռութիւնն է։ Եթէ այսօր Հայաստանի ներկայ պետականութիւնը, իշ- խանութիւնը դժուարին հարցերու առջեւ կը կանգնի եւ այս մասին չի բարձրաձայներ, որովհետեւ գերպետութիւններու հաշիւներուն մէջ փոքրացած հաշիւ մը դարձած է, մենք սփիւռքահայերս 8 միլիոն սփիւռքահայերս պարտաւոր ենք առանց բացառութեան մեր մամուլով, մեր մշակութային, մեր կուսակցական, բոլոր կազմակերպութիւններով դէմ ելլելու, յայտարարելու, որ այս բոլոր կեղծիք են։ Մեզի համար ոչ, օտարի համար։ Այս բոլոր փրոփականտան, որ Ատրպէյճանը կ҆ընէ, Թուրքիոյ օրհնութեամբ եւ քաջա- լերանքով, մենք լուռ ենք, անոր համար կը յաջողին։ Հետեւաբար մենք պարտաւոր ենք Ամերիկայի մէջ, ամերիկեան մամուլի մէջ դատապարտելու, այն ինչ որ կը յայտարարուի այստեղ։
Արեւմտեան Ատրպէյճան ոչ գոյութիւն ունեցած է, ոչ ալ կրնայ ունենալ, սիրելիներ։ Պատմականօրէն Ատրպէյճան ըսուածը գոյութիւն չունի։ Եւ չի բաւեր խօսիլ իրենց իրաւունքներուն մասին, կը խօսին նաեւ որպէս թէ մենք՝ հայերս հայրենիքէն ներս պարտաւոր ենք ատրպէյճանական մշակութային յուշարձանները պահպանել։ Ի՞նչ յուշարձան, սիրելիներ։ Ի՞նչ յուշարձանի մասին կը խօսուի։ Մզկիթ մը կայ, որ մեր աչքի նման պահած ենք այսօր Հայաստանի մէջ։ Պարսկական մզկիթ է Կապոյտ մզկիթը։ Կապ չունի Ատրպէյճանին հետ բացարձակապէս։ Եւ իրենք կը խօսին առանց խպնելու, առանց ամչնալու մշակութային արժէքներու մասին։

Կրնա՞ք երեւակայել, երկիր մը, որ իր դրացի երկրին հազարամեայ խաչքարերը քանդեց Նախիջեւանին մէջ, եւ այսօր տակաւին կը քանդէ մեր հազարամեայ մշակութային կոթողները, կը խօսի իր չունեցած մշակութային կոթողներու մասին։ Ո՞ւր ենք մենք, սիրելիներ։ Ո՞ւր է մեր ձայնը։ Մենք միայն այստեղ չէ, որ պիտի խօսինք։ Մերը արթնութեան կոչ է ձեզի ուղղուած։ Հայ մամուլ, խօսեցէք։ Մեր համալսարանական կեդրոնները, ուր հայագիտական կեդրոններ կան, այդտեղ պէտք է ելոյթներ կազմակերպեն, ժողովուրդին բացատրելու, որ արեւմտեան Ատրպէյճան երբեք գոյութիւն չունի։ Այս բոլո- րը կեղծիք են։
Եթէ մենք ձայն չհանենք, չբացայայտենք այս սուտերը, օտարը կը կլլէ, ամէն մարդ չի գիտեր հայուն ով ըլլալը։ Բայց մենք պարտաւոր ենք, սիրելիներ, այս բոլորը բացայայտելու, ատիկա ըլլայ ատրպէյճաներէնով, թրքերէնով, արաբերէնով, անգլերէնով, թէ այլ լեզուով, մենք պարտաւոր ենք ամենուր բողոքելու այս բոլորին դէմ։ UNESCOին պէտք է բողոք ներկայացնենք։ Այդ UNESCOին, որուն խոշոր նուիրատուութիւն կատարեց տիկին Ալիեւան։ Այդ UNESCOն, որուն անդամները գացին խաւիար ուտելու, մինչեւ Պաքու։ Այսօր UNESCOն անտարբեր է այս բոլորին նկատմամբ։ Մենք մեր բողոքը պէտք է ներկայացնենք ամենուրէք։
Եւ գիտէ՞ք, որ այս բոլորին մէջ ինչ կարեւոր դեր պէտք է ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Մեր մշակութային կոթողներուն մեծ մասը կրօնական է, սիրելիներ։ Եկեղեցիներ են, վանքեր են, խաչքարեր են։ Ո՞ւր է մեր եկեղեցին։ Ո՞ւր է Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը։ Ո՞ւր է Կիլիկիոյ հայրապետութիւնը։ Ո՞ւր են մեր պատրիարքարանները։ Ինչո՞ւ չէք բողոքեր։ Այս աւերը ընդդէմ մեր հայ ժողովուրդի պատմութեան, կը գործուի ամէն օր, ամենուրէք։ Մենք լուռ ենք։ Մենք զմեզ դատապարտենք։ Յանցաւոր զգանք, որ չենք խօսիր այս բոլորի մասին։
Սիրելիներ, դուրս ելլենք մեր հանգիստէն։ Այո մեզմէ իւրաքանչիւրը հանգիստ երկիրներու մէջ կ҆ապրի։ Մեր ամէնօրեայ խրախճանքներու մէջն ենք։ Բայց չմոռնանք, որ մեր լուռ մնալը այս բոլորի պարագային, դատապարտելի պիտի ըլլայ պատմութեան առջեւ, որովհետեւ մեր գալիք սերունդներուն պիտի չտանք այդ իմաստութիւնը բողոքելու, քաջութիւնը բողոքելու ընդդէմ այդ բոլոր կեղծիքներուն, որ այսօր Ատրպէյճանը կը փորձէ բացայայտել Թուրքիոյ օրհնութեամբ եւ քաջալերանքով։ Հոս է, որ մենք բոլորս ձեռք ձեռքի պիտի տանք։ Ահաւասիկ առիթ մը եւս, որ մենք զիրար մտիկ ընենք, զիրար սիրենք, զիրար քաջալերենք, որովհետեւ թշնամին դուրսն է։ Եւ ամէն վայրկեան կը սպասէ մեզ յոշոտելու, ոչ միայն մեր մշակութային կոթողները, մեզ անյետացնելու քարտէսէն։ Այս է իրենց գերնպատակը։ Եթէ ամէն օր կը լսէք հեռուստատեսիլէն Ալիեւի յոխորտանքները, որ այսպէս կ҆ընեմ, այդպէս կ҆ընեմ, չմոռնաք, նոյն յոխորտանքը ըրին թալեաթները եւ իր կցորդները։Ի վերջոյ միշտ կ҆ըսէ չէ՞ թուրքը՝ «եթէ մէկ հայ պիտի մնայ, այն ալ պէտք է թանգարանի մէջ մնայ»։
Սիրելիներ, վտանգ կայ, մեր չորս դին վտանգ կայ։ Ամէն օր կայ։ Եւ այս բոլորին գիտակ ենք ես ու դուն, բայց անտարբեր ենք այս բոլորին նկատմամբ։ Ժամանակը հասած է, որ այլեւս չլռենք, բարձրաձայնենք, որովհետեւ մեր արդար իրաւունքն է, մեր հազարամեայ երկիրը չենք կրնար ափսէի վրայ հրամցնել այս յոշոտող գայլերուն։ Ժամանակը եկած է։ Վեհափառ հայրապետներ, ժամանակը եկած է, որ ձեր բողոքի ձայնը լսելի դարձնէք Վատիկանէն մինչեւ այլ երկիրներ։ Բոլոր քրիստոնեայ աշխարհը պէտք է իմանայ, թէ Ատրպէյճան ինչ կ҆ընէ մեր մշակութային կոթողներուն։
Թուրքիան ի՞նչ ըրաւ վերջին հարիւրամեակին առաւել քան 1500-2000 վանքեր, եկեղեցիներ աւերուեցան, քանդուեցան։ Տակաւին կը շարունակուի այս բոլորը։ Չմոռնաք, երբ կը բարձրաձայնէք օտարներուն, յիշեցուցէք անոնց, որ ասոնք միայն հայկական մշակութային կոթողներ չեն։ Այո՝ ե՛ն քրիստոնէական մշակութային կոթողներ, բայց համամարդկային մշակութային կոթողներ են ասոնք, որոնք պէտք է հպարտութիւն առթեն ոչ միայն հայուն, այլեւ համայն աշխարհին։ Բոլոր անոնք, որոնք կարեւորութիւն կու տան մշակութային կոթողներուն, որպէս պատմութիւն։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ամենածիծաղաշարժ երեւոյթը այն է, որ այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը, որ ընդամէնը 1918ին սկսաւ կազմաւորուիլ արհեստական ճանապարհներով, ցարական Ռուսաստանի ժամանակ արդէն ծրագրած էին արհեստական, արհեստածին պետութիւն մը կեանքի կոչել, յանձինս այսպէս կոչուած Ատրպէյճանին, ի վերջոյ այդ ծրագիրը իրականացաւ սովետներու եւ օսմանցիներու համատեղ մեղսակցութեամբ եւ գործակցութեամբ։ Եւ ի զուր տեղ չէ, որ պատմութենէն լաւ քաջատեղեակ մարդիկ կ҆ըսեն «քոքա քոլան» աւելի հին է, քան այսօրուայ այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը։
Իսկ ինչու այսպէս կոչուած արեւմտեան Ատրպէյճանի մասին, որ պարոն Մխիթարեանը ակնարկեց, կեանքի կոչուած է այդ կազմակերպութիւնը.որովհետեւ եւ Պաքուն, եւ Անքարան սաստիկ մտահոգ են, նաեւ Մոսկուան ի հարկէ, սաստիկ մտահոգ են, որ արցախցիներու իրաւունքը միջազգային օրէնքի ճանապարհով կարելի է լուծել, եւ անշուշտ այդ կրկնօրինակը կայ արդէն, պատմական նմոյշը կայ, թէկուզ ատիկա զէնքով եւ պատերազմով իրագործուեցաւ՝ Քոսովոյի ինքնորոշման իրաւունքը։ Սակայն հիմա արդէն յստակ կը դառնայ, որ միջազգային հանրութիւնը սկսած է մօտենալ այն եզրակացութեան, եւ պէտք է ըսել որ նոյնիսկ հասած է այն եզրակացութեան, որ արցախցիները իրաւունք ունին հայրենադարձութիւն գործադրելու։
Ի՞նչ կը նշանակէ սա, այսօր այսպէս կոչուած եւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար, եւ որոշ մասով Ռուսաստանեան կայսրութեան համար։ Այս երեք էութիւնները հիմնուած են փոքրամասնութիւններու պատմական տարածքները կլանելու եւ ապօրինի իւրացման ճանապարհով իրենց արհեստական, արհեստածին պետութիւնները հզօ- րացնելու գաղափարի վրայ։ Եթէ Արցախի հայութիւնը կարողանայ, եւ պիտի կարողանայ, ինքնորոշման իրաւունքի ճանապարհով վերականգնէ Արցախի անկախութիւնը եւ անշուշտ այդ աշխատանքները Արցախի հայութիւնը առանձին չէ, որ պիտի կատարէ, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը զօրակցի, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը։
Եթէ այսօր Ալիեւեան տեսանկիւնէն դիտենք, ահաւասիկ խոշոր վտանգը այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի համար։ Էքրանի վրայ միասին եթէ նայինք քարտէսը պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս այսօր կոչուած Ատրպէյճանը բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու պատմական պապենական հողատարածքներ իւրացնելով, կեանքի կոչո- ւած է։ Իսկ յաջորդ քարտէսը պիտի տեսնենք նոյն իրավիճակի մէջ է Թուրքիան։ Իսկ յաջորդ քարտէսը պիտի տեսնենք այսօր, այսպէս կոչուած Ռուսական դաշնութիւնը
Ես անտեղեակ էի, այդքան մանրամասն տեղեակ չէի Ռուսաստանի մասին. ես վերջերս Ռուսաստանի պատմութենէն քաջատեղեակ ընկերոջ մը հետ կը զրուցէի, եւ ըսի ըստ նախնական տուեալներով 27 փոքրամասնութիւններ կը տեսնեմ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր, դարերէ ի վեր պայքարած են անկախութեան համար, ըսաւ չէ՝ մօտաւորապէս 100 փոքրամասնութիւն։
Ուրեմն, վերադառնալով քարտէսներուն, միասին դիտենք Ատրպէյճանի քարտէսը. կը տեսնէք այդտեղ թալիշները, շիրւանները, ձագուրները, լէզկիները եւ այդպէս շարունակաբար։ Իսկ Թուրքիոյ պարագային կը տեսնենք պատմական Հայաստանը, Քիւրտիստանը, Մերտինի շրջանը եւ հետաքրքրականը, ամենածիծաղաշարժը, երբ Իզմիրի մէջ, պատմական Զմիրնիայի մէջ այդ կազմակերպութիւնը կեանքի կոչեցին վերջերս «արեւմտեան Ատրպէյճանի» կազմակերպութիւնը։ Ծիծաղաշարժ երեւոյթը այն է, որ Զմիրնիան Կոնստանդնուպոլսոյ հետ եւ Սեւ Ծովի ափին տարածուած Պոնտոսի հետ պատմականօրէն յունական տարածաշրջաններ են։ Ուրեմն, շարունակելով դիտել այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիոյ քարտէսը, պիտի տեսնենք նաեւ արաբական աշխարհին պատկանող Ալեքսանտրէթը, որ պատմական Անտիոքն է եւ նաեւ Կիլիկիան։ Ուրեմն այս եռեակը՝ Ալիեւը, Էրտողանը եւ Փութինը՝ ես պիտի կոչէի սելճուքա – օսմանեան, ղազարաթաթարական «քազըններ», այսինքն զարմիկներ են։ Եւ ըստ երեւոյթին այս երեքը իրար հետ նոյն գծի վրայ նոյն խօսոյթով հանդէս կու գան եւ այս պարագային վերջերս Ռուսաստանի արտգործնախարարութեան խօսնակը շատ հետաքրքրական ակնարկ մը ըրաւ, որ մենք պէտք է աջակցինք բոլոր արմատախիլ եղած փախստականներու վերադարձին։ Եւ այստեղ բառախաղ չկայ, շատ յստակ կ҆ըսուի, կը կրկնուի ռուսական ամենաբարձր մակարդակի վրայ, թէ ինչպէս այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի ազերիները, իբրեւ թէ ազերիները, որ իրականութեան մէջ սելճուքներ են եւ այդ սելճուքները իմիջիայլոց այսօրուայ այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի ազգաբնակչութեան ոչ աւելի քան 15 տոկոսը կը կազմեն։ Նոյնպէս եւ սելճուք թուրքերը այսպէս կոչուած Թուրքիոյ մէջ Թուրքիոյ 90 միլիոն ազգաբնակչութեան հազիւ 20 տոկոսը կը կազմեն։ Հապա ո՞ւր մնացին 20-25 միլիոն քիւրտերը, մօտաւորապէս 2-3 միլիոն իսլամացած, թրքացած հայերը, 3-5 միլիոն յոյները, 16-17 միլիոն ալեւիները եւ այդպէս շարունակաբար։
Ուրեմն ըստ երեւոյթին այս երեք էութիւններու մէջ, այս երեք արհեստական պետութիւններու մէջ, այո, Ռուսաստանն ալ արհեստական պետութիւն է, որովհետեւ պատմական Ռուսիան պէտք է մենք 1000 տարի ետ երթանք, որպէսզի յստակ կերպով ճանապարհային քարտէսը նկարենք մեր մտքին մէջ եւ ատոր վրայ փաստարկումով առաջ երթանք։ Ուրեմն, այսօրուայ Ռուսաստանը ինքն ալ իր հերթին կայսերապաշտական երեւոյթ մըն է, ինչպէս եւ Թուրքիան։ Վերջերս ի զուր տեղ չէ որ Էրտողանը նոյն վտավախութիւնը ապրելով, որ Ալիեւը կ҆ապրի, այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի մէջ, եթէ Արցախը իր անկախութիւնը առնէ, նոյնպէս եւ միւս փոքրամասնութիւնները իրենց անկախութիւնը կ҆առնեն։ Ուրեմն սելճուք, այսպէս կոչուած ազերիները պիտի սահմանափակուին Աբշերոնեան այդ շրջանին մէջ, որ այդ ալ հայկական անուն ունի՝ Բակուրաշէն՝ Պաքու։ Իսկ Էրտողանի պարագային, Էրտողանը շատ հետաքրքիր կերպով անցած է հակայարձակումի, խորհելով որ լաւագոյն պաշտպանութիւնը յարձակումն է, ուրեմն այսօր Էրտողանը իր ախորժակները սրած, աչքերը տնկած է Սուրիոյ հիւսիսին, մէկ կողմէն արգելք կենալու Քիւրտիստանի կազմաւորման, միւս կողմէ իր օսմանեան երազները իրականացնելու։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, այստեղ անգամ մը եւս կ҆ուզեմ յիշեցնել, այդ նոր գրասենեակի ղեկավար Ասսիֆ Քուրպանի խօսքերը, ուր կ҆ըսէ որ, «մենք կ҆ուզենք վերադառնալ մեր տունը, մեր տունը, չմոռնաք, խաղաղութեամբ եւ ոչ թէ զէնքով»։ Կրնա՞ք երեւակայել այս յոխորտանքը։
Անշուշտ իր պոսը՝ Ալիեւ բռնակալը ամէն օր կ҆ըսէ որ կը պատրաստուինք, պիտի յարձակինք, տակաւին նոր յայտարարութիւններ կան թէ որքան նոր զէնքեր հասած են ըլլայ Պուլկարիայէն, ըլլայ Սերպիայէն եւ ըլլայ Իսրայէլէն։ Նոր զէնքեր հասած են այսօր։ Կրկնապատկած, եռապատկած, քառապատկած է այդ գումարները, որպէսզի զինէ իր երկիրը։ Որո՞ւն դէմ։ Ռուսաստանի՞ դէմ, Թուրքիո՞յ դէմ, Իրանի՞ դէմ։ Այստեղ խաղ մըն է որ կը խաղան։ Հետեւաբար, խաղաղութեան մասին որեւէ ատրպէյճանցիի խօսքը անհեթեթ յայտարարութիւն է։ Այս բոլորը մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք յանուն խաղաղութեան իրարու հետ խաղաղ պիտի ըլլանք առաջ, որովհետեւ թշնամին միշտ պատրաստ է զէնքով գրաւելու։ Չմոռնաք որ փոքր ենք։ Ցաւալին հոն է, որ մինչեւ այսօր վերջին 30ամեակին բացարձակապէս ճիգ չըրինք, չխնդրեցինք որ հայութիւնը չհեռանայ Հայաստանէն։ Սիրելիներ, մենք 5 միլիոն պէտք է ըլլայինք մինչեւ հիմա։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այս ընդհանուր կացութեան մէջ, լոյսը խաւա- րի մէջ այն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, հայկական պետականութիւնը վերջերս պաշտօնապէս որոշում ընդունեց աշխարհազօրայիններ կազմաւորելու՝ ինքնապաշտպանութեան ուժերը, զինեալ ուժերու կողքին քաղաքացիներու կողմէ բաղկացած ինքնապաշտպանութեան ջոկատները, առաւել ուժեղացնելու։ Սա շատ կարեւոր երեւոյթ է եւ ամենագործնական ճանապարհներէն մէկն է, որ Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտի հիմնադիր նախագահ, ամերիկեան բանակի գեներալ մայոր, հանգստեան կոչուած, Մարք ՄըՔարլին բազմիցս բարձրաձայնած է, ի հարկէ բազմաթիւ ազգային գիտակցութիւն ունեցող հայորդիներ եւ հայուհիներ բարձրաձայնած են, որ Հայաստանը պէտք է րոպէ առաջ ճանապարհը բռնէ (եւ բարեբախտաբար բռնած է), ազգբանակ, «ամրոց պետութիւն» գաղափարի շուրջ համախմբուի։
Այս առումովմ, պատմութենէն վառ օրինակներ կան, եւ այդ օրինակներով պէտք է ներշնչուիլ, առաջ երթալ։ Այսպէս՝ 1920ին, երբ դեմոկրատական հանրապետութիւնը Հայաստանի արդէն տեղը զիջած էր սովետական բռնակալ ներխուժումին, այն ժամանակ զօրա- վար Գարեգին Նժդեհ համախմբուած իր 10 հազար զինուորներով, կարողացաւ Սիւնիքը պաշտպանել արեւելքէն յարձակում գործող սովետական Կարմիր բանակին դէմ, որ շուրջ 150 հազար թիւ կը կազ- մէր, իսկ արեւմուտքէն յարձակում գործողը քեմալական 120 հազար բանակն էր։ Գարեգին Նժդեհ երկիր – ամրոց, ազգբանակ հասկացողութեամբ կարողացաւ պնդել եւ պարտադրել, որ այդ ժամանակ Սիւնիքը մնայ Սովետական Սոցիալիստական Հայաստանի Հանրա- պետութեան կազմէն ներս։ Եւ ատոր համար է որ այսօր մենք բախտաւոր ենք, որ միջազգային փաստաթուղթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ 1991ին վերանկախացման առթիւ Սիւնիքը ճանչցուած է միջազգային սահմաններէն ներս հայկական տարածք։ Այսօրուայ Սիւնիքի դիրքը պէտք է ըսել, որ ամբողջ տարածաշրջանի ամենաուժեղ, ամենաբարձր արժէք ունեցող անշարժ գոյքն է, եթէ կ҆ուզենք կոչել անշարժ գոյք, որովհետեւ Սիւնիքը աշխարհագրականօրէն եթէ համաշխարհային քարտէսին նայինք, պիտի տեսնենք որ Սիւնիքը այդ միակ տարածաշրջանն է, որ հիւսիսը հարաւին կը կապէ, արեւմուտքը արեւելքին կը կապէ։
1991ին, երբ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը արեւմուտքէն եւ արեւելքէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջափակման մէջ առին, Արցախեան ազատապայքարի ժամանակ, բանից դուրս եկաւ որ իրենք յայտնուեցան շրջափակման մէջ, որովհետեւ շնորհիւ Սիւնիքին այսօր կը շարունակէ գործել հիւսիսհարաւ ճանապարհը, որ նաեւ իր զօրակցութիւնը կը ստանայ Եւրոպական Միութենէն, եւ ամէնէն կարեւորը՝ իր զօրակցութիւնը կը ստանայ տեղացի մեր հայրենակիցներէն, որոնք ամէն կերպ պայքար կը տանին, որ ուժեղանան։ Եւ այս առթիւ պէտք է բարձր գնահատել հայկական պետականութեան պաշտօնական որոշումը, որ աշխարհազօրայինները առաւել ուժեղանան եւ Թուրքիա եւ Ատրպէյճանի ախորժակները մնան իրենց կոկորդներու մէջ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Սիրելիներ, այս կոչը կ҆ուզեմ ձեր ականջներուն օղ ըլլայ։ Մենք պարտաւոր ենք բարձրաձայնել, բացագանչել, պոռթկալ ամենուրէք՝ բեմերէն, մամուլով օտարներուն հասկցնել, որ հայրենիքը, մեր հազարամեայ հայրենիքը կայ եւ պիտի մնայ։ Որեւէ ոտնձգութիւն հայրենիքի դէմ պիտի հանդիպի մեր կամքի ուժականութեան եւ երբեք տեղի պիտի չտանք։
Լուռ մի մնաք։ Բարձրաձայնէք, ձեր արդար իրաւունքը պահանջեցէք, որպէսզի այդ արդար ջահը փոխանցէք մեր գալիք սերունդներուն։