ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՀՈՒԼԻՍ 24, 2026թ

Բարեգութ է ՏԷՐԸ եւ արդար.

մեր Աստուածը կ՚ողորմի:

ՏԷՐԸ կը պահէ անօգնական մարդիկը,

ինչպէս փրկեց զիս՝ տկարութեանս մէջ: (Սաղմոս 116.5-6)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՀՈՒԼԻՍ 25, 2026թ

Նմանապէս, ձեր մէջէն անոնք որոնք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց ամբողջ

ունեցածէն, չեն կրնար ինծի աշակերտ ըլլալ: (Ղուկաս 14.33)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՀՈՒԼԻՍ 26, 2026թ

Որպէսզի, ինչպէս որ մեղքը թագաւորեց՝ մահ պատճառելով, այնպէս

ալ շնորհքը թագաւորէ՝ մարդիկը արդարութեամբ յաւիտենական կեանքի

սահմանելու համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ (Հռոմայեցիս

5.21)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՀՈՒԼԻՍ 27, 2026թ

Երա՜նի այն ծառաներուն, որոնց տէրը երբ կու գայ՝ արթուն կը գտնէ

զիրենք։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինք իր մէջքին գօտի պիտի կապէ, պիտի նստեցնէ

զիրենք եւ ինք պիտի սպասարկէ անոնց։ (Ղուկաս 12.37)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒԼԻՍ 28, 2026թ

Բացէ՛ք ձեր փեղկերը, ո՜վ դարպասներ,

թող բացուի՜ն յաւիտենութեան դռները,

որպէսզի ներս մտնէ փառաւոր Թագաւորը։

-Ո՞վ է այս փառաւոր Թագաւորը։

-Ամենակալ Տէ՛ՐԸ,

ի՛նքն է փառաւոր Թագաւորը։ (Սաղմոս 24.9-10)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒԼԻՍ 29, 2026թ

Հետեւեալը կը թելադրեմ. – Սուրբ Հոգիով առաջնորդուեցէք, փոխանակ

մարդկային ձեր ցանկութիւնները կատարելու: Որովհետեւ մարդկային բնու-

թիւնը Սուրբ Հոգիին ցանկացածին հակառակն է որ կը ցանկայ. (Գաղա-

տացիս 5.16-17)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՀՈՒԼԻՍ 30, 2026թ

Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղա-

նդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ

անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին։ եւ գիտցած եղիր, որ

քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ։ (Ղու-

կաս 14.13-14)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *