Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրեց. «Այսօր Զուիցերիոյ դաշնակցային ժողովի վերին պալատը` Քանթոններու խորհուրդը ընդունեց թիւ 24.4259 նախագիծը` «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան ֆորում. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» վերնագիրով: 46 անդամներէն 29-ը թեր քուէարկեցին նախաձեռնութեան, որով Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի հիմնելու առանձնացուած հարթակ` Լեռ- նային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօ- սութեան համար: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ապահովել բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան անվտանգ, հաւաքական եւ արժանա- պատիւ վերադարձը իր պատմական հայրենիք: 

«Քանթոններու խորհուրդի որոշումը կը յաջորդէ Ազգային խորհուրդի` խորհրդարանի ստորին պալատի կողմէ նոյն առաջարկի որդեգրման, որ կայացած է 17 դեկտեմբեր 2024-ին: Երկու պալատներու հաւանութեամբ թիւ 24.4259 նախագիծը կը ստանայ օրէնքի ուժ` պարտաւորեցնելով դաշ- նակցային խորհուրդը սկսելու անոր իրականացումը: Քանթոններու խոր- հուրդին մէջ զեկուցող էր պատգամաւոր Տիանա Անկելինա Մոզերը (Կանաչ Ազատական կուսակցութիւն/Ցիւրիխ), իսկ Ազգային խորհուրդին մէջ առա- ջարկի հեղինակն ու զեկուցողը Էրիխ Ֆոթոպելն էր (Զուիցերիական ժո- ղովրդական կուսակցութիւն/Ցիւրիխ): Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ խոր- հըրդարանի երկու պալատներն ալ ընդունած են որոշում, որ կը վերաբերի հայկական հարցին: 

«Բռնի տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքի հիմնասիւներէն է, որ հաստատուած է բազմաթիւ իրաւական նախա- դէպերով եւ միջազգային հռչակագիրներով: Մասնաւորաբար` Միջազգային արդարդատութեան դատարանի 2023 թուականի նոյեմբերի որոշումն ու Եւրոպական խորհրդարանի 2024 թուականի մարտի եւ հոկտեմբերի բանաձեւերը կը վերահաստատեն այս սկզբունքը` Ազրպէյճանին կոչ ուղղե- լով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կարողանան ապահով ու արժանա- պատուօրէն վերադառնալ իրենց տուները: Խաղաղութեան այս ֆորումի նախաձեռնութեամբ Զուիցերիան կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը մարդասիրական երկխօսութեան, միջազգային օրէնքին եւ կառուցողական դիւանագիտութեան` ի նպաստ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *