Ամերիկեան ճարտարագիտական-խորհրդատուական «Էյ.Ի.Սի.Օ.Էմ.» ընկերութեան խումբը ուսումնասիրած է Հայաստանի մէջ ԹՐԻՓՓ-ի վայրըերկաթուղիի եւ այլ ենթակառոյցներու նախագծման նպատակով: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: «Անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ ընդունեցինք ամերիկեան ճարտարագիտական-խորհրդատուական «Էյ.Ի.Սի.Օ.Էմ.» ընկերութիւնը: «Էյ.Ի.Սի.Օ.Էմ.»-ի խումբն ու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործընկերները ուսումնասիրեցին ԹՐԻՓՓ-ի վայրը երկաթուղիի եւ այլ ենթակառոյցներու ձեւաւորման նպատակով, ինչ որ պիտի աջակցի տնտեսական աճին, փոխկապակցուածութեան եւ շրջանային համարկման», կը նշուի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ: 2 ամիս առաջ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախաարութեան Համաշխարհային ենթակառոյցներու եւ ներդրումներու շուրջ գործակցութեան հիմնադրամի պատուէրով Հայաստան ժամանած «Էյ.Ի.Սի.Օ.Էմ.»-ի խումբը: Կողմերը համաձայնած էին մեկնարկելու ԹՐԻՓՓ-ի վայրի հետազօտման աշխատանքները:
