Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 20 յունուարին որդեգրած է արցախահայութեան վերադար- ձին շուրջ միջազգային խորհրդաժողով հրաւիրելու բանաձեւը: 

Նշեալ բանաձեւը 15 հոկտեմբեր 2024-ին որդեգրուած էր Ազգային խոր- հուրդի ստորին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ: 

Ատկէ ետք ստորին պալատը թեր քուէարկեց այդ նախագիծին: Քանթոն- ներու խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 6 թեր, 1 դէմ, 2 ձեռնպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունուած այս բանաձեւը պիտի անցնի արդէն վերջնական փուլ, ուր Քանթոններու խորհուրդը պիտի քուէարկէ: 

Դրական արդիւնքի պարագային բանաձեւը օրէնքի ուժ պիտի ստանայ եւ դաշնակցային խորհուրդը (գործադիր իշխանութիւնը) արդէն անկախ իր կամքէն ու դիրքորոշումէն պարտաւոր կը դառնայ զբաղիլ խորհրդաժողովի կազմակերպումով: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *