ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՀՈՒՆԻՍ 19 , 2026թ
Հեռո՛ւ պահէ նախատինքը՝ որմէ ա՜յնքան կը վախնամ,
որովհետեւ վճիռներդ արդար են։
Միակ փափաքս է՝ հրահանգներդ կատարել.
կեա՛նք տուր ինծի, դո՛ւն որ արդար ես։ (Սաղմոս 119.39-40)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՀՈՒՆԻՍ 20 , 2026թ
Արդ, ապաշխար՛է, ապա թէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ եւ բերանէս ելլող սուր-
ովը անոնց դէմ պիտի պատերազմիմ: (Յայտնութիւն 2.16)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՀՈՒՆԻՍ 22 , 2026թ
Հետեւաբար մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծա-
պէս պիտի վարձատրէ ձեզ։ Պէտք է համբերել գիտնան, որպէսզի Աստուծոյ
կամքը կատարելով՝ իր խոստումին տիրանաք։ (Եբրայեցիս 10.35-36)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 23, 2026թ
Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ (Ելից 20.3)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 24, 2026թ
Հաւատքին մէջ կասկածներ ունեցողները ամրապնդեցէ՛ք։ Ուրիշները
դատապարտութեան կրակէն խլելով փրկեցէք: Ողորմութիւն ցուցաբերեցէք
նաեւ անոնց, որոնք մեղքերու մէջ են: Բայց զգո՜յշ, ատեցէ՛ք անոնց մեղսալից
կեանքը: (Յուդայ 1.22-23)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 25, 2026թ
«Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք պատաս-
խան տուին ու թագաւորին ըսին. «Այո՛, ո՛վ թագաւոր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ահա
ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք
ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը
կը նմանի»։ (Դանիէլ 3.24-25)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 26, 2026թ
Ատով իսկ Քրիստոս Նոր Ուխտին միջնորդը եղաւ, քանի իր մահով քա-
ւեց այն յանցանքները, որոնք առաջին Ուխտի ժամանակաշրջանին գոր-
ծուեցան, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած մարդիկը խոստացուած
յաւիտենական կեանքը ժառանքեն։ (Եբրայեցիս 9.15)
