ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 25, 2026թ

Ո՛չ թէ մեզի, ՏԷ՜Ր, ո՛չ թէ մեզի,

այլ՝ միայն քեզի՛ վայել է փառքը,

քու սիրոյդ եւ հաւատարմութեանդ համար: (Սաղմոս 115.1)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 26, 2026թ

Մրցադաշտին վրայ վազքի մասնակցողներուն օրինակը գիտէք, չէ՞։ Վա-

զելը՝ բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի։ Դուք ալ, այն-

պէս վազեցէք՝ որ մրցանակին հասնիք։ (Ա. Կորնթացիս 9.24)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 27, 2026թ

Որովհետեւ, եթէ Աստուած իր Որդիին մահով մեզ իր հետ հաշտեցուց դեռ

այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք իրեն, հիմա որ ա՛լ հաշտուած ենք՝

որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի

կեանքով: (Հռոմայեցիս 5.10)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 28, 2026թ

Որովհետեւ, ՏԷ՜Ր, երկինքի մէջ ո՞վ կայ քեզի հաւասար,

երկնային էակներէն ո՞վ կը նմանի քեզի:

Ատեանիդ մէջ կանգնող սուրբերը

կը զարհուրին Աստուծոյդ փառքէն,

քեզ շրջապատողները կը սարսափին մեծութենէդ: (Սաղմոս 89.6-7)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 29, 2026թ

Յիսուս նայեցաւ անոնց եւ ըսաւ.

– Մարդոց համար ատիկա անկարելի է, բայց Աստուծոյ համար ամէն բան

կարելի է։ (Մատթէոս 9.26)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 30, 2026թ

Երանի՜ ձեզի՝ այժմ քաղցածներուդ, որովհետեւ պիտի յագենաք:

Երանի՜ ձեզի՝ այժմ լացողներուդ, որովհետեւ պիտի խնդաք: (Ղուկաս

6.21)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1, 2026թ

Որովհետեւ մարդ նոյնիսկ եթէ ամբողջ Օրէնքը գործադրէ, բայց մէկ

պատուիրանի կատարման մէջ թերանայ, ամբողջ Օրէնքին դիմաց յանցաւոր

կ՚ըլլայ։ (Յակոբոս 2.10)

By Admin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *