Երէկ առաւօտեան ժամերուն հայազգի մարտիկ Արման Ծառու- կեան (24-3) տպաւորիչ յաղթա- նակ տարաւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. 331» մրցաշարքի կարեւորագոյն մենա- մարտերէն մէկուն: Թեթեւ կշիռքի լաւագոյն մար- զիկներէն նկատուած Ծառու- կեան, առաջին ռաունտի աւար- տէն 4 երկվայրկեան առաջ, նաք-աութի ենթարկեց պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆին, որ իր կարգին «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռքի դժուարագոյն մրցա- կիցներէն մէկն էր: Առաջին ռաունտը աւարտելու վրայ էր, երբ Արման արմուկի հարուածով մը ցնցեց Ռուֆին. հարուած մը եւս, եւ մրցակիցը գետին տապալած էր, մինչ իրաւարարը հեռացուց Արման Ծառուկեանըվերջ տալով մրցումին: Մինչեւ այդ պահը մենամարտը բաւական հաւասարակշռուած էր, ուր Արման Ծառուկեան յաճախ կը փորձէր գետին բերել իր մրցակիցը, որ աւելի վստահած էր բռունցքին եւ ըմբշամարտի ճկունութիւն չունէր: Արման Ծառուկեանի ուժը իր կրեփլինկի, հմտութեան եւ զանազան խաղաոճերու տիրապետութեան մէջ է: Այս ցնցիչ յաղթանակէն ետք, «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ այլեւս կասկած չունեցաւ, որ Արման Ծառուկեան արժանի է տիտղոսի մրցումի մը: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Արման Ծառուկեանի յաղթանակը իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակն էր: Նոյն մրցաշարքին գծով, հայազգի մարտիկ մը եւս Էդմեն Շահբազեան միջին կշիռքի իր մենամարտին կէտերու առաւելութեամբ (իրաւարարներու որոշումով) պարտութեան մատնեց պրազիլցի Պրունօ Ֆերէյրան: Երեք իրաւարարներն ալ յաղթանակը շնորհեցին Էդմենի (29-28, 29-28 եւ 30-27):

By Admin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *