Հայաստանը ներկայացնող յունա- հռոմէական ոճի ըմբշամարտի մարտիկ Ջանէս Նազարեան ոսկի մետալ նուաճեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 17 տարե- կաններու աշխարհի ախոյեանու- թեան: Մինչեւ 71 քկ կշիռի աւարտա- կանի մրցումին, Նազարեան 4-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս ըմբիշ Աս- լան Ձույեւին եւ իր ասպարէզի ըն- թացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի պատանիներու ախո- յեան: Հայ ըմբիշը տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ մինչեւ աւարտականիր նախկին մրցումներուն յաղթելով ժամանակէն առաջ 34-0 ընդհանուր հաշուով: Բայց աւարտականի մրցումը շատ դժուար էր: Նազարեանի մրցակիցը մինչեւ 65 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեանն էր: Առաջին մասին հայ ըմբիշը 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր, սակայն գօտեմարտի երկրորդ մասին Նազարեան կրցաւ կարեւոր կէտեր խլել եւ յաղթել մրցումը: Աւարտականի մրցումէն ետք, Նազարեան Հայաստանի դրօշով պատուոյ շրջան կատարեց գորգին շուրջ: Պաքուի մէջ մրցումին ներկաներուն մէկ մա- սը սուլիչներով դիմաւորեց հայ մարզիկը, բայց իրաւարարները եղած էին շատ արդար եւ անսխալ: Հայաստանի հաւաքականի այս ոսկի մետալը եղաւ այս ախոյեանութեան 3-րդ մետալը երկու պրոնզներէ ետք: Նախապէս Հայաստանի ախոյեան դառնալէ ետք, Յարութիւնեան չէր ընդգրկուած Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականին մէջ, բայց աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելով ան ինքզինք փաստեց:
