Ամերիկահայ Կրեփլըր Քիթ Գրիգորեան պաշտպանեց եւ պահպանեց «Սի. Էֆ. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ.» թեթեւ կշիռի ախոյեանութեան գօտին: Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի ունեցած մարտական 18-րդ եր- եկոյին, գլխաւոր մենամարտն էր Գրիգորեանի եւ Փետիկօ Սապմիշըն Ֆայթինկի ներկայացուցիչ Սի. Ճէյ. Մերտոքի միջեւ: Ամերիկահայ մարտիկը խեղդող հնարքով ստիպեց մըր- ցակիցին յանձնուիլ մենամարտի աւարտէն մօտ մէկուկէս վայրկեան առաջ: Գրիգորեանի համար այս յաղթանակը իր տիտղոսին առաջին պաշտպանութիւնն էր: Ան անցեալ ապրիլին դար- ձած էր կազմակերպութեան պատմութեան թեթեւ կշիռի առաջին ախոյեանը: Մերտոքի դէմ յաղթանակը կրնայ օգնել Գրիգորեանին անգամ մը եւս հանդէս գալ «Եու. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ» մրցաշարքին: «Սի. Էֆ. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ. 18» հիմնական մենա- մարտերու յաղթականները կարելիութիւն ստացան անվը- ճար արձանագրուիլ «Եու. Էֆ. Սի.» մրցաշարքերէն մէկուն մասնակցելու համար:
