Հենրիխ Մխիթարեան 36 տարեկանին կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն` մնալով Ինթեր Միլանի կարեւորագոյն ֆութպոլիստներէն: 

Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս խօսեցաւ իր ապագայի մասին. «Իմ ցան- կութիւնը բարձր մակարդակով աւարտելն է Ինթեր Միլանի նման ակումբի հետ: Այս վայրկեանին շատ ուրախ եմ այստեղ: Կը ցանկամ շարունակել, եւ աւելի ուշ կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ: Սպասենք մինչեւ եղանակի աւարտը եւ յետոյ տեսնենք, կը մնա՞մ, թէ՞ ոչ: Երկարաձգո՞ւմ մինչեւ 2027: Ինչո՞ւ չէ, բայց անշուշտ սա կախեալ է իմ մարզավիճակէս, եւ այն բանէն, թէ ի՛նչ կրնամ տալ խումբին», ըսաւ Մխիթարեան «Սքայ Սփորթց»-ին: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *