ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 29, 2026թ
Թէպէտ շատեր նեղութիւններս
քեզմէ մերժուած ըլլալու նշան համարեցին,
բայց իմ հզօր օգնականս ես դուն:
Բերանս անդադար քե՛զ կ՚օրհներգէ,
ամբողջ օրը քե՛զ կը փառաւորէ: (Սաղմոս 71.7-8)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 30, 2026թ
Ոեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն։ Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ
որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները
Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին։ Մի՝ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով
կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար։ (Եփեսացիս 4.29-30)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՅԻՍ 31, 2026թ
Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա
պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա
ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատ-
մէ գալիք բաները։ (Յովհաննէս 16.13)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 1, 2026թ
Եւ Աստուած ինքն է որ մեզ եւ ձեզ Քրիստոսով հաստատուն կը պահէ:
Ինքն է որ մեզ օծեց եւ իր կնիքը դրաւ մեր վրայ, մեզի տալով Սուրբ Հոգին՝ իբ-
րեւ գրաւական մեր ստանալիք ժառանգութեան: (Բ. Կորնթացիս 1.21-22)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 12 , 2026թ
Եթէ ձեզմէ մէկը կը զգայ թէ անհրաժեշտ իմաստութիւնը չունի, թող
խնդրէ Աստուծմէ, որ բոլորին կու տայ առատօրէն եւ սիրայօժար կերպով,
եւ Աստուած պիտի տայ իրեն: (Յակոբոս 1.5)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 3 , 2026թ
Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ,
բայց Տէրը կ՚ուղղէ անոր քայլերը: (Առակաց 16.9)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 14 , 2026թ
Որովհետեւ Աստուած իւրաքանչիւրին պիտի հատուցանէ՝ անոր գործե-
րուն համաձայն: Յաւիտենական կեանք պիտի տայ անոնց՝ որոնք բարի
գործերու մէջ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը փնտռեն. Իսկ
բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ
տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան:
(Հռոմայեցիս 2:6-8)
