ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՀՈՒԼԻՍ 31, 2026թ
Հրահանգներդ են մտածումիս առանցքը,
ուսուցումներդ՝ ուշադրութեանս առարկան:
Կանոններդ են ինծի հաճոյք տուողը,
եւ խօսքերդ բնաւ պիտի չմոռնամ: (Սաղմոս 119.15-16)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՕԳՈՍՏՈՍ 1, 2026թ
Որովհետեւ Քրիստոս չմտա՛ւ մարդկային ձեռքերով շինուած սրբարանը,
որ ճշմարիտ Սրբարանին նախատիպն էր, այլ՝ նոյնինքն երկինք մտաւ, ուր
այժմ Աստուծոյ ներկայութեան կը գտնուի մեզի համար: (Եբրայեցիս 9.24)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 2 , 2026թ
Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը
փարատէ: Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝
սիրոյ մէջ կատարեալ չէ: (Ա. Յովհաննէս 4.18)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 3, 2026թ
Ուրախացո՛ւր զիս՝ քու ծառադ, Տէ՜ր,
որովհետեւ ես քեզի՛ կը բարձրացնեմ աղօթքս:
Դուն, Տէ՜ր, բարի ես եւ ներող,
անչափօրէն հոգատար՝ բոլոր քեզի պաղատողներուն: (Սաղմոս 86.4-5)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 4, 2026թ
Արդ, քանի Սուրբ Հոգիով այս նոր կեանքը կ՚ապրինք, նաեւ Սուրբ Հոգիով
առաջնորդուինք։ (Գաղատացիս 5.25)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 5, 2026թ
Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ.
Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի.
Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի: (Թուոց 6.24-26)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 6, 2026թ
Եւ մի մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ
ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը: (Եբրայեցիս 13.16)
