ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 4, 2026թ
Քու ներկայութեամբդ օրհնէ՛ զիս՝ քու ծառադ,
եւ կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։ (Սաղմոս 119.135)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 5, 2026թ
Կ՚աղօթեմ որ սիրոյ մեջ արմատանաք եւ հաստատուն հիմեր ունենաք,
որպէսզի կարենաք հասկնալ, Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հետ միասին,
Քրիստոսի սիրոյն ամբողջական տարողութիւնը՝ իր լայնութեամբ ու երկա-
րութեամբ, իր բարձրութեամբ ու խորութեամբ: (Եփեսացիս 3.17-18)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 6, 2026թ
Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ
փրկուին: Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցան-
կութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշ-
տութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ։ (Տիտոս 2.11-12)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 7, 2026թ
Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ,
Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ՚երթայ։ (Առակաց 18.12)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 8, 2026թ
Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տի-
րոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ։ (Ա.
Կորնթացիս 6.11)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 9, 2026թ
Ան որ Աստուծմէ կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է: Ան որ այս աշխարհէն է՝
այս աշխարհին կը պատկանի եւ երկրաւոր բաներու մասին կը խօսի. Ան որ
երկինքէն կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է. (Յովհաննէս 3.31)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 10, 2026թ
Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա
իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ։ (Ա.
Պետրոս 2.10)
