ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարը պահանջեց Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակել, հաղորդեց Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
3 մարտին Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստա- շըրջանին իր ելոյթին մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձ- նակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը` նշելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուին արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները:
Թիւրք նաեւ ընդգծեց, որ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ան յայտնեց, թէ ինք կը յուսայ, որ անոնք կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հա- ճիզատէ, արձագանգելով Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայերը անյապաղ ազատ արձակելու մասին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերա- գոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքի յայտարարութեան, յայտնեց, որ «արդա- րութեան հասնելու համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, պատե- րազմական գործողութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցա- գործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտուողները»:
«Միայն ճշմարտութեան բացայայտումով եւ յանցագործութիւններու հե- տեւանքներու վերացումով խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը պիտի յաղթեն անպատժելիութեան», ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ըսաւ Հաճիզատէ: