ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՕԳՈՍՏՈՍ 7, 2026թ

Իսկ քու ժողովուրդիդ վրայէն

անպակա՛ս ըրէ քու պաշտպան ձեռքդ,

աջովդ պահպանէ՛ քու ժողովուրդդ,

որ դուն ինքդ զօրացուցիր:

Եւ մենք այլեւս քեզմէ պիտի չհերանանք.

ո՛ղջ պահէ մեզ, եւ մենք միայն քե՛զ պիտի պաշտենք: (Սաղմոս 80.17-18)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՕԳՈՍՏՈՍ 8, 2026թ

Գիտենք որ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ՚ըներ, բայց կը լսէ անոնց՝

որոնք աստուածապաշտ են եւ իր կամքը կը կատարեն։ (Յովհաննէս 9.31)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 9 , 2026թ

Որպէսզի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը,

երկնաւորներն ու երկրաւորները

եւ սանդարամետականները,

եւ ամէն լեզու դաւանի

թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է,

Հայրն Աստուծոյ փառաւորելու համար։ (Փիլիպպեցիս 2.10-11)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 10, 2026թ

Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ

ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւել-

նար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու: (Բ. Կորնթացիս 9.8)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 11, 2026թ

Ուստի փա՜ռք Աստուծոյ. Անոր՝ որ մեր մէջ ներգործող իր զորութեամբ՝ միշտ

ալ մեր խնդրածէն ու մեր խորհածէն շատ աւելին կ՚ընէ: (Եփեսացիս 3.20)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 12, 2026թ

Սիրելի՛ս, կ՚աղօթեմ որ բոլոր գործերուդ մէջ յաջողութիւն ունենաս եւ

առողջ ըլլաս մարմինով, ինչպէս որ առողջ ես հոգիով: (Գ. Յովհաննէս 1.2)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՕԳՈՍՏՈՍ 13, 2026թ

Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մըտ-

քովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ։ (Մարկոս 12.30)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *