«Սիւնիք Ֆ. Ա.» պաշտօնապէս հաս- տատեց, որ յառաջիկայ տարեշրջա- նին մաս պիտի կազմէ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին: Կապա- նի ակումբը բարձրագոյն դասակար- գէն մասնակցելու իրաւունք ստացաւ Հայաստանի ախյոեանութեան ըն- դլայնումէն ետք, ուր որոշուեցաւ 12 խումբերու բարձրացնել բարձրագոյն դասակարգի խումբերու թիւը: Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորման 4-րդ դիրքը գրաւած Սիւնիք կարելիութիւն ստացաւ բարձրանալու, քանի աւելի բարձր դիրքեր գրաւող մնացեալ խումբերը չէին կրնար բարձրանալ բարձրագոյն դասակարգ: Ախոյեան Սարդարապատի ետին Երեւանի բանակայիններու երկրորդ խումբը գրաւած էր Բ. դիրքը, բայց որովհետեւ իր հիմնական խումբը կը մասնակցի բարձրագոյն դասակարգին, չէր կրնար երկու խումբերով մաս- նակցիլ: Գ. դիրքը գրաւող խումբըՀայք, բարձրագոյն դասակարգին մէջ խաղալու իրաւունք չունէր, որովհետեւ բարձրագոյն դասակարգի մաս կազմելու արտօնագրի դիմումնագիր չէր ներկայացուցած բաւականանալով մնալ Բ. դասակարգին մէջ: Նշենք, որ տարեշրջան մը առաջ Սիւնիք այդ դիրքին վրայ էր, բայց ան չէր նախընտրած բարձրանալ բարձրագոյն դասակարգ: Գլխաւոր պատճառը Կապանի մէջ մարզադաշտի հարցն էր, ուր տնային հանդիպումներ կատարելը անկարելի էր:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *