Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, շաբաթավերջին սկսաւ սամպոյի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Առաջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն 4 ներ- կայացուցիչներ մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ նուաճեցին: 71 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արսէն Աւետիսեան հաւաքականի կազմէն լաւագոյն արդիւնքը ցոյց տուաւ մարտական սամպոյի մրցումներուն: Հայ մարզիկը 3 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք հասաւ աւար- տական եւ պարտութիւն կրելէ ետք դարձաւ փոխախոյեան: Պրոնզէ մետալներ շահեցան Պորիս Շատվերեան, Նարեկ Գոգինեան եւ Մխիթար Թէյմուրեան: 79 քկ կշիռի մրցումներուն, Շատվերեան մար- զական սամպոյի մրցումներուն եր- կու յաղթանակներ արձանագրեց եւ բարձրացաւ պատուոյ հարթակի 3-րդ աստիճանը: Նոյն կշիռի մրցում- ներուն արծաթէ մետալ նուաճեց Յունաստանը ներկայացնող Կիոր- կիոս Մարկարեան:
