Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական հա- մալիրին մէջ, Դեկտեմբեր 26-ին, տեղի ունեցած է պաշտ- պանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի տարե- վերջեան հանդիպումը հաւատարմագրուած, ինչպէս նաեւ 2024 թուականի ընթացքին պաշտպանական ոլոր- տը աւելի աշխոյժ լուսաբանած լրատուամիջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ։ 

Հանդիպման մասնակիցներուն նախարար Պապի- կեան համառօտ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներն ու պատասխանած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն՝ պաշտպա- նական բնագաւառին վերաբերող հարցումներուն։ 

Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախա- րար Սուրէն Պապիկեան, պաշտպանութեան նախարա- րի տեղակալ Արման Սարգսեան եւ մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեան լրատուամիջոցներու խումբ մը ներկա- յացուցիչներու յանձնած են խորհրդանշական նուէրներ։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *