Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր Մարտունիի մէջ միացաւ դիտորդներուն եւ վերահսկեց իրավիճակը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմէն: 

«Շնորհակալ եմ տեղացիներուն սուրճին եւ հիւրընկալութեան համար: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հպարտ է համայնքին վստահութեամբ եւ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան երաշխաւորման», կ՛ըսուի առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ կատարուած գրառման մէջ: 

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպանները 29 Յունուարին Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութիւն տուին Հայաստանի մէջ Եւրո- պական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան վերաբերող որոշումին. եւրոպացի դիտորդները Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ պի- տի մնան երկու տարի եւս՝ մինչեւ 19 Փետրուար 2027: Հայաստանի արտա- քին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան արձագանգեց այս որոշումին՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրելով. «Հայաստանը ողջունում է Եւրոպական Միութեան խորհրդի որոշումը՝ եւս երկու տարով երկարաձգելու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան մանդատը (յանձնառութիւնը) Հայաստանում: Առաքելութիւնն ապացուցել է, որ տարածաշրջանում կայու- նութեան հիմնասիւներից մէկն է: Մենք բարձր ենք գնահատում Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր անդամ պետութեան աջակցութիւնն ու նրանց մասնակցութիւնը 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *