Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Այ. Պի. Էյ.»-ի չեմփիընզ նայթ» բռնցքամարտի երեկոն, որուն ընթաց- քին ռինկ բարձրացան 6 հայ բռնցքամարտիկներ, որոնցմէ 4-ը տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին: 

Հայաստանի հաւաքականի անդամ Դաւիթ Չալոյեան արհեստավարժ ռինկի մէջ իր 2-րդ յաղթանակը տօնեց: Ողիմպիական խաղերու մասնակցող գիւմրեցի մարտիկը գերծանր կշիռի 92 քիլոկրամէն «Այ. Պի. Էյ.»-ի «Ուժե- ղագոյն ընտրանք» քառորդ աւարտականի գծով մրցեցաւ ռուս Վիթալի Քուտուխովի դէմ: Առաջին ռաունտէն իսկ Չալոյեան նախաձեռնողի դեր առաւ եւ հարուածներու տարափ մը հասցուց մրցակիցին. ան մրցումի աւարտին միաձայն որոշումով վստահ յաղթանակ տարաւ 3-0 արդիւնքով: 

92 քկ կշիռի մրցումին, Նարեկ Մինասեան նոյնպէս տպաւորիչ յաղթա- նակ տարաւ: 6 ռաունտ տեւած մրցումին, Մինասեան 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց նիկերիացի Օսթին Նամտին: 

Գուրգէն Մատոյեան 71 քկ կշիռի մրցումին տպաւորիչ ու գեղեցիկ մենա- մարտ կատարեց շատ աւելի փորձառու ուզպեք մրցակից Քուտրաթիլլօ Ապտուքախորովի դէմ եւ 6 ռաունտէ ետք յաղթեց 3-0 արդիւնքով: 

Երեկոյի առաջին յաղթանակը տարաւ Արթուր Բազէեան: Բազէեան մեծ առաւելութիւն ունէր իր ալպանացի մրցակիցին վրայ: Յատկապէս վերջին ռաունտերուն, Բազէեան քիչ մնաց նաք աութի ենթարկէր Արտիթ Մուրժան, 60 քկ կշիռի ելոյթին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *