Ճատրակի մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան երէկ «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» ճատրակի մրցաշարքի 4-րդ փուլին, հաւասարութիւն մը արձանագրեց լեհ վարպետ Եան-Քրիշթոֆ Տուտայի եւ նահանջեց երկրորդ դիրքի: Այս փուլին 5 ճակատումներէն միայն մէկը յաղթանակով աւարտեցաւ,երբ Ֆապիանօ Քարուանա կրցաւ յաղթել Իւզպէքիստանի Նոտերպէք Ապտուսաթորովի: Սամուէլ Սեւեան իր կարգին հաւասարութիւն արձանագրեց հնդիկ Փրակնանատա Ռամեշպապուի հետ, մինչ աշխարհի ախոյեան Կուքեշ Տի. հաւասարեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *