Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հայ Կեանք» եւ USA Armenian Life շաբա- թաթերթի գլխաւոր խմբագիր, հետաքննող լրագրող Աբօ Չափարեանի հետ Media Analytic Center–ի Քաղաքական Խաչմերուկ յայտագրի հեղինակ Էտուարտ Այվազեանի հարցազրոյցին արտագրութիւնը: Հարցազրոյցը կրնաք տեսնել հետեւալ լինքով. https://www.youtube.com/watch?v=uumDr9_WZ4Q&t=45s Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն Հարցազրոյց՝ Աբօ Չափարեանի հետ (Քաղաքական Խաչմերուկ, ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ) ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Դարձեալ մեր հիւրն է պարոն Աբօ Չափարե- անը, ով աշխարհաքաղաքական հարցերով փորձագէտ է եւ գլխաւոր խմբա- գիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթին: Բարեւ ձեզ, պարոն Չափարեան, ողջունում եմ ձեզ կրկին մեր եթերում: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարեւ ձեզ, պարոն Այվազեան: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Մենք, յիշում եմ, ընտրութիւններից առաջ խօսեցինք միասին եւ հիմա կարծում եմ ճիշտ կլինի ամփոփել, ամփոփել թէ՛ ընտրութիւնները եւ քննարկել այն ամէնը, ինչ տեղի է ունենում հիմա Հայաս- տանում, քանի որ հետաքրքիր իրադարձութիւններ են փաստացի տեղի ունե- նում:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, ի հարկէ: Նախ եւ առաջ շնորհակալ եմ ան- գամ մը եւս հրաւէրի համար: Սա պատմական ժամանակաշրջան մըն է ոչ միայն Հայաստանի համար, այլ ամբողջ տարածաշրջանին համար. ընդհանրապէս Հարաւային Կովկա- սը միշտ ալ պատմութեան ընթացքին կռուախնձոր եղած է եւ այսօր եւս աշխարհաքաղաքական խոշոր մրցակցութեան կիզակէտին մէջ յայտնուած է. հայրենի հայութիւնը եւ աշխարհի հայութիւնը, ուզեն թէ չուզեն, դերա- կատար պէտք է ըլլան եւ ոչ թէ խաղալիք: Մինչեւ 2018 թիւը, դժբախտաբար, հայկական պետականութիւնը յայտ- նուած էր ներքին բլոկադայի մէջ, դեռեւս 1997 թիւէն ես հրապարակաւ այդ մասին իմ տեսակետս յայտնած եմ եւ, դժբախտաբար, մինչեւ այսօր որոշ չա- փով այդ ներքին բլոկադան դեռեւս կը շարունակուի: Բարեբախտաբար, այս Յունիսի 7-ի ընտրութիւններուն առթիւ ամե- նակարեւոր վիրահատութիւնը տեղի ունեցաւ: Հայկական պետականութիւ- նը մի քանի վիրահատութեան կարիք ունի եւ պէտք է ըսել, որ առաջին վիրա- հատութիւնը, որ կը միտէր ամբողջովին կանխել ռեւանշիզմը քրէաօլիգար- խիկ ռուսաստրուկ շրջանակներու կողմէ, որոնք ներկայացուցին հին ռեժի- մականներու գլխաւոր դէմքերը՝ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ իրենց հետ քրէաօլիգարխիկ շրջանակը, եւ անոնց եկաւ միացաւ Ռուսական Դաշնութեան նոր գործակալը։ Երեւի վաղուց առկայ էր այդ գործակալը, բայց վերջերս գործարկման դրին՝ Տաշիր Սամօ անունով այդ անձնաւորութիւնը, որ ոչ պակաս է քան միւս քրէաօլիգարխիկ շրջանակներու ներկայացու- ցիչները: Եւ պէտք է ես շնորհաւորեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտ- րողները, որ ճիշդ ընտրութիւն կատարեցին, եւ յատկապէս 700,000 եւ աւե- լի այն քաղաքացիներուն, որոնք իրենց քաջարի քաղաքացիական պար- տականութիւնը կատարեցին: Իսկ եթէ պատահէր, որ մօտ 7 միլիառ տոլարի պիւտճէ տրամադրուած չըլլար Կրեմլի եւ քրէաօլիգարխիկ իր դրածոներու կողմէ, որ ներխուժում կազ- մակերպուէր Հայաստանի ներս այս ընտրութիւններու առթիւ… ես համա- խոհ պիտի ըլլամ պատմաբան պարոն Գագիկ Սաֆարեանին, որ 70% կը սպասէր եւ յուսահաբ եղած է, որ քուէարկող ընտրողներու 70-ը չէ ընտրած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը կամ վերընտրած… ։ Սակայն ես պիտի ըսէի՝ ընտրած է, սակայն ինչպէս որ մենք իրազեկուեցանք առաջին մէկ օրէն եւ ինչպէս կը յիշէք՝ կարող եմ ըսել առաջին բարձրաձայնող մարդկանցմէ մէկը եղայ, որ հրապարակաւ բացայայտումներ ներկայացուցի այն ժամանակ Արմէն Ղարիսլեան անունով օլիգարխի տրամադրած պիւտճէի վերաբերեալ, որը կը միտէր ներխուժում կազմակերպել Հայաստանի Հան- րապետութենէն ներս Յունիսի 7-ի համապետական ընտրութիւններու առ- թիւ: Ուրեմն, այդ ներխուժումը եթէ կանխուէր լիակատար կերպով՝ պիտի ունենայինք լրիւ այլ արդիւնք։ Անշուշտ պէտք է ոչ չափազանցուած գոհունա- կութիւն յայտնել, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները իսկապէս լաւ աշխատանք կատարեցին բացայայտելով ընտրակաշառք տարածելու այդ գաղտնի օղակներու ինքնութիւնը: Սակայն ըստ երեւոյթին այնքան հզօր կազմակերպուած էր ներխուժումը եւ ընտրակաշառք բաժնելու այդ ցանցը, որ մարդկայնօրէն անհնարին էր ըստ երեւոյթին ամբողջովին կանխել: Եւ քանի որ այդպէս է եւ քանի որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշ չափով միայն կարողացաւ կանխել, իսկ խոշոր չափով չկարողացաւ, ապա ուրեմն ռուսաստրուկ այս կեղծ ընդդիմութեան ստացած քուէներուն պէտք է ըսել առնուազն 70-75 տոկոսը ընտրակաշառքի հետեւանք է: Ուրեմն, եթէ ընտրակաշառքը չիրականանար եւ ամէնօրեա օդային ճամփով օդանաւերով վայրէջքներ չկազմակերպուէին, կ՛ունենայինք լրիւ այլ արդիւնք․ ինչքան որ ես տեղեակ եմ, տասնեակներով ինքնաթիռներ ժամանեցին Ռուսիայէն» ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Այո, միայն ինքնաթիռներով էլ չէ, նաեւ Լարսով են եկել, մեքենաներով էլ… ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի հարկէ, ի հարկէ. ուրեմն եթէ այդ բոլորը չկա- տարուէր, ապա ուրեմն մենք ականատես պիտի ըլլայինք ջախջախիչ պար- տութեանը ռուսաստրուկ կեղծ ընդդիմութեան… ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Այսինքն, ասում էք, որ նրանք նոյնիսկ շեմը կարող է չհատէին… ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Չէին հատեր. ես լրիւ համամիտ եմ, որովհետեւ ինչ- պէս կը յիշէք եւ բազմաթիւ ուրիշ ընկեր-ընկերուհիներ կը յիշեն, որ բազմիցս մեր նման սրտացաւ հայեր բարձրաձայնեցինք ընտրութիւններէն առաջ, որ ամէն ինչ պէտք է կատարուի որպէսզի ընտրակաշառքի միջոցով այս կեղծ ընդդիմութիւնը մուտք չգործէ Ազգային ժողով: Հիմա ուրեմն վերադառնանք վիրահատութեան շարքին: Առաջին վիրահատութիւնը այն էր, որ հակառակ որ մօտ 7 միլիառ տոլար ծախսուեցաւ ընտրակաշառքի տեսքով եւ այլ պրոպագանդային միջոցներու պիւտճէտաւորման տեսքով, ռուսաստրուկ կեղծ ընդդիմութիւնը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց, իսկ վերընտրութեան թեկնածու եղած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց: Անշուշտ ես կը յուսայի եւ կը փափագէի, եւ այդ ուղղութեամբ ամէն մէկս ի հարկէ իր լաւագոյնը կ›ընէինք, որ ծանրակշիռ յաղթանակ տարուէր եւ սահ- մանադրական մեծամասնութիւն գոյացնէր, սակայն ոչինչ, հիմա ունինք այն ինչ որ ունինք, հիմա կը մնայ որ վիրահատութիւնները շարունակուին: Առաջադրանքը այն է, որ երկրորդ վիրահատութիւնը այս կեղծ ընդդիմու-թիւնն է, որ ընտրակաշառքի միջո- ցով մանդատներ ապահովեց. «Ուժեղ Հայաստան» կոչե- ցեալը՝ ես պիտի կոչէի իրականութեան մէջ «ուժեղ թալանչիներու ակումբ», երկրորդը՝ «Հայաստան» դաշին- քը, որ պէտք է ըսէի մէկ այլ երկրի «իստան» դաշինք, որոնք հայկական գերբը չեն ներկայացներ դժբախտա- բար: Իսկ երրորդն ալ արդէն տեղեակ էք ինչ կատա- րուեցաւ։ Ուրեմն այս քաղաքական ուժերը, չակերտեալ քաղաքական ուժերը ամէն կերպ հայկական պետակա- նութեան հիմքը տրաքացնելու միտուած են եւ հայկա- կան պետականութիւնը գուբերնիայի վերածելու իրենց ծրագրին 100%-ով նուիրուած են. ուրեմն առաջին հեր- թին նրանց վերաբերեալ վիրահատութիւնը պէտք է իրա- կանացուի յաջող կերպով: Ուրեմն ի՞նչն է նրանց հետ կապուած վիրահատութիւնը: Պէտք է այս ընդդիմութիւ- նը՝ կեղծ ընդդիմութիւնը, արմատախիլ ըլլայ Հայաս- տանի Ազգային ժողովէն ներս՝ յետսկոչման յատուկ ընտրութիւններու առաջադրանքով: Ես տեղեակ չեմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը արդեօք մշակած է յետսկոչման ընտրութեան օրէնք, որ քաղաքակիրթ աշ- խարհի մէջ գոյութիւն ունի. օրինակի համար՝ 2003 թուին Քալիֆորնիայի կառավարիչ Կրէյ Տէյվիսին պաշ- տօնազրկման յատուկ ընտրութիւն կազմակերպուեցաւ։ Երբ հասարակութեան մօտ դժգոհութեան ալիքը սկսաւ աւելի ուժեղանալ, անգլերէն ըսեմ՝ recall election կազմա- կերպուեցաւ, եւ այդ recall election-ը, առաջադրանքը, հանրաքուէն ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ եւ նոյն գործով օրուան կառավարիչը՝ Կրէյ Տէյվիսը պաշտօ- նանկ հռչակուեցաւ, եւ զուգահեռ թեկնածուներ, տար- բեր որակաւորուած անձինք իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին, եւ անոնցմէ Առնոլտ Շուարցենեկերը ընտրուեցաւ նոր կառավարիչ: Ուրեմն գալով Հայաստանի Ազգային ժողովի հետ կապուած եւ ընդհանրապէս Հայաստանի պետութեան համակարգին, շատ լաւ կ›ըլլար, որ եթէ այդպիսի օրէնք գոյութիւն չունի՝ ներկայ կառավարութիւնը նախքան իններորդ գումարման ազգային ժողովի սկիզբը օրէնք անցկացնէ, մշակէ եւ անցկացնէ recall elections-ի մասին, այսինքն օրէնք՝ յետսկոչման յատուկ ընտրութիւններու մասին: Ինչքան հնարաւոր է մօտ ապագային այս օրէնքը պէտք է մշակուի որպէսզի յետսկոչման գործընթացը գործէ: Ի՞նչ կը նշանակէ այս պարագային յետսկոչման օրէնքի տրամադրութիւնները: Եթէ ժողովուրդը բողոքի ալիք բարձրացնէ «Ուժեղ Հայաստան», «Հայաստան» դաշինքին դէմ, ապա ուրեմն երկրորդ վիրահատութիւնը իրականացած կ›ըլլայ։ Ի հարկէ իրենք երբեմն կ›ըսեն պի- տի չվերցնեն մանդատները, բայց անպայման որ պիտի վերցնեն։ Երանի չվերցնեն… ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Ես չեմ կարծում, որ իրենք են որոշում… ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, ես համաձայն եմ… Կրեմ- լով կամ առանց Կրեմլի, անպայման որ պիտի վերցնեն այդ մանդատները: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Բայց հիմա տեսնում էք ինչ են անում. փորձում են արդէն չեղարկել Սիւնիքում երկու ընտրատեղամասի արդիւնքները, որտեղ որ զինուորներն էին քուէարկել: Չնայած որ զինուորները երբ որ ներս են մտել, իրենք իրաւունք ունէին քուէարկել, յետոյ դուրս գալ. երբ ընտրատեղամասը փակւում է, ներսի մարդը իրաւունք ունի քուէարկելու: Հիմա փաստացի դրանով փորձում են 1000-ից, 1000-ից փոքր աւել ձայներ գողանալ «Քաղաքացիական Պայմանագրից», որը որ բան չի փոխում իրականում, քանի որ ուրիշ տեղերում վերահաշուարկի արդիւնքում մենք տեսանք ինչ տեղի ունեցաւ: Այդ նոյնը հաւասարւում է կրկին, բայց իրենք անցնում են փաստացի յարձակման, չնայած որ այդպիսի ընտրակեղծիքներ են արել եւ ընտրակաշառք բաժանել։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Իրենք փաստացի յարձակ- ման անցած են, որովհետեւ իրենք գիտեն որ իրենց օրե- րը հաշուած են. իրենք մահու եւ կենաց կռիւ կը մղեն: Իրենց համար մահը կը նշանակէ իրենց ապօրինի յուրա- ցումներու բռնագրաւումը, կենացը՝ ապօրինի յուրա- ցումները պահպանելը, պահպանումը: Ուրեմն իրենց հա- մար հայկական պետականութեան առողջութիւնը կեն- սական չէ: Հետեւաբար վերադառնալ երկրորդ վիրա- հատութեան՝ յետսկոչման ընտրութիւններ: Երբ ժողովուրդը իր բողոքի ձայնը կը բարձրացնէ եւ հանրաքուէի, յետսկոչման յատուկ ընտրութիւններու առաջադրանքի տակ իր ստորագրութիւնը կ›իրակա- նացնեն, ապա ուրեմն պետութիւնը ստիպուած կ›ըլլայ յատուկ ընտրութիւններ կազմակերպելու: Եւ եթէ բո- ղոքը ուղղուած է օրինակի համար «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի եւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ- ներու հանդէպ, ապա ուրեմն նրանց փոխարէն նոր ըն- տրութիւններ պէտք է կազմակերպել, որպէսզի վերջ- նականապէս արմատախիլ ըլլան այս ռուսաստրուկնե- րը, հակապետական շրջանակները, որոնք ամէն կերպ կը պայքարին հայկական պետականութեան ինքնիշ- խանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան, պաշտպանութեան, տնտեսութեան, սոցիալական ար- դարութեան զարգացման առաջադրանքին: Իսկ երրորդ վիրահատութիւնը այն է, որ հայկական պետականութիւնը որ բարեբախտաբար մշակած է եւ վաւերացուցած է խորհրդարանական մեծամասնու- թեամբ՝ ապօրինի յուրացումներու բռնագրաւման մա- սին օրէնքն է։ Պէտք է դա ալ անմիջապէս ի գործ դրուի, որպէսզի այս շրջանակները իրենց թալանածով չպայքարին սեփական ժողովուրդի դէմ եւ սեփական պետականութեան դէմ: Իսկ յաջորդ վիրահատութիւնը՝ Հայաստանեայց Առա- քելական Եկեղեցին ենթարկել հաւատացեալներու կամ- քին: Այսինքն հայկական պետականութիւնը պարտա- ւոր է իր քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանել երբ հարցը կը վերաբերի Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսի- սեանի հեռացման: Ուրեմն Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսի- սեանը բազմիցս արդէն բացայայտուած է, որ որպէս քաղաքացի բազում քրէական, բազում յանցագործու- թիւններ գործած անձնաւորութիւն մըն է: Հետեւաբար հայկական պետականութիւնը պարտաւոր է օրէնքը բա- նեցնել եւ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանին պա- տասխանատուութեան կանչել որպէս քաղաքացի: Մենք պէտք է ի մտի ունենանք, որ Ամերիկայի մէջ կամ Քանատայի մէջ կամ Եւրոպայի մէջ բոլոր կրօնական աշխատաւորները, հոգեւոր ծառայողները ենթակայ են իրենց բնակած եւ գործած պետութիւններու օրէնքներուն: Հետեւաբար Հայաստանն ալ որպէս քաղաքակիրթ աշխարհի մէկ անբաժան մասնիկ, պէտք է նաեւ իր տրամադրութեան տակ գործող դատաիրաւական համա- կարգը պէտք է բանեցնէ, եւ այդ դատաիրաւական համակարգը նաեւ պէտք է բանեցնէ յանցագործութիւն գործած կրօնական մարդկանց հանդէպ: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Հիմա ինչ-որ յետընտրական բաներ սպա- սւո՞ւմ են, պարոն Չափարեան, ի՞նչ էք կարծում: Քանի որ իրօք ես արդէն նշեցի ինչ-որ տեղի ունեցաւ Սիւնիքում, կրկին ԲՀԿ-ն վերահաշուարկներ է պահանջում, «Ուժեղ Հայաստանը» դիմում է Սահմանադրական դատարան, ի՞նչ կարող են անել: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի հարկէ, ի հարկէ, այս երեւելիները ընդունակ են ամէն ինչի: Միշտ ըսած եմ, միշտ ալ պիտի կրկնեմ, քանի որ եթէ Աստուած մի արասցէ, իրենք կանխամտածուած հոկտեմբեր 27, 99-ի նմանող, այս անգամ աւելի լայնամասշտաբ գործողութիւն իրականացնեն հիւսիսային ընկերոջ մեղսակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, ապա ուրեմն սա աննախատեսելի աւերուածութիւն կ›առաջացնէ. դրա համար պէտք է շատ աչալուրջ կերպով հսկել եւ եւ նաեւ նախապատրաստել բոլոր քաղաքացիները ըլլալու ռազմիկ, որովհետեւ մենք ընդունենք կամ չընդունենք՝ Հարաւային Կովկասը աշխար- հաքաղաքական մրցակցութեան եւ հակասութիւններու կորիզն է: Բայց միեւնոյն ժամանակ Հարաւային Կովկասը խոշոր ձեռքբերումներու կամուրջ չէ՞, ինչպէս որ վարչապետ Փաշինեանը «խաղաղութեան խաչ- մերուկ» միտքը բազմիցս արտայայտած է. դա շատ գովելի է, սակայն խա- ղաղութեան խաչմերուկին իրագործումը կը նախատեսէ տեւական աշ- խատանք եւ զգօնութիւն: Եւ ինչ կը վերաբերի Սիւնիքի շրջանի մի քանի ընտրատարածքի ընտրութիւնները չեղարկելու մասին, ապա ուրեմն դա ոչ մի կերպ ինձ համար զարմանալի չէ եւ ոչ ալ անակնկալ է: Մենք պէտք է ի մտի ունենանք, որ այս երեքգլխանի հրէշը ծանր հարուած ստացաւ նաեւ Սիւնեաց աշխարհի մէջ, երբ մեր քաղաքացիները՝ հայկական պետականութեան քաղաքացիները համոզիչ մեծամասնութեամբ կողմ քուէ- արկեցին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վերընտրու- թեան առաջադրանքին: Եւ սա ծանր-ծանր հարուած մը եղաւ «Ուժեղ Հա- յաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներուն համար եւ ընդհանրապէս ամ- բողջ այդ ռուսաստրուկ եւ թալանչիական ճամբարին համար: Եւ ինձի հա- մար հետաքրքրական է, որ այս մարդիկը, երբ իրենք ռուսաստրուկ որպէս թալանչիներ հանդէս կու գան, միեւնոյն ժամանակ իրենք զիրենք կը ձեւացնեն Գարեգին Նժդեհի հետեւորդներ: Ինչպէս որ Սիւնիքի մարզպետ պարոն Ռոպերթ Ղուկասեանը բազմիցս արտայայտած է այն խելամիտ խօսքը, որ ինչպէ՞ս կարելի է մարդ նժդե- հական ըլլալ եւ միաժամանակ ըլլալ ռուսաստրուկ. դա իրօք ծիծաղելի է: Ուրեմն այս կեղծ նժդեհականները երեւի տեղեակ չեն, որ Սիւնիքի մէջն ալ հայկական պետականութիւնը օժտուած է Գարեգին Նժդեհի արժանաւոր յաջորդներով: Եւ պէտք է ըսել, որ Սիւնեաց աշխարհը իր հերթին շառաչուն ապտակ տուաւ այս ներքին քրէաօլիգարխիկ մշակոյթը կիրառողներուն: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Ինչպէ՞ս էք վերաբերւում Թրամփի ուղեր- ձին, Մարքօ Ռուպիոյի ուղերձին… շատ հետաքրքիր տարրեր էին պարու- նակում այդ ուղերձները: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, ուրեմն Թրամփի ծրագիրը, Թրամփի առաջա- դրանքը միանշանակ օրհնաբեր առաջադրանք է: Հակառակ որ հին ռեժի- մականները, գողապետականները անընդհատ սուտ պրոպագանդ կը տարածեն որ հայկական պետականութեան սուվերեն հողատարածք կը տրամադրուի կամ կը զիջուի թշնամուն՝ դա բոլորովին անհիմն է: Մենք ականատես կ›ըլլանք եւ ոչ միայն ականատես, այլ կերտողները կ›ըլ- լանք, համատեղ կերտողները կ›ըլլանք հեռանկարային ծրագրին, որը կը կոչուի «Հայկական Խաչմերուկ», որ նաեւ կոչուեցաւ Թրամփի ուղերձով։ Սիւնիքը եւ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եթէ ուշադիր նայենք համաշխարհային քարտէզին, պիտի տեսնենք որ Եւրասիայի, ասենք մայրցամաքներու ճիշդ կեդրոնը միակ հողային կամուրջն է հիւսիսից հա- րաւ, արեւելքից արեւմուտք՝ Մարքօ Փոլոյի նոյն ճանապարհը: Եւ մենք ամէն կերպ պէտք է պայքար տանինք որ Հայաստանը ըլլայ Garison State, այսինքն ամրոց-պետութիւն, ազգ-բանակ հասկացողութեամբ առաջ- նորդուող պետութիւն, որպէսզի կանխէ Ռուսական Դաշնութեան այդ նեն- գամիտ ծրագիրը, որովհետեւ Ռուսական Դաշնութիւնը ամէն կերպ կ›աշխատի որ Օգոստոս 8, 2025-ի Վաշինգթոնեան եռակողմ համաձայնութիւնը եւ նախահամաձայնութիւնը չեղարկուի եւ վերադառնանք 2020 թուի Նոյեմբե- րի 9-ի Մոսկուայի պայմանագրին կամ համաձայնութեանը: Այնպէս որ, ինչպէս որ մենք իրազեկուեցանք, Մոսկուան ամէն կերպ ի գործ կը դնէ այն նենգամիտ ծրագիրը, որ ինքը տիրանայ Սիւնիքին որպէսզի իր աշխարհաքաղաքական դիրքերը մի քիչ բարելաւէ, որովհետեւ 22 թիւէն մինչեւ հիմա Ռուսական Դաշնութիւնը ծանր-ծանր պարտութիւններ կրեց, կը շարունակէ կրել ի հարկէ Ուկրաինայի մէջ: Մենք շատ լաւ կը յիշենք 2022 թուի Փետրուարին, երբ Ռուսական Դաշնութիւնը ներխուժեց Ուկրաինա, այն ժամանակ Փութինը եւ իր անմիջական գործակիցները մեծախօս կեր- պով՝ «մի քանի օրէն մենք կը նուաճենք կամ կը ազատագրենք կամ կը փրկենք Ուկրաինան»… կ՛ըսէին։ Մենք տեսանք որ Ուկրաինան ինքզինք փրկեց բարեյաջող կերպով: Հիմա Ռուսաստանը կարիք ունի սեփական փրկութեան համար պայքար տանելու: Եւ չմոռանանք՝ շատ կարեւոր պատմական հանգամանք մը կայ այստեղ, որ տարածաշրջանի մէջ մինչ հանրապետութիւնները, բոլոր հանրապետութիւնները կ›ուղղուին դէպի ժողովրդավարական համակարգ, ազատ աշխարհ, դեռեւս մենք գործ ունինք աւտոկրատ պետութեան հետ՝ յանձինս Ռուսական Դաշնութեան, որ կը միտի վերականգնել իր աւտո- կրատ, իր միապետական, մենատիրական իշխանութիւնը նոր տեսակի սովետական կայսրութեան տեսքով: Սակայն ինչպէս որ գիտենք, 90-91 թիւին մենք ունեցանք Գորպաչով, հիմա պիտի չզարմանանք, որ Փութինը ակամայ դառնայ Գորպաչով համար երկու… ինչո՞ւ, որովհետեւ այն ինչ որ կը ձեռնարկէ պարոն Փութինը կամայ-ակամայ կը տանի Ռուսական Դաշ- նութիւնը դէպի մասնատման: Չմոռանանք որ այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութիւնը դեռեւս ուրիշ ժողովուրդներու հողատարածքները բռնազաւթած է… 27 ազգային պատկանելիութիւն ունեցող տարբեր-տարբեր խմբաւորումներ կամ, որոնք արդէն սկսած են պայքարը անկախանալու, հետեւաբար Ռուսական Դաշնու- թիւնը ենթակայ է «Սովետական Միութիւն- համար երկու» գործընթացի: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Բայց դա մեզ այդքան էլ լաւ չէ, եթէ օրի- նակի համար Չեչնիա, Դաղստան, այդ մահմետական ժողովուրդները ինչ- որ պայքար սկսեն Ռուսաստանի դէմ՝ դա նաեւ վտանգներ կարող է ստեղծել մեզ համար. հա՛մ հնարաւորութիւններ, բայց նաեւ վտանգներ: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Գիտէք, այդ ժողովուրդները որոնք մահմետական են, սկսեալ հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ ասենք Կեդրոնական Ասիա, հայ ժողովուրդի հանդէպ ոչ մէկ տեսակի սխալ գործունէութիւն չեն կատա- րած: Եւ ըսեմ՝ ինչո՞ւ: Իսկական մահմետականները շատ մօտ կը զգան քրիս- տոնեաներուն: Եւ սուտ մահմետականները, որոնք տափաստաններէն եկած ժողովուրդներու մէկ հատուածն են, տարբեր-տարբեր պատկանելիութիւն- ներ ունեցող, օրինակ՝ սելճուկները… նրանք բաժանուեցան երեք խմբա- ւորումներու, կրօնական խմբաւորումներու, եւ որոնցմէ մէկը մահմետակա- նութիւնն է, մէկ մասը քրիստոնէութիւնն է… ատոր համար մենք Ռուսաստանի մէջ ունինք սպիտակ թուրքեր, չէ՞… ուրեմն նաեւ մէկ մասը վերածուեցան կամ հետեւորդներ դարձան հրէութեան: Ուրեմն այս խմբաւորումները, որոնք անուանապէս միայն մահմետական դարձան, այդ տեսակ մարդիկն են որ մինչեւ այսօր կը հալածեն քրիստո- նեաները: Օրինակ՝ Թուրքիան այդ տեսակ մահմետականութեան հետեւող մարդիկ ունի անշուշտ մասամբ: Քոնիայի մէջ ունինք շատ բարի իսլամութեան հետեւող թուրքեր, որոնք նոյնիսկ ցեղասպանութեան ժամանակ հայերուն օգնեցին, փրկեցին, բայց նաեւ ունինք կեղծ մահմետականներ, որոնք մահ- մետականութեան հովանու ներքոյ ցեղասպանութիւնը գործեցին եւ մինչեւ այսօր մշակութային ցեղասպանութիւն կ›իրականացնեն Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներ քանդելով, նոյնպէս եւ Ատրպէյճանի մէջ: Ուրեմն վերադառնալով ձեր յայտնած մտահոգութեանը՝ այո, եթէ անուա- նապէս մահմետական դարձած են սակայն իրենց հիմնական նպատակը ապօրինի յուրացումները շարունակել, ուրիշ մարդկանց հողատարածքները թալանել եւ ցեղասպանութիւն գործել է, այո, ուրեմն ուշադիր պէտք է ըլլալ, բայց միեւնոյն ժամանակ կան նաեւ իսկական մահմետականութեան իսկական հետեւորդներ, որոնց հաւատքին մաս չի կազմեր ցեղասպանութիւն գործելը: Ինչպէ՞ս կարելի է ցեղասպանութիւն գործած մահմետականը բաղ- դատել նոյնինքն Մուհամմետին եւ նոյնիսկ 1915, 16, 17 թուականներին հաշեմական թագաւորութեան ղեկավար Շերիֆ Հիւսէյնին հետ, որ հրապա- րակեց այն նշանաւոր հռչակագիրը, որ ոչ մէկ կերպ իմ կրօնքի հետեւորդ- ներին թոյլ չեմ տար, արգիլած եմ որ քրիստոնեայ հայերուն դէմ ձեռք բարձրացնեն, այլ պէտք է գուրգուրալ… այնպէս որ այդ չեչէններու կամ միւս մահմետական ժողովուրդներու անկախացումը Ռուսական Դաշնութիւնէն Հայաստանին կարող է վտանգ ներկայացնել բայց միեւնոյն ժամանակ կարող է չներկայացնել. Պատճառը, որ մեր փորձառութիւնը ժխտական եղած է, որովհետեւ ցարական Ռուսաստանէն սկսած մինչեւ այսօր, դժբախտաբար Ռուսական Դաշնութիւնը ազգամիջեան խռովարարութիւն կ›իրականացնէ, այսինքն խնդիրներ կը հարուցանէ, որպէսզի տարածաշրջանի ժողովուրդ- ները իրար դէմ լարուին։ ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Տեսէք, պարոն Չափարեան, մեր նպատակը այն չէ, որ աւելի լարենք հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, բնականաբար մենք չենք ուզում դա անել, նաեւ Փաշինեանի կառավարութիւնն է այդ մասին խօսում: Մենք ուղղակի ստիպուած արձագանգում ենք այն ամէնին, ինչ տեղի է ունենում: Մենք չենք ուզում Վրաստանի ճանապարհով գնալ, որը որ սխալ ճանապարհ էր Սահակաշվիլիի ժամանակ, Ուկրաինայի սխալներն էլ չենք ուզում կրկնել, Մոլդովայի նաեւ… մենք ունենք մեր ճանապարհը: Մեզ երբ որ կպնում են, մենք պաշտպանւում ենք, բայց մեր մօտ թշնամանքի, ատելութեան խօսք չկայ Ռուսաստանի նկատմամբ: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Չէ, չէ: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Բայց մենք տեսնում ենք ինչ է անում Ռու- սաստանը, յստակ գիտակցում ենք եւ հստակ պատասխանում ենք. չենք պատասխանում քաղաքական յայտարարութիւնների մակարդակով աւելի լարելու իրավիճակ… տեսնում էք չէ՞, մէկ ամսից աւել է Ռուսաստանը յար- ձակւում է քաղաքական մակարդակով, յայտարարութիւններ են անում… Հայաստանում լուռ են, ուղղակի հետեւանքներն ենք վերացնում այդ ամէնի, էմբարգոյի հետեւանքները եւ այլն, եւ այդպէս շարունակ: Եւրամիութիւնը շատ օգնեց, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն են օգնում, բայց մենք չենք լա- րում, այսինքն իրենց սադրանքներին չենք ենթարկւում, փորձում ենք չեն- թարկուել, բայց հետեւողականօրէն պաշտպանում ենք մեր պետութեան… ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ես կ›ողջունեմ վարչապետ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը, մեղմացման քաղաքականութիւնը, սակայն նաեւ իմ նման սրտացաւ հայերը իրենց զայրոյթը չեն կրնար թաքցնել, երբ մենք վկայ կը դառնանք Կրեմլի կողմէ ամէն տեսակ սրիկայութիւններուն: Ինչպէ՞ս կարելի է իմ նման հայը լռէ, յարգելով հանդերձ վարչապետ Փա- շինեանի վարչակազմի վարած քաղաքականութիւնը. վարչապետ Փաշի- նեանը հայկական realpolitik կ›իրականացնէ ինչը շատ գովելի է։ Իսկ էմբարգոյին մասին՝ հայկական ապրանքներու նկատմամբ… միանգամից Եւրոպան բացեց հայկական ապրանքներու նկատմամբ սահմանները առանց մաքսատուրքերու։ ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Ես կարծում եմ, որ Փաշինեանն էլ կ›ուզե- նար այդպէս արտայայտուել, բայց հասկանում է որ պէտք չէ այդպէս ար- տայայտուել. կարող է մեզանից էլ աւելի սուր արտայայտուի… ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, այո… ուրեմն վարչապետ Փաշինեանը պէտք է որ շարունակէ արտաքին զինակցութեան դիվերսիֆիկացիա իրականացնել առանց ընդհատելու իր կապերը Մոսկուայի հետ. դա իր որոշումն է եւ ես կը յարգեմ: Մոսկուան ինքը կամաց-կամաց կ›ընդհատի, չշտապենք… ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Այո, խնդիր չկայ. Լաւրովը արդէն յայտարարեց, որ կարող է ՀԱՊԿ-ից փորձեն հեռացնել Հայաստանին: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի վերջոյ, պէտք է ըսել որ հայկական պետակա- նութիւնը ամենաուժեղ նախաշրջանի շեմին կը գտնուի ներկայիս, եւ ես կ›ողջունեմ այն միտքը, որ դիվերսիֆիկացիան շարունակուի առանց դուրս շպրտելու Մոսկուային. թող ինքն ալ մասնակից ըլլայ, սակայն բոլորն ալ յարգեն հայկական պետականութեան ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ. Դա միանշանակ, դա միանշանակ է, եւ այստեղ մենք զիջելու տեղ չունենք: Շատ շնորհակալ ենք, պարոն Չափա- րեան, այսօրուայ զրոյցի համար: Յաջողութիւն ձեզ: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Յաջողութիւն:
