ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 11, 2026թ

Աստուծմէ վախցէք եւ մի՛ մեղանչէք.

երբ անկողին կը մտնէք՝ այս մասին մտածեցէ՛ք, եւ լռեցէ՛ք: (Սաղմոս 4.4)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12, 2026թ

Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի

ամբողջացուցիչ շաղախն է։ (Կողոսացիս 3.14)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 13, 2026թ

Որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան։ Յաւիտենական ժամա-

նակներէն իսկ առաջ՝ անսուտն Աստուած ինք խոստացաւ այդ կեանքը:

(Տիտոս 1.2)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 14, 2026թ

Թոյլ մի՛ տար որ անիրաուածը անարգուած ետ դառնայ,

ընդհակառակը, թող աղքատն ու չքաւորը

օրհներգեն քու անունդ։ (Սաղմոս 74.21)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 15, 2026թ

Քրիստոս ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն

շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին

արժանանալու յոյսով: (Հռոմայեցիս 5.2)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 16, 2026թ

Այո՛, որպէսզի ճանչնաք Քրիստոսի սէրը, որ ոեւէ միտքի հասողութենէն վեր

կը մնայ, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջական լիութեամբը: (Եփեսացիս

3.19)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 17, 2026թ

Եւ ահա մարդիկ իրեն բերին անդամալոյծ մը, մահիճին մէջ պառկած:

Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.

– Քաջալերուէ՛, ո՛րդեակ, մեղքերդ ներուած են քեզի: (Մատթէոս 9.2)

By Admin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *