Հայաստանի մարզական մարմնամարզութեան հաւաքա-
կանը յաջող ելոյթ ունեցաւ Ռոթերտամի (Նետերլանտներ)
մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի
մրցումներուն:
Հայաստանի 4 ներկայացուցիչներն ալ նուաճեցին
առանձին վարժութիւններու եզրափակիչներու ուղեգիր,
մինչ Համլեթ Մանուկեան նժոյգ թափերու վարժութեան
ձեռք ձգեց լաւագոյն արդիւնքը:
Իւրաքանչիւր վարժութեան որոշուեցան աւարտական
մրցաշարքի մասնակից 8 մարզիկները:
Արթուր Դաւթեան յաջողութեամբ յաղթահարեց յենա-
ցատկի զտումի փուլը 14.633 կէտեր ձեռք ձգելով եւ գրա-
ւելով 2-րդ դիրքը: Ան հաւասար կէտեր ձեռք ձգեց առաջին
դիրքը գրաւող բրիտանացի Ճէյք Ճարմանի հետ, բայց
լրացուցիչ ցուցանիշներով առաջին դիրքը զիջեցաւ անոր:
Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Քարլոս Եուլօ (Ֆիլի-
փեան կղզիներ), 14.266 կէտ ձեռք ձգեց եւ 6-րդ դիրքը գրա-
ւեց իր կարգին հասնելով աւարտական մրցաշարք: Համլեթ Մանուկեան 14.933 կէտ ձեռք ձգեց նժոյգ թա- փերու վարժութեան գրաւելով առաջին դիրքը եւ ինքզինք
հաստատելով իբրեւ մետալներու գլխաւոր թեկնածուներէն
մէկը: Նոյն վարժութեան, Մամիկոն Խաչատրեան 14.733
կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւելէ ետք 4-րդ դիրքը ապահովեց իր
դիրքը աւարտական հանգրուանին: Հայաստանի հաւաքականին համար աւարտականի 4-րդ տոմսը շահեցաւ Արթուր Աւետիսեան: Օղակներու վար- ժութեան մրցումին, ան 14.233 կէտ ձեռք ձգեց զտումի
փուլը աւարտելով 4-րդ դիրքին վրայ:
